ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ. Ի՞ՆՉ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍԵԼ

Վաղը՝ երեքշաբթի, կարեւոր օր պիտի ըլլայ Լիբանանի համար։ Խօսքը նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին մասին է, որուն գումարման ընթացքին թիւով 148 երեսփոխանները պարտաւոր են ընտրել խորհրդարանի նոր նախագահը։

Ճիշդ է, որ արդէն տոկոսով յայտնի է խորհրդրանի նախագահին անունը, բայց, էականը այս պարագային խորհրդարանի ներկայ նախագահ Նեպիհ Պըրիի վերընտրուիլը չէ, այլ խորհրդարանին ստանալիք նոր պատկերը, որ շատ բան կրնայ ըսել տնտեսական ծանր բեռան տակ կքած երկրի քաղաքական վիճակին եւ յառաջիկայի օրակարգերուն մասին։

Հարկ է յիշեցնել, որ համայնքային դրութեամբ «կառավարուող» երկրին մէջ եւ ըստ գործող սահմանադրութեան՝ երկրի օրէնսդիր գլխաւոր հիմնարկը պէտք է կառավարուի շիի համայնքի անդամով մը, որ այս պարագային Նեպիհ Պըրրին է։

Երկրի արդի քաղաքական կեանքին մէջ առանցքային դեր ունեցած Պըրրի երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ այս պաշտօնը։ Ան բացի կուսակցապետ մը ըլլալու հանգամանքէն, շնորհիւ իր ուրոյն գործելաոճին, ունեցած կապերուն, նաեւ երկրին մէջ տարաձայնութիւններ ունեցող կողմերը ի մի բերելու առանձնայատկութեան՝ կարողացած է շահիլ շրջանային կողմերու վստահութիւնն ու նոյնիսկ նեցուկը։

Վերջին տարիներուն, երբ Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութիւնը փողոց կ՚իջնէր քաղաքական ամբողջ համակարգը «արմատախիլ» ընելու ծրագրով, Պըրրի կարողացաւ իր «գլուխը պահել» եւ գործի մղել այն լծակները, որոնք կազմուած էին անցնող աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին։ Ճիշդ է, որ այսօր Լիբանանի քաղաքացիական հասարակութեան համար Պըրրի յար եւ նման միւս գործիչներուն կը համարուի կաշառակերութեան ճահիճներուն մէջ «լողացող» գործիչ մը, որուն հեռացումը դարձած է հիմնարար պահանջ, բայց եւ այնպէս, այդ «ամենակուլ փոփոխութեանց» ջատագովները կը մոռնան կամ շատ յաճախ մոռնալ կը ձեւացնեն, որ Նեպիհ Պըրիի «խաղ»էն դուրս գալը համընդհանուր վնաս պիտի բերէ ամբողջ համակարգին։

Վշտալի է անշուշտ, որ ինչպէս տարբեր երկիրներու (յատկապէս արաբական երկիրներու մասին է խօսքը) պարագային, Լիբանանի մէջ ալ «քաոս ստեղծել»ու մօտեցումները բերած են աւեր ու քանդում։ Այսօր նոյնն է պատկերը Լիբանանի պարագային, որուն ապրած տնտեսական տագնապը մեծ հաշուով ունի քաղաքական դրդապատճառներ։

Առանց խորանալու այդ տագնապները ներկայացնելու ոչ շնորհակալ գործին մէջ, հարկ կը համարեմ ընդգծել, որ ինչպէս շաբաթ մը առաջ գրած էի, կու գամ այստեղ կրկնելու, որ Լիբանանի ընտրութիւնները բաւարար ներուժը չունին լուծելու երկրին մեծ ու փոքր հիմնահարցերը։ Այդ հարցերէն մին, որ վերջին տարիներու «ուռճացուեցաւ» «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան ունեցած եւ լիբանանցիներու կէսին համար ապօրինի համարուած զէնքի խնդիրն է, որուն լուծումը սակայն պէտք ունի արտաքին կողմերու թելադրանքներուն եւ «բանալիներ»ուն։ Ու հաւանաբար այդ պատճառով է նաեւ, որ խորհրդարանական այս ընտրութիւնները շուտով պիտի կորսնցնեն իրենց ազդեցութիւնը՝ առանց ոչ մէկ դրական նշան կամ լուծման նոր հարթակ մը ստեղծելու։ Այդ կերպով լիբանանցիք անգամ մը եւս պիտի իյնան իրենց համար «նախատեսուած» ծուղակին մէջ, հակառակ որ անոնք մեծ յոյսերով գացին դէպի քուէարկութեան սնտուկներ։

Ամէն պարագայի աւելի քան պարզ է, որ Լիբանանի մէջ ծայր առած մեծ տագնապներու փուլը բնաւ մօտ չէ հանգուցալուծումներու։ Իբր այդ, երկրին մէջ «դատարկութիւն»ը լեցնող գալիք օրերը կրնան նոյնպէս նո՛ր բախումներու, նոր լարումի եւ նոր անկումներու տուն տուող օրեր դառնալ։

Լիբանանի մէջ մայիսի 15-ին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքները բաւական անսպասելի ու նոյնիսկ «ցնցիչ» եղան։ Քաղաքական կշիռ ունեցող անձնաւորութիւններ ձախողութիւն արձանագրեցին, մինչ ի յայտ եկան նոր դէմքեր, որոնք խորհրդարանական նոր պատկերը կը դարձնեն խորհրդաւոր ու անյայտ:

Թերեւս այս անյայտութիւնն ու անորոշութիւնը աւելի ակնայտ եղաւ այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ ինքզինք յայտարարած էր յառաջադէմ, սակայն արդիւնքները եկան զարմացնելու լիբանանցիները: Նախագահ Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ շարժում»ը գրեթէ պարտութեան մատնուեցաւ, իսկ աջակողմեան-քրիստոնէական «Լիբանանեան ուժերը» մեծամասնութիւն նուաճեց: Միւս կողմէ, երկրի նախագահի փեսային՝ նախարար Ժըպրան Պասիլի հետեւորդները զանազան հարթակներէ խօսելով յայտարարեցին, որ իրենք մեծամասնութեան տէրն են, նաեւ առիթ տալով կարգ մը խօսակցութիւններու, ըստ որոնց «Նարնջագոյն կուսակցութիւն»ը մեծամասնութեան մը տէրը պիտի դառնայ միայն այն պարագային, որ կը դաշնակցի խորհրդարան անցած կարգ մը նոր անուններու հետ։

Ընտրութիւններու արդիւնքներու ֆոնին եւ մինչեւ ընդհանուր պատկերը բիւրեղանայ, բազմաթիւ հարցեր կը ծագին։ Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ խորհրդարանի «քարտէսը», ո՞վ պիտի կազմէ մեծամասնութիւնը, նոր դէմքերը ի՞նչ դեր պիտի ունենան, արդեօք «Ընկերվարական առաջադիմական» (Լիբանանի քաղաքական ազդեցիկ դէմքերէն Քամալ Ժոմպլաթի հիմնադրած եւ մեծամասնութեամբ տիւրզի համայնքի անդամներէ գոյացած կուսակցութիւնը) կը վերագտնէ՞ այն դերը, զոր կը խաղար 2018-էն առաջ:

Շատերու համար 2022-ի ընտրութիւններու ի յայտ բերած նախնական քարտէսը այն է, թէ գոյութիւն չունի քաղաքական ուժ մը, որ բացարձակ մեծամասնութիւն ունենայ խորհրդարանէն ներս։ Այս պատկերը անշուշտ ի հեճուկս ընտրութիւններուն նախորդած բոլոր ակնկալիքներուն եւ շահարկումներուն, որոնք կ՚ենթադրէին, թէ «Հիզպուլլահ» կուսակցութիւնը եւ անոր դաշնակիցները պիտի հաւաքեն երկու երրորդ տոկոսը, այլ խօսքով ունենան «առիւծի բաժին»ը խորհրդարանէն ներս։ Ըստ կարգ մը ազդեցիկ դիտորդներու, «Հիզպուլլահ» եւ անոր դաշնակիցները, նոյնիսկ եթէ կարողանան կազմել խորհրդարանի ամենամեծ «ներդաշնակ դաշինքը», անոնք չեն հասած բացարձակ մեծամասնութիւն մը կազմելու առաջին սեմին։ Հաւանաբար խմբակցութեան ամենամեծ հիասթափութիւնն ալ այն էր, որ շիիներու ներկայացուցչութենէն դուրս իր դաշնակիցներու մեծ մասը չանցան ընտրութիւններով, ինչպէս՝ սիւննիներէն Ֆայսալ Քարամին, տիւրզիներէն՝ Թալալ Արսլանը եւ Ուիամ Ուահհապը, ինչ որ իրանամէտ եւ սուրիամէտ ուժերուն համար «մահացու հարուած» համարուեցաւ։ Կը նշուի նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ի անոր դաշնակիցներու վրայ «հաշուարկուած» տարածքներուն մէջ կատարուած են որոշ խախտումներ, որոնք երեւցած են յատկապէս Լիբանանի հարաւային շրջանի երրորդ ընտրաշրջանին մէջ։

Միւս կողմէ, նոյնիսկ եթէ ճիշդ է այն վարկածը, որ «Հիզպուլլահ»ի եւ անոր դաշնակիցներու շրջանակներէն դուրս եղող յաղթողներու ճնշող մեծամասնութիւնը այս կամ այն ​​կերպով հակառակորդ են կուսակցութեան, անոնք չեն կրնար մեծամասնութիւն կազմել, նկատի առնելով, որ անոնք փոքրամասնութիւններու նոր խումբ մըն են։

Նոր խորհրդարանին մէջ կարեւոր ներկայութիւն պիտի դառնան թիւով շուրջ 15 այն «խմբակցութիւն» անդամները, որոնք կը ներկայացնեն երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ այդ անունները դժուար թէ համագործակցին այն ուժերուն հետ, որոնք մինչեւ ընտրութիւններու օրն իսկ կը համարուէին եւ դեռ ալ կը համարուին Լիբանանը անդունդի եզրկին հասցնող քաղաքական «աւանդական» ուժեր։

Այս առումով դիտորդները կ՚ենթադրեն, որ յաջորդ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ երկու հիմնական հանգամանքներէ: Առաջին հանգամանքը դաշինքներ կազմելու մօտեցումն է, որ պիտի կատարուի «աւանդական» ուժերուն կողմէ եւ երկրորդը՝ քննարկուող հարցերու տարողութիւնը, որոնց նկատմամբ քաղաքական ուժերուն դիրքորոշումները նոյնը պիտի չըլլան:

Այս պատճառներով կան կարծիքներ, որ այս խորհրդարանը պիտի տարբերի «Թաէֆ» համաձայնագրէն ի վեր կազմուած բոլոր խորհրդարաններէն ո՛չ միայն նկատի ունենալով այնտեղ մուտք գործած նոր դէմքերը, այլ նաեւ՝ տարբեր բեւեռացումները։

Լիբանանի ժողովուրդը, որ մեծ յոյսեր կապած էր ընտրութիւններուն, հետեւաբար նաեւ նոր խորհրդարանին, արդէն իսկ յուսախաբ եղած է։ Յուսախաբ եղած է ո՛չ միայն տնտեսական տագնապի «վերընձիւղման» պատճառով, այլ նաեւ՝ խորհրդարանին մէջ «անյստակ» եւ նոյնիսկ «մշուշային» վիճակ մը տեսնելուն համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2022