ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՇԱՐԺՆ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ (Բ.)

Յառաջաբան-յօդուածին մէջ նշած էի, որ վերնագրի «շարժ» բառը պէտք է նկատի առնել ոչ միայն իր ֆիզիքական-իրական իմաստով, այսինքն տեղափոխման կամ գաղթի, այլ նաեւ վերացական-իմացական առումով։ Այստեղ խօսքը Թուրքիոյ հայութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ հետաքրքրութեան աճի, այդ առումով շարժի մասին է։

Դեռ 2016-2017 թուականներուն, երբ Պոլսոյ մէջ բնակութիւն հաստատած էի, ակնյայտ կը դառնար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերումը հետզհետէ աւելի տարածուն երեւոյթի կը վերածուէր տեղի հայ համայնքի մէջ։ Պոլսահայ մօտիկ շրջանակիս մէջ թէ անկէ դուրս, յաճախ կը հանդիպէի մարդոց, որոնք այդ մասին կը խօսէին. մէկը միւսին դիմելու պայմաններուն մասին կը հարցնէր, ուրիշ մը այդ նպատակով իր առաջին անգամ Հայաստան գացած ըլլալուն մասին կը պատմէր, եւ այլն։ Անցած տարուայ ընթացքին կատարած հետազօտութեան ընթացքին, մարդիկ, որոնք ստացած կամ ստանալու են հայկական քաղաքացիութիւն, գրեթէ բոլորը վկայեցին, որ իսկապէս վերջին ժամանակներու երեւոյթ մըն է այս։

Ինչո՞ւ հիմա. ինքզինք բեմ կը նետէ այս հարցումը։ Արդարեւ, 2007-ին ընձեռուած օրինական այս հնարաւորութենէն մօտ տասնամեակ մը ե՛տք միայն օգտուելու նախաձեռնութիւնը մարդս կը տանի այս հարցադրման։ Ուրեմն նախ՝ ինչո՞ւ ոչ աւելի առաջ, ինչ որ էր պարագան աշխարհասփիւռ այլ հայկական գաղութներու զաւակներուն։ Այս յապաղման բացատրութիւնը պէտք է փնտռել, եթէ շատ կարճ ու խիտ ներկայացնենք, Թուրքիոյ հայոց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու պատմական զսպուածութեան մէջ. իրողութիւն մը, որուն առաջնակարգ թելադրողը տեղական քաղաքական պայմաններն են եղած։

Իսկ ինչպէ՞ս համեմատական խախտումը այդ «արգէլք»ին, այդ բազմաժամանակեայ զսպուածութեան, հիմա։ Այստեղ պէտք է արագ վերյիշել դարուս առաջին տասնամեակին թափ հաւաքած այդ աննախադէպ մեղմացումը ներթրքական քաղաքական իրավիճակի, յատկանշուող ներքին ժողովրդավարութեան ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու յարգանքի աճով (այժմ, դժբախտաբար, վերաշրջուած)։ Այդ ջերմ ալիքի միջոցով է նաեւ, որ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս վերապրող հայկականութիւնը կորսնցուց իր կապանքներէն որոշները. եւ այն, ինչ նախապէս անկարելի էր կամ աներեւակայելի, սկսաւ դառնալ սովորական եւ ընդունուած։ Այլ խօսքով, դէպի Հայաստան շարժը հոգեբանական ու իրական իմաստներով արդէն համեմատաբար աւելի հեշտ ու ազատ կրնար ըլլալ վերջին տարիներուն. մինչդեռ նախորդ դարու ժամանակներուն, ոմանք այն քիչերէն, որոնք Թուրքիայէն Սովետական կամ նորանկախ Հայաստան կ՚այցելէին, նոյնիսկ որոշ վտանգի զգացումով է, որ կը նետուէին այդ քայլին։

Սակայն ոչ իսկ վերոյիշեալ մեղմացումը բաւարար էր, ինքն իրմով, այս նոր գործընթացին զարկ տալու համար։ Ապա թէ ոչ, ինչո՞ւ վերջին մի քանի տարին եւ ոչ, օրինակի համար, 2000-ականներու կէսերուն, երբ թերեւս ամենափայլուն ու ամենայուսալի տարիներն էին Թուրքիոյ մէջ՝ ներքաղաքական կեանքի առումով։ Վերջնական պատասխանը կը կայանայ գործնական ու շահադիտական դաշտին մէջ։

Արդարեւ, այս մի քանի տարուայ ընթացքին է, որ հայկական քաղաքացիութիւնն ու անցագիրը Թուրքիոյ հայոց համար ստացան գործնական արժէք, կարեւորութիւն, պիտանելիութիւն նոյնիսկ, քաջալերելով բազմաթիւ (ըստ որոշ տուեալներու մի քանի հազարի հասնող) պոլսահայոց՝ դիմելու այդ քայլին։ Մէկ կողմէ տնտեսական եւ քաղաքական անդադար վերիվայրումներու փուլ մտնող Թուրքիան անվստահելիութիւն կը տածէր, տեղի հայերն ու այլոք հե-տըզհետէ աւելի մշուշոտ կը գտնէին երկրի եւ իրենց ապագան, իսկ միւս կողմէ՝ նոյնինքն թրքական անցագիրը կ՚արժեզրկուէր, այս կամ այն խոշոր երկիրներու հետ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու սրացման որպէս արդիւնք (Ռուսաստան, Ամերիկա, Եւրոպական Միութիւն)։ Անդին, հայկական անցագիրը ոչ միայն մատչելի էր, այլ կարծես ապագայ խոստացող այլընտրանք, յատկապէս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոյն տարիներուն բարելաւուող յարաբերութիւններու լոյսին տակ։

Առաւելաբար այս գործնական-շահադիտական տրամաբանութեան մէջ է, ուրեմն, որ կը զետեղուի Թուրքիոյ Հայեր-Հայաստան յարաբերութիւններու այս նոր զարգացումը։ Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ ան բոլորովին զուրկ է անդրհաշուարկային գործօններէ, երեսակներէ եւ հետեւանքներէ։ Խնդրոյ առարկայ դիմումը իրականացնող մարդոց մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք իսկական հետաքրքրութիւն ու ջերմութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի նկատմամբ, որպէս «մշակութային հայրենիք», որպէս տեղ մը, ուր կարելի է ձերբազատիլ փոքրամասնութեան պիտակէն ու լուռ գիտակցումէն, որպէս երկիր մը ուր «ամէն մարդ, նոյնիսկ ոստիկանը հայերէն կը խօսի»... Աւելի՛ն. ոմանց մօտ կարելի է նկատել գործնական նպատակայարմարութեան ընկերակցող ներքին ձգտում մը դէպի ամբողջական պատկանելիութիւն, դէպի տիրութիւն այնպիսի քաղաքացիութեան, որ լիարժէք է, որ քո՛ւկդ է լիովին, ի տարբերութիւն նախորդին, ուր քեզ յաճախ որպէս երկրորդ կարգի քաղաքացի կը վերաբերին։ Վերջապէս, կարելի է ենթադրել կամ կանխատեսել ժամանակի ընթացքին աճելիք ու կառուցուելիք անդրգործնական այն կապն ու արժէքը քաղաքացիութեան ձեռքբերման այս գործընթացներուն, որոնք անխուսափելիօրէն տուեալ երկրին հետ յարաբերութեան նոր առիթներ կը ստեղծեն։

Իսկ թէ ինչպէ՞ս եւ ինչքա՞ն կրնայ ազդած ըլլալ անցեալ տարեվերջի աղէտաբեր պատերազմը այս գործընթացի ու անոր ապագայի վրայ։ Հարցում մըն է, որուն պատասխանը ժամանակը պիտի տայ։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021