ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «Վատ ցաւ կամ սիֆիլիս» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1903-ին: Գրքոյկի շուտ սպառելուն պատճառով, բժշկապետը զայն երկրորդ անգամ հրատարակած է, կատարելով որոշակի փոփոխութիւններ: Երկրորդ հրատարակութիւնն է, որ կը ներկայացնենք ընթերցասէրներու ուշադրութեան:

Գրքոյկը կը սկսի բժշկապետին նախաբանով, այսպէս.

«ՎԱՏ ՑԱՒ» գրքոյկին առաջին տպագրութիւնը շատոնց սպառած ըլլալով, պահանջ կար նոր հրատարակութեան մը: Ուշանալու պատճառը այն է, որ կը փափաքէին բարեփոխել այն, լրացնել եւ աւելի մեծ քանակութեամբ նկարներ զետեղել մէջը: Այս գրութիւնը երկու մասի կը բաժնենք. այս հրատարակուած մասին մէջ կը խօսինք ստացական սիֆիլիսի մասին, իսկ յաջորդ՝ երկրորդ մասը (որ տակաւին չէ տպագրուած եւ ամբողջութեամբ նոր է) պէտք է ժառանգական սիֆիլիսին նուիրուած ըլլայ, այսինքն՝ սիֆիլիսոտից ծագած սերունդի հիւանդութիւններուն ու արատներուն:

Վ. Արծրունի

1 սեպտ. 1903

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

ՍՏԱՑԱԿԱՆ ՍԻՖԻԼԻՍ

Ո՞վ չէ լսած վատ ցաւի կամ սիֆիլիսի անունը: Ո՞վ չի գիտեր, թէ ի՛նչ ահաւոր վնասներ կը հասցնէ մարդուս, ի՛նչպէս կ՚անբախտացնէ թէ՛ հիւանդը եւ թէ՛ անոր ընտանիքը:

Վատ ցաւը բազմաթիւ բանուոր ձեռքեր կտրած է աշխատանքէն, շատերուն գերեզման տարած է եւ բազամթիւ ընտանիքներ՝ անօթի ձգած:

Ցաւը այն է, որ մարդիկ չեն հասկնար, թէ ինչէ՞ն յառաջ կու գայ այս հիւանդութիւնը եւ ինչպէ՞ս պէտք է իրենք զիրենք պահպանեն, որպէսզի չհիւանդանան:

Այս գիրքը գրուած է ուղղակի անոր համար, որպէսզի մարդիկ ծանօթանան այդ սարսափելի հիւանդութեան հետ, որպէսզի զգուշանան անկէ եւ իրենց կեանքը չփճացնեն:

Ա. Ի՞ՆՉ Է ՎԱՏ ՑԱՒԸ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍԸ

Վատ ցաւը կամ սիֆիլիսը վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, այսինքն՝ այնպիսի ցաւ մը, որ հիւանդէն առողջին կ՚անցնի:

Շատերը կը կարծեն, թէ վատ ցաւը կարելի է ստանալ միայն վատ բարքի տէր կիներէ, եւ թէ այդ ցաւը ունեցողները անբարոյական մարդիկ են: Այդ է պատճառը, որ սիֆիլիսը ամօթալի ցաւ կը համարուի եւ հիւանդացողը կ՚ամչնայ իր ցաւը ոեւէ մէկուն յայտնել, նոյնիսկ բժիշկին չի վստահիր իր գաղտնիքը, որովհետեւ կը վախնայ, չըլլայ թէ երթայ եւ ուրիշներուն պատմէ ու խայտառակէ զինք:

Ասկէ մեծ վնաս կը հասնի թէ՛ իրեն՝ հիւանդին, թէ՛ անոր հետ ապրողին եւ թէ՛ անոր հետ որեւէ յարակցութիւն ունեցողին:

Հիւանդին հասած վնասը այն է, որ ան իր ցաւը կը ծածկէ եւ չի՛ բժշկուիր, իսկ չբժշկուած սիֆիլիսը սարսափելի հետեւանքներ ունի, ինչպէս կը տեսնենք ետքէն: Հիւանդին մօտի մարդիկն ալ կը վնասուին անով, որ կը վարակուին:

Բայց ինչքան կը սխալի, ով կը կարծէ, թէ վատ ցաւը միայն անառակ կիներէ կարելի է ստանալ: Հապա ինչպէ՞ս է, որ պսակուած համեստ կիները, ծերունիները, երեխաները, նոյնիսկ ծծկեր երեխաները եւս այդ ցաւով կը հիւանդանան:

Տեսնենք, թէ այդ վարակումը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ:

Բ. ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ

Մարդ այդ հիւանդութիւնը կը ստանայ այն ժամանակ միայն, երբ հիւանդին խոցերուն կամ ջրջրուկներուն թարախը առողջ մարդու մաշկին (կաշիին) կամ թաղանթին վրայ կ՚իյնայ1, եւ եթէ ասոնց վրայ որեւէ քերուածք, ճեղքուածք կամ վէրք կայ: Իսկ այսպիսի մանր քերծուածքներ ու պատռուածքներ գրեթէ միշտ կան մեր շրթունքներուն վրայ, բերանին մէջ եւ սեռական գործարաններուն վրայ:

Սիֆիլիսի խոցերէն թարախը կ՚իյնայ այս աննշմարելի վէրքերուն վրայ, կը ծծուի եւ կը տարածուի մեր ամբողջ մարմինին մէջ եւ կը հիւանդացնէ մեզ, որովհետեւ այս թարախին մէջ, ինչպէս ըսած ենք, վատ ցաւի թոյն կայ:

Վարակումը երկու տեսակ կ՚ըլլայ. կամ ուղղակի հիւանդէն, կամ որեւէ առարկայի միջոցով, որ հիւանդը գործածած է եւ որուն վրայ իր խոցերուն թարախէն քսած է:

Ճշմարիտ է, ամենէն դիւրին կերպով մարդիկ այս ցաւը կը ստանան, երբ հիւանդ կնոջ հետ գործ կ՚ունենան, կիներն ալ՝ երբ հիւանդ տղամարդու հետ յարաբերութիւն կ՚ունենան:

Բայց բազմաթիւ ուրիշ ձեւերով ալ կարելի է վարակուիլ:

Ահաւասիկ մի քանի օրինակ.

1. Եթէ հիւանդը (տղամարդ թէ կին, տարբերութիւն չկայ) խոց ունի շրթունքներուն վրայ, կամ ջրջրուկ, կամ որեւէ մէկ թարախոտած ցան (դուրս տուած), ան կրնայ իր ցաւը ուրիշին տալ համբոյրի միջոցով, որովհետեւ համբուրուած ժամանակ հիւանդը իր խոցերը առողջին շրթունքներուն (պռօշներուն) կը քսէ եւ անոնց վրայ վարակիչ թոյնը կը ձգէ: Բոլորը գիտեն, թէ ի՛նչ դիւրութեամբ մարդիկ կը համբուրուին, մանաւանդ եթէ քիչ մը գինովցած են, որովհետեւ գինովցածները յաճախ «կ՚ախպրանան» իրարու հետ:

Իւրաքանչիւր մարդ, ոյ ձեր տուն կը մտնէ, դուք թոյլ կու տաք գրկել ու համբուրել ձեր երեխային: Ի՜նչ սարսափելի բան կը պատահի, եթէ անոնցմէ մէկուն բերանին մէջ խոցեր կան եւ անոր թուքը թունաւորուած է: Չէ՞ որ ան ձեր փոքրիկին կը վարակէ, իսկ երբ հիւանդանայ, չէ՞ որ ձեր միւս երեխաներն ալ, ձեր կինն ալ, դուք եւս կը վարակուիք:

2. Հիւանդ ծնողներու երեխան տակաւին մօր փորին մէջ կը վարակուի եւ հիւանդ կը ծնի:

3. Սիֆիլիսոտ պառաւ կիները կրնան վարակել, երբ լեզուով ուրիշի մը աչքէն աւազ կամ չոփ կը հանեն, կամ երբ թուք կը քսեն ուրիշի աչքին, իբր թէ բուժելու համար:

4. Գիւղերու մէջ, ծծմայրերը յաճախ ծննդկանին պտուկները կը ծծեն, եւ եթէ իրենց բերանին մէջ խոցեր ունին, այդպիսով կրնան խեղճ ծննդկանին վարակել: Այս պարագային, առաջին խոցը ծիծի պտուկին վրայ դուրս կու գայ:

5. Բազմաթիւ կիներ կը հիւանդանան, երբ ծիծ կու տան վատ ցաւ ունեցող երեխայի մը, որուն բերանին մէջ կամ շրթունքներուն վրայ սիֆիլիսական ջրջրուկ կայ: Այս պարագային եւս, առաջին խոցը ծիծի պտուկին վրայ դուրս կու գայ:

6. Ընդհակառակն ալ շատ կը պատահի. այսինքն՝ ծծմայրը հիւանդ կ՚ըլլայ. այդ ժամանակ երեխան կը վարակուի: Այս պարագային ալ երեխային վարակումը տեղի կ՚ունենայ կամ համբոյրի միջոցով կամ ուղղակի ծիծը բերան առած ատեն, որովհետեւ երբեմն պտուկին վրայ ալ վարակիչ խոցեր կ՚ըլլան:

Վարակուիլը, ինչպէս ըսած ենք, նաեւ որեւէ մէկ բանի միջոցով կ՚ըլլայ:

7. Հիւանդին վրայի թոյնը քսուած-ինկած կ՚ըլլայ առարկայի մը վրայ (օր. հագուստի, բաժակի, դգալի, սրբիչի), եւ երբ ուրիշ մը այդ իրը կը գործածէ, թոյնը կը քսուի անոր եւ կրնայ վարակել (օր. երբ հիւանդին բաժակով ջուր կը խմէ, կամ անոր հագուստը կը հագուի, անոր երեսին սրբիչը եւ գոգնոցը կը գործածէ, եւ այլն): Շատ ճաշարաններու մէջ բանուորները նոյն ամանէն, երբեմն ալ ուղղակի նոյն դգալով փոխն ի փոխ կ՚ուտեն, նոյն բաժակով թէյ, գինի, արաղ կը խմեն: Եթէ այդ բանուորներէն մէկը վարակուած ըլլայ, կրնայ միւսներուն ալ վնասել:

8. Կարելի է նաեւ հիւանդանալ զայլանի, մուշտուկի, ծխախոտի միջոցով, երբ փոխն ի փոխ կը ծխեն:

9. Արհեստանոցի մը մէջ հիւանդ կին մը միւս բանուոր աղջիկներուն հետ միասին հաց կ՚ուտէր. մի քանի օրուայ ընթացքին անոնցմէ երեք՝ 14-15 տարեկան աղջիկներ վարակուեցան:

10. Ուրիշ աղջիկ մը տօներու ժամանակ իր ընկերուհիին ճերմակեղէնները հագած էր, ու՝ վարակուած:

Այդպիսի դէպքեր շատ կը պատահին:

Արհեստանոցներուն մէջ բանուորները այլ ձեւով ալ վատ ցաւ կը ստանան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Թաղանթ կը կոչուի ներքնամաշկը, այսինքն՝ այն բարակ կաշին, որ շրթունքներէն կը սկսի եւ կը պատէ բերանը, կոկորդը, ստամոքսը, աղիքները մինչեւ նրբանը (նստատեղը): Թաղանթը կը պատէ նոյնպէս աչքին գունգը եւ սեռական գործարանները: Անոր ուրիշ անուններ ալ կու տան, լորձաթաղանթ (որովհետեւ լորձունք կ՚արտադրէ), հուզաթաղանթ, եւ ուրիշ անուններ:

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022