ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵԶԱԿԻ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Օրեկըն նահանգի Փրինվիլ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն մի ոմն Էրիք Էյքըրս գիշերները կ՚աշխատի Պենտ քաղաքին մէջ, որ իր բնակարանէն 33 մղոն (53 քմ) հեռու է։

Կը պատահի, որ Էրիքին ինքնաշարժը կ՚աւրուի եւ որպէսզի գործէն ետ չմնայ, ան ստիպուած քալելով կ՚երթայ գործի։ Կրնա՞ք երեւակայել, որ օրական պէտք է 6,5 ժամ քալէ, որպէսզի գործատեղին հասնի եւ այդքան ալ պէտք է քալէ վերադարձին՝ որպէսզի գործի տեղէն տուն հասնի… Սա ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ չարչարանք, չէ՞ք խորհիր։

Էրիքի այս ոդիսականը ձեւով մը նիւթ կը դառնայ Կեդրոնական Օրեկընի օրաթերթին եւ յանկարծ օգնութեան առաջարկները կ՚ողողեն վերոյիշեալ թերթը։

Այդ առաջարկներէն ամենէն գործնականը կու գայ Քրիս Արսընոյէն եւ իր տիկինէն։ Անոնք ունէին 25 տարուան «Հոնտա» ինքնաշարժ մը, որ չէին գործածեր։ Ուստի այր ու կին կ՚որոշեն այդ ինքնաշարժը տալ Էրիքին (տես նկարը), որպէսզի քալելու փոխարէն՝ ան ինքնաշարժով երթայ գործի։

Գալով Քրիսին, ան իր եւ տիկնոջը կարեկցութիւնը արդարացնելով՝դիտել կու տայ, թէ «յատկապէս այս դժուար օրերուն մենք պէտք է օգնենք մեր դրացիներուն»։ Իսկ Էրիք շնորհակալութիւն յայտնելով՝ հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի. «Հանրութեան ազնուութիւնն ու առատաձեռնութիւնը իսկապէս գնահատելի է եւ ես խորապէս զգացուած եմ անոր համար»։

Եզրակացութիւն՝ ուրեմն կարեկցութիւնը տակաւին գործօն է հեռաւոր այս ափերուն վրայ, ուր դժբախտաբար կը տիրէ եսասիրութիւնն ու փառամոլութիւնը։ 

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԵՐ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ…

Մօտաւորապէս տասն թոշակառուներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն գաղթած, ամէն օր կը հաւաքուին Փասատինայի կեդրոնական սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ գաւաթ մը սուրճի շուրջ կը խորհրդածեն օրուան հրատապ հարցերուն շուրջ։

Անոնք կը ջանան քաղաքական վերլուծումներ կատարել, սակայն տեղ մը չեն հասնիր։ Անոնց արծարծած նիւթերն են Ամերիկայի սղաճը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերուն ապրած տագնապալի օրերը եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը, որ կը փոխուի օր ըստ օրէ։

Մեր մէջ կան սուրիահայեր, լիբանանահայեր, եգիպտահայ մը եւ պարսկահայ մը։ Շատ հետաքրքրական են պարս-կահայուն շահեկան դիտարկումները, որոնք յաճախ նիւթ կը դառնան սուր վիճաբանութեանց։ Ան կը պնդէ, թէ չկայ սուրիահայ, լիբանանահայ կամ եգիպտահայ, այլեւ կան հայեր, որոնք ծնած են Սուրիա, Լիբանան կամ Եգիպտոս։ Այլ խօսքով՝ մենք բոլորս ալ հայեր ենք՝ ծնած զանազան երկիրներու մէջ։

Մեր Պարսկաստան ծնած հայուն մէկ ուրիշ դիտողութիւնն ալ կը կեդրոնանայ Փասատինայի երկու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներուն վրայ։ Ան դիտել կու տայ, թէ չկայ «մեր» եկեղեցին, կամ «ձեր» եկեղեցին՝ակնարկելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, որ էջմիածնական է եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ, որ անթիլիասական է։ Ան կը նշէ, թէ կայ մէկ Հայ Եկեղեցի միայն եւ վերջ։

Գալով Ամերիկայի քաղաքականութեան, կան նախագահ Պայտընի պարագային թեր ու դէմ կեցուածքներ, որոնք դժբախտաբար անդրդուելի կը մնան։ Սակայն, բոլորն ալ համաձայն են, որ ան հանդիսացաւ միակ նախագահը, որ կրցաւ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը։

Թէ ինչո՞ւ «Փասատինայի մեր փոքրիկ Հայաստանը» անուանեցի գրութիւնս, որովհետեւ յիշեցի ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանը՝ որ արդարօրէն ըսած է.

«Կոտորեցէք այս ցեղը, եթէ կրնաք։ Ըսենք, թէ դարձեալ աշխարհը պատերազմի մէջ է։ Կործանեցէք Հայաստանը. փորձեցէ՛ք, տեսէք կրնա՞ք։ Իրենց տուներէն հանելով անապատ ղրկեցէ՛ք այս ցեղին զաւակները. զրկեցէ՛ք զանոնք հացէ ու ջուրէ։ Այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները։ Պիտի տեսնէք, որ անոնք դարձեալ պիտի ապրին, դարձեալ պիտի խնդան։ Ու երբ քսան տարի ետք՝ անոնցմէ երկու հոգի իրարու հանդիպին գարեջրատան մը մէջ, պիտի խնդան ու խօսին իրենց լեզուով»։

Իսկ մենք՝տասի չափ թոշակառուներս, գարեջրատան փոխարէն՝ կը հանդիպինք ամերիկեան սրճարանի մը մէջ եւ կը խօսինք հայերէն… Պատիւս՝ արժանաւորաց։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022