ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԴԷՄ ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Այս եղելութեան բուն հերոսուհին Աղաւնի Իսպիրեան անունով 14-ամեայ աղջիկ մըն է՝ Տիրան Չրաքեանի Պոլսոյ Սուրբ Խաչ վարժարանի աշակերտուհիներէն: Ան, չես գիտեր՝ ի՛նչ յետին մտքերով, նամակի մը մէջ բացայայտօրէն կը զրպարտէ իր ուսուցիչը՝ ըսելով, թէ վերջինս օր մը տուն հրաւիրած է զինք, իրեն դրամ խոստացած եւ, ամենազաւեշտալին, բռնի համբուրած՝ յանձնարարելով ոչ մէկ բան ըսել ուրիշներու այս մասին:

Աւելի զաւեշտալին այն է, որ Թաղական խորհուրդը, կարդալէ ետք աղջկան նամակը, անմիջապէս գործի անցած է՝ ցնոր տնօրինութիւն պաշտօնէ դադրեցնելով Չրաքեանը, որ ափ ի բերան կը մնայ՝ ի տես իրեն դէմ արձակուած այս անարդար վճիռին:

Ինչպէս Ինտրայի գրեթէ ամբողջ նամականին, որուն, ի դէպ, մեծ մասը կը հանգչի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, այս մէկն ալ գրեթէ անծանօթ է ընթերցող լայն հասարակութեան: Ես անձնապէս «Նայիրի» շաբաթաթերթի 10 դեկտեմբեր 1972-ի թիւին մէջ հանդիպած եմ անոր, զոր այստեղ կը վերատպենք՝ առ ի հետաքրքրութիւն:

Ահաւասիկ Չրաքեանի երկրորդ նամակը՝ ուղղուած Թաղական խորհուրդի ատենապետին, ուր յստակօրէն կը բացատրէ տեղի ունեցածը:

*

Ազնուաշուք ատենապետ էֆենտի,

Հետեւեալ բացատրութիւններէն պիտի տեսնէք, թէ արարքը եւ անոր ոգին, զորս ինծի կը վերագրեն, որքան տարբեր են իրողութենէն եւ զայն արտադրող ու տոգորող զգացումներէն:

Պատ. խորհուրդիս անդամներէն ոմանց, կարծեմ, ծանօթ է, որ խնդրոյ առարկայ եղող աղջկան մեծ քոյրը՝ Ագապի Տնտեսեան, քանի մը տարի առաջ համարձակած է սիրային նամակ մը գրել ինծի՝ իր ուսուցչին, նմանօրինակ յայտարարութիւններ ուրիշի մըն ալ նկատմամբ ընել եւ խանգարուած մտքի մը նշանները ցոյց տալով այսպէս ակներեւ՝ փոխադրուած է Ազգ. հիւանդանոց: Որովհետեւ ըսողներ եղան, եւ կարելի ալ էր, որ գուցէ ինձ նկատմամբ իր զգացած սէրն եղած ըլլար պատճառը իր ուղեղին խանգարման, սկսած էի ո՛չ միայն մեղքնալ զինքը, այլ նաեւ տեսակ մը խղճահարութիւն իսկ զգալ՝ ակամայ եւ յանգէտս այդպիսի դժբախտութեան մը գուցէ պատճառն եղած ըլլալուս համար, մանաւանդ որ աղջկան հայրը փոխանակ ինծի դէմ ատելութիւն տածելու՝ կը շարունակէր հեզօրէն բարեւել զիս:

Ագապիին քոյրը անցեալ տարեշրջանէն սկսեալ իմ դասարաններուս աշակերտ ըլլալով՝ երբեմն Ագապիի մասին տեղեկութիւն կ՚ուզէի իրմէն, երբ որ, զոր օրինակ, կը տեսնէի զինքը ծխավաճառին խանութը, ուր իրիկունները երբեմն կը պատահէի իրեն: Ինծի 13-14 տարեկան աղջիկ մը կը թուէր, դասերուն ալ յաջողակ էր, թէեւ մերթ պարտազանց, մասնաւորապէս ֆրանսերէնի մէջ բոլոր ընկերուհիներէն լաւագոյնն էր՝ կրնամ ըսել: Խղճահարութիւնը, զոր ունէի վերոյիշեալ պատճառաւ, կը ստիպէր զիս այս Աղաւնի Տնտեսեանին նկատմամբ բարեացակամ ըլլալ մասնաւորապէս. կը խորհէի իր խիստ աղքատ ու զրկեալ աղջկան կարօտութիւններէն միոյն կամ միւսին թեթեւացման, բայց մէկ կողմէն՝ իմ մտածող, այլ չգործող բնաւորութիւնս, միւս կողմէ՝ հարկադրիչ առիթներու չգոյութիւնը բան մը ընել տուած չէին ինծի ի նպաստ աղջկան: Մինչեւ իսկ շատ ցաւած էի, որ խստիւ յանդիմանած եմ զինքը այս կամ այն զառանցութեանցը համար եւ ատով իր եւ իր ընտանիքին նկատմամբ զգացած խղճահարութիւնս պահ մը սաստկացուցած: Վերջացող ձմեռը գրեթէ ամբողջ բացակայեցաւ այս աղջիկը՝ անշուշտ խորհեցայ, մէկ քանի անգամ, կօշիկ կամ վերարկու չունենալէն: Աւելի քան երբեք իր պէտքերէն մէկը կամ միւսը հոգալու փափաքը ունեցայ:

Արդ, ես այս աղջկան բարքերէն տեղեկութիւն չունէի. կինս, որ ճի՛շդ ինծի պէս մեղքցած է եղեր զայն, հետզհետէ նշմարելով, որ փողոցի աղջկան մը վիճակը ունի, կասկածելի ընթացքներու մէջ է, գիշերը ուշ ատեն ծխավաճառին խանութն է տեսակ մը ջլթիկ մտերմութեամբ եւ այլն՝ դադրեր է իրմով զբաղելէ՝ առանց առիթ ունենալու այդ մասին ինծի բան մը ըսել: Կնոջմէս զատ դեռ շատեր, թաղէն կամ հեռուներէն, ծանօթ են եղեր «տնտեսին աղջկան» կեանքին, եւ ես միամիտ եմ եղեր, որ կը շարունակեմ եղեր ասոր մէջ տեսնել արգահատելի եւ ընդունակ աշակերտուհի մը եւ յիմարացած խեղճ Ագապիին քոյրը:

Անցեալ օր ուրեմն դպրոցէն տուն ցերեկուան ճաշի գացած ատենս տեսայ, որ մէկ-երկու պզտիկ աղջիկներ, կին մը եւ այս Աղաւնին ալ ինծի պէս երթալու վրայ են այն փողոցէն, որ մեր տան առջեւէն կ՚անցնի: «Դո՞ւն ես, Աղաւնի,- ըսի,- եկո՛ւր նայիմ. ինչո՞ւ դպրոց չես ի գար կոր»: Աղջիկը, մօտենալով եւ ընկերանալով ինծի, քանի մը բացատրութիւններ տուաւ. կարծեմ մօրը հիւանդ ըլլալը, եւ ասոր պէս բաներ ըսաւ, որոնց ոչ մէկը իմ ենթադրած պատճառներուս կը նմանէր: Մեր դրան առջեւ հասած էինք: Բանալիովս բացի դուռը,- վասնզի կրնար ըլլալ, որ կինս եւ սպասուհին վերադարձած չըլլային դեռ Բերայէն, ինչպէս որ իրօք եկած չէին,- եւ խօսքը շարունակելով ներս մտանք: Աղջիկն ալ չըսաւ, թէ ստիպուած է կամ ոչ ընկերանալ այն կնոջ, որուն հետ տեսեր էի զինքը: Ըսի, որ ներս մտնէ՝ հիւրասենեակը, եւ հարցափորձեցի զինքը իր դպրոց չգալուն բուն պատճառներուն մասին: Կարծեցի նշմարել, թէ կ՚ամչնար՝ աչքերը խոնարհեցուցած, եւ ահաւասիկ ուրիշ բան մը ըսաւ՝ հոգածութենէս քաջալերուած. «Դպրոցի ընկերուհիներս,- ըսաւ,- կը ծաղրեն կոր զիս»: «Ինչո՞ւ»,- ըսի զարմանալով: «Չեմ գիտեր»,- ըսաւ եւ քանի մը ենթադրական բացատրութիւններ փորձեց: «Դպրոցի ընկերուհիներու մէջ,- ըսի,- ատանկ բաներ կը պատահին. նեղանալու չէ»: Ըսաւ նաեւ, թէ ո՛վ մանաւանդ կը ծաղրէ եղեր զինքը, ի՛նչ կ՚ըսէ եղեր եւ այլն (այս խօսքերուն զրպարտութիւն թէ ճշմարտութիւն ըլլալը չեմ գիտեր, բայց իր նկատմամբ լուսաբանուելէս ետքն է, որ մտածեցի, թէ առիթէն օգտուեցաւ՝ ընկերներուն նկատմամբ իր դժգոհութիւնները յայտնելու կամ իմ կողմէս անոնց ուղղելի յանդիմանութիւն մը թերեւս ապահովելու համար):

Սենեակէն դուրս ելայ եւ իրեն քանի մը պիսքուի բերի՝ «Կե՛ր, Աղաւնի» ըսելով: Քաշուեցաւ, ամչցաւ կարծես եւ իմ կրկնակի պնդումներուս վրայ միայն՝ անոնցմէ մին համարձակեցաւ առնել: «Որքան վայրենութիւն,- կը խորհէի,- բնաւ բան մը չէ տեսեր»: Փողոցին դուռը զարնուեցաւ, եւ երբ եկող ֆուռնեսէօրը ճամբելով՝ սենեակը դարձայ՝ յուսալով, որ պիսքուիներէն մէկ-երկուքը կերած կ՚ըլլայ, տեսայ, որ ամենեւին չէր դպած անոնց: «Ո՞ւր է,- ըսի,- չես կերեր տակաւին»: Վերջապէս խօսելու մէջ համարձակ, բայց ինչ-ինչ բաներու մէջ դեռ բոլորովին երկչոտ կը գտնէի զինքը, եւ որպէսզի կարենամ իր այս կամ այն պէտքերուն մասին բան մը լսել իրմէն,- կօշիկներուն ողբալի վիճակը կը տեսնէի կոր արդէն,- այլ եւ այլ հարցումներ ըրի իր մասին, իրենց տունի կացութեան վրայ, քրոջը նկատմամբ ալ եւ այլն:

Ըսաւ, թէ տանը մէջ շատ հոգի են, հիւր եկած ազգականներ ալ ունին, թէ քոյրը Արմաշ տարած, յետոյ հոս բերած են այլեւս, թէ աղէկ է, միայն թէ չի խօսիր, կամ իրեն հետ կը խօսի միայն. ըսաւ, թէ ինքը տունը չի կենար, այլ այսինչ-այնինչ ծանօթներուն տունն է շատ անգամ, թէ հետի կինը այսինչ աղջիկն է, մելամաղձութեան,- «մերազի»,- մատնուած է, եւ թէ զայն կը տանի, կը պտտցունէ, թէ անոնց տունը կը կենայ յաճախ եւ այլն: «Կու գաս, մեզի ալ կը կենա՞ս,- ըսի:- Մենք ալ պէտք ունինք քեզի պէս աղջկայ մը»: Յօժարակամ հաւանեցաւ. «Կու գամ»,- ըսաւ: «Որ իրիկուն որ ըլլայ, կու գա՞ս»,- ըսի: «Այո»,- ըսաւ այնպիսի դիւրութեամբ եւ ազատութեամբ, որ զարմացայ. գոնէ «ծնողքիս ըսեմ մէյ մը» չըսաւ:

Կ՚երեւայ, որ, մտածեցի, ծնողքին խեղճութիւնը պատճառ է արդէն, որ ուրիշ տեղեր երթայ-կենայ, եւ այս մասին արդէն համամիտ եմ իրեն: «Իրիկունը կու գա՞ս»,- հարցուցի: «Այո, կու գամ»,- պատասխանեց: «Լաւ,- ըսի,- ժամը ալաթուրքա 12-ին ատենները եկուր»: Ըսաւ, թէ չէր կրնար այդ ժամուն գալ, որովհետեւ հազիւ 12-ին կրնային մեկնիլ այն տեղէն, ուր կ՚երթայ կոր եղեր այդ մելամաղձոտ աղջկան հետ եւ թէ 1-էն ետքը կրնայ եղեր գալ: «Գիշերը կրնա՞ս այդպէս ուշ ատեն դուրսը մնալ,- հարցուցի:- Նայէ, որ մէկէն առաջ գաս», վասնզի մենք շատ կանուխ կը ճաշենք, եւ կինս ալ անշուշտ աւելի կանուխ տուն եկած պիտի ըլլար: Յետոյ, քանի որ ըսեր էր, թէ գրեթէ ամէն օրուան պէս այդ օրն ալ կ՚ընկերանար կոր հիւանդ օրիորդին, ըսի, որ երթայ-հասնի անոր:

Նորէն սիրալիր կերպով մը հրաւիրեցի, որ գրպանը դնէ պիսքուիները, եւ երբ ելանք ոտքի, նոյն փաղաքուշ կերպով ըսի իրեն, որ եթէ բանի մը պէտք ունենայ, յայտնէ ինծի. «Ինծի նայէ,- ըսի, երբ ձեռքս կը թօթուէր,- ես շատ կը մեղքնամ քեզի. բանի մը պէտք ունի՞ս, ըսէ»: Աղջիկը, մեծապէս գոհ ու ժպտուն, «ո՛չ» ըսաւ սակայն: «Զոր օրինակ,- ըսի՝ գլուխը գգուելով եւ դէպի իրեն ծռելով,- դպրոցական կամ ուրիշ պիտոյքներ չունի՞ս, կամ դրամական պէտքեր չե՞ս ունենար. երբ որ հարկ ըլլայ, ըսէ ինծի, հա՞»: Այս գգուանքէն ալ ուրախ, առանց ամենադոյզն տհաճութեան՝ աղջիկը ժպտադէմ «Այո՛, շատ աղէկ» պատասխանեց: Զայն ուրախացնելու բուռն փափաք մը՝ իրեն շատ արգահատելի վիճակին, ամենաչնչին միջոցներով բարւոքման գաղափարը, իր պարզ ու վստահ ու խելօքիկ անմեղութիւնը եւ այս կարգի տպաւորութիւններ արցունքի կաթիլ մը բերին աչքիս մէջ, երբ, գլուխս իր դէմքին մօտեցուցած կամ մանաւանդ իր գլուխը ձախ ձեռքովս դէպի ինծի բերած, կը խօսէի իրեն:

Յետոյ իսկոյն «Հայտէ, գնա՛,- ըսի,- ընկերուհիներուդ բան մի՛ ըսեր սակայն»: «Այո»,- ըսաւ՝ հասկնալով անշուշտ, թէ անոնց ծաղրերուն համար կ՚ըսէի: «Միայն ծնողքիդ ըսէ, թէ մեզի ալ պիտի գաս կենալու,- եւ շեշտեցի:-Մայրիկիդ եւ հայրիկիդ ըսէ, կը հասկնա՞ս»: Աղջիկը առանց ամենափոքր դժգոհութեան, ինչպէս ըսի, ընդհակառակն՝ երջանիկ երեւոյթով մը բաժնուեցաւ-գնաց:

Ոչ նոյն օրը, սակայն, ոչ յաջորդ օրը, ոչ ուրիշ օր չվերադարձաւ: Կ՚երեւայ, որ, կը խորհէի, հիւանդ աղջիկը իրենց տունը կ՚ուզէ, որ մնայ: Եւ այլեւս մոռցած էի զայն, երբ գիշեր մը՝ տուն դարձիս, գտայ վարժարանին տնօրէն Սրմաքէշխանլեան էֆ.-ին նամակը, որ կը ծանուցանէր ինձ, թէ գրաւոր ամբաստանագրի մը վրայ «ցնոր տնօրինութիւն» դադրած եմ պաշտօնավարելէ: Ապշած, առանց կարենալ գուշակելու, թէ ի՛նչ կրնայ եղած ըլլալ այս անակնկալ տնօրինութեան պատճառը՝ այդ «ամբաստանագիրը» ելայ, տնօրէնին տունը գացի իսկոյն (թէեւ այդ պահուն հիւրեր եկան մեզի, զորս ստիպուեցայ 15-20 վայրկեանի համար թողուլ), եւ տնօրէնը ինծի պատմեց այն զարմանալի, այլանդակ պատմութիւնը, թէ ես Աղաւնի Տնտեսեանը մեր տունը տարեր եմ, թէ զինքը համբուրեր, իրեն դրամ խոստացեր եմ եւ այլն, եւ այլն. այսինքն՝ թէ բոլորովին մեղապարտ նպատակներով դատապարտելի արարքի մը մէջ գտնուեր եմ... Ըսաւ, թէ աղջիկը իր ընկերուհիներուն պատմեր է ամէն բան, եւ անոնք ալ հոս-հոն տարաձայներ են, թէ հոգաբարձութեան անդամներէն մին լսեր է տարածուած գայթակղական լուրը եւ եկեր է իրեն՝ տնօրէնին հաղորդելու, թէ կանչեր են աղջիկը ու հարցաքններ են, եւ անիկա կրկներ է իրենց լսածը. համբոյր, դրամ, առնել-տուն տանիլ եւ այլն, եւ թէ հետեւաբար յարմար դատուեր է, որ զիս առժամաբար պաշտօնէ դադրեցնեն:

Զարմանքէս ու զայրոյթէս յաճախ զինքը ընդմիջելով՝ պատմեցի բնականաբար իմ պատմութիւնս, որքան հնար էր կէտ առ կէտ, եւ ցաւ յայտնեցի, որ այդ աղջկան յայտարարութիւնները բաւական եղեր են, որ այդ անուանարկիչ կարգադրութիւնն ըլլայ ինծի դէմ, եւ չեն խորհեր նախ զիս ալ լսել անգամ մը: Տնօրէնը կրցածին չափ արդարացուց իրենց վարմունքը, թէեւ ամենեւին չհամոզուեցայ: Եթէ արդարեւ աղջիկը այդպիսի արարք մը վերագրեր էր ինծի, ուրեմն անպատկառ արարած մըն էր, որուն կերպարանքին եւ անձին վրայ ես տխմարաբար ուրիշ բան չէի տեսեր, քան համակրելի ու խղճալի կարօտութիւն մը, պաշտպանելի եւ ակնածելի անմեղութիւն մը: Արդարեւ կինս եւ ուրիշներ, այս եղելութեան այսօրինակ մեկնուիլը իմանալով, նողկանքով յիշեցին ու պատմեցին այդ աղջկան փողոցային ճաշակներն եւ, անտարակոյս, անընդունակ ըլլալը մաքուր շարժառիթներու գոյութեան հաւատալու եւ, ընդհակառակն, ամէն ինչ յոռետեսօրէն իր ստահակի, գռեհկուհիի հասկացողութեամբ բացատրելու տրամադրութիւնը: Բայց տնօրէնը, հաւանականաբար իմ տուած բացատրութեանցս համոզուած, առաջարկեց, որ հոգաբարձութեան ատենապետին երթանք՝ խնդիրը պարզելու: Հիւրերս յիշելով՝ չհամաձայնեցայ. արդէն յաջորդ առտու պէտք եղածը գրաւոր պիտի ընէի:

Հետեւեալ առաւօտ, ատենապետ էֆենտի, ստացաք ինձմէ նամակ մը, որ վիշտի եւ բողոքի արտայայտութիւն մըն էր՝ նկատմամբ իմ ամենամաքուր մէկ մտածութեանս եւ վարմունքիս այնքան անարժան խեղաթիւրման, եւ որով կը պահանջէի գալ՝ տալու իմ բացատրութիւններս պատ. խորհուրդիդ եւ հոգաբարձութեան լիագումար ներկայութեանը: Հաճեցաք Կիրակի գիշեր գումարուելով կոչել զիս, եւ ես, Ձեր եւ պատ. ներկաներուն գէթ մեծ մասին յարգալիր, բարեացակամ տրամադրութենէն զգածուած, տուի Ձեզ իմ բացատրութիւններս, զոր ահա հոս ալ ներկայացուցած եմ այնքան, որքան յիշողութիւնս եւ Ձեր համբերութիւնը թոյլ կու տան:

Ըսի հոն եւ կը կրկնեմ, թէ իմ դիւրագրգիռ, յուզումնական բնաւորութիւնս, որ իմ դասերուս ատեն զանազան վարժարաններու մէջ մինչեւ արցունք կը յուզուի երբեմն գրական գեղեցիկ էջի մը ընթերցման կամ բարձր գաղափարի մը համոզեալ ու խանդագին արտայայտութեան պահուն, իմ երկարամեայ ամբասիր,- այսինքն՝ որեւէ անպարկեշտ արարքէ զերծ,- պաշտօնավարութիւնս ու մնայուն անվթար վստահութիւնը, որով պատուած են զիս ամէն վարչութիւնք, որ ինձ՝ իմ խնամքիս եւ օրինակիս յանձնած են աղջիկներ ու մանչեր, իմ ընդհուպ 12 տարուան ամուսնացեալ եւ զաւակէ զուրկ վիճակս, որ ատենէ մը ի վեր բաղձալ կու տայ ինծի մեր տնական՝ ընտանեկան խնամքին առարկայ ընելու համակրելի տղեկ մը (արդարեւ յաճախ ես ու կինս խօսքի նիւթ ըրած ենք այս բանը, վասնզի ան ինձմէ աւելի պէտք ունի զաւակի մը եւ ի հարկին զայն փոխանակող անոր ու յարմար տղու մը), յետոյ այն զգացումները, որ պատճառ եղան Աղաւնիին հետ վերոգրեալ տեսակցութեանս՝ ասոնք բոլորը են, կարծեմ, աւելի քան բաւական՝ յոռի մեկնութիւնները խնայելու այդ արարքին եւ զայն իր իսկական հանգամանքներով նկատելու: Որեւէ զգացման կամ գաղափարի կամ գործի հարազատ, ճշմարիտ տեսակին քով կրնայ գտնուիլ նաեւ կեղծ, անհարազատ, անմաքուր տեսակը: Ունի՞ք, ըսի Ձեզ, բաւական պատճառներ՝ իմ զգացումներս եւ արարքս համարելու անազնիւ ու յեղակարծ տեսակէն: Սակայն, ատենապետ էֆենտի, այսօր գիտեմ կատարելապէս, թէ եթէ մէկ կողմէն այդ աղջկան գռեհկութիւնն իմ վարմունքս յոռի մեկնել տուեր է իրեն, եւ ըստ այնմ յայտարարութիւններ ըրեր է հոս-հոն, միւս կողմէն կան մեր մօտ մարդիկ, որ այս աննշան դէպքը չարաչար խեղաթիւրելով ու յերիւրանքներով խոշորցուցած գայթակղութեան մը՝ ահագին եւ աններելի յանցանքի մը համեմատութիւնները տուած են անոր, զիս՝ իրենց ուխտեալ թշնամին,- քանզի գիտեն, որ համակիր չեմ իրենց հանրածանօթ «ազատականութեան»,- կարենալու համար հեռացնել մատաղ սերունդը թունաւորողի, արթնցող գիտակցութիւնը խափանողի ազատութեան կարօտ իմացականութիւնն ստրկացնողի պաշտօնէս եւ կարենալու համար զիս սեւացնել այնպէս, որ ուսուցչական ամէն գործունէութիւն անհնար դառնայ ինծի:

Ի՜նչ հիանալի առիթ իրենց համար՝ այս արգահատանքի, այս բարեացակամութեան, այս անմեղ ու ամենապարզ գորովի դէպքը, որ պարագաներուն թոյլտուութեամբ,- եւ ըստ ինքնեան ալ,- այնքա՜ն հեշտիւ խեղաթիւրելի եւ աղարտելի ըլլալու ամէն առաւելութիւն կ՚ընծայէ: Գիտեմ այս պահուն, թէ գաղտնի ժողով ըրած են խմբագրելու համար գլուխ-գործոց մը անշուշտ սեւացրէքեան ոճի, հրատարակելու համար զայն «Ազատամարտ»ին մէջ, ժողովատեղիներէն մէկուն՝ վարժարանի սրահին գրատախտակներուն վրայ կաւիճով սպառնալիքներ գրած են ինծի դէմ, եթէ երբեք շարունակեմ եղեր պաշտօն վարել Ս. Խաչի մէջ, եւ երէկուան (Գշ.) «Ազատամարտ»ը, եթէ գոհացած է լոկ երկտողով մը լուրը ծանուցանելու իր ընթերցողներուն, պատճառը այն է, որ, կ՚ըսուի, բարեկամական խնդրանք մը եղեր է խմբագրութեան մօտ՝ հոյակապ տեղեկագիրը չհրատարակելու: Եւ հաւատացէք, ատենապետ էֆենտի, թէ եթէ ես ներկայ տարեշրջանին սկիզբը հրաժարականս մատուցի Ս. Խաչի մէջ պաշտօնավարելէ,- հրաժարական, զոր մերժեցիք,- պատճառը այն էր, որ վարժարանին շուրջը կը տեսնէի հետզհետէ խռնուիլը նոյն այն տարրին, որ չպիտի կրնար իր ճաշակներուն ու քարոզութեանց դէմ իմ ներկայացուցած ընդդիմութիւնս հանդուրժել եւ որ ահա ճշդիւ իր դերը կը կատարէ՝ զիս աղարտելու նկրտելով: Բարեբախտութիւն մ՚է դարձեալ, որ աղջիկը Ձեր եւ քանի մը քահանաներու եւ իր մօրեղբօրը ներկայութեան բացարձակապէս ժխտեր եւ հերքեր է, զոր օրինակ, խօսք մը, զոր զինքը հարցաքննելէ յետոյ, այդ զրպարտիչները իմ բերանս դրեր են իրենց տեղեկագրին մէջ՝ անշուշտ ուրիշ նոյնպիսի յերիւրանքներու հետ. խօսք, որ պիտի ծառայէր իրենց կասկածները հիմնաւորելու, իրենց պահանջումները արդարացնելու՝ զիս վերածելով ամենագռեհիկ սրիկայի մը թերեւս:

Պատկ. ուսումնական խորհուրդը, որուն նկատառման ու ողջմտութեան յանձներ էք այս խնդիրը, անտարակոյս պիտի կշռէ այս ամէնը եւ իր հեղինակութիւնն արդարապէս եւ ազդուօրէն պիտի կիրարկէ՝ գռեհկութեանց խաղալիկ դարձած ճշմարիտ պատիւ մը փրկելու համար:

Շնորհակալ ըլլալով Ձեզ, ատենապետ էֆենտի, այն բոլոր աւիւնին համար, որով Ձեր կարելին ըրիք Ձեր պատ. ընկերներուն հետ՝ անուանս անաղարտ պահպանման եւ միանգամայն հաւաստելու համար զիս Ձեր եւ պատ. թաղ. խորհրդոյ կողմէ իմ մասիս տածեալ անխախտ վստահութեան համար՝ կը մատուցանեմ Ձեզ սրտագին մեծարանացս հաւաստիքը

եւ իմ խորին յարգանօք

Ձերդ՝

Տ. Չրաքեան

9 մարտ 1911

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021