ԶԱՐԳԱՑԱԾ ԵՒ ՅԵՏԱՄՆԱՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ
Ներկայ մեր բաց, համարկուող ու համաշխարհայնացող ու համաշխարհայնացուող մոլորակին մէջ աւելի հրատապ կը դառնայ ինչպէս երկիրներու, այնպէս ալ ժողովուրդներու զարգացած ու ոչ-զարգացած (չզարգացած) ըլլալու նիւթը:
Հաւանաբար յարաբերական ու վիճելի թուի այս նիւթը շատ մը կողմերու համար եւ մանաւանդ նոյնինքն չզարգացած ժողովուրդներուն, բայց այն ամենաինքնադրսեւորուող ու տարածուող նիւթերէն մին է շատ մը պատճառներէ մեկնած։ Փորձենք բացատրել զարգացման ու յետամնացութեան մէջ եղած մեր դիտանկիւնէն մի քանի նրբութիւններ: Այս նիւթի կարեւորութիւնը կու գայ նոյնինքն զարգացած ու չզարգացած կամ յետամնաց ժողովուրդներու միջազգային արդի յարաբերութիւններու մէջ ընկերաբանական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական, արհեստագիտական եւ շատ մը բնագաւառներու մէջ ժողովուրդներու եւ անոնց պատկանած անհատներու ունեցած դիրքերուն, առաւելութիւններուն, բարեմասնութիւններուն կամ դժուարակամութիւններուն առթած իրողութիւններէն:
Աշխարհ տեւաբար եղած է զարգացածին, յառաջադէմին, ստեղծագործ-արարողին այսպէս ըսած՝ ծառան ու հովանին, ատաղձն ու խմորը: Զարգացածութիւնը եւ անոր հասնումը ինքնեկ եւ իբրեւ բազմաբովանդակ հասկացողութիւն արդէն չափանիշ է եւ գիտութեան կը նմանի չունենալով շերտաւորումներ։ Ակամայ զարգացածը, յառաջադէմն ու ստեղծագործը կը դառնան ղեկավար ու տնօրինող՝ դէպքերու եւ իրողութիւններու տրամաբանական ու արդար ընթացքով:
- Զարգացած ժողովուրդի վերածուիլը ունի պատմական ընթացք ու տրամաբանութիւն: Երեւի Եւրոպայի զարգացումին ուղեգիծը իր Վերածնունդով ու Համաշխարհային երկու պատերազմներով եւ անկէ ետք ԱՄՆ-ի պատմութիւնը ամենավառ օրինակներէն են մարդկային հաւաքականութիւններու եւ ժողովուրդներու նուաճումներու կերտման:
Ներկայ դարուն նոյնիսկ այսպէս ըսած՝ ամենաչկամ կամ անհանդուրժող չափանիշներով չենք կրնար ըսել, որ սկանտինաւական ժողովուրդները զարգացած չեն, իսկ արաբական ու ափրիկեան զանազան երկիրներ զարգացած։ Հետեւաբար կան նուազագոյն սանդղակներ, որոնք կը հաստատեն զարգացածութիւնը. օրինակ՝ օրէնքի գերակայութիւնը, մարդկային իրաւունքներն ու ժողովրդավարութիւնը քաղաքական համակարգին մէջ, իսկ գիտութեան մէջ մեծ ձեռքբերումներ ու արտադրութիւններ ունենալը, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարւոքութիւնը:
- Չզարգացած ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ անհատներ իրենց աղքատութիւնը, յետամնացութիւնը, ձախողութիւնները բնականաբար կը բարդեն նոյն զարգացած ժողովուրդներու չարաշահումներուն ու կայսերապաշտութեան: Հոս հասկնալի կրնայ համարուիլ այս մօտեցումը, բայց երկար ժամանակի կտրուածքով այն կը մնայ անհամոզիչ: Միւս կողմէ, զարգացած ժողովուրդները նոյն չզարգացածներուն մէջ կը գտնեն յանցանքը եւ այդ ժողովուրդներու պատկանող կրօնական, քաղաքական, ընկերային ու մշակութային գործօններէն բխած անոնց ձախաւերութիւնները:
Այո, դժուար է յետամնացութիւնը սոսկ մեթոտաբանական, ծինային ու պատկանելիական-ինքնութեան վերաբերող հարցերուն վերագրելը, բայց ինքնին ձախողումն ու ժողովրդային յետամնացութիւնը ունի համակարգային մեծ պատճառներ:
- Մարդկային պատմութիւնը զանազան ժողովուրդներու անվերջ մրցակցութեան ալ պատմութիւն է։ Իբր այդ, միշտ յաղթողը ձեւով մը համարուած է յարաբերաբար «զարգացած», բայց յատկապէս մեր արհեստագիտական յեղափոխութենէն վերջ ուժի, իշխանութեան ու բռնութեան-վայրագութեան մարմնաւորումները եթէ գիտութեամբ, լուսաւորութեամբ, արարումներով չեն ամբողջացած, անոնք կը վերածուին նախատինք-չարիքի (ինչպէս շատ մը ժողովուրդներու ունեցած աթոմական զէնքերու եւ Սինկափուրի եւ Լիխթէնշթայնի օրինակները):
Ժողովուրդները շատ մը քաղաքագիտական ու ընկերաբանական տեսութիւններով յարաբերաբար կրնան անկախանալ ու միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միաւոր ու առարկայ դառնալ (անկախ ՄԱԿ-ի կազմութենէն ու Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ գերտէրութիւններու տրամադրուածութեամբ ստեղծելու փոքր պետութիւններ ու անկախութիւն ու գերիշխանութիւն տալու շատ մը ժողովուրդներու), երբ կ՚ապահովեն նուազագոյն կազմակերպուածութիւն ու յառաջդիմութիւն մը: Թէեւ այս վերջին իրողութիւնն ալ քիչ մը նահանջեց վերջին 20-ամեակին մէջ, երբ յայտնուեցան տասնեակ ձախողած ու յետամնաց ժողովուրդներ՝ իրենց ստեղծած-ստեղծուած պետութիւններով:
- Զարգացած ժողովուրդները ակամայ ցանկալի են ու տենչալի նպատակներէն է՝ իրենց հետ յարաբերութիւնները յետամնաց ժողովուրդներուն համար: Ներկայ մեր բաց աշխարհը անկարելի է ապրիլ յետամնացութեամբ ու պահուըտիլ մատի ետեւ եւ առարկել, թէ պայքարներ կը մղուին անկախութեան ու գաղափարախօսութիւններու յաղթանակներու համար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ