ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Զ.
ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ֆիզիքական ու բարոյական ժառանգականութիւն: Առհաւութիւն (Atavism): Առաջգնաց ու յառաջընթաց եւ յետընթաց ժառանգականութիւն: Ծնողներուն համանման եւ հակասական յատկանիշներուն փոխանցումը սերունդներուն: Վայսմանի տեսութիւնը: Հիւանդական ժառանգ: Ժառանգականութեան ուժը: Ընտրողութեան օրէնքը ամուսնութեան մէջ: Ժառանգաբար փոխանցնող հիւանդութիւնները: Ժողովուրդին պէտք է բացատրել հիւանդական ժառանագականութեան օրէնքները:
«Պտուղը ծառէն հեռու չ՚իյնար»:
«Ծառը արմատէն կը փտտի»:
Ժողովուրդին խորիմացութիւնը այս առածներով կ՚արտայայտէ ժառանգականութեան մեծ օրէնքը:
Զաւակը ծնողներուն կը նմանի:
Ան երկու ծնողներուն արմատական յատկութիւններուն արդիւնքն է, անոնց կենսական ուժին պտուղն է:
Ցեղին յատկանիշները կարմիր թելի նման սերունդներուն ընդմէջէն կ՚անցնին, անոնց գլխաւոր բնորոշ յատկագոյնը կազմելով:
Մարդկային ցեղը, ինչպէս նաեւ անասուններունը, ինչպէս նաեւ բոյսերունը, միեւնոյն օրէնքով կը ղեկավարուին՝ ժառանգականութեան օրէնքով:
Առողջ ծառը առողջ պտուղներ կու տայ, հիւանդը՝ հիւանդ:
Ա՛յս է ժառանգականութիւնը իր ամենէն պարզ արտայայտութիւններով:
Այստեղ մենք ժառանգականութեան բարդ տեսութիւններու մասին մանրամասնութիւններու մէջ չենք կրնար մտնել: Ատիկա մեզի շա՜տ հեռուները կը տանէր եւ մեր նպատակէն կը շեղէր մեզ:
Միայն հետեւեալը կ'ըսենք.
Ժառանգականութիւնը ֆիզիքական, բարոյական եւ կամ հոգեկան կ՚ըլլայ:
Ֆիզիքականը մարմինին կազմին ու ձեւին կը վերաբերի: Յաղթանդամ ծնողներէն լաւ կազմուածքով զաւակներ կը սերին. մեծ քիթով ու սեւ մազերով հօր զաւակը կրնայ նոյնպէս մեծ քիթ ու սեւ մազեր ունենալ:
Հոգեկանը սերունդի ընդունակութիւններուն, բարոյականութեան եւ ընդհանրապէս մտաւոր աշխարհին կը վերաբերի. խելագար, ընկնաւոր ծնողի մը զաւակը կրնայ ջղային ըլլալ եւ նոյն հիւանդութիւնները ստանալ: Մեծ, հանճարեղ երաժիշտի, բանաստեղծի որդին նոյն ընդունակութիւնները կրնայ ունենայ, եւ այլն:
Այն մեծ օրէնքը միայն, որ իւրաքանչիւր կենդանի իր նմանը կը ծնի եւ ո՛չ ուրիշ մը, այդ ժառանգականութեան ամենէն խոշոր յայտնութիւնն է:
Ամուսիններէն իւրաքանչիւրը կրնայ իր յատկանիշները տալ զաւակին: Բայց չենք գիտեր, թէ որո՛ւ յատկութիւնները կը գերակշռեն որդիին մէջ, հօ՞ր, թէ՞ մօր:
Ընդհանուր կարծիք մը կայ, որ սակայն տակաւին ապացուցուած չէ, այն է, թէ տղան աւելի մօր կը նմանի, իսկ աղջիկը՝ հօր: Դժբախտաբար այս մասին մենք բաւարար հետազօտութիւններ չունինք:
Կայ եւ Atavism-ժառանգականութիւն, երբ ժառանգական յատկանիշները մէկ սերունդ կը ցատկեն, օրինակ, ո՛չ թէ որդիին կ՚անցնին, այլ՝ թոռնիկին: Ադավիզմը մեծ դեր կը խաղայ հիւանդական ժառանգութեան մէջ:
Ծնողները յաճախ առողջ են, այն ինչ զաւակները որեւէ մէկ արատ ունին, կամ ջղային հիւանդութեան տէր են, կամ բարակացաւոտ ու սիֆիլիսոտ:
Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ հիմնական բնորոշ գիծերը գրեթէ անփոփոխ կ՚անցնին մի քանի սերունդներու ընդմէջէն. այսպէս, յայտնի են Նափոլէոններու պատմական դիմագիծերը: Բայց ընդհանրապէս ամուսնութիւններու ընդմէջէն տոհմային յատկանիշները կրնան փոփոխուիլ՝ սաստկանալ կան նուազիլ:
Առաջին պարագային (երբ յատկանիշները կը սաստկանան) ժառանգականութիւնը առաջգնաց կամ յառաջդիմական կը կոչուին, երկրորդի պարագային՝ յետագնաց կամ յետադիմական: Ամուսնութեան մէջ ամուսիններէն իւրաքանչիւրը իր մի քանի յատկութիւնները նոր էակի կազմին մէջ կը մտցնէ: Եթէ այդ յատկութիւնները ունի եւ միւս ամուսինը, պէտք է սպասել, որ որդիին մէջ անոնք կ՚արտայայտուին աւելի զօրաւոր կերպով, աւելի պարզ, աւելի սաստկացած, քան ծնողներէն ամէն մէկուն մէջ:
Այսպէս, օրինակ, եթէ հայրն ու մայրը, երկուքն ալ սեւամորթ են, կամ մեծ քիթ ունին, հաւանական է, որ որդիները աւելի եւս սեւ ելլեն եւ աւելի մեծ քիթ ունենան, քան ծնողներէն իւրաքանչիւրը:
Այս օրէնքը աւելի եւս պարզ է եւ ապացուցիչ հիւանդական ժառանգականութեան մէջ:
Օրինակ, եթէ երկու ծնողներն ալ բարակացաւ ունին, անոնց զաւակը աւելի տրամադրուած կ՚ըլլայ բարակացաւ ստանալու, քան եթէ անոնցմէ մէկը միայն հիւանդ ըլլար:
Հիմա հակառակ դէպքեր վերցնենք, երբ ծնողներուն յատկանիշները ո՛չ միայն համանման չեն, այլ՝ ուղղակի հակասական են եւ զիրար կ՚ոչնչացնեն:
Սեւամորթ տղան շիկահեր աղջկայ մը հետ կ՚ամուսնանայ. զաւակները (ընդհնարապէս) միջին գոյնի՝ շագանակագոյն կ՚ըլլան: Բարձրահասակ մարդը եւ կարճահասակ կինը միջահասակ որդիներ կու տան: Մեծ քիթ ունեցող հօր եւ փոքր քիթ ունեցող մօր զաւակը կրնայ միջակ քիթ ունենալ, եւ այլն, եւ այլն:
«Բաւարար է մեր շուրջը նայիլ, կ՚ըսէ գիտնական մը, որպէսզի համոզուինք, թէ մաքուր տիպեր շատ քիչ կամ ընդհանրապէս չկան: Իւրաքանչիւր քայլափոխի սեւ մազերով ու բաց գոյն աչքերով այրերու ու կիներու կը հանդիպինք, կը տեսնենք երկար դէմքեր, մինչ գլուխները կլոր են, կամ այնպիսի դիմագիծեր, որոնք կարծես ուրիշ դէմքի մը համար ստեղծուած էին եւ պատահաբար այդ դէմքին փակած են, օրինակ՝ չափազանց կարճ քիթ, չափազանց հաստ ծնօտ: Մի քանիներու գլուխները չափազանց մեծ են՝ հասակին համեմատելով, միւսներուն թեւերն ու ոտքերը չափազանց երկար են: Կը պատահի փոքրիկ գլուխ՝ հաստ վիզի մը վրայ, կամ անհամաչափութիւն միեւնոյն մարմինի մասի երկու կէսերուն մէջ, քիթին մէկ կողմը աւելի կարճ է, քան միւսը, քիթին միջապատը ծուռ է, աչքերը տարբեր գոյն ունին, կամ անհամաչափ դրուած են (չափազանց մեծ կամ փոքր) բոյներու մէջ. ինչքա՜ն յաճախ գանկոսկրներուն եւ կոնքի ոսկորներուն միջեւ անհամաչափութիւն կը պատահի»:
Ո՞վ չէ տեսած այնպիսի դէմքեր, որոնց մէկ կողմը միւսէն աւելի երկար է եւ միւսին չի՛ նմանիր:
Այս բոլորը ժառանգականութեան այն օրէնքին հետեւանքն են, որով ծնողներէն իւրաքանչիւրը կրնայ իր յատկանիշները իր որդիին տալ: Սակայն, միշտ այդպէս չի՛ պատահիր:
Երբեմն, զաւակներէն մէկը կրնայ պարզապէս միայն հօր կամ միայն մօր յատկանիշները ամբողջութեամբ ժառանգել, կարծես միւս ծնողէն ոչինչ ժառանգած ըլլայ:
Օրինակ, բարակացաւ ունեցող հօր մը աղջիկը այդ ցաւով կը հիւանդանայ, թէեւ մայրը ամբողջովին առողջ ըլլայ, այն ինչ միւսը ամբողջովին առողջ կը մնայ: Հետեւաբար, առաջինը միմիայն հօր հիւանդական ժառանգութիւնը ստացած է, իսկ մայրը անոր ոչինչ տուած է, այն ինչ երկրորդը մօր առողջ ժառանգութիւնը ստացած է, իսկ հօր հիւանդական սաղմերը չեն զարգացած անոր մէջ:
Եւ, իրապէս, երբեմն բաւական է, որ ծնողներէն մէկը հիւանդական որեւէ մէկ յատկանիշ ունենայ, զաւակներէն մէկը կամ մի քանին ամբողջովին կրնան այդ հիւանդութիւնը ժառանգել, չնայելով որ միւս ծնողը ամբողջովին առողջ է:
Հետեւաբար, հիւանդոտ այրը ամուսնացած ատեն պէտք չէ ինքզինք մխիթարէ կամ արդարացնէ անով, թէ իր ամուսինը առողջ է, ուրեմն՝ սերունդն ալ առողջ կ՚ըլլայ: Ան պէտք է հասկնայ, որ իր բոլոր զաւակները կրնան հիւանդոտ ծնիլ:
Վայսմանը, իր հետազօտութիւններուն հիման վրայ, ճշմարիտ է, եկած է այն եզրակացութեան, թէ ստացական յատկանիշները ժառանգաբար չեն անցնիր: Օրինակ, ոտքը կամ թեւը կտրած մարդու որդին առանց ոտքի կամ առանց թեւի չ՚ըլլար, կամ կոյր մարդէն կոյր զաւակ չի՛ ծնիր: Ան փորձեր կատարած է. դաշտամուկերու պոչերը կտրած է, յետոյ ասոնց ձագերունը, թոռներունը, եւ այլն, մինչեւ մի քանի սերունդներ, բայց դարձեալ նոր ծնածները պոչեր ունէին:
Այսպիսի փորձերու ընդհանրապէս կարիք չկար, ինչպէս իրաւացիօրէն կը նկատէ փրոֆ. Չիժը, քանի որ համանման դէպքեր մարդոց մէջ եւս յայտնի են. օրինակ, չնայելով դարերու ընթացքին կատարուած թլփատման, հրեաները թլփատուած չեն ծնիր:
Սակայն, կասկած չկայ, որ որոշ տեսակի հիւանդութիւններ (թէեւ անոնք ստացական ըլլան եւ ո՛չ ժառանգական) կրնան սերունդէ սերունդ փոփոխուիլ:
Ասոնք այնպիսիներն են, որոնք մարդուս ամբողջ կազմուածքը կը հարուածեն, եւ ո՛չ թէ մէկ անդամը կամ մէկ մասը:
Եթէ հայրը կտրուած ոտք ունի, կամ կոյր աչք մը, զաւակները նոյնը չե՛ն ստանար, որովհետեւ ատոնք ընդհանուր հիւանդութիւններ չեն, այլ՝ մարմինի մէկ մասի տկարութիւնն են կամ արատ:
Ընդհակառակը, եթէ հայրը արբեցող է, կամ բարակացաւ ունի, այսինքն՝ երբ անոր ամբողջ կազմուածքը թունաւորուած է ալքոլական կամ բարակացաւի թոյնով, այն ատեն մեծ հաւանականութիւն (եթէ ոչ հաւաստիութիւն) կայ, որ սերունդները հիւանդ ըլլան:
Հետեւաբար, այս ժառանգականութեան տեսութիւնով, ժառանգաբար կ՚անցնին այն հիւանդութիւններուն սաղմերը, որոնք ծնողներուն ամբողջ կազմուածքը կը հարուածեն եւ ո՛չ թէ մէկ մասը:
Ուրիշ պայման մը եւս. այս հիւանդութիւնները պէտք է երկարատեւ ըլլան: Սրընթաց հիւանդութիւնները, որոնք նոյնպէս ամբողջ կազմուածքը կը թունաւորեն, բայց արագընթաց են, կազմուածքին վրայ հետք չեն ձգեր: Այսպիսիները բոլոր սուր-վարակիչ կոչուած հիւանդութիւններն են (քոլերա, ժանտախտ, տիֆ, քութէշ, տիֆթերիտ, կարմրուկ, ծաղիկ, եւ ուրիշները):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 12
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024