ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԹՇՆԱՄԻՆ

Հոն էի ամիս մը առաջ,
Հոն էի տարի մը առաջ,
Հոն էի միշտ,
Կարծես ուրիշ տեղ չեմ եղած:

Անցեալ դարու 28 թուին
Մեզի հետ պատահեցաւ ինչ որ հիմա կը պատահի.
Շրջափակուեցանք, սպաննուեցանք
Եւ դիմացանք մեզի ներկայացուած դժոխքին:

Ոճրագործներն ու նահատակները 
Իրարու չեն նմանիր.
(Նահատակներէն) իւրաքանչիւրը 
Ունի յատուկ տեսք,
Յատուկ արտայայտութիւններ,
Տարբեր աչքեր, անուններ եւ տարիքներ:

Ոճրագործներն են որ իրարու կը նմանին
Անոնք մետաղեայ գործիքներուն վրայ տարածուած, 
Ելեկտրական կոճակները կը սեղմեն, 
Կը սպաննեն եւ կ՚անհետանան:
Մեզ կը տեսնեն, մենք՝ ոչ.
Ուրուականներ ըլլալնուն համար չէ,
Այլ միտքի մը պողպատեայ 
Դիմակները ըլլալուն պատճառով...

Ոչ արտայայտութիւններ ունին, 
Ոչ՝ աչքեր, ոչ՝ տարիք, ոչ՝ անուն...
Անոնք են որ նախընտրեցին 
Միակ անուն մը ունենալ՝ թշնամի:

ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Քննադատները զիս երբեմն կը սպաննեն,
Կ'ուզեն նոյն ոտանաւորն ու նոյն փոխաբերութիւնը...

Եթէ թեք ճամբէ մը մտամոլոր անցնիմ,
Կ՚ըսեն՝ ճամբան դաւաճանեց:

Եթէ խոտը պերճանքով գովեմ,
Կ՚ըսեն՝ կաղնիներուն յամառութենէն հրաժարեցաւ:

Եթէ վարդը գարնան դեղին տեսնեմ,
Կը հարցնեն՝ ո՞ւր է հայրենիքին արիւնը անոր փերթերուն վրայ:

Իսկ եթէ գրեմ. 
«Թիթեռը իմ փոքր քոյրն է պարտէզի դարպասին վրայ»,
Իմաստը կը խառնեն ճաշի դգալով:

Եթէ մրմնջեմ. 
«Մայրը մայր է, 
Իսկ երբ զաւակը կորսնցնէ, 
Ձողի պէս կը թառամի եւ կը կարծրանայ»,
Կ՚ըսեն՝ ան կ՚երգէ եւ կը պարէ 
Իր զաւկին յուղարկաւորութեան ընթացքին, 
Քանի յուղարկաւորութիւնը անոր հարսնիքն է...

Իսկ երբ երկինքը դիտեմ, որ տեսնեմ չտեսնուածը
Կ՚ըսեն՝ բանաստեղծութիւնը իր նպատակներէն բարձրացաւ...

Երբեմն քննադատները կը սպաննեն զիս,
Ես կ՚ազատագրուիմ իրենց ընթերցումէն
Եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց  
Թիւրիմացութեան համար, 
Ապա կ՚անցնիմ նոր քերթուածի մը որոնումին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022