ՃԱԿԱՏԸ ՊԱՀՈՂ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԹԻԿՈՒՆՔԻՆ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ
Կասկած չկայ, որ (…) ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ՚ըսէ, որ պիտի յաղթե՛նք:
Աշխարհատարած հայութեան զօրակցական արարքները օր աւուր հասանելի են բոլորիս: Պետական վարչամեքենան՝ քաղաքական ու դիւանագիտական իր բազուկներով, լրատուական միջոցները՝ բազմահարիւր ծառայողներով, բժիշկն ու առողջապահութեան մարզի սպասարկուն՝ աներեւոյթ հնչեղութեամբ, եւ դեռ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ՝ զուգահեռ նախաձեռնութիւններով, թիկունք են ճակատողին, իրարու հետ մրցումի մէջ են՝ աջակցութիւն հասցնելու մէջ զիրար գերազանցելու տենդով:
***
Պատկերասփիւռի կայաններ մերթ ընթ մերթ լուսարձակի տակ կը բերեն «մասնակի նախաձեռնութիւններ», որոնք այլապէս համեստ արտայայտութիւններով իսկ կը փաստեն, թէ ինչպիսի՛ տարողութիւն ունի ճակատին թիկունք կանգնելու ժողովուրդի ներգրաւումը: Կարելի չէ այդ «մանր ճիգերը» դիտել ու անոնց մասին լսել՝ առանց յուզումի եւ հպարտութեան: Արձանագրենք միայն մէկ քանին, որոնք երեւցան պաստառներէ. վստահ ենք, որ ասոնց պէս անհաշիւ նուիրաբերումներ կան:
ԱՐՑԱԽԻ մէջ խումբ մը աշակերտներ պարտադիր «արձակուրդին» լծուած են օգտակար աշխատանքի: Պտղահաւաք կ՚ընեն, որպէսզի հասոյթը հասցնեն բանակին: Երիտասարդներ դարձած են հացթուխ, որպէսզի զինուորին հաց հասցնեն: Երէց սերունդի անդամներ բերքահաւաք կ՚ընեն եւ հող կը պատրաստեն յառաջիկայ ցանքի եղանակին: Գործնական արտայայտութիւններ՝ թէ արցախցին վճռած է մնալ իր հողին վրայ եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք պիտի շարունակէ բնականոն կեանքը…
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ վտանգաւոր գօտիներէ պահ մը հեռացած արցախցի կիներ իրենց «ազգային»՝ ժենգեալով հացը կը թխեն ու կը վաճառեն, օժանդակութեան գանձանակին իրենց լուման բերելու կամքով: Նոյեմբերեանի մէջ պարմանուհիներ, երիտասարդուհիներ եւ տարեց կիներ գուլպայ կը հիւսեն, որպէսզի դիրքերուն վրայ ձմեռը դիմաւորելու պատրաստուող բանակայինը չմսի: Այլուր, գործատուներու եւ դերձակատուներու մէջ, քնապարկեր եւ անձրեւարգել թիկնոցներ կը կարուին… Նման աշխատանքներ միացուցած են բոլորին ձեռքերն ու սրտերը, թօթափած են մասնակի հաշիւները…
***
ՍՓԻՒՌՔԻ մէջ, նիւթական տարբեր օժանդակութիւններու զուգահեռ, շաբաթներէ ի վեր ցոյցերն ու պահանջատիրական քայլարշաւները արդէն նոր պատմութիւն կերտած են. անոնց մեծ մասը հասանելի է լուրերուն հետեւողներուս: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ այլ միաւորներու իրականացուցած հանգանակային արշաւները մրցանիշներ կոտրած են, նմանապէս հասանելի՝ բոլորիս: Կան նաեւ «անհատական մանր նախաձեռնութիւններ», որոնք կ՚իրականացուին ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ, եւ կ՚արժէ, որ լուսարձակի տակ բերենք նման քայլեր, որպէսզի անոնց մասին վկայութիւնները անցնին դիմատետրային անվաղորդայն տեղեկութիւններէ անդին:
Խօսինք մէկ-երկու օրինակով՝ ի սկզբանէ շեշտելով, որ ասոնք առանձնակի ու որբ արարքներ չեն, այլ կան ասոնց նման բազմաթիւ երիտասարդներ եւ նոյնքան օգտակար նախաձեռնութիւններ:
Ճորճ Եաղուպեանը ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ մըն է, եղած է գայլիկ, սկաուտ եւ մարզիկ: Մանրամասնութիւն մը. ան իր կնոջ՝ Հուպիին ծանօթացած է Հայաստանի մէջ, երկուքով իրենց ընտանիքին չափ կապուած են Հայաստանին (ինչպէս՝ Հայաստան այցելող աշակերտներ, երիտասարդներ եւ միութենականներ): Ճորճը մարզական նախաձեռնութեան մը դիմած է Արցախին նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար: Քանի մը օր առաջ համացանցի իր կապերուն միջոցով իմացուցած է նախկին դասընկերներու, ընկերներու եւ պաշտօնակիցներու (կ՚աշխատի ամերիկեան ընկերութեան մը մէջ), թէ որոշած է հեծիկ քշելով հանգանակութիւն կատարել: Նկատի ունենալով այժմու պայմանները՝ ան իր բնակարանի յարկին տակ, եւ ընկերներուն հետ համացանցի միջոցով կապ հաստատելով, մեքենական հեծիկը քշած է ամբողջ 10 ժամ (կարճատեւ ընդհատումներով), հանգանակած է կոկիկ գումար մը: Մասնակցութիւն բերած են հայ եւ բազմաթիւ ոչ հայ անհատներ ու հաստատութիւններ: Այս աշխատանքը, նիւթականի կողքին, ունեցած է նոյնքան կարեւոր շահ մը. բազմաթիւ օտարականներ, որոնք լսած իսկ չէին Արցախի եւ անոր ապրած ողբերգութիւններուն մասին, այժմ կարեկցանքով կը զօրակցին մեր պայքարող զինուորին: Այսքանը գոհունակութեան բաւարար ենթահող պիտի ըլլար, սակայն կայ աւելին: Մարզիկը իր աշխատած ընկերութենէն ապահոված է խոստում, որ իր հաւաքած գումարը պիտի կրկնապատկուի ընկերութեան կողմէ: Եւ ահա, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցուած է Ճորճին հանգանակած գումարին կրկնապատիկ գումար մը: Կինը եւս նման հանգանակային աշխատանքի մը ձեռնարկած է Դիմատետրի ճամբով՝ ապահովելով իր աշխատած (նմանապէս ոչ հայկական) ընկերութեան կողմէ գումարը եռապատկելու խոստում մը: Հանգանակութիւնները կը շարունակուին: (Ընկերութիւններուն անունները, ինչպէս նաեւ այլ մանրամասնութիւններ չենք արձանագրեր, որպէսզի չստեղծուի ծանուցումի տպաւորութիւն):
«Չես գիտեր, թէ մեր այս աշխատանքը որքա՛ն մեծ ընկալում գտաւ: Շուրջ 600 բարեկամ հետեւեցան հեծիկի արշաւիս, թէեւ… հոգիս բերանս եկաւ», կը պատմէ Ճորճ հեռաձայնին միւս ծայրէն՝ խնդալով. «Իմ ըրածս մեծ բան մը չէ. ինծի պէս շատեր կան, որ այս ձեւին դիմած են եւ իրենց հաւաքած գումարներուն կրկինը կամ երեք անգամը կ՚ապահովեն տարբեր մեծ ընկերութիւններէ: Թէ՛ Արցախի համար հայերէ եւ ոչ հայերէ աջակցութիւն կ՚ապահովենք, թէ՛ ալ Արցախի ապրած տառապանքներուն մասին մեր շրջապատը տեղեակ կը պահենք: Լաւ կէտ մըն ալ այն է, որ մեր ամերիկացի ընկերները, իրենց կարգին, մեր հաղորդած տեղեկութիւնները կը հասցնեն իրենց ընկերներուն եւ շրջապատին», կ՚աւելցնէ սրտցաւ գոհունակութեամբ:
Պէտք է արձանագրենք, որ նոյն ոճին դիմած են հայկական ընկերութիւններ եւս:
***
Մեր երիտասարդները ահա այսպիսի լուռ աշխատանք կը տանին քիչ մը ամէն տեղ՝ ցոյց տալով, թէ համացանցային հաղորդակցութեան սարքերը ինչպիսի՛ բարիքներու աղբիւրի կրնանք վերածել՝ ապացոյցներ տալով, թէ զինուորով ու ժողովրդային բանակով ինչո՛ւ պիտի յաղթենք…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ