ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Արդարներն ու ամբարիշտները ի՞նչ բանով կը զանազանուին:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ: Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ՚ըլլայ, բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի» (Առ 10.6-7):
Արդարը, այսինքն՝ առաքինի կեանքով ապրող մարդուն օրերը օրհնութիւններով լեցուն կ՚ըլլան, եւ ան միշտ շնորհակալ ու չտրտնջացող հոգի կ՚ունենայ, նոյնիսկ եթէ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու նեղութիւններ դիմագրաւէ: Աւելի՛ն, արդար ու առաքինի մարդը միշտ համարձակախօս կ՚ըլլայ. համարձակախօս՝ հոգեւոր առումով եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ, որովհետեւ տարբեր բան է հոգեւորապէս համարձակախօս ըլլալ եւ տարբեր՝ աշխարհիկ ընկալումով համարձակախօս ըլլալ: Մինչ հոգեւորապէս համարձակախօսութիւնը մարդուն հոգիին շինութեան ու փրկութեան կը ծառայէ, ընդհակառակը, աշխարհիկ ընկալումով համրձակախօս ըլլալը մարդուն դէպի կորուստ կը տանի:
Առակագիրը հետաքրքրական այլ իրողութիւն մըն ալ կը պարզէ մեր միտքերուն դիմաց, ինչ բանին մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւս ականատես կրնանք դառնալ: Ան կը գրէ. Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ՚ըլլայ, բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի: Մեր ժողովուրդի բերանին մէջ եկեղեցական բառապաշարէն եզրոյթ մը յաճախ կը գործածուի. արդարին կամ արդարներուն յիշատակը օրհնութեամբ թող ըլլայ: Այս եզրոյթը մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն առաքինի ու արդար կեանքով ապրող մարդոց յիշատակը ոգեկոչելով, մինչ ամբարիշտներու պարագային դժուար թէ նոյն եզրոյթը գործածուի: Աւելի՛ն, առաքինի ու արդար մարդիկ երկա՜ր տարիներ, նոյնիսկ դարերով կը յիշատակուին, մինչ ամբարիշտները մէկ երկու ամիս, կամ մէկ երկու տարի ետք առաւելագոյնը մոռացութեան կ՚ենթարկուին հանրութեան կողմէ…: Տակաւին, արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ՚ըլլայ անով, որ իրենց թողած աւանդը որպէս բարի օրինակ ու տիպար շա՜տ շատերուն յարմար առիթ մը կը հանդիսանայ դէպի առաքինի ու արդար կեանք մը ապրելու որոշում կայացնելուն: Իսկ ամբարիշտներուն անունը կը փտտի անով, որ ամէն անգամ երբ կը յիշատակուին ամբարիշտները անարգանքն ու նուաստացումը ընկերակից կ՚ըլլան այդ յիշատակումին, որով եւ օր օրի անոնց՝ ամբարիշտներուն անունը կը փտտի…:
Հ. Ի՞նչ բանի կարիք ունի մարդը պատուիրանները պահելու համար:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանները կը պահէ» (Առ 10.8): Իմաստուն սիրտ, այսինքն՝ զԱստուած ճանչցող եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն գիտակցութիւնը ունեցող սիրտ մը:
Հ. Յիմար շրթունք ունենալը ի՞նչ կը պատճառէ մարդուն:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի» (Առ 10.8, 10): Պատասխանը պարզ ու յստակ է. կործանում: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. "Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի": Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ:
Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես» (Մտ 5.21-26: Ղկ 12.57-59):
Այնքան պարզ ու յստակ գրուածը, կարծէք ուղղակիօրէն բացատրութիւնը ըլլայ յիմար շրթունք ունեցողին: Եթէ նոյնիսկ յիմար կոչելը մեր նմանը, մեզ Ատեանի ու դատաստանի առաջ պիտի կանգնեցնէ, հապա ինչքա՜ն աւելի պէտք է զգուշութիւն դարձնենք մեր շրթունքներուն՝ մեր լեզուին, որպէսզի յիմարութիւններ չարտաբերէ, որով մենք մեզ դատաստանի ու պատիժի ենթարկենք:
Հ. Փողոցը քալած ժամանակ, յաճախ կը պատահի որ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց աչքերով կ՚ուտեն անցնողները: Այս մասին, այսինքն՝ աչքով նայողներուն՝ մարդիկը ուտողներուն մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ» (Առ 10.10): Իսկ մարդիկ կոչուած են ո՛չ թէ զիրար նեղացնելու, այլ՝ զիրար մխիթարելու, զիրար օգնելու եւ զիրար ուրախացնելու:
Պարզած երեւոյթը դժբախտաբար շա՜տ տարածուած է, մանաւանդ երիտասարդներու մօտ, ըլլա՛յ տղայ եւ ըլլա՛յ աղջիկ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ իրենց աչքերով զիրար կ՚ուտեն եւ կամ մէկ սեռը միւսին, հագուստ-կապուստէն սկսած, մինչեւ մարմինի ցանկացած մաս: Ոմանք կրնան առարկել ըսելով, թէ լաւ աղջիկները թող պատշաճ կերպով հագուին, տղաներն ալ չեն նայիր անոնց…: Այդպիսիներուն կ՚ըսեմ. լաւ, ուրեմն դուք ալ փողոց մի՛ իջնէք, որպէսզի այդպիսի տեսարաններ չտեսնէք: Մանկամտութեան նմանեցաւ չէ՞…: Երբեք մի՛ փորձէք սխալ մը այլ սխալով մը, կամ անիմաստ արդարացումով մը կամ պատճառաբանութեամբ մը ծածկել կամ փորձել արդարացնել: Բնականաբար, աղջիկները պէտք է պատշաճ կերպով հագուին, որովհետեւ իրենց մարմինները ո՛չ թէ ցուցադրութեան համար տրուած են իրենց, այլ՝ որպէսզի զայն պահեն ու լաւապէս խնամեն, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին տաճարներն են, ինչպէս տղաները: Միւս կողմէ սակայն, աչքը քո՛ւ աչքդ է, ո՜վ Աստուծոյ երիտասարդ, այդքան կամքէ տկա՞ր ես, որ չես կրնար զսպել դուն քեզ եւ աչքդ աջ ու ձախ կը դարձնես: Լեռան քարոզին մէջ Տէր Յիսուս ի շարս այլ ուսուցումներու, շնութեան մասին եւս ուսուցում մը կու տայ, որ հիմնական կերպով հոգեւոր ընկալում ունի, սակայն կը վերաբերի նաեւ մեր առօրեային: Տէր Յիսուս կ՚ուսուցանէ. «Լսեր էք որ ըսուած է. "Մի՛ շնար": Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս» (Մտ 5.27-30): Տէր Յիսուսի ըսել ուզածը այն է, որ աւելի լաւ է մարդուն, որ իր հոգեւոր աչքերը հանէ եւ այդպէս արժանանայ Արքայութեան, քան թէ իր հոգեւոր աչքերը պահէ ու գեհենի կրակին արժանանայ: Աչքով նայելու, աչքով նեղութիւն պատճառելու երեւոյթը ճի՛շդ է, որ ֆիզիքապէս կը կատարուի, սակայն հիմքը մեր մտածումն է, մեր հոգին է, որուն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, որպէսզի պատիժի չարժանանանք, այլ՝ օրհնութեան ու վարձատրութեան:
Նշեցի, որ աղջիկներն ալ աչքերով նեղութիւն կը պատճառեն թէ՛ տղաներուն եւ թէ՛ աղջիկներուն: Տղաներուն անով, որ երբեմն այնպիսի վաւաշոտ նայուածքներով կը նային տղոց, կարծէք կատղած անասուններ ըլլան, որոնք բնազդաբար սեռային իրենց ցանկութիւններուն մէջ կ՚եռան…, զգոյշ պէտք է ըլլալ նմաններէն եւ առիթ չտալ անոնց, որովհետեւ անգամ մը եթէ առիթ տրուի անոնց, ապա տուեալ մարդուն կեանքը բառացիօրէն դժոխքի կը վերածուի: Իսկ աղջիկներուն կը նային նախանձով, տեսնելով անոնց հագ ու կապը, զարդեղէնը, կրած հեռախօսը, եւ այլն…: Հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ խուսափիլ մեր աչքերով նեղութիւն պատճառելէ մեր նմաններուն, որովհետեւ այդպէս վարուելու պարագային մեր վարձատրութիւնը պարզապէս պատիժ պիտի ըլլայ, իսկ մենք չե՛նք հրաւիրուած պատժուելու, այլ՝ մասնակից դառնալու Աստուծոյ պատրաստած յաւիտենական ուրախութեան, Որուն՝ Իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 19
12 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ