ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
Կը շարունակենք Սուրբ Պատարագի մասնակցութեան մասին մեր կատարած խորհրդածութիւնը:
Սարկաւագը կը քարոզէ. «Դարձեալ հաւատքով, սրբութեամբ եւ ահով Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ աղօթքի կանգնինք, առանց (ծանր) խղճմտանքի եւ գայթակղութեան, առանց նենգութեան եւ խորամանկութեան, առանց պատրանքներու եւ խաբեբայութեան, առանց երկմտութեան եւ թերահաւատութեան: Այլ՝ ուղիղ վարքով, պարզ միտքով, միամիտ սիրտով, կատարեալ հաւատքով, լեցուն սիրով, ամէն տեսակի բարի գործերով լեցուն եւ գերազանց, աղօթքի կանգնինք Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին առջեւ, եւ ողորմութեան շնորհներ գտնենք՝ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միւս անգամ գալստեան եւ յայտնութեան օրը: Թող Տէրը ողորմի եւ ապրեցնէ՛ մեզ»: Մեզմէ քանի՞ն արդեօք սարկաւագաին յիշատակած ձեւով եկեղեցի կը մտնէ մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, մեզէ քանի՞ն ուղիղ վարքով եւ պարզ միտքով Պատարագի կը ներկայանայ:
Դժբախտաբար, մեզմէ շատերուս համար Պատարագի մասնակցութիւնը սովորութենական ուժ ստացած է, այսինքն՝ մեր մեծերէն սորված ըլլալով, կը փորձենք հլու հնազանդ պահել մեզի աւանդուածը, շատ յաճախ առանց ըմբռնելու եւ հասկնալու մեր գտնուելու վայրը եւ թէ ի՛նչ բանի կը մասնակցինք:
Սարկաւագին քարոզի բովանդակութեան ամփոփումը, աւելի ճիշդ՝ բացատրութիւնը, կը գտնենք Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն մէջ. «Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»: Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի. - Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցէ» (Մտ 5.21-24): Սարկաւագին քարոզին մէջ յիշատակուած վարուելակերպերը անհատէ մը ուղղուած է ուրիշ անհատի մը, այսինքն՝ մեր նմանին: Մեր Տէրը յստակ կերպով կը բացատրէ մեզի, որ եթէ մեր եղբօր՝ մեր նմանին հետ խնդիր ունինք, նախ այդ խնդիրը պէտք է լուծենք, այսինքն՝ հաշտուինք մեր նմանին հետ, նոր միայն մօտենանք Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին, նոր միայն մտնենք եկեղեցի, մասնակից դառնալու սրբազան արարողութիւններուն, աղօթք բարձրացնելու Աստուծոյ եւ հաղորդուելու մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հետ:
Այս քարոզը առաւել եւս լաւ հասկնալու համար, կարդանք Անպա Թորդորոսի գրածը. «Ջանացէք զսպել ձեր լեզուն, որպէսզի որեւէ վատ բան չըսէք ձեր մերձաւորին եւ ոչ ոք գայթակղեցնէք, ո՛չ խօսքով, ո՛չ գործով, ո՛չ նայուածքով եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ ձեւով։ Դիւրագրգիռ մի՛ ըլլաք, որպէսզի երբ որ ձեզմէ ոեւէ մէկը իր եղբօրմէն որեւէ մէկ վատ խօսք լսէ, անմիջապէս բարկութեամբ չգրգռուի, յանդգնութեամբ չպատասխանէ անոր եւ անկէ վրդովուած չմնայ. այդ մէկը փրկուիլ փափաքողներուն վայել չէ, վայել չէ նաեւ ճգնաւորներուն։ Ձեռք բերէք Աստուծոյ երկիւղը եւ իրարու հանդիպեցէք ակնածանքով, իւրաքանչիւրդ իր գլուխը իր եղբօր առջեւ խոնարհեցնելով։ Թող որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ առջեւ եւ իր եղբօր առջեւ խոնարհի, եւ իր կամքը թող կտրէ։ Իրապէս, լաւ է, եթէ ոեւէ մէկը, որեւէ մէկ բարի գործ կատարելով, իր եղբօր գերապատուութիւնը տայ եւ զիջի անոր. այդպիսին անոր առջեւ որուն կը զիջի, մեծ օգուտ կը ստանայ»:
Ինչ կը վերաբերի սարկաւագին հնչեցուցած քարոզին սկիզբը եղած թելադրութեան, թէ հաւատքով, սրբութեան եւ ահով Աստուծոյ Սեղանին առջեւ աղօթքի կանգնելու, ապա լսենք, թէ Սուրբ Անտոն Անապատականը ի՛նչ կ՚ըսէ. «Իմաստութեան գագաթնակէտը Աստուծոյ երկիւղն է։ Ինչպէս որ երբ լոյսը մութ տուն մը մտնէ, կը լուսաւորէ զայն՝ խաւարը փարատելով. նոյնն է Աստուծոյ երկիւղը, եթէ մարդու սրտին մէջ մտնէ, կը վանէ անկէ տգիտութիւնը եւ իմաստութիւնն ու առաքինութիւնները կը սորվեցնէ»: Հետեւաբար, պէտք է հետամուտ ըլլանք իմաստութեան եւ առաքինութեան, աւելին պէտք է ձեռք բերենք Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ, որ ո՛չ թէ վախի ծնունդ պէտք է ըլլայ, այլ՝ յարգանքի ու սիրոյ, որովհետեւ Աստուած չի՛ կամենար, որ մենք Իրմէ վախնանք, այլ՝ կը կամենայ որ մենք սիրենք զԻնք ամբողջ սիրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ միտքով (տե՛ս Մտ 22.37: Բ. Օր 6.5):
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի յատկանշական պահերէն մէկը, ողջոյնի պահն է, երբ քահանան Սուրբ Սեղանէն դառնալով դէպի ժողովուրդ, կը խաչակնքէ անոր վրայ ողջոյնը փոխանցելով բոլորին, իսկ դասին մէջ եղող աւագ հոգեւորականը՝ ողջոյնը ստանալով, իր հերթին կը փախանցէ ժողովուրդին: Այսպէս, Խորանին սպասարկող դպիրները կամ սարկաւագները բարձրաձայն կ՚երգեն. «Ողջոյն տուէք իրարու՝ Սուրբ համբոյրով, իսկ անոնք որոնք չեն կրնար հաղորդուիլ, դուրս եկէք դռան առջեւ [կանգնեցէք] եւ աղօթեցէք»: Դպիրները ի պատասխան այս կոչին, կ՚երգեն.
«Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ,
որ Էնն Աստուած այստեղ բազմեցաւ.
խաղաղութեան ձայնը հնչեց,
սուրբ ողջոյնին հրաման տուաւ.
Եկեղեցին մէկ անձ եղաւ,
այս համբոյրը որպէս կատարեալ կապ տրուեցաւ.
թշնամութիւնը հեռացաւ.
սէրը բոլորին վրայ սփռուեցաւ:
Ուրեմն, ո՛վ պաշտօնեաներ, ձայն բարձրացնելով
միաբերան օրհնութիւն տուէ՛ք
միասնական Աստուածութեան,
որու սրբասացներն են սերովբէները»:
Սարկաւագը հրահանգեց, որպէսզի ներկաները զիրար ողջունեն՝ սրբութեան համբոյրով, եւ ապա անոնք որոնք կը զգան, թէ պատրաստ չեն հաղորդուելու, կը թելադրէ, որպէսզի եկեղեցւոյ դռան մօտ կանգնին եւ այնտեղէն աղօթեն, որովհետեւ Սրբութեան առանց պատրաստութեան մօտենալ կարելի չէ, աւելին՝ եթէ առանց պատրաստութեան եւ կամ թեթեւամտութեամբ մօտենանք Սրբութեան, ապա մենք մեզ դատապարտութեան կ՚ենթարկենք, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Պօղոս առաքեալ (կարդա՛ Ա. Կր 23-32): Ապա դպիրները կ՚երգեն աւետելով, թէ՝ Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ, Աստուած այստեղ բազմեցաւ, որովհետեւ Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է՝ բնակարանը, ո՛չ միայն նիւթական՝ քարեղէն եկեղեցին, այլեւ՝ հոգեւոր եկեղեցին եւս, որ մեզմէ իւրաքանչիւրն է, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ բնակարանն է (տե՛ս Ա. Կր 6.19-20), հետեւաբար, Աստուած մեր մէջ եւս կը բնակի ու Իր տան մէջ կը բազմի: Աստուած սուրբ եւ մաքուր ըլլալով, պէտք է մենք մեզ մաքրենք ու սրբենք, որպէսզի Աստուած գայ եւ բնակի մեր մէջ, առաւել եւս երբ եկեղեցի կը մտնենք Սուրբ Պատարագին մասնակցելու, պէտք է մաքուր սիրտով, հոգիով ու մարմինով մասնակցինք, որպէսզի ուրախութեամբ կարենանք ընդունիլ զԱստուած: Դպիրները կը շարունակեն. խաղաղութեան ձայնը հնչեց՝ սուրբ ողջոյնի հրաման տուաւ, այսինքն՝ խաղաղութեամբ զիրար ողջունելու, Քրիստոսի սիրով ու գութով լեցուած զիրար ողջունենք եւ աւետենք իրարու ըսելով, թէ խաղաղութեան Իշխանը՝ Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ, եւ ուրախութեամբ պատասխանենք, ըսելով՝ օրհնեալ ըլլայ Քրիստոսի յայտնութիւնը: Այս ողջոյնով, սուրբ համբոյրով՝ Եկեղեցին մէկ անձ եղաւ, որովհետեւ այս համբոյրը որպէս կատարեալ կապ տրուեցաւ. այսինքն՝ հաւատացեալները զիրար ողջունելով այս սուրբ համբոյրով, անքակտելի կապ մը կը ստեղծեն իրարու միջեւ, որ եթէ Քրիստոսով զօրացած մնայ, ապա ո՛չինչ կրնայ այդ կապը խախտել կամ խաթարել: Դպիրները կը շարունակեն, թէ՝ թշնամութիւնը հեռացաւ, սէրը բոլորին վրայ սփռուեցաւ. արդարեւ, եթէ Քրիստոսի խաղաղութեան սուրբ համբոյրով զիրար կ՚ողջունենք, ապա թշնամութիւն, աշխարհիկ եւ մարդկային հաշիւներ կը չքանան: Ուր որ Քրիստոս է, ապա այնտեղ թշնամութիւն չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ Տէր Յիսուս յաղթեց աշխարհին (տե՛ս Յհ 16.33), այսինքն՝ թշնամիին: Լեռան քարոզին ընթացքին, Քրիստոս պատուիրեց մեզի սիրել մեր թշնամիները, օրհնել մեզ անիծողները, բարիք ընել մեզ ատողներուն եւ աղօթել անոնց համար, որոնք կը չարչարեն ու հալածեն մեզ (կարդա՛ Մտ 5.43-48): Թշնամութեան վերացման եւ իրապէս ու լիովին Քրիստոսի ողջոյնի Սուրբ համբոյրով զիրար ողջունելու համար պարտաւոր ենք գործադրել մեր Տիրոջ պատուիրանը: Այսօր, Մատթէոսի Աւետարանին այս հատուածը սխալ կը հասկցուի եւ շատ յաճախ ալ սխալ կը մեկնաբանուի, որով մենք աստիճանով մը աւելի կը հեռանանք Աստուծմէ, փոխանակ աւելիով մօտենալու Անոր: Տէր Յիսուսի խօսքերը պարզ ու յստակ են, պարզապէս պէտք է մաքուր եւ պարզ միտք ունենանք, որպէսզի կարենանք ճի՛շդ հասկնալ ու ըմբռնել Տիրոջ մեզի կատարած այս թելադրութիւնը: Հետաքրքրական է Ողջոյն այս երգին մէջ, թէ ինչպէս այս երկու իրողութիւնները՝ թշնամութեան վերացումը եւ սիրոյ աշխարհով մէկ սփռումը իրար կը յաջորդեն, որովհետեւ առանց թշնամութեան վերացումին, սէրը չի՛ կրնար սփռուիլ, սէրը չի՛ կրնար իր գործը կատարել: Յիշենք մեր Տիրոջ խաչելութիւնը. Իր աշակերտէն մատնուած, չարչարուած, փշէ պսակ կրած Իր գլուխին, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրացած, խաչուած, ջուրի փոխարէն քացախ ստացած, եւ սակայն յայտարարած. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 34): Բնականաբար թշնամութեամբ, ոխակալութեամբ եւ վրէժխնդրութեան զգացումով տոգորուած մէկը չէր կրնար նման յայտարարութիւն մը կատարել, ընդհակառակը, սիրող ու գթացող հոգիի մը յատկութիւնն է, նման քաջութիւն եւ ազնուութիւն ունենալը, որ նոյնիսկ ամենէն դաժան ու ծանր վիճակի մէջ ըլլալով հանդերձ, ներել դիմացինին: Ահաւասիկ, սիրոյ սփռումի ամենէն ճշմարիտ եւ խօսող օրինակը, իսկ մենք կրելով Տէր Յիսուսի անունը, պարտաւոր ենք Իրեն նմանելու եւ Իրեն նման գործելու ու վարուելու:
Իսկ ողջոյն երգի աւարտին հրաւէր կը ստանանք միանալու միասնական Աստուածութեան սրբասացողներուն, անոնց հետ օրհնելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից.
Ուրեմն, ո՛վ պաշտօնեաներ, ձայն բարձրացնելով
միաբերան օրհնութիւն տուէ՛ք
միասնական Աստուածութեան,
որու սրբասացներն են սերովբէները:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Շրթունքներդ թող մի՛շտ սաղմոսեն, որովհետեւ Աստուծոյ անուան հնչումը դեւերը փախուստի կը մատնէ։ Եթէ ձեռքերդ կ՚աշխատին, թող լեզուդ սաղմոսէ՛, իսկ միտքդ՝ աղօթէ»: Իսկ Յովհաննէս Արճիշեցին կը գրէ. «Սաղմոսներն ու շարականները կը քաղցրացնեն ժողովուրդին լսողութիւնը, որպէսզի անոնց միտքերէն մաքրուին մարմնական հոգերը եւ երգելով՝ Աստուծոյ հետ միանան»:
Հետեւաբար, սերովբէներուն միանալով մեր շրթունքներն ու լեզուն թող միշտ սաղմոսեն, մեր միտքը աղօթէ, որով մեր լսողութիւնը քաղցրանայ, մարմնական հոգերէն մաքրուին ու Աստուծոյ միանանք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
24 մայիս 2022, Վաղարշապատ