ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԲԽԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
Հակառակ անոր, որ իշխանական շրջանակները մեծ աղմուկ չեն ստեղծեր դէպի Արցախ մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնի մասին՝ բայց եւ այնպէս, կայ յստակ ընկալում, թէ դէպքը կը պարունակէ քաղաքական հաստատուն շերտեր։ Արցախի ամբողջական պաշարումէն ի վեր անցած է բաւական երկար ժամանակ։ Միջազգային հանրութիւնը Լաչինի միջանցքի վերաբացման կարեւորութեան մասին առած է քանի մը որոշում, գետնի վրայ կը գործեն Եւրոմիութեան դիտորդները եւ, անշուշտ, Ռուսաստանի խաղաղապահները, բայց, միեւնոյնն է «քորիտոր»ը կը շարունակէ մնալ փակ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ շատ հաւանաբար իր ձեռքին ունենայ կարգ մը «խիստ փակ» գաղտնաբառեր, կը միտի նոր խաղի մը ընթացք տալ։ Անշուշտ, աւելի քան յստակ ու յայտնի է, որ 2020 թուականի աւարտէն ասդին գետնի վրայ խաղը բացող կողմը միշտ եղաւ ու մնաց Ատրպէյճան, որ տարբեր միջոցներ ի գործ դնելով հարցը հասցուց մինչեւ Արցախի ամբողջական պաշարումը։
Տակաւին շատ լաւ կը յիշենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մաս ճանչցուած կարգ մը շրջաններու վերաբերեալ նկրտումները (նախ Ջերմուկի, ապա Տեղ համայնք-շրջանի դէմ), որոնք նաեւ կը խօսէին այն մասին, թէ Պաքու բաւարար ուժ ունի Արցախի մէջ իր ամբողջ պահանջները չապահովելու պարագային յաւակնութիւններ ունենալ Հայաստանի դէմ։
Այդ բոլորը ապրուեցան, ապրուեցա՛ն սուս ու բուս, այդ ժամանակներուն էր նաեւ, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը փորձեց կենդանութեան նշաններ ցոյց տալ եւ, անշուշտ, այդ քայլերը պարզապէս լեցուցին ներքին «դանայեան տակառը»։ Ոմանք զգացին, որ այդ բոլորը ժամանակ շահելու միտում ունէր, ոմանք նկատեցին, թէ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն համակարգուած խաղ մը յառաջ կը տանին, իսկ շատ ուրիշներ համոզուած էին, թէ փրկութիւնը պիտի գայ միայն ու միայն Փաշինեանի հեռացումով։ Այս բոլորը անցան հեզասահ, բոլորի աչքերուն առջեւ՝ մինչեւ որ Ալիեւ առաւելապաշտական իր բոլոր մակարդակի ճիգերը գործի մղեց ու բացայայտօրէն ամբողջական պաշարման մատնեց վիրաւոր Արցախը։
Մեծ քայլ էր, ի հարկէ, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ որքան սնանկ են հայկական կողմին ակնկալիքները միջազգային հանրութիւնէն եւ որքան անուժ է այդ «միջազգային հանրութիւն» կոչուածը՝ հայկական կողմի տարրական, մարդկային ու մարդասիրական պահանջներուն դիմաց։ Ու այսպէս մերկացում մերկացումի ետեւէ, օրէնքներու, պահանջներու, հաղորդագրութիւններու, անուժ եւ նոյնիսկ հեգնանքի առարկայ խօսքերու տարափին տակ Արցախը հասաւ անդունդի բերանը՝ պաշարուած, շնչահեղձ ըլլալու ամենավտանգաւոր փուլին։ Անշուշտ, հարկ է այս փոլերուն զուգահեռ հաշուի առնել, որ Արցախի պաշարման ամբողջ ընթացքին յառաջ տարուեցան բանակցային բաւական դժուար հանդիպումներ, գագաթաժողովներ։ Իրերու դրուածքի բարդութեան աստիճանը հասկնալու համար պէտք է անպայման հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, ըստ որուն, մինչեւ այս պահը երեւելի դարձած դրական տեղաշարժերը ո՛չ միայն նօսր են, այլեւ ի զօրու չեն առկայ մեծ պատկերին մէջ բան մը փոխելու։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ Պաքու հանգիստ խղճով կը շարունակէ հաշուի մեծ տետրակին մէջ աւելցնել Ուքրայնայի պատերազմի խնդիրը, Թուրքիոյ իրեն ի նպաստ անփոփոխելի ու վիթխարի նեցուկը, նաեւ Եւրոպայի կողմէ իրմէ առկայ ակնկալութիւններու եւ անոնցմէ բխած պայմանաւորուածութիւններու հիմնահարցը։ Այս բոլորը աւելիով ամրացուց պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ալիեւի դիրքերը։ Եւ գուցէ այս պատճառներուն, բայց ի մասնաւորի՝ Ուքրայնայի մեծ տագնապէն ծագած հարցադրումներուն, Ռուսաստանի դիրքերու տկարացումին հետեւանքով Ալիեւ կարողացաւ Արցախի դէմ իր ունեցած հին-նոր ծրագիրները յառաջ մղել եւ անոնց վրայ աւելցնել նաեւ Արցախը ամբողջապէս Հայաստանէն կտրելու, շնչահեղձ ընելու, ապա հայաթափելու մտադրութիւը։
Դառնալով ներս այս ամբողջ ժամանակաշրջանին, խօսքը կը վերաբերի Արցախի պաշարումով սկսած փուլին, Հայաստանի ընդդիմութիւնը բռնեց տեղքայլի ճանապարհը, իսկ իշխանութիւնը անցաւ նոր խաղի մը՝ յայտարարելով, որ ինք անկարող է ապահովել Արցախի ու անոր ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Բազմաշերտ երանգներով յառաջ կ՚երթայ այս խաղը, որուն զուգահեռ սկսաւ երեւելի դառնալ այն փաստը, թէ Արցախի հարցով առկայ է միջազգային մեծ հետաքրքրութիւն մը, որուն եզրագիծը պատրաստ է սահմանել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ ունենալով շարք մը հիմնաւորեալ պատճառաբանութիւններ, որոնց թագն ու պսակը Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասէն ի սպառ հեռացնելու փափաքն էր։ Այս ձգտումին կողքին, Հայաստանին կը ներկայացուին քանի մը կարեւոր այլընտրանքներ, որոնց կարեւորագոյնը ՀԱՊԿ կոչուած «սնամէջ» կազմակերպութենէն հեռանալու հարցն էր։ Փաշինեան այս կապակցութեամբ լաւ մը խուսանաւեց ու ինչ-ինչ անյայտ, բայց «հասկնալի» պատճառաբանութիւններով մերժեց ամերիկեան այդ փափաք-առաջարկը ու վերադարձաւ իր «Ռուսաստանի լաւ բարեկամի» տեսքին։
Այստեղ թերեւս այդքան ալ ճիշդ ու տեղին պիտի չըլլայ ըսել, որ հաւաքական Արեւմուտքը, գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, յոգնեցաւ այս խաղաոճէն, բայց, կարգ մը առումներով Փաշինեան հիասթափութիւն պատճառեց ամերիկացի իր գործընկերներուն։
Անշուշտ, այս բոլորի կողքին նկատուեցան Ռուսաստանէն մէկէ աւելի հարթակներէ հնչած յայտարարութիւնները, որոնք յապաղած ճիգով մը կ՚արդարացնէին իրենց ուշացումները ու կերպով մըն ալ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին կը փորձէին բացատրել, թէ ինչքան ալ ուշանան՝ իրենք անպայման պիտի վերադառնան մեծ խաղին։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որ մինչեւ այս պահը կ՚ապրի Փաշինեանը արմատախիլ ընելու երազանքով, մեծապէս կը հաւատայ, թէ երկրէն ներս որեւէ փոփոխութեան հիմքը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի միջամտութեամբ, որուն արմատները երեւելի պիտի չըլլան ու աւելի մտահոգիչը՝ մինչեւ ո՞ւր կրնան հասնիլ եւ ի՞նչ տարողութիւն կրնան ունենալ այդ միջամտութիւնները։ Այս դրուածքը ցայսօր կ՚աշխատի եւ յուսադրիչ է Հայաստանի ընդդիմութեան տեսակէտէ, իսկ Փաշինեան ասոր դիմաց առաւելագոյն ներուժով կը փորձէ հանդիսանալ երկրի ամենառուսամէտ քաղաքական դէմքը՝ թիւ մէկը։
Այս կտրուածքէն անդին ի յայտ կու գան Արցախի տագնապին վերաբերեալ քանի մը կենսական հարցադրումներ, ըստ որոնց Փաշինեան մարդասիրական օժանդակութեան այս նոր խաղը յառաջ կը մղէ ո՛չ միայն Ռուսաստանի հետ համաձայնաբար, այլեւ կ՚ունենայ ամերիկեան կանաչ լոյսը՝ նա՛խ Արցախի մարդասիրական տագնապը թեթեւցնելու, ապա փաստելու, որ Ալիեւ պիտի չունենայ այն ամէն ինչը, որուն կը տենչայ Արցախի պաշարման առաջին օրէն իսկ։ Կայ, անշուշտ, նաեւ այլ պարագայ մը, ըստ որուն Փաշինեան այս նոր խաղ-նախաձեռնութեան կ՚երթայ ստանալու համար այն բոլոր միաւորները, որոնք ցանուած էին իր եւ իր քաղաքական գծի ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ որոնք կը խօսին բացառապէս մէկ բանի՝ խաղաղութեան մասին։
Ու հոս է նաեւ, որ աւելիով կ՚արժեւորուի այն հարցադրումը, ըստ որուն Պաքու մինչեւ ե՞րբ պիտի կարողանայ դէմ դնել խաղաղութեան մը հասնելու ճիգ-նախաձեռնութիւններուն։ Հարցումը ուղիղ է եւ, անշուշտ, պայմանաւորուած՝ յաջորդ օրերու իրադարձութիւններով, որոնք պիտի ամրացնեն բանակցային եւ ապահովական ընթացքներու նշաձողները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024