ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԾԱԹՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ երեք բան հարցանելի է.

Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար Յուդային տուաւ գանձանակը, երբ գիտէր, թէ ան գող ու ագահ էր:

Պատասխան. կ՚ըսենք, թէ չորս պատճառով. նախ՝ այն պատճառով տուաւ անոր, որովհետեւ արծաթսիրութենէն անյագ էր, կամեցաւ անոր տալ, որպէսզի ատով այդ ախտէն հեռացնէ զինք: Երկրորդ՝ քանի որ Տէրը կամեցաւ, որպէսզի արծաթը գողնայ, ու ատոր՝ [արծաթին] պատճառով իր Տէրը չծախէ, բայց ան երկուքն ալ գործեց: Երրորդ՝ որովհետեւ բոլորէն աւելի վատ էր եւ պարզ միտք չունէր, այդ պատճառով ալ քարոզելու չէր ղրկեր, այլ՝ Իր մօտ կը պահէր՝ երթեւեկութեան գործին համար: Չորրորդ պատճառ՝ ագահութեան որոգայթն ու վիշտը ցուցնելու, որ ստացած ատեն, կամ եկեղեցւոյ ինչքերը բաժնելու ատեն, կրնայ պատահիլ նաեւ առաջնորդներուն, որովհետեւ առաքեալներէն մէկը ատով գող ու մատնիչ եղաւ, պէտք է [արդարեւ], որ այդ օրինակով բոլորը վախնան:

Երկրորդ հարցում. թէ ինչո՞ւ չյադիմանեց Յուդային գողութեան պատճառով:

Պատասխան. կ՚ըսենք՝ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ եթէ յայնտուած ըլլար անոր վնասը, այն ատեն ան աւելի կը յանդգնէր, քանի որ չարին գործակիցները այդպիսին են, որովհետեւ երբ գործը ծածուկ է, ահով կը կատարեն, իսկ երբ յայտնի կը դառնայ, այն ատեն նոյն բանը համարձակութեամբ կ՚ընեն: Երկրորդ՝ որովհետեւ եթէ յանդիմանած ըլլար զայն, կը ձգէր իր Վարդապետին ու կը հեռանար, ու այդպիսով կը խափանէր անոր մատնութիւնը, որ Հայրը սահմանած էր, որով աշխարհը փրկուեցաւ: Այս սահմանումը մի՛ իմանար, թէ պարտադրաբար բերաւ զինք մատնութեան, այլ՝ Աստուծոյ ամենագէտ կանխատեսութիւնն է: Չորրորդ՝ քանի որ նոյնիսկ եթէ ըսէր, գիտէր, թէ պիտի չլսէր, այդ պատճառով սրբութիւնը շունին չտուաւ, եւ մարգարիտը՝ խոզին:

Երրորդ հարցում. Քրիստոս Ինք ինչո՞ւ համար արկղ ու քսակ կը պահէր, իսկ աշակերտներուն կը պատուիրէր չպահել ո՛չ արկղ, ո՛չ մաղախ, ո՛չ արծաթ, եւ այլն:

Պատասխան. վարդապետները կ՚ըսեն չորս պատճառով. առաջին՝ որովհետեւ Տէրը առաքեալները քարոզելու եւ ուսուցանելու կը ղրկէր, իսկ եթէ ուսուցած ժամանակ ինչք ստանան, չեն կրնար ճշմարիտ ուսուցանել եւ ոչ ալ չարերն ու յանցաւորները յանդիմանել, քանի որ արծաթի ախտը կը փակէ անոնց աչքերը, այլ՝ Ի՛նք, Տէրը, վանքերու եւ միաբանատան օրինակը ունէր, որովհետեւ աղքատներն ու տնանկները միշտ Քրիստոսի հետ կը շրջէին, անոնց ինչք պէտք էր: Երկրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս հրամայելով ու պատուիրելով՝ ոսկի, արծաթ չստանալ ու երկու հագուստ չունենալ (հմմտ. Մտ 10.9), եւ ծախել ինչ ունին, բոլոր քրիստոնեաներուն չըսաւ, այլ՝ անոնց միայն, որոնք կը կամենան կատարեալ ըլլալ, սակայն, լսողներէն ինչքեր չառնել ըսաւ պատուիրելով, այլ՝ ներելով, ըստ այնմ. «Մշակը կերակուրի արժան է» (հմմտ. Մտ 10.10): Ցոյց տուաւ, թէ աւելորդը մի՛ ստանաք, այլ՝ անհրաժեշտը, որ պէտք է: Երրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Տէրը միայն քսակն ու մախաղը չարգիլեց, այլ՝ նաեւ միտքի ցրուածութիւնը, ատոր համար կ՚ըսէ. «Ճամբու ընթացքին կենալով ոեւէ մէկուն բարեւ մի՛ տաք» (Ղկ 10.4), եւ մի՛ ստանաք ու մի՛ վերցնէք ժամանակաւոր իրեր, սակայն չարգիլեց անոնց պահել այդ բաները՝ ուրիշներու համար։

Այսինքն՝ բաշխելու համար աղքատներուն, ինչպէս եպիսկոպոսները եկեղեցւոյ ինչքերը ունին կարօտեալներուն եւ աղքատներուն բաժնելու համար: Չորրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս արկղ ունէր ոչ թէ ըստ տէրութեան իրին, այլ՝ ըստ վերակացութեան ուրիշներու կարիքներուն, նոյնպէս ալ ուսուցեց քարոզիչներուն ունենալ ինչքեր ո՛չ ըստ տէրութեան, այլ՝ վերակացութեան, որովհետեւ այս բառը՝ ունենալ, երեք նշանակութիւն ունի. նախ՝ ըստ տէրութեան, երկրորդ՝ վերակացութեան, երրորդ՝ սպասաւորութեան: Արդ, ըստ տէրութեան ունէին կիներ, որոնք կը ծառայէին Անոր իրենց ունեցուածքներով, ըստ վերակացութեան Քրիստոս Տէր էր, որ կը հրամայէր բաշխել, ըստ սպասաւորութեան տէր էր Յուդան, որ արկղը ունէր, ուրկէ յայտնի է, որ գող էր: Իսկ եթէ գող էր, տէր չէր, ինչպէս ներկայիս մեր մօտ կ՚երեւի, որովհետեւ եկեղեցին ինչքերու տէր է, իսկ եպիսկոպոսը, կամ վանահայրը վերակացու եւ բաշխող, իսկ տնտեսն ու եկեղեցապանը՝ սպասաւոր եւ պահապան: Չորրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոսի գործը կատարեալ էր, եւ այնպէս կատարեալ էր, այնքան որ երբեմն անկատարներու գործերուն խոնարհեցաւ, որպէսզի կատարելաներուն ճանապարհը բարձրացնէ եւ անկատարներուն շաւիղը ոչ դատապարտելի ցուցնէ, քանի որ Քրիստոս ըրաւ եւ սորվեցուց կատարելութեան գործեր, տկարագոյններէն ալ ըրաւ, ինչպէս յայտնի է խոյս տալէն ու արկղէն: Եւ Ինք Քրիստոս կատարեալ էր, սակայն ասիկա ըրաւ, որպէսզի կատարեալներուն եւ անկատարներուն Ինքզինք փրկութեան ճանապարհ ցուցնէր, քանի որ երկուքին փրկութեան համար եկաւ եւ երկուքին համար մեռաւ: Ապա յայտնի է, թէ Քրիստոս ո՛չ արկղին եւ ո՛չ ալ ժամանակաւոր այլ իրի նկատմամբ տիրութիւն ունէր, ո՛չ հասարակաբար եւ ո՛չ յատկապէս, նոյն ձեւով ալ իմացիր առաքեալներուն համար:

Դարձեալ գիտելի է, որ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ չորս պատճառով թոյլ տուաւ, որպէսզի Յուդան կրէր արկղը. նախ՝ որպէսզի կատարեալներուն սորվեցնէ, թէ աղքատներուն համար քսակ ունենալը կատարելութեան հակառակ չէ, այլ՝ կատարելութիւն է, մանաւանդ երբ քսակ ունեցողը առանց տէրութեան կ՚ունենայ զայն: Երկրորդ՝ արկղ ունէր տնանկներուն եւ տկարներուն մխիթարութեան համար, ինչպէս վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Տէրը արկղ ունէր, եւ հաւատացեալները բերէին, կ՚ընդունէր եւ Ինքզինք անկատարներուն կը նմանցնէր: Երրորդ պատճառը հերձուածողները յանդիմանելու համար, որովհետեւ ոմանք ըսին, թէ քրիստոնեայ մը չի՛ կրնար առանց մեղքի ոսկի ստանալ, իսկ ասիկա սուտ է, քանի որ Քրիստոս եզակի կերպով միայն աշակերտներուն պատուիրեց ոսկի չստանալ, այլ՝ մեր Տէրը արկղ ունէր, որպէսզի ցուցնէ, թէ քսակ ունենալը մեղք չէ: Չորրորդ պատճառը յարմարութեան համար, որովհետեւ երբ առաքելական մարդը բարբարոսներու ու խստասիրտներու երկիրներով անցնի, կրնայ ճանապարհին թոշակը վերցնել, եւ կամ հալածանքի ժամանակ:

Այսքանը երրորդ հարցումիդ մասին:

Հիմա կը ճառէ Յուդայի յանդիմանութեան մասին:

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց.

-Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ընէ» (Յհ 12.7):

Մեկնութիւն. «Ազա՛տ ձգեցէք զինք», իբրեւ թէ ըսել՝ բամբասելու իրաւունք չունին, քանի որ բարի գործ մը ըրաւ: Իսկ յոգնակի ըսելը՝ ազա՛տ ձգեցէք, կը ցուցնէ, թէ ո՛չ միայն Յուդան, այլ եւ ուրիշներ եւս բամբասեցին, ինչպէս Մատթէոսն ու Մարկոսն ալ կ՚ըսեն (Մտ 26.6-13: Մր 14.3-9), սակայն միւս աշակերտները աղքատներուն գթալով է որ ըսին, իսկ Յուդան՝ միայն ագահութեամբ: Իսկ «թաղումիս օրը» ըսելը երկու բան կը յայտնէ. առաջին՝ թաղումը, երկրորդ՝ յարութիւնը, ինչպէս Մեկնիչէդ յայտնի է: Իսկ ըսելը «թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ըսէ», ոչ թէ իւղը պահելու մասին կ՚ըսէ, որ թափած էր, այլ՝ այն իւղը, որ թաղումի ժամանակ կը պատրաստեն, նոյնը պահէ, որպէսզի Իմ մարմինիս վրայ չվատնեն փութով յարութեան մասին, իբրեւ թէ ըսէ. «Զայն երեք հարիւր դենարով ծախեցէք ու աղքատներուն տուէք, եթէ կը կամենաք»: Արդարեւ, որովհետեւ Յուդան բամբասելով եւ միւսներն ալ նոյն բանին մղելով աղքատները պատճառ ցոյց տուաւ, ատոր համար այս պատճառը կը վերցնէ, ըսելով.

Խօսք. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք» (Յհ 12.8):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ աղքատներուն միշտ կրնաք բարիք գործել, սակայն զիս չէք կրնար միշտ ձեր մէջ ունենալ տկար մարմինով, որուն սոյնպիսի օծում պէտք է, ինչպէս յայտնի է խաչելութեան ժամանակ լքեցին ու փախան, եւ գերեզմանի մէջ դրուեցաւ: Ասով յայտնի է, թէ երբ երկու հարկաւոր գործ կ՚ըլլայ, կարելի է գործել նուազ հարկաւորը, երբ այդ փոքր գործը ուրիշ ժամանակի չի՛ կրնար ըլլալ, իսկ մեծը միշտ ալ կարելի է ըլլալ:

Այստեղ Քրիստոս երեք պատճառներ կը ցուցնէ այդ կնոջ արարքին մասին. առաջին՝ թէ գթութեան գործ է տկարներուն ու մեռածներուն օծում տալը, նոյնպէս Քրիստոսի համար ընելը, որովհետեւ աշխատած էր [յոգնած] եւ շուտով պիտի մեռնէր: Երկրորդ՝ քանի որ պէտք էր սիրոյ նշան ցոյց տալ, որ շուտով պիտի բաժնուէր: Երրորդ՝ որովհետեւ աղքատներուն միշտ ունէին, իսկ Քրիստոսին՝ ոչ: Այս է միտք բանին, որպէս թէ Յիսուս Յուդային կ՚ըսէ՝ ծանրութի՞ւն կը պատճառեմ քեզի, սակայն շուտով պիտի երթամ:

Իսկ հոգեւոր տեսութեամբ այստեղ երեք պատճառներ կը տեսնուին. առաջին՝ կը ցուցնէ, թէ բոլոր գնուածները, այսինքն՝ Քրիստոսէ փրկուածները պարտաւոր են սիրով գթալ կամ սպասաւորել Աստուծոյ Փրկիչին: Երկրորդ՝ որովհետեւ միտքին դժուար է հասնիլ Քրիստոսի, քանի որ ճշմարիտ է ըսուածը, թէ՝ «Զիս միշտ ձեզի հետ չունիք» (Յհ 12.8), եւ երբեմն ալ երբ Քրիստոս թոյլ կու տայ մեր միտքերուն սիրով յափշտակուիլ ու Անոր հասնիլ, պէտք է ըղձական սիրով ու աղօթքով օծել զԻնք: Երրորդ պատճառ՝ որովհետեւ ներգործական վարքի մերձակայութիւնը միշտ կրնանք ունենալ, այսինքն՝ ողորմութեան, պահքի, եւ այլն, իսկ երբ Քրիստոսի մեծութիւնը Ինքզինք մեզի կը մատուցէ, պէտք է ներգործականը ձգել, որ միշտ կ՚ըլլայ, ու ընել տեսականը, որ հրեշտակական վարք է, եւ միշտ չ՚ըլլար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 117     

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021