ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ԱՄԱՎԵՐՋԸ…

Կ՚ապրինք չափազանց զգայուն ժամանակ մը, եւ վիրաւորել հարազատ մարդկանց կը նշանակէ անձդ վարկաբեկել։ Ո՞վքեր են այդ հարազատները… Բոլոր զոհուածներու ընտանիքները եւ պարագաները այսօր հարազատներս են… Իրենց գերեվարուած զաւակներուն դարձին սպասող ընտանիքները՝ հարազատներս են, անհետ կորածներուն ընտանիքները՝ հարազատներս են… Պատերազմէն վիրաւոր վերադարձած զինուորները հարազատներս են… Եւ չափազանցութիւն թող չըլլայ եթէ ըսեմ, որ իւրաքանչիւրիդ հետ ապրեցայ ձեր ցաւն ու վիշտը, կ՚ապրիմ Հայրենիքի թշուառ վիճակը եւ կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս սերմանուեցաւ այս ատելութիւնը իրարու հանդէպ… Մենք հող կորսնցուցինք, սերունդ կորսնցուցինք, մենք իրարու հանդէպ սէր եւ հաւատք կորսնցուցինք…

Թագաժահրին մասին չեմ ուզեր խօսիլ, այդ համայն մարդկութեան խնդիրն է այսօր, սակայն մեր ցաւը՝ ինչպէս կ՚ըսեն. «Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ այսօր ամբողջ ազգի մը վրայ ինկած է այդ կրակը։

Դեկտեմբերի կէսերուն արդէն իսկ մեր տուները զարդարած կ՚ըլլայինք Կաղանդի ծառերով, տարուէ-տարի աւելցող ճոխ խաղալիքներով եւ քրիստոնեային, աւելի ճիշդը մանուկ Քրիստոսի Ծնունդը նշող, արդէն իսկ իր խորհուրդէն հեռացած ճոխութեամբ, շռայլութեամբ եւ նոյնիսկ ցոփութեամբ։

Քրիստոս քարայրի մը մէջ ծնաւ ամենահամեստ ու խոնարհ պայմաններու տակ եւ այդ քարայրը դարձաւ Սրբութիւն Սրբոց ուխտատեղի։ Իսկ դժբախտաբար մարդիկ կը մտածեն, ո՞ւր անցընել Քրիստոսի Ծննդեան գիշերը, ապա Նոր տարին, ո՞ր ճոխ ճաշարանի մէջ, եւ ինչու չէ, ո՞ր երկիրին մէջ։ Երբ այդ օրը մեր տուները ընտանիքի անդամներով հաւաքուած նոյն սրբութիւնը պիտի խորհրդանշեն այդ քարայրը։

Կաղանդի ծա՞ռ… Արդեօք պատշաճ է այս տարի զարդարել Կաղանդի ծառը իր գոյնզգոյն լոյսերով եւ խաղալիքներով, երբ այդքան տխուր են մեր սիրտերը…

Եկէք մտածենք…

Նախ ըսենք ինչո՞ւ կը զարդարենք ծառը, ի՞նչ խորհուրդ ունի ան։

Մեր հաւատքի կեանքին մէջ գոյութիւն ունին շատ խորհուրդներ, որոնք մեզի անպայման կ՚առաջնորդեն դէպի Քրիստոս։ Անոնցմէ մէկը Կաղանդի ծառն է, որ կը խորհրդանշէ դրախտին Կենաց Ծառը, որ կամաց-կամաց դարձաւ Նոր տարուան խորհրդանիշը։ Այդ եղանակի պտուղներով կը զարդարուէին ծառերը։ Այդ պտուղները կը խորհրդանշեն Ադամին Աստուծմէ տրուած շնորհներն ու առաքինութիւնները, որոնք Ադամ կորսնցուց մեղք գործելով։

Ծառին գագաթին կը տեղաւորենք աստղ մը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսը, որով փրկութեան յոյսը տրուեցաւ Ադամին։

Այսօր պտուղներուն փոխարինած են գոյնզգոյն, տեսակաւոր խաղալիքներ, լոյսեր, զարդեր։

Ուրեմն քրիստոնեաներուս համար այդ ծառը ունի մեծ խորհուրդ եւ իմաստ։ Անով ամէն տարի մենք կը յիշենք Ադամին դրախտէն վտարուիլը եւ փրկութիւնը Քրիստոսով։

Այսօր շատերուս մօտ Ծառը կորսնցուցած է իր իսկական իմաստը եւ ստացած՝ ուրախութեան, հաճոյքի եւ շռայլութեան իմաստ, որ նոյնիսկ առիթ կու տայ մրցելու, թէ որո՞ւն ծառն է աւելի մեծ եւ ճոխ, որո՞ւն խաղալիքները աւելի փայլուն եւ լոյսերը աւելի լուսաւոր։

Գալով այս տարուան, բնականաբար դժուար ընդունինք այս սուգին մէջ տունը զարդարել Կաղանդի ճոխ զարդարանքներով։

Բայց ո՞ւր մնաց Ծառին իսկական խորհուրդը, քրիստոնէական իմաստն ու դաստիարակութիւնը, ամէն տարի ծնող Մանուկին հետ կապուած մեր Յոյսն ու Հաւատքը։

Երկար մտածելէ ետք ես որոշեցի որպէս քրիստոնեայ, մեր նահատակներուն համար դնել ծառը, բայց խաչի տեսքով եւ առանց ճոխութեան, պարզապէս եղեւինի տերեւներով եւ լոյսերով զարդարել, մոմեր վառելով անոր շուրջը… Այո՛, այդ ընենք մեր նահատակներուն համար, որոնք չկան արդէն, որոնց հետ ֆիզիքապէս պիտի չդիմաւորենք Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, սակայն անոնք որպէս աստղեր պիտի լուսաւորեն մեր սգաւոր երկինքը… Որքա՜ն երազներ, սէրեր, յոյսեր թաղուեցան իրենց հետ, անոնց թափած արեան հետ որքան արցունք տեսաւ մեր հողը… Բայց անմեռ է մեր ոգին… Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ օրերու տարբերութեամբ իրենց նորածինները չտեսան, բայց հակառակ իրենց մայրերուն աներեւակայելի ապրումներուն, լոյս աշխարհ եկան այդ փոքրիկ հրաշքները… Ինչ ալ արձանագրուի պատմութեան էջերուն մէջ կամ մեր թշնամիներուն յօրինած սուտերով խաբուի աշխարհը, որքան ալ փորձէ արդարանալ ներքին թշնամին, մէկ է՝ մեր զինուորը յաղթեց, մենք աննման հերոսներ տուինք։ Եւ թող ըսենք, որ հայուն հերոսն ալ ուրիշ է։

Այո՛ սիրելիներ, իմ հարազատներ, ես որոշեցի Ծառը խաչի տեսքով դնել, որովհետեւ խաչը յաղթանակի նշան է, խաչով Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ մեզի պարգեւեց Յարութեան յոյսը։

Իր ուրախ թէ տխուր կողմերով կեանքը պիտի շարունակուի, մեր մէկ աչքը պիտի լայ ու միւսը խնդայ, բայց մենք պիտի ապրինք… Վարդանանց ճակատամարտէն ետքն ալ մենք ապրեցանք… Անին ծախուեցաւ, բայց՝ մենք ապրեցանք… Մեծ եղեռնէն ետք՝ տեղահանուած, ոտաբոպիկ, ցնցոտիներու մէջ, անօթի-ծարաւ բայց՝ ապրեցանք, երկրաշարժէն ետք հողերուն տակ նորածին մանկան կաթի տեղ մայրն իր մատը ճեղքելով՝ արիւնը տուաւ եւ ապրեցան, Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք ալ ապրեցանք… ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ եւ պիտի ապրինք, հիմա ալ պիտի ապրինք, մեր հաւատքով պիտի կառուցենք, ստեղծենք, այդ մեզի՝ Հայուն տրուած առաքելութիւնն է աշխարհի վրայ… Ամանորի մեր Ծառին խաղալիքները պիտի ըլլան հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, լեզուասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը, որդեծնութիւնը, մեր Ծառը պիտի կանգնի մեր հաւատքին վրայ…

Դժուար է, շա՜տ դժուար, մեր հերոսներուն ժպիտներն ու աչքերը մեր հետ պիտի ըլլան մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին, մենք այլեւս չենք կրնար ապրիլ առանց իրենց նայուածքներուն, ռազմաճակատ մեկնելու պահուն իրենց յաղթանակի ժպիտներուն… Անոնց երգը՝ պիտի մնայ մեր ունկերուն մէջ… Ինչպէս մոռնալ այսօրուան սգաւոր մեր ՄԱՅՐԵՐը, որոնք պարելով յանուն հայրենիքի իրենց զաւակները ղրկեցին պատերազմի… Այդ ոգին պիտի չմեռնի մեր մէջ… Մենք այլեւս առանց իրենց չենք կրնար ապրիլ, եւ ճիշտ այդ է, որ մեզի ուժ պիտի տայ ապրելու, պիտի ներշնչէ մեզ կառուցելու եւ շէնցնելու ոչ միայն մեր, այլեւ իրենց երազած հայրենիքը։ Անոնք միացան դարերու մեր հերոսներուն, որքան արիւն թափուեցաւ եւ մեր հողը մնաց միշտ թաց… Մեր հերոսներուն բանակը վերը աճեցաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութիւններով, մեծ ու անկուշտ երկիրներու ագահութեամբ ու խաղերով…

Իմ սիրելի ժողովուրդ, իմ հարազատներ, մենք կրկնապատիկ կոտրուած ենք, որովհետեւ հարուածը միայն արտաքուստ չէր, սակայն կը կրկնեմ յանուն ԱՆՈՆՑ անմեռ հոգիներուն ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՆՔ…

Շուտով Ամանոր է… Մեր ծառը այս տարի թող ԽԱՉը ըլլայ… Եւ անոր լոյսերն ու աստղը մի՛շտ վառ մնան…

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2020, Երուսաղէմ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020