ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ. ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Զի լռեսցին պատերազմունք»

Խորագիրը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ շատերուն, այդպէս նաեւ ինծի համար… Նախքան այս գրութիւնս գրելը շատ մտածեցի, թէ տիրող իրավիճակին մէջ ի՞նչ կարելի է գրել Նոր տարուան մասին, երբ ամէն կողմ անտրամադրութեան հսկայ ալիք մը կայ: Անտրամադրութիւն ամէն ինչի նկատմամբ: Անտրամադրութիւն նոյնիսկ փորձելու տրամադրուիլ որեւէ մէկ բան ընելու, նոյնիսկ գրութիւն մը գրելու: Անտրամադրութիւն շատ ատեն նոյնիսկ անտրամադրութեան: Միակ տրամադրութիւնը, որ տակաւին մխիթարութիւն կը պատճառէ շատերուն, Երկնայինին հետ զրոյցն է, Ամենակալին հետ երկխօսութիւնն է, Ճշմարիտ ու Արդար Թագաւորին հետ «վիճաբանութիւն»ն է, Սուրբ Աստուածամօր միջնորդութեամբ Գթասէրին ուղղուած մրմունջն է՝

«Աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի քէն
Զմարմնացեալն Աստուած.
Զի լռեսցին պատերազմունք,
Դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց,
Տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի.
Աղաչեմք…

Մա՜յր Սուրբ, բարեխօսեա՛»:

27 սեպտեմբեր 2020 թուականը մեր նորագոյն պատմութեան օրհասական շրջադարձին սկիզբը եղաւ, որ իր ամօթալի ու խայտառակ երկրորդ հանգրուանը եղաւ 10 նոյեմբոր 2020-ը, իսկ աւարտը այդ օրհասական շրջադարձին տակաւին յայտնի չէ, որովհետեւ տակաւին յստակ չէ, թէ խաւարին մէջ ի՜նչ համաձայնութիւններ եւ խոստումներ կատարուած են: Մէկ բան յստակ է, որ 27 սեպտեմբերէն այս կողմ, մեր երկրի լուսաւոր զաւակներէն աւելի քան երեք հազար հայորդիներ անմահացան, հերոսացան՝ յաւերժի ճամբորդ դարձան: Երիտասարդներ ու մեծահասկաներ, որոնք ի՜նչ-ինչ երազանքներ ու անկատար նպատակներ ունէին, ի՜նչ-ինչ ծրագիրներ ու իրագործելիք փափաքներ ունէին: Անդին, կան բազմաթիւ հայորդիներ, որոնց մասին ո՛չ մէկ տեղեկութիւն կայ, հարազատները չեն գիտեր իրենց հարազատը տակաւին ո՞ղջ է, գերի՞ է, թէ ինք եւս միացած է անմահներու փաղանգին: Տակաւին անյայտ թիւով ռազմագերիներու պարագան, որ իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտին ու հոգիին մէջ ցցուած սեպ մըն է: Այս բոլորին կողքին հազարաւոր հայորդիներ, իրենց տուն ու տեղը, հայրենիքը կորսնցուցած են ու ինկած են անորոշութեան գիրկը, շնորհիւ «անմեղսունակ» ստորագրութեան մը, որու հեղինակը այդ ստորագրութեան մեղաւորութիւնը բացի իր ստորագրած ձեռքէն՝ կը բարդէ տասը միլիոն հայորդիներուն վրայ:

Ահա այս անորոշութեամբ եւ անտը-րամադրութեամբ լեցուն օրերուն Ճշմարիտ Աստւածը ճանչցողներու շրթներէն կը բարձրանայ հոգեխօս բանաստեղծին սա բառերը.

Ո՜վ Սուրբ Մայր սքանչելի լոյսին
………………
Խնդրէ քեզմէ մարմին առած Աստուածորդիէն
Որպէսզի՝ լռեն պատերազմները,
Դադրին թշնամական յարձակումները,
Սէրն ու արդարութիւնը հաստատուին երկրի վրայ:

Եթէ փորձենք անդրադարձ մը կատարել մեր ժողովուրդի անցնող մօտիկ անցեալի կեանքին, պիտի նկատենք, որ մենք ազգովին հեռացանք Ամենակալ Աստուծմէ, ապաւինեցանք բոլորին ու ամէն ինչին, բացի Աստուծմէ: Աւելի՛ն, աստուած, աստուած կանչեցինք, բայց չգիտակցեցանք, թէ զԱստուած չէ որ կը կանչէինք, այլ՝ մեր երեւակայութեան ստեղծած ու մեր միտքին հաճելի աստուածը կը կանչէինք: Պատերազմի օրերուն երբ մէկ կողմէ Աստուծոյ անունը կու տային խնդրելով Անկէ, որպէսզի ապահով ու անփորձանք պահէ մեր զինուորներն ու անսասան մեր Հայրենիքը, միւս կողմէ սակայն կ՚ուրախանայիք ուրիշներու փորձութիւններով, նեղութիւններով ու կորուստներով, կը հրճուէին, որ ուրիշները բնական աղէտներու զոհ կ՚երթային: Աւելի՛ն, ատելութեամբ, չարութեամբ եւ նենգութեամբ կ՚արտայայտուէին բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք համարձակութիւն կ՚ունենային մեր ակնկալածէն տարբեր բան ըսելու եւ կամ մեր համոզումին հակառակ բան արտայայտուելու… Այս բոլորէն ետք սակայն, դարձեալ աստուծոյ կը դիմէինք, դարձեալ աստուծոյ կ՚ապաւինէինք, աստուծոյ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ: Մէկ կողմէ Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէինք, միւս կողմէ կ՚անիծէինք…, ինչո՞ւ. որովհետեւ մեզմէ շատեր գէթ մէկ անգամ չեն կարդացած Յակոբոս առաքեալին հետեւեալ տղերը. «Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս: Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞: Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բխի» (Յկ 3.7-12):

Դժբախտաբար մեր օրերուն կորսնցուցած ենք ճիշդը սխալէն, լաւը վատէն տարբերելու մեր ունակութիւնը: Ամէն ինչ մեզի կը ներկայացուի այնպէս՝ ինչպէս ներկայացնողները կ՚ուզեն որ ներկայացուի: Մարդը կորսնցուցած է զանազանելու զգացողութիւնը; Այս բոլորը հետեւանքն են, որովհետեւ մենք աստուածը նախընտրած ենք քան զԱստուածը նախընտրելու: Եթէ Ճշմարիտ Աստուծոյ ճշմարի՛տ հետեւորդներն ըլլայինք, բանականաբար այսօր շատ բան տարբեր կ՚ըլլար մեր իրականութեան մէջ: Սակայն ուշ չէ տակաւին, մանաւանդ այս օրերուն երբ համազագային աղէտ մը կ՚ապրինք մէկ կողմէ, միւս կողմէ այս աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալով՝ կը պատրաստուինք թեւակոխելու նոր տարի մը, ինչ որ առիթ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս մտածելու, խորհրդածելու եւ փորձելու հասնիլ ճշմարիտ Աստւծոյ, խօսի՛լ Անոր հետ, զրուցել, «վիճաբանիլ» եւ Անով վերանորոգուած՝ ուժ գտնել կարենալ տոկալու այսքան դժուարութիւններու ցաւերու եւ ամենէն կարեւորը կարենալ ճանապարհ մը գտնել այս վիճակէն դուրս գալու, մեր մէջքը ուղղելու եւ շարունակելու մեր գոյապայքարը՝ մեզի բաժին հասած այս աշխարհագրական տարածքաշրջանին մէջ:

Նեղութիւններն ու տառապանքները մարդուն առօրեայ կեանքին անբաժան մասն են, առանց որոնց մարդուն գոյութիւնը իր լիիրաւ իմաստը պիտի չունենար: Եւ այսօր, մենք ազգովին, ինչպէս անցեալին մեր նախնիները՝ կը խմենք նեղութեան ու տառապանքի բաժակէն, որ դարերու ընթացքին որպէս ժողովուրդ՝ ո՛ւր որ ալ եղած ենք, խմած ենք: Այս առումով այստեղ կ՚արժէ մէջբերել Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին [յետոյ՝ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս] 13 օգոստոս 1978-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատուռին մէջ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով խօսած քարոզէն հատուած մը, որ այնքան այժմէական է.

«Սիրելի՛ք,

Նեղութիւնները, տառապանքները մարդկային կեանքին մաս կը կազմեն, որքան՝ ուրախութիւններն ու բարեկեցիկ, հրճուալից պահերը: Մարդկային կեանքը խառնուրդ է այս հակադիր եւ այնքան յաճախ իրարու ընդելուզուած ապրումներուն եւ փորձառութիւններուն: Որքան պէտք չէ յղփանալ ու գինովնալ յաջողութիւններով եւ ուրախութիւններով, նոյնքան եւ պէտք չէ յուսալքուիլ եւ ընկճուիլ տառապանքներէն եւ նեղութիւններէն: Այսպիսի օրերուն հանդարտ եւ արի կեցուածք ցոյց տալը ժողովուրդի մը բարոյական առողջութեան եւ ազգային տոկունութեան ամենէն վաւերական փաստն է: Մանաւանդ մեր հայ պաշտելի ժողովուրդը իր բազմադարեան կեանքի տեւողութեան իր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը կռանած է տառապանքի քուրային մէջէն: Չարին պէտք չէ պարտուիլ: Տառապնքին պէտք չէ ընդառաջել տեղի տալու, գլուխ կորսնցնելու, խուճապի մատնուելու, վախէն ընկճուելու, մէկ խօսքով՝ սիրտը տկարացնելու հոգեբանութեամբ: Ընդհակառակը, նեղութեան դիմաց պէտք է հայավայել քաջութեամբ կանգնիլ եւ տոկալ գիտնալ, վերականգնելու յոյսն ու հաւատքը ունենալով որպէս զսպանակ մեր կեցուածքին: Յուսալը ապրիլ է: Յուսահատիլը՝ մեռնիլ: Ինչպէս Պօղոս առաքեալ այնքան գեղեցիկ կերպով կը հաստատէ՝ “յոյս ոչ երբեք ամաչեցուցանէ” (Հռ 5.5). (“Յոյսը մեզ երբեք ամօթով չի թողուր”): Նոյն Առաքեալը Հռոմայեցւոց ուղղած նոյն թուղթին մէջ յստակ բառերով մեզի կը փոխանցէ քրիստոնէական մեր հաւատքի սա ամենախոր եւ սրտապինդ ճշմարտութիւնը.

“Նեղութիւնը տոկունութիւն կը ծնի.
տոկունութիւնը՝ նկարագիր:
Նկարագիրը՝ յոյս” (Հռ 5.3-4):

Եւ ինչպէս հայ բանաստեղծը կ՚ըսէ եւ մեր ժողովուրդը կ՚երգէ.

“Երբ ալեկոծ ծովուն վրայ
իմ մակոյկը խորտակուի,
ես փրփրադէզ ալեաց մէջը
դեռ իմ յոյսը չեմ կոտրի”:

Մի՛ վհատիք, մի՛ տկարանք, մի՛ կորսնցնէք ձեր հաւատքն ու յոյսը: Կառչեցէ՛ք ձեր ձեռքերով շինած ձեր տուներուն եւ գործերուն: Գիտենք, դժուար օրեր են: Գիտենք, տաժանելի պահեր կ՚ապրինք: Գիտենք, անմիջական ապագան այնքան փայլուն նշաններ ցոյց չի տար: Բայց պատմութիւնը վկայ, որ յաճախ նման փոթորիկներուն կը յաջորդեն խաղաղութեան շրջաններ, ինչպէս երբ ալեկոծեալ ծովուն փոթորկաշունչ եւ փրփրաբերան ալիքները իջնեն՝ ծովը կը դառնայ ջինջ ու պայծառ, խաղաղ ու ակնավայել: Պէտք է յուսալ: Որովհետեւ յոյսը շունչն է կեանքին: Հաւատքը՝ կայմն է նաւուն» («ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ…», Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, Անթիլիաս-Լիբանան, 1983, էջ 58-59):

Աւելի՛ քան այժմէական: Աւելի՛ն, անուրանալի փաստ մը, որ մեր ժողովուրդը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ դիմագրաւած է ծանր եւ օրհասական ժամանակաշրջաններ: Այսօրուան պարագան կը տարբերի քիչ մը անով՝ որ մինչ մեր թշնամին անցնող ժամանակաշրջանին վերակազմակերպուած, վերաթարմացած, զօրացած եւ այսօրուան «քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ տիրական եւ ազդեցիկ ներկայութիւն դարձած է. մենք սակայն անցնող ժամանակաշրջանին ո՛չ միայն չենք վերակազմակերպուած ու զօրացած, այլեւ՝ մեր լալկանութեան ու մուրացկանութեան իւրայատկութիւնը ա՛լ աւելի խորացուցած ենք: Փոխանակ մեր ուժին, մեր միտքին, մեր կարողութիւններուն ապաւինելու եւ ըստ այնմ ընթանալու, կը շարունակենք աշխարհէն օգնութիւն, արդարութիւն, աջակցութիւն մուրալ, մոռնալով, որ աշխարհը կ՚օգնէ ու կ՚աջակցի զօրաւորին, դիւանագէտին, իսկ տկարին ու մուրացողին կը գուրգուրայ, կը փայփայէ, կը յուսադրէ, բայց երբ օգնելու եւ աջակցելու կարիքն ըլլայ, աչքերն ու ականջները կը փակէ ու անտարբերութեամբ մեզ մեր բախտին կը ձգէ… Այս ալ հետեւանք է այն դաժան իրականութեան, որ մենք անցնող տարիներուն միշտ սիրած ենք Խրիմեանի «երկաթէ շերեփ»ը մէջբերել, ոգեւորել մեր ժողովուրդը, սակայն ո՛ր մէկ գործնական քայլ կատարած ենք ունենալու համար այդ «երկաթէ շերեփ»ը:

Երջանկայիշատակ Հայրապետը կ՚ըսէ. «Գիտենք, անմիջական ապագան այնքան փայլուն նշաններ ցոյց չի տար: Բայց պատմութիւնը վկայ, որ յաճախ նման փոթորիկներուն կը յաջորդեն խաղաղութեան շրջաններ». այ՛ո, անմիջական ապագան այնքան ալ յուսադրիչ չէ, փայլուն չէ, ոգեշնչող չէ, սակայն շատ շուտ պէտք է  միջոցներ գտնենք այդ անյուսադրութիւնն ու այդ մէգը փարատելու, շատ շուտ պէտք է գտնենք ճանապարհը վերականգնելու, վերաթարմանալու, ճիշդ կերպով դատողութիւն կատարելու մեր հետ կատարուածին եւ ըստ այնմ կառուցելու մեր յետագայ ընթացքը յանուն բարօր եւ խաղաղ Հայրենիք մը ունենալու, ուր մենք եւ մեր զաւակները կը շարունակենք մեր գոյապայքարը մարդկային պատմութեան գոյերթին մէջ: Զգոյշ պէտք է ըլլանք սակայն, որ ինչպէս մինչեւ այսօր՝ անցեալով հպարտացած ենք, անցեալով ուրախացած ենք, նոյն ընթացքը չբռնենք, այլ՝ անցեալէն եկած դասերը լա՛ւ սերտելով ապրի՛նք մեր ներկան կերտելու համար մեր ապագան:

«Պատմութիւնը վկայ, որ յաճախ նման փոթորիկներուն կը յաջորդեն խաղաղութեան շրջաններ». հաւատացողն ենք այս ճշմարտութեան, բայց հաւատալը միայն բաւարար չէ, այլ՝ հաւատալու կողքին գո՛րծն է անհրաժեշտ, պիտի աշխատինք, ամէն ջանք պիտի թափենք, որպէսզի վերջին մեր ապրած փոթորիկին յաջորդող խաղաղութեան շրջանը լաւագոյնս օգտագործենք, որպէսզի յաջորդող փոթորիկները նուազագոյն վնասներով ու կորուստներով յաղթահարենք:

*

Թերեւս յարգարժան ընթերոցողները գէշ-աղէկ կրցան հասկնալ սոյն գրութեանս խորագիրին իմաստը՝ «տրամադրութեան անտրամադրութիւնը»… Նոր տարին այս տարի բազմաթիւ հայորդիներու համար սովորական պիտի չըլլայ. աւելի՛ն, շատերս նոյնսիկ պիտի չզգանք ու չապրինք Նոր տարուան բերած ու տուած խորհուրդներն ու պատգամները մեզմէ իւրաքանչիւրիս ուղղուած: Սակայն, մեզմէ իւրաքանչիւրի պարտքն է աշխատիլ, լոյսի շող մը գտնել, յոյսի նշոյլ մը ունենալ ու այդ շողին ու նշոյլին հաւատալով ուժ գտնենք թօթափելու բոլոր դժուարութիւնները, նեղութիւնները, տառապանքներն ու ցաւերը, ինչ որ ունենցանք վերջին այս շրջանին:

Անցեալ տարուան Նոր տարուան բացառիկին տրամադրած գրութիւնս աւարտած էի լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի տողերով: Այս տարի եւս կ՚ուզեմ այդ տողերը մէջբերել, յոյս ունենալով, որ լուսահոգի Սրբազանին արտայայտած այս կամ այն միտքը կերպով մը կ՚օգնեն մեզմէ շատերուն ճանապարհ մը գտնել կարենալ լիցքաթափուելու եւ նորովի շարունակելու մեր կենաքը: Եւ այսպէս.

«Նոր տարուան առիթով փոխանակ ամենազգի նիւթական բարիքներ հայցելու Աստուծմէ, խնդրեցէք որ ձեր կեանքի հնութիւնը նորութեան փոխակերպուի կեանքի նոր աւիշով, թարմութեամբ։

Հաւատքի վստահութիւնը ուզեցէք Աստուծմէ, ո՛վ մարդիկ. թող այդ վստահութիւնը լեցնէ ձեր սիրտերը, որովհետեւ անիկա խաղաղութիւն կը բերէ միտքերուն։

Սէր ուզեցէք Աստուծմէ, ո՛վ մարդիկ. որովհետեւ սէրն է միայն որ կեանքի մէջ կը զգացնէ, թէ դուք լեցուն էք, լեցուն այնքան՝ որ չէք կրնար չպարպուիլ, չէք կրնար ձեր զեղուն բաժակէն չհրամցնել ու չխմցնել նաեւ ուրիշներուն։

Աստուծմէ երջանկութիւն ուզեցէք, ո՛վ մարդիկ. ա՛յն երջանկութիւնը սակայն, որ բարեգործութեամբ կու գայ։ Ուզեցէք որ Աստուած ձեր քայլերը բարեգործութեան ճամբուն ուղղէ, եւ այն ատեն ձեր երջանկութիւնը ինքնին կու գայ՝ ձե՛ր պարգեւելովը եւ ձեր բաշխելովը։ Եթէ դուք չբաշխէք, չէք կրնար այդ ուրախութիւնը ունենալ։

Եւ, սորվինք բոլորս, որ եթէ մենք չծրագրենք մեր կեանքը, չօգնենք մենք մեզի եւ չլեցնենք մեր կեանքը, չենք կրնար Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցել մեր կեանքին վրայ։

Այս մտածումներով ձեզի կը մաղթենք նորոգուած, հաւատակամ, յուսալից ու սիրազեղ կեանք մը, լի բարօրութեամբ եւ երջանկութեամբ։

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ»:

Ի վերջոյ, յուսանք եւ կրկին անգամ հոգեխօս բանաստեղծին հետ միասին դիմելով Սուրբ Աստւածամօր միջնորդութեան, մրմնջանք.

Ո՜վ Սուրբ Մայր սքանչելի լոյսին
………………
Խնդրէ քեզմէ մարմին առած Աստուածորդիէն
Որպէսզի՝ լռեն պատերազմները,
Դադրին թշնամական յարձակումները,
Սէրն ու արդարութիւնը հաստատուին երկրի վրայ:

Խնդրենք եւ յուսանք, որ Աստուածորդին ինչպէս որ Իր առաքեալներուն խոստացաւ Մխիթարիչը ղրկել, այսօր եւս նոյն Մխիթարիչը ղրկէ բոլոր անոնց, որոնք ճշմարտապէս կը հաւատան Անոր ամենազօրութեան ու պարգեւած մխիթարութեան, որպէսզի Սուրբ Հոգիով մխիթարուած կարենանք եռանդ գտնել վերականգնելու: Իսկ որպէսզի մեր ունեցած տառապանքներն ու նեղութիւնները մեզ չընկճեն, չտկարացնեն ու չյուսահատեցնեն, վերյիշենք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին խօսքերը, թէ՝ «աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):

Տէր Յիսուս Քրիստոսով բարի Նոր տարի համայն մարդկութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020