ՊՍՊՂՈՒՆ ԼՈՅՍԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

Իմ եւ սերնդակիցներուս մանկութեան ամենէն կարեւոր առասպելներէն մէկը աշխարհի աւարտն էր։ Ըստ մեր գիտելիքներուն՝ երկու հազար չեմ գիտեր քանիին աշխարհը պիտի վերջանար... Ցաւօք, աշխարհը չվերջանալով հանդերձ, անոր մէջ չվերջացող բան չմնաց։

Բեկումնային 2020-էն ետք, երկրորդ տարին է, որ վայրէջքով կը սկսինք ու յատակը կը դիմաւորենք մեր կարմիր ու կանաչ «քրիսմըս»ն ու նոր տարիները։ Անդարման է այլեւս ուրախութենէն վախնալու մեր ախտը. ճիշդ չէ՜, կը խորհիմ, պէտք չէ՜ անտեսել մեր ունեցած օրհնութիւնները։ Բաւարար է, որ առայժմ անբուժելի հիւանդութենէ մը չենք տառապիր, ապահով՝ տանիք ունեցող տուն մը ունինք, ջուր, ելեկտրականութիւն, սառնարան եւ աշխարհի «ցնծութիւնները» մեզի փոխանցող խելացի հեռաձայն։ Մնացածը «շռայլութիւն» է այլեւս։

Ընկերային ցանցերու աժան առեւտուրէն հեռու՝ նեղութեան պահուն գոնէ անկեղծ խօսքով իր ներկայութիւնը փաստող բարեկամը։

Զարմանալիօրէն զբաղ ենք բոլորս. յիշողը, մտածողն ու հարցնողը։

Պատրաստ ու գրուած են մեր մաղթանքները, անոնցմէ աւելին՝ օգնութեան ձեռք մեկնողը։

Շնորհք է խոնարհութիւնը, առանց բարձրախօսի ընողը։

Հինէ՜ն ի վեր յստակ են հօր մը պարտականութիւնները. զաւկին հասկցած-չհասկցած դասերէն, գծածներէն, պատռածներէն, երգածներէն, վախերէն, գիշերը մինչ քնանալը՝ այդ ամենաջերմիկ պահուն խոստավանած սխալներէն, զինք զարմացնող նորութիւններէն, հոս-հոն լսած հայհոյանքներէն, անվերջ հարցումներէն, մէջտեղը մնացած հակասութիւններէն... մարդ ըլլալու համար անցած ճանապարհէն անտեղեակ հայրերը։

Առտու կանուխ, սանտրը գաղջ ջուրին մէջ թաթխելէն վերջ մազերս երկու պոչիկ կ՚ընէր քաղցրաշունչ իմ մայրս՝ առանց դպրոցի թելադրանքին, զաւկին մաքրութեան, կոկիկութեան, նիստ ու կացին ուշադրութիւն դարձնող, հետեւաբար՝ դարձնել սորվեցնող, աղջիկներուն մազերը խնամքով սանտրող, հիւսող եւ ճերմակ «անթիքա» ժապաւէնը դնող մայրերը։

Մեր դպրոցի նախկին տնօրէն լուսահոգի պարոն Ալեքսանին «թրենչքոթին» ծայրին երեւիլը բաւարար էր դասարան մը քարացնելու համար. հիմա «սոշըլ» ենք բոլորս. հեռուէն տեսնելուդ պէս՝ քեզի լռել ստիպող ուսուցիչները։

Ոեւէ աշխատողի, «մայրիկի», օգնականի, տեսուչի եւ անշուշտ՝ ուսուցիչի մը հետ յոգնակի դէմքով խօսող դեռեւս նախակրթարանի աշակերտները։

«Ուաթսափի» սեղաններուն վրայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները չկտրտող ծնողները։

Կեանքին իմաստը ապրուա՜ծ պահուն մէջ եւ ո՜չ հոս-հոն իջնելիք նկարներուն եւ անոնց տակ դրուելիք «քոմենթներուն» ու հարցազրոյցներուն մէջ գտնողները։

Ենթադրելի այս «մեթավերսին» մէջ չապրողները։

«Վնաս չունի»ն ամէն տեղ յարմարցնելով իրենց հանգիստը ընտրող պատասխանատուները։

Առանց շուրջիններուն բերանները փակելու՝ իրաւունքի եւ ազատութեան զանգերը հնչեցնողները։

Հայելիին նայողները. հոն իրենց տեսնելիքէն չվախցողները։

Սիրողները, լուռ սիրողները։

Դեռ եւս ամչցողները։

«Պեսթ սելըրներ»ու գունաւոր ու անկաշկանդ բեմերէն՝ «Նեթֆլիքս» ու «Տիզնի փլաս»էն անդին՝ գիրք կարդացողները եւ հոնտեղի հերոսը մտովի պատկերացնողները։

Երկարել պէտք չէ՜, կարծես ըսուած են բոլոր խօսքերը։

Մի՜ փնտռէք վերինները։

Լա՜ւ բաները պիտի տեսնենք եւ անոնցմով պիտի առաջնորդուինք։

Մահէն հզօր է կեանքը ու մեռնողներէն աւելի էական են ապրողները. նոր պատերազմի սպառնալիքներուն տակ շքեղօրէն զարդարուած մեր Հանրապետութեան հրապարակն ու անոր շէնքերուն պատերուն մէջ մխրճուած գամերը։

Որո՞ւն կեղծ «լուսաւոր հեքիաթ»ն է ասիկա։

Բոլոր խնդիրները լուծուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հեքթարներո՜վ տնկուած ծառերը. թէ՞ ատոնք են մեր մեռելներուն խաչերը...

Վարչապետին նկարագրած «կայուն-լարուած» մեր սահմանները, մշուշին մէջ կորսուող, չվերադարձող ու սխալ արձակուած գնդակով մահացող զինուորները, օրըստօրէ հրաժարական տուող ու նոր նշանակուող նախարարներն ու անոնց որոշումները։ Ամերիկայի, Ռուսաստանի, ՄԱԿ-ի, ՀԱՊԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն եւ ազգային տարբեր ժողովներու պատգամաւորներուն կոչերն ու անարդարութիւնները խիզախօրէն դատապարտող յայտարարութիւնները։

Կոչ չուղղող մնա՞ց։

Լաչինի միջանցքը փակող, մուշտակ հագած «բնապահպաններուն» թռցուղած խաղաղութեան աղաւնիները։

Օրեր շարունակ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց նստացոյց ընող Արցախի իրաւունքի պաշտպանի տեսերիզներուն տակ մարդոց տեղադրած զարմանալի գրառումները։

Նոյն գրասենեակին առջեւ մանուկներուն՝ գետնին վրայ կաւիճով գծած Արարատը, «Շուշուայ» եկեղեցին ու անոնց երգած երգերը։

Ցանկապատը Արցախի դրօշով պատուած գրասենեակին, այնուամենայնիւ, չբացուող դռները...

Այս բոլորէն հաւանաբար անտեղեակ՝ սփիւռքի մանուկները։

Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայկական գաղութներուն մէջ անմարդկային դժուարութիւններ յաղթահարող մեր եղբայրներուն յուսահատ ձայները եւ այդուհանդերձ ամէնուրեք տեղացող պարահանդէսներու յայտարարութիւնները։

Ինչե՜ր թաքցնելու համար վառեցինք ու կը վառենք այս լոյսերը...

Պսպղո՜ւն լոյսերուն տակ գորշ խաւար մը հիւսող պզտիկ-պզտիկ մեր մութերը։

Անթոյլատրելի ու թերեւս տհաճ է այս յոռետեսութիւնը, որովհետեւ կեանքը ամենեւին կը եւ պիտի շարունակուի...

Անտարակոյս։

Ես ալ պիտի շարունակեմ…

Ամէն առտու աշակերտներուն՝ վարորդներէն ու հսկիչներէն չլսած «բարի լոյս»ը պիտի ըսեմ, «վէ»ն «վեւ»ով պիտի ուղղեմ եւ «Հայաստան»ի պէս յատուկ անունները գլխագիրով գրել պիտի սորվեցնեմ։

Կէսօրէ վերջ, «աւոր» եւ «եղէն» վերջածանցները շփոթելով «գծեղէն» բառը հնարող տղուս համար «Կուկըլ»ին մէջէն յարալէզի մը նկար պիտի գտնեմ եւ հայոց պատմութեան իր յաջորդ դասին՝ «Արա գեղեցիկի եւ Շամիրամ»ին առասպելը պիտի պատմեմ։

Արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով գիտելիքներու անտրամաբանական քանակ մը ընդունող 4-րդ դասարանցի, անգլերէն մտածող-հայերէն լացող աշխարհաքաղաքացի այս տղուն, առանց հեռաձայնի ու համացանցի անցած իմ մանկութիւնս պիտի նկարագրեմ եւ Քաթարի ակնախտիտ «Մոնտիալի» կողքին՝ Եմէնի մէջ իրենց սովահար զաւակները կերակրելու համար ծառերուն կանաչ տերեւները խաշող մայրերը պիտի ցուցնեմ։

Մի՜ վրդովիք, քանզի վստահ չեմ վաղը հոս ըլլալէս, որ կարենամ աստիճանաբար բացատրել, թէ բոլորս կրնանք զգալ, բայց ո՜չ բոլորս կը ցաւինք... որ բոլորս մարդ ենք, այո՜, բայց մե՜զի կը մնայ ինքնութիւն մը ունենալու ընտրութիւնը, անով ապրիլն ու ապրեցնելը...

Ինքնութենէ, բարութենէ, արդարութենէ եւ շա՜տ մը արժէքներէ զուրկ մեր այսօրուան մէջ, վաղը զանոնք վերապրեցնող մարդիկ պատրաստելու հաւատքով ու յոյսով…

Շնորհաւոր Նոր տարի։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

(Գահիրէ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022