ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ողորմած եւ անողորմ մարդոց ունենալիք վարձատրութեան:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմինին նեղութիւն կու տայ» (Առ 11.17):

Ողորմութիւնը Աստուծոյ տանող ճանապարհին կարեւորագոյն հիմքերէն մէկն է, որով մարդ թէ՛ կը զօրանայ եւ միաժամանակ կը գեղեցկանայ: Իսկ առանց ողորմութեան, մարդը կը տկարանայ, կը կորսնցնէ իր գեղեցկութիւնը եւ ենթակայ կը դառնայ սխալելու եւ տապալելու…:

Ողորմութիւնը մարդուն երեսը կը փայլեցնէ, մինչ անողորմութիւնը՝ կը խամրեցնէ:

Ողորմած մարդը իր գործերուն մէջ օրհնութիւն կը գտնէ, իսկ անողորմը ունեցածն ալ կը կորսնցնէ:

Ողորմած մարդը Աստուածավախ կ՚ըլլայ, իսկ անողորմ մարդը՝ զԱստուած մերժող ու ուրացող:

Ողորմած մարդը Աստուածասէր կ՚ըլլայ՝ որով մարդասէր, մինչ անողորմ մարդը՝ Աստուածատեաց, եւ՝ մարդատեաց:

Երանիներուն մէջ Տէր Յիսուս յատուկ կերպով կը յիշէ ողորմածներ, երբ կ՚ըսէ. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն կը գտնեն» (Մտ 5.7): Այսինքն՝ ողորմածները Աստուծոյ երանութեան ո՛չ միայն կ՚արժանանան, այլեւ Անկէ ողորմութիւն կը գտնեն:

Մարդը, սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլայ ողորմութիւն կատարած ժամանակ, որովհետեւ սխալ կերպով կամ ի ցոյց մարդկանց կատարուած ողորմութիւնը օգուտ պատճառելէ աւելի, կը վնասէ մարդուն:

Այսպէս, Տէր Յիսուս այսպէս կ՚ուսուցանէ ողորմութեան մասին. «Զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն։

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ, թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4): Այս ուսուցումէն պարզ կը դառնայ, որ ճշմարիտ ողորմածութիւնը ո՛չ թէ ի տես մարդոց պէտք է ըլլայ, այլ՝ ի տես Աստուծոյ, Ով անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, կը տեսնէ մեր բոլորին գործերը եւ յայտնապէս կը վարձատրէ:

Այժմ մեր ընթերցողներուն ողորմութեան մասին փունջ մը մտածումներ կը ներկայացնենք Եկեղեցւոյ հայրերէն:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- «Ողորմութիւնը ազնուագոյն արուեստ է եւ ողորմացողի պաշտպանը, որովհետեւ Աստուծոյ հաճելի է, եթէ մենք չպղծենք զայն, իսկ այն կրնայ պղծուիլ, երբ մենք ողորմութիւն կ՚ընենք ուրիշը կողոպտելու հաշւոյն, իսկ եթէ մաքուր ձեւով կ՚ըլլայ, մեծ խիզախութիւն կու տայ նաեւ աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ զայրոյթը յարուցած են իրենց վրայ»:

- «Ողորմութիւնը շատ աւելի մեծ զոհաբերութիւն է, քան՝ աղօթքը, պահքը եւ միւս բաները, եթէ անշուշտ, այն արդար մղումներով կ՚ըլլայ եւ նոյնպիսի նեղութիւններով, եթէ մաքուր է ամէն տեսակի շահախնդրութենէ, թալանէ եւ բռնութենէ»:

- «Ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմացողներուն յօժարութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ»:

- «Մի՛ ամչնար քու ձեռքովդ աղքատներուն ծառայելու: Քրիստոս չ՚ամչնար ձեռք երկարել եւ ողորմութիւն վերցնել աղքատի միջոցով, իսկ քեզի համար ամօ՞թ է ձեռքդ երկարել եւ դրամ տալ: Միթէ՞ ատիկա ամօթ չէ»:

- «Նայէ ո՛չ թէ օգնութեան կարիք ունեցողներուն արժանաւորութեան, այլ՝ միա՛յն կարիքին»:

- «Ողորմէ՛ ինծի-ն կարճ խօսք է, սակայն ծով մարդասիրութիւն (յառաջ բերաւ), որովհետեւ ուր որ ողորմածութիւն կայ, այնտեղ ամէն տեսակ բարիքներ կան։ Եթէ եկեղեցիին մէջ չես, ձայն տուր Աստուծոյ եւ ըսէ՝ ողորմէ՛ ինծի, թէեւ բերանդ չշարժելով, այլ՝ միտքով կանչելով։ Աստուած կը լսէ նաեւ լռողներուն։ Կարեւորը ո՛չ թէ տեղն է, այլ՝ բարեպաշտութեան հիմքը»:

- «Հետեւաբար, երբ մուրացկան տեսնես, կողքէն մի՛ անցնիր, այլ՝ անմիջապէս մտածէ, որ ան՝ ինչպէս դուն, ազատ է եւ միեւնոյն հասարակութեան կը պատկանի, քեզի հետ բոլոր ընդհանուր բաները ունի, իսկ դուն զինք յաճախ քու շուներուդ հետ իսկ չես հաւասարեցներ։ Երբ դուն կուշտ ես, ան յաճախ անօթի կը քնանայ եւ ազատ մարդը քեզի համար քու ծառաներէդ աւելի արհամարհելի կը դառնայ։ Վերջինները սակայն քեզի համար պէտքական բանե՞ր կ՚ընեն եւ քեզի լա՞ւ կը ծառայեն։ Սակայն, ես կրնամ քեզի ցոյց տալ, որ անոնք նոյնպէս ծառայութիւն կը մատուցեն եւ շատ աւելի կարեւոր, քան` ծառաներդ. անոնք կ՚օգնեն քեզի դատաստանի օրը եւ քեզ կրակէն կ՚ազատեն։ Նման բան կրնա՞ն քու ծառաներդ»:

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետ կը գրէ. «Երբ ախտացեալներուն բժշկելով` Իր մարդասիրութիւնը կը յայտնէր, անոնցմէ շատերուն նոյն բանը կը պատուիրէր «ոչ մէկուն՝ գիւղերու մէջ կամ քաղաքներու, զուր տեղ չպատմէք» (հմմտ. Մր 1.44)։ Որպէսզի դուն ալ նոյնը սորվիս, քու ողորմութիւններդ աշխարհով մէկ չյայտարարես։ Իսկ եթէ պէտք ըլլայ ցոյց տալ, թող խօսքերու փոխարէն՝ գործերը վկայեն»: 

Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ կը գրէ. «Հիւանդութեան վերաբերող դեղերուն նման, նաեւ հոգին մեղքերէ մաքրելու համար կան ապաշխարութեան բազմաթիւ ձեւեր. բայց մեղքերէն մաքրուելու եւ վէրքերէն դարմանուելու համար առաքինութիւններու մէջ ամենակարեւորը եւ անմենաազդեցիկը ողորմութիւնն է, մանաւանդ երբ անոր կ՚ընկերակցի ողբը, հառաչանքը եւ գթառատ արտասուքը»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

- «Ողորմութիւնը՝ ցաւակցութիւնն է բնութենակիցներուն հանդէպ, եւ եթէ անոր կը հաւատանք, Տիրոջմէ փոխարէնը կը ստանանք։ Դարձեալ, հաւատք ըսելով աղօթքը նկատի ունի, այն խօսքին համաձայն. «Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատքով խնդրէք պիտի ստանաք» (Մտ 21.22)։ Այս երկու բաներով է որ մարդը առաքինի կը դառնայ. արդարեւ, ողորմութեամբ կը վարժուի ընկերոջ հանդէպ սէր տածել, իսկ հաւատքով՝ Աստուծոյ հանդէպ»:

- «Իսկ ան որ աղքատին կ՚ողորմի, Աստուծոյ փոխ կու տայ, կ՚ըսէ Սողոմոնը, որ աւելի մեծ բան է, երբ մէկը Աստուծոյ պարտական կ՚ըլլայ»:

- «Հարկ է գիտնալ, թէ ողորմութիւն պէտք է ընել առանց խտրութեան բոլոր կարօտեալներուն. պէտք չէ ընտրել հարուստ ու աղքատ, արժանի ու անարժան, արդար ու մեղաւոր. այլ առանց խտրութեան բոլո՛ր կարօտեալներուն պէտք է բաշխել»:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ կը գրէ.

- «Փութանք ըստ մեր կարողութեան չափազանց ողորմած ըլլալ՝ ո՛չ միայն ունեց-ւածքով, այլեւ խօսքով եւ կարեկից ըլլալով, որովհետեւ քաղցր եւ մխիթարիչ խօսքերը փոքր ողորմութիւն չեն համարուիր։ Տակաւին, մեղանչած եղբօր համար հոգոց հանելը, լալը, անոր սգակից եւ կարեկից ըլլալը, խրատելն ու յորդորելը դէպի բարին եւ սեփական անձին չափ սիրելը, ինչպէս նաեւ հիւանդին տեսութեան երթալն ու ասոնց նման այլ գործերը իսկական ողորմութիւն են եւ Դատաստանի օրը բարձագլուխ պիտի պարծենան (տե՛ս Յկ 2.13)»:

- «Առաքինութեան բազմաթիւ տեսակներ կան, որոնք մեզ դէպի Աստուած կը բարձրացնեն եւ Արքայութեան ժառանգորդ կը դարձնեն, սակայն մեզ Աստուծոյ նման դարձնող ուրիշ առաքինութիւն չկա՛յ, քան՝ ողորմութիւնը։ Այս մէկը նոյնինքն մեր Տէրը յայտնեց, ըսելով. «Այսպիսով  դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45)»:

- «Ողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ յաւիտենական կեա՛նք հնձէ, մարդասիրութիւն սերմանեցիր, ատկէ Աստուծոյ գթութի՛ւնը հնձէ։ Անողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ փուշ եւ տատա՛սկ հնձէ»:

Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ. «Ողորմութիւն պէտք է համարել միայն այն նուիրատուութիւնները, որոնք Աստուծոյ սիրոյ համար արդար վաստակէն կարօտեալներուն կը բաշխուի՝ կարողութեան համաձայն, զուարթադէմ, անտրտունջ, անմիջապէս եւ ծածուկ»:

Գէորգ Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Հայուն այսօրուան տառապանքը բուժելու, ցաւին դարման տալու միակ միջոցը ողորմած ըլլան է, ինչի կարիքը դժբախտաբար մենք շատ զգացած ենք, ինչի պահանջը մեր Փրկիչը դրած է բոլոր մարդկութեան դիմաց՝ այրիին լումային անմոռանալի ու պարզ պատմուածքով»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 24

18 դեկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023