ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց 14.7-ին մէջ կարդացած եմ. «Յիմար մարդէն հեռացիր, երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի». ինչո՞ւ այսպէս կը թելադրէ Առակագիրը:

Պատասխան. Պարզ պատճառով. որովհետեւ յիմարը, այսինքն՝ ան որ մերժած է զԱստուած ու Անոր պատուիրանները, ապա այդպիսիին ընկերութիւնը ո՛չ միայն անօգուտ կ՚ըլլայ մեզի համար, այլեւ՝ վնասակար, քանի որ անոր շրթունքները արդարութենէն ու ճշմարտութենէն հեռու են, եւ միայն չարութիւն ու նենգութիւն կը խորհին, ինչ բանի մասին Առակագիրը կ՚ըսէ, թէ՝ «յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է» (Առ 14.9):

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին իր Առակաց գիրքի մեկնութեան մէջ այսպէս կը գրէ 14.7 համարին մասին. «Քրիստոնեայ մարդը իր կեանքի իւրաքանչիւր երկվայրկեանին արժէքը գիտէ: Բոլոր մարդիկը սիրելով հանդերձ, ինքն իրեն թոյլ չի՛ տար, որպէսզի իր ժամանակը փճացնէ յիմար չարերուն հետ ընկերութիւն ընելով, որոնք աշխարհը որպէս խաղավայր կ՚ընկալեն, որ արժէք չունի: Իսկ երբ անոնցմէ հեռանայ, թոյլ կեցուածք չունենայ անոնց նկատմամբ, միաժամանակ թող չյուսահատի անոնց փրկութեան համար, այլ՝ սիրով ամէն ջանք թող թափէ անոնց շինութեան համար, սակայն ո՛չ ինքն իր հաշիւին»:

Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի ուրիշին սիրոյն ինքզինք կորուստի չմատնէ ու դատապարտութեան ենթարկուի, ընդհակառակը, թող ինքզինք զօրաւոր պահէ եւ քրիստոնավայել գործերով օգնէ օգտակար դառնալու ուրիշներուն, յատկապէս անոնք, որոնք Աստուծմէ հեռու կեանքով կ՚ապրին:

Հ. Ի՞նչ պիտի պատահի ամբարիշտներուն եւ ուղիղներուն տուներուն հետ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի, բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի» (Առ 14.11): Ամբարիշտը, որովհետեւ իրեն համար այս աշխարհին վրայ տուն կը կառուցէ եւ կը կարծէ, թէ այդ մէկը իրեն յաւիտեան պիտի մնայ, մինչ ուղիղ մարդը, այս աշխարհի վրայ ըլլալով հանդերձ, ամէն ջանք կը գործադրէ, որպէսզի մինչեւ այս աշխարհէն բաժնուիլը, իրեն համար վրան մը պատրաստած ըլլայ երկինքի մէջ. իսկ այդ վրանին կառուցումը իրականութիւն կրնայ դարձնել մի միայն Տիրոջ պատուիրաններուն անսալով: Այս առումով այնքան դիպուկ է Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Ուրեմն, ով որ Իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ: Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է: Իսկ ով որ Իմ այս խօսքերս կը լսէ, բայց չի գործադրեր զանոնք, պիտի նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ: Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, եւ տունը կը կործանի: Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը» (Մտ 7.24-27):

Երանի՜ թէ կարենանք մեր տուները ժայռի վրայ կառուցել, որպէսզի ծաղկի ու պտղաբերի, որովհետեւ այդ տեսակի ժայռը բերրի է:

Հ. Ի՞նչ բանով պիտի կշտանան ապականած մարդն ու բարի մարդը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն, իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ» (Առ 14.14):

Պօղոս առաքեալ վերոնշեալ խօսքին աւելի պարզ ձեւը ունի: Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ կը կարդանք. «Դուք ձեզ մի՛ խաբէք. կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ: Մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ: Ով որ իր մարմինի անդաստանին մէջ ցանէ՝ մահ պիտի հնձէ իր մարմինէն, իսկ ով որ Ս. Հոգիի անդաստանին մէջ ցանէ՝ յաւիտենական կեանք պիտի քաղէ Սուրբ Հոգիէն: Գալով մեզի, չձանձրանանք բարիք գործելէ, որովհետեւ եթէ յարատեւենք՝ անպայման որ արդիւնքը պիտի քաղենք իր ատենին: Հետեւաբար, որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.7-10):

Հոգեւոր ընկալումը նոյնիսկ եթէ պահ մը մէկ կողմ դնենք, այս մէկը կեանքի սկզբունք է բոլոր մարդոց համար, թէ՝ ինչ ցանենք այն ալ կը հնձենք, եթէ բարիք գործենք՝ բարիք կը հնձենք եւ երանութեան կ՚արժանանանք, իսկ եթէ չարիք գործենք՝ պատիժ, տանջանք ու դատապարտութիւն կը վաստակինք, մենք մեզ յաւիտենապէս տանջանքի ու դատապարտութեան մատնելով:

Այստեղ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ հետեւեալ պատմութիւնը, որու միտք բանին այն է, որ մարդ պէտք է իր բնաւորութեան համաձայն վարուի իր շուրջիններուն հետ, առանց վնասելու, առանց ցաւ պատճառելու, ընդհակառակը, սիրելու եւ գուրգուրալու:

Ահաւասիկ.

Մեծ տարիքով մարդ մը կը պտտէր հանրային պարտէզի մը մէջ, խոհրդածելով իր չորս կողմը գտնուող բարձր ծառերու գեղեցկութեան մասին: Յանկարծ, բոյն մը կը տեսնէ, որ կարծես թէ հովին պատճառով այդ բարձր ծառերէն մէկուն վրայէն ինկած էր գետին: Կը մօտենայ այդ բոյնին ու կը տեսնէ, թէ անոր մէջ փոքրիկ արծիւ մը նստած է:

Մարդը կ՚որոշէ ազատել զայն: Ձեռքը կ՚երկարէ դէպի փոքրիկ արծիւը, սակայն ան զօրաւոր կերպով կը կտցահարէ զինք... Մարդը իր ձեռքը քաշելով կը գոռայ՝ ցաւին պատճառով: Սակայն, մէկ-երկու վայրկեան անցնելէ ետք, դարձեալ իր ձեռքը կ՚երկարէ, որպէսզի օգնէ արծիւին: Արծիւը դարձեալ կը կտցահարէ զինք նոյն ձեւով: Ծերուկը դարձեալ գոռալով՝ ցաւին պատճառով իր ձեռքը կը քաշէ, բայց դարձեալ մէկ-երկու վայրկեան ետք նորէն ձեռքը կ՚երկարէ երրորդ անգամ ըլլալով... Այս ընթացքին, պարտէզի նստարաններէն մէկուն վրայ մարդ մը նստած՝ կատարուածին կը հետեւէր: Մարդը դիմելով ծերուկին, կ՚ըսէ.

-Ո՜վ իմաստուն, դաս չքաղեցիր ո՛չ առաջին անգամէն, ո՛չ երկրորդէն եւ ահա երրորդ անգամ ըլլալով կը փորձես ազատե՞լ զինք:

Ծերուկը այդ մարդուն յանդիմանութեան ականջ չկախեց, եւ շարունակեց փորձել ու փորձել, մինչեւ որ յաջողեցաւ ազատել արծիւը ու տանելով զայն դրաւ ծառի մը ճիւղերուն մէջ, ապա քալեց դէպի զինք յանդիմանող մարդը ու ձեռքը ուսին դնելով, ըսաւ.

-Որդեա՛կս, արծիւին բնաւորութիւնն է, որ կտցահարէ, իսկ իմ բնաւորութիւնս է, որ սիրեմ ու գուրգուրամ, հետեւաբար ինչո՞ւ կ՚ուզես, որ թոյլ տամ, որպէսզի իր բնաւորութիւնը յաղթէ իմ բնաւորութեանս:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը միամիտին եւ խելացիին:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առ 14.15): Այստեղ միամիտ ըսելով աւելի պէտք է հասկնալ դարձեալ անոնք, որոնք Աստուծոյ հովանիէն հեռացած են եւ իրենց կեանքը առանց Անոր ներկայութեան կ՚ապրին, որով ամէն կողմէ փչող հովերէն կը տարուին, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ, առանց մտածելու իրենց այդ տատանումներու հետեւանքներուն մասին: Մինչ խելացի մարդը, ան որ Աստուծոյ հովանիին տակ է, իր իւրաքանչիւր քայլը լաւապէս կը քննէ, կ՚ուսումնասիրէ, որպէսզի յանկարծ զԱստուած չտրտմեցնէ իր առած սխալ քայլով, եւ համոզուելէ ետք, որ իր առած քայլը ճիշդ է, համարձակութեամբ կը նետուի, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ իրեն ընկերակից ունի զԱստուած:

Հ. Ի՞նչ կ՚ընեն շուտ բարկացող, անխոհեմ, չար ու ամբարիշտ մարդիկը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ՚ընէ: …Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն: …Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դռան քով» (Առ 14.17, 18, 19):

Անխոհեմութիւնը, չարութիւնն ու ամբարիշտութիւնը շատ յաճախ իրենց պարագլուխ ունին բարկութիւնը, որ մտնելով մարդուն մէջ զայն կրակէ գունդի մը կը վերածէ, եւ եթէ չյաջողի ինքզինք տիրապետել, ապա կրնայ աւերներ գործել, որ Առակագիրին բնութագրումը եթէ օգտագործենք, կ՚ունենանք՝ անխոհեմութիւն, չարութիւն ու ամբարիշտութիւն:

Սաղմոսերգուն կը գրէ՝ թելադրելով. «Եթէ բարկանաք, մի՛ մեղանչէք» (Սղ 4.5): Բարկութիւնը մարդուն կազմուածքին անբաժանելի մէկ մասնիկն է, եւ մարդ երբեմն կրնայ բարկանալ, սակայն, ուշադրութիւն պէտք է դարձնել, որպէսզի այդ բարկութիւնը մեղքի չվերածուի եւ մեղքի վերածուելով այրէ մեզ ամբողջութեամբ՝ զրկելով մեզ յաւիտենականութենէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 36

6 մարտ, 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023