ԱԿՆԱՐԿ - 14 - ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ - 75՝ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Այսօրուան մեր սիւնակով մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն կը ներկայացնենք պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «ԿԶՆԱԿ» հիմնադրամի՝ վերապատրաստման ծրագիրներու մշակման ու վերապատրաստումներու արդիւնաւէտութեան գնահատման բաժինի պետ՝ Արման Մալոյեանի, մեծայարգ տիար Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեակին նուիրուած մեծարանքի երեկոյին մասին անդրադարձը, զայն արեւմտահայերէնի վերածելով:

*

18 մարտ 2023-ին, Երեւանի Հայ Աւետարանչական կեդրոնէն ներս, «Քեսապցի եւ մուսալեռցի հայրենաբնակ երիտասարդներու համախմբում» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, վաստակաշատ մանկավարժ, լեզուաբան, ազգագրագէտ, բանագէտ, բանահաւաք, բանասէր, հրապարակախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յակոբ Չոլաքեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած մեծարանքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ:

Բազմաբեղուն եւ բազմարդիւնք է Յակոբ Չոլաքեանի 75-ամեայ գիտնականի վաստակը՝ տարբեր բնագաւառներ ընդգրկող շուրջ 60 աշխատութիւն, պարբերականներուն մէջ տպագրուած շուրջ 40 գիտական յօդուածներ, համացանցային գրառումներ, ակնարկներ, տպագիր, ռատիօ եւ տեսահարցազրոյցներ, աւելի քան 200 պատմուածքներ ու գեղարուեստական ակնարկներ, գիտական ու մանկավարժական զեկուցումներ եւ ուսումնասիրութիւններ: Չոլաքեան գիտնականին ծանրակշիռ հետազօտութիւններուն գիտական արժանիքները եւ Չոլաքեան ուսուցիչին հանդէպ տածած ակնածանքը հիմք հանդիսացան, որպէսզի երախտագէտ աշակերտները, հայրենակիցներն ու հարազատ-բարեկամները իրենց հոգիին պարտքը մարելու նմանօրինակ արտասովոր եղանակ գտնէին՝ գեղեցիկ ձեռնարկ մը կազմակերպելով:

Յակոբ Մարտա-Աբրահամի Չոլաքեան ծնած է 16 հոկտեմբեր 1947-ին, Սուրիոյ Քեսապ շրջանի Գարատուրան գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ազգային Մեսրոպեան նախակրթարանին մէջ (1954-1961), ապա Քեսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց նախակրթարանէն ներս (1961-1963): 1963-1968-ին Յ. Չոլաքեանը սորված է Այնճարի (Լիբանան) Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանէն ներս: 1968-1969-ին, նոյն վարժարանէն ներս աշխատած է որպէս ուսուցիչ: 1969-1970-ին եղած է Պէյրութի Հայկազեան քոլէճի հայագիտական ամպիոնին մասնաւոր ուսանող: 1970-ին, ան ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի Հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժինը: Երեք տարի ուսանած է ԵՊՀ-էն ներս ու այդ ընթացքին բարեյաջող կերպով յանձնած է հնգամեայ ուսումնական ծրագիրին քննութիւնները: 1973-ին ստացած է բանասէրի ու հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի որակաւորում, ու Այնճար վերադարձած է:

1973-1976 եղած է Այնճարի Հայ Աւետարանական, Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Տէմիրճեան ու Ազգային Խանամիրեան վարժարաններու հայոց լեզուի ու հայ գրականութեան ուսուցիչ: 1976-ին Պէյրութի մէջ ծայր առած քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով Չոլաքեան Սուրիա տեղափոխուած է ու աշխատանքի անցած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս՝ միաժամանակ դասաւանդելով Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն ներս ու Մխիթարեան հայագիտական ամպիոնին մէջ: 1976-2012 եղած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի երկարամեայ ուսուցիչը: 1996-2012, եղած է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ուսումնական հաստատութեան հայերէնի դասախօս: Ուշագրաւ է, որ Չոլաքեան համատեղած է Այնճարի Հայ Աւետարանական վարժարանի «Շիրազ», ապա Քարէն Եփփէ ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթերու պատասխանատու խմբագիրի աշխատանքը. այդ պարբերաթերթերը դարձուցած է հայ գիրին ու մշակոյթին ծառայող մատաղ սերունդի ինքնարտայայտման իւրայատուկ հարթակ եւ խօսափող:

Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներու սանձազերծած քաղաքացիական պատերազմի ու Հալէպի գնդակոծութիւններուն եւ անապահով իրավիճակին պատճառով, 2012-ին Չոլաքեան ընտանիքով ծննդավայր՝ հայրենի Քեսապի Գարատուրան գիւղ տեղափոխուած է, իսկ 21 մարտ 2014-ին՝ ան ստիպուած լքած է հայրենի Քեսապը, ապա որպէս հայրենադարձ վերջնականապէս հաստատուած է մայրաքաղաք Երեւանէն ներս:

2002-ին, Չոլաքեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառէն ներս թեկնածուական ատենախօսութիւն պաշտպանած է եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան ստացած է: Յետագային, ատենախօսութիւնը առանձին գիրքով կը հրատարակուի (Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը (պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւն), հրատ. «Ռիթչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի, թիւ 2, Անթիլիաս, 2006, 260 էջ): Հայաստան տեղափոխուելէ ետք Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէնութիւնը վաստակաշատ գիտնական-մանկավարժին աշխատանքի կ՚ընդունի Բանահիւսութեան բաժինէն ներս՝ որպէս աւագ գիտաշխատող: 2016-ին Չոլաքեան յաջողութեամբ կը պաշտպանէ դոկտորական ատենախօսութիւն, պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան կը ստանայ, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի առաջատար կը դառնայ, իսկ մի քանի տարի ետք՝ գլխաւոր գիտաշխատող: Չոլաքեանի դոկտորական ատենախօսութիւնը յետագային կը լրանայ ու կ՚ամբողջանայ, եւ առանձին գիրքերով կը տպագրուի:

2014-ին ԵՊՀ-ի բանասիրական կաճառի Հայոց լեզուի ամպիոնը բազմավաստակ լեզուաբան, արեւմտահայերէնով դպրոցական եւ բուհական տասնեակ դասագիրքերու հեղինակ Յ. Չոլաքեանին Մայր Բուհ կը հրաւիրէ՝ արեւմտահայերէն դասաւանդելու: Ան համատեղութեամբ մի քանի տարի նաեւ կ՚աշխատի ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան Լեզուի կաճառի արեւմտահայերէնի բաժինէն ներս:

Բազմարդիւն գիտնականը միայն 2014-2022-ին Հայաստանէն ներս հրատարակած է ազգագրական, լեզուաբանական, յուշագրական, պատմական, գրական-գեղարուեստական ու հրապարակախօսական աւելի քանի 16 աշխատանք: (…)

2020-ին Երեւանի մէջ Չոլաքեան կը հրատարակէ «Քեսապի նիւթական մշակոյթը» աշխատութիւնը: Նոյն թուականին իր յառաջաբանով եւ ծանօթագրութիւններով Երեւանի մէջ կը հրատարակուի Յակոբ Հանիեանին գրի առած «Օսմանեան բանակի զինուոր Սարգիս Հանեանի վկայութիւնը» յուշագիրը:

Երեւանի մէջ ներկայիս մամուլի տակ կը գտնուի «Պատմական Անտիոքի հայերը եւ միւս հաւաքականութիւնները» լայնածաւալ հատորը:

Հետազօտողները տակաւին կ՚անդրադառնան Չոլաքեանի գրական-գեղարուեստական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ արժեւորման: Նշեմ միայն, որ հայ գրականութեան անդաստան Չոլաքեանը մուտք գործած է իր բանաստեղծութիւններուն անդրանիկ ժողովածուով, որ՝ «Այսպէս սկսաւ գարունը» խորագիրով լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ 1970-ին: Արցախեան շարժումին արձագանգելով՝ Չոլաքեան ուսումնասիրած է եւ 1990-ին Հալէպի մէջ լոյս ընծայած «Արցախեան ինքնաճանաչման բանաստեղծութիւնը» գրքոյկը: Հաշիւ չունի Չոլաքեանի՝ սփիւռքահայ եւ հայաստանեան պարբերականներուն մէջ հրատարակած գրական-գեղարուեստական յօդուածներու, ակնարկներու, բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու, գրախօսութիւններու եւ թղթակցութիւններուն թիւը:

Մանկավարժական, բանասիրական եւ ուսուցչական-դասախօսական բազմազբաղ գործունէութենէն անբաժան՝ գրականութիւնն ու գրականագիտութիւնը միշտ Չոլաքեանի առօրեային մաս կազմած են: Սփիւռքի մէջ Չոլաքեան եղած է հայ գրողներու յոբելենական հանդիսութիւններու փնտռուած ատենաբան-բանախօսը: Ան իր ելոյթներով, յօդուածներով եւ մենագրութեամբ հանրութեան ներկայացուցած է գրական որոշ շրջանակներու (Սուրիա, Լիբանան, Կ. Պոլիս, Արցախ) հայ գրականութեան առօրեան («Արցախեան ինքնաճանաչման բանաստեղծութիւնը» (1990)):

Չոլաքեանին եւ անոր հրատարակած գիրքերու մասին շուրջ 80 յօդուածներ ու գրախօսութիւններ գրուած են եւ գնահատանքի խօսքեր ըսուած են:

2022-ին, 75-ամեայ Չոլաքեան, Մայր Բուհի մէջ իր ուսուցչական գործունէութիւնը դադրեցնելու կապակցութեամբ յայտարարելէ ետք, վաստակած հանգիստի անցած է: Թէեւ այդ հանգիստ ըսուածը ընդհանրապէս Չոլաքեանի նման պրպտուն եւ եռանդուն գիտնական-մանկավարժի համար չէ: Ան, նախկինին համեմատ, աւելի նուազ ծանրաբեռնուածութեամբ, այնուամենայնիւ կը շարունակէ գիտամանկավարժական գործունէութիւնը՝ իր հանգիստը համրելով հայութեան, հայկական կրթօճախներուն եւ հայագիտութեան մինչեւ վերջ անմնացորդ ու անձնուիրաբար ծառայելը: Չոլաքեան ներկայիս ալ, գիտական աշխատանքային գործունէութեան զուգահեռ, կը շարունակէ առկայ եւ առցանց եղանակներով մանկավարժական բուռն գործունէութիւն ծաւալել: Ան լեզուի ուսուցման տեսամեթոտական ու գործնական հեռավար աշխատանքներ կը կատարէ սփիւռքի հայկական շարք մը գաղթօճախներու հայկական միօրեայ ու ամէնօրեայ հայկական կրթօճախներու ուսուցչական խումբերուն հետ, անոնց հետ վարպետաց (օրինակելի, տիպար) դասեր, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ կ՚անցընէ՝ մասնակցելով նաեւ հայոց լեզուի ուսուցման, հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ դպրոցին նուիրուած գիտաժողովներուն՝ հանդէս գալով ուսուցման զանազան հարցերուն նուիրուած յօդուածներով:

Չոլաքեանի մասնակցութեամբ վերջին գիտաժողովներէն է 6-7 դեկտեմբեր 2022-ին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս կայացած գիտաժողովը, որ «Արաբական ծոցի երկիրներու հայերը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն, Սէուտ. Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման)» խորագիրը կը կրէր: 6 դեկտեմբերի նիստին, Չոլաքեան «Քուէյթի հայօճախին կազմաւորումը» թեմայով իր շահեկան զեկուցումը ներկայացուց:

Բարեբախտութիւն ու պատիւ ունեցած եմ 2015-ին ծանօթանալ եւ մօտէն շփուիլ մեծանուն ուսուցիչին հետ: Որպէս Երեւանի մէջ կազմակերպուող սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու համակարգող, 2-3 տարի շարունակ հնարաւորութիւն ունեցած եմ որպէս ազատ ունկնդիր ներկայ ըլլալու Չոլաքեանի վարած արեւմտահայերէնի դասերուն ու վայելելու անոր հոգեպարար արեւմտահայերէնը: Դասերէն ետք Չոլաքեան սիրայօժար եւ անտրտունջ կը պատասխանէր հարցումներուս, լրացուցիչ մեկնաբանութիւններ եւ խորհուրդներ կու տար: Չոլաքեանին շնորհիւ յաջողեցայ բաւարարել արեւմտահայերէնին եւ արեւմտահայերէնով հաղորդակցուելու պահանջքս եւ գոնէ մասամբ արեւմտահայերէնին տիրապետելու ձգտումներս:

Հայաստանը, բարձր գնահատելով հայրենադարձ սփիւռքահայ բազմավաստակ մտաւորականին մանկավարժական եւ գիտական գործունէութիւնը, Չոլաքեանը 2010-ին պարգեւատրած է Հայաստանի վարչապետի Պատուոյ յուշամետայլով, իսկ 2011-ին՝ Հայաստանի նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Սակայն, Չոլաքեան մտաւորականին համար ամենէն մեծ կոչումը «Ուսուցիչ ըլլալն է»: Ան իրապէս վաստակած է այդ կոչումին արժանի ըլլալու իր անկապտելի իրաւունքը:

Չոլաքեանի ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոն բացուեցաւ Դալար Քալլուկեանի եւ Վահան Մանճիկեանի՝ Չոլաքեան ուսուցիչի եւ գիտնականի բեղմնաւոր ուղիին ու վաստակին ներկայացմամբ: Յոբելեարի մասին սրտառուչ ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէն՝ Արսէն Բոբխեան, արուեստաբան՝ Մովսէս Հերկելեան, Հեղինէ Պապոյեան (Մուսա լեռան հայրենակցական միութեան Երիտասարդական թեւ), համագիւղացի Փառէն Յովսէփեան, Մուսա լեռան հայրենակցական միութեան նախագահ՝ Պերճ Ղազարեան: Հանդիսականներուն իր սիրտի ու երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց նաեւ յոբելեարը:

Յոբելեարին վաստակին հանգամանալից ներկայացումով ելոյթ ունեցաւ Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեան: Ազգային երգերու անզուգական կատարումով յոբելեարը շնորհաւորեցին Նանէ Այնթապեան եւ Լուսինէ Օրտուխանեան, ասմունքով՝ Պարոյր Սթանպուլեան: Յոբելեարին «Ցամքած աղբիւրը նորէն կը բխի» գիրքէն հատուածներ կարդաց՝ Յակոբ Յակոբի Չոլաքեան: Ցուցադրուեցաւ՝ Աւօ Գրիգորեանի՝ Քեսապին ու Մուսա լեռան նուիրուած կարճ տեսաերիզը:

Յոբելեարին նուիրուած իր խօսքի աւարտին Յակոբ Քորթմոսեան մայրենի՝ Քեսապի բարբառով հետեւեալը բարեմաղթութիւնը ըրաւ յոբելեարին. «Միր Մինծ Խոճա. դոք քեսպըցիցը իլան ալամ էրմենոցը հեմոր գանձ մըն եք: Աստօծ ըրկան օմըր ուտու Ձի, դի չէ՛ նըպատակ իլան չթէքմըլոծ բուն կունեք՝ թէքմըլիեք իլան Ձիր նըպատակնէն հէսնէք:

Շէն մընաք, պայծոռ մընաք միր Խոճա՝ Յակոբ Չոլաքեան»:

Այնուհետեւ Քեսապի բարբառը չիմացողներուն համար, մանրամասնեց, որ ինք պրն. Չոլաքեանին յղեց մի միայն բարեմաղթանքներ՝ երկար եւ արգասաբեր կեանք, նախատեսած ծրագիրներու իրականացում, քաջ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն:

Շնորհակալութիւն վաստակաշատ ուսուցիչին եւ գիտնականին արժանաւորապէս մեծարելու եւ իր մեծութեան արժանի յոբելենական երեկոյի կազմակերպման գործին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր հայորդիներուն: Վարձքերնիդ կատար:

Հարկս հարկաւորաց, պատիւս արժանաւորաց:

Շնորհաւո՛ր ձեր 75-ամեայ վաստակած յոբելեանը, մեծայարգ ուսուցիչ, մտաւորական ու գիտնական, հայագէտ-մանկավարժ՝ Յակոբ Չոլաքեան: Արեւշատութիւն եւ քաջ առողջութիւնը ձեզի: Կը մաղթեմ, որ այսուհետեւ եւս երիտասարդական աւիւնով շարունակէք ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ի նպաստ արեւմտահայերէնին եւ հայ դպրոցին, մշակոյթին եւ գիտութեան զարգացումին ու յարատեւումին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

(Յապաւուած)

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023