«ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐ»ՈՒՍ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Առաջին անգամը չէ, որ մտածումներ կ՚ունենամ այն անթիւ-անհամար «խոնարհներուն» մասին, որոնք տարածուած են ամէն տեղ։

Նախ մտապատկերիս մէջ, այն թաղերու անկիւններուն՝ ուրկէ անցած եմ, ուրկէ քալած եմ ու դեռ ալ պիտի քալեմ։ Այդ մարդիկ «գլուխ գովան» չեն, համեստ են, այո, սակաւախօս են, բայց հերոս են։ Անոնց ճակատագրի ուղին, կեանքի ընթացքը զեղուն է մեծ ու փոքր պայքարներու շարանով, որ կը տանի մէկ ուղղութեամբ։ Այդ ուղղութիւնը, որուն անունը շատեր «պատառ մը հաց» դրած են, սոսկ հացի համար եղած ամէնօրեայ մաքառում մը չէ, այլ աւելին։

Երբ մոռցուած են «իւրայիններէն», երբ անտեսուած են յաճախ, երբ մէկդի դրուած են ակամայ ու յաճախ ալ կամովին անոնք՝ այդ հերոսները գիտցած են կեանք տալ իրենց «ոսկեայ ձեռքերուն» ու շնորհիւ այդ ձեռքերուն մէջ կաթիլ-կաթիլ շաղախուած արհեստին, կարողացած են ոտքի կանգնիլ ու հպարտ կուրծքով դիմաւորել բոլոր տեսակի փոթորիկները։

Մեծ մատեաններ չունին անոնք, մեծ բառերու որոգայթէն հեռու են ու ամենակարեւորը այն է, որ անոնց իսկական չափանիշը էր երէկ ու է տակաւին ամբողջական անկեղծութիւնը։ Այն անկեղծութիւնը, որուն դիմաց կը մերկանայ մեր եսը եւ այն անկեղծութիւնը, երբ մեր սենեակին դուռը կը փակենք ու կը սուզուինք մեր հին ու նոր աշխարհին մէջ։

Գուցէ մենք անկեղծ չենք, գուցէ պակասաւոր կամ վիրաւոր ու խոցելի է մեր անկեղծութիւնը, սակայն կարեւոր չէ, երբ այդ հերոսները կան, կը շնչեն ու կ՚ապրին մեր հետ։

Վերեւը աշխարհագրական տարածքին մասին ակնարկ մը ըրի, քաջ հաւատալով, որ այս հերոսները տարածուած են ամէն դի։ Պոլիսէն Պէյրութ, Հալէպէն Պաղտատ, տակաւին Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, Նիկոսիա եւ Աթէնք։ Անոնք հայութեան դրօշներն են, ապրող դրօշներ, հայու ճակտի քրտինքով ապրող մարդիկ, որոնց վրայ «դարը եկեր ու վայրկեանի պէս անցեր է...». սակայն մնացած են, տոկացած են, պարզ այն պատճառով, որ հաւատացած են կեանքին ու ամենակարեւորը, ոչ մէկ անգամ խոյս տուած են ճակատագրէն։

Այս սիւնակով գուցէ ընթացք մը տամ այդ հերոսները որոնելու գործին, իսկ այդ ապրումը մէջս աւելիով արմատ նետեց այն պահուն, երբ Պէյրութ տպագրուող «Ախպար» պարբերականի լրագրող՝ Ռահիլ Տանտաշ օրերս կարճ ակնարկ մը գրեց Պուրճ Համուտ բնակող մեր հայրենակից, վարպետ կօշկակար Յակոբ Քէշիշեանին մասին։ Իսքէնտէրունէն, Եաֆա, Հալէպ եւ Պուրճ Համուտ. Յակոբ Քէշիշեանի՝ «Ճէքսըն»ի անցած երազներն ու ծանր առօրեան։

Լիբանանի երկար տարիներու պատերազմը իր հետ թաղած է շատ շատերու մեծ երազները, որոնք պիտի հասցնէին զիրենք համաշխարհային դիրքերու: Յակոբ Քէշիշեանն ալ երազանք ունէր, ան կը ցանկար, որ իր ձեւաւորած կօշիկները տարածուէին աշխարհի չորս կողմը: Սակայն Լիբանանի պատերազմը սահմանափակեց տեղական արտադրութիւնները, իսկ վերջին տնտեսական անկումն ու Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը վերջ տուին իր աշխատանոցին՝ վերածելով զայն հնակարկատի խանութի:

Յակոբ փոքր տարիքէն մականուանուած էր «Ճէքսըն», 12 տարեկանին ձգած է Պուրճ Համուտի հայկական դպրոցը։ Ապա սկսած է աշխատիլ իր հօր հետ ու անկէ սորվիլ կօշիկ ձեւելու արհեստը: Բաւական տառապանքներէ ետք կեանքը նոր սկսած էր ժպտալ: Իր ընտանիքը տարհանուած էր Իսքէնտէրունէն, ու ապաստան գտած Հալէպ, ուրկէ հայրը փոխադրուած էր Պաղեստինի Եաֆա քաղաքը եւ այնտեղ հրեաներէն սորված՝ կօշկակարութեան արհեստը: Աւելի ուշ ընտանիքը կրկին միաւորուած էր Լիբանանի Պուրճ Համուտի հայաւանին մէջ:

Յակոբ կօշիկի ձեւաւորման գործին մէջ է 63 տարիէ ի վեր։ Ան բացած է իր սեփական արհեստանոցը 1965-ին, երբ դեռ 18 տարեկան էր։ Այն ժամանակ աշխատանոցը ունէր 20 աշխատող եւ չէինք կրնար հանգստանալ գործի ծանրաբեռնուածութենէն։ Սկսած են ամսական 100 զոյգ կօշիկ արտադրելով, հասնելով մինչեւ 4000 զոյգ կօշիկի, ինչպէս նաեւ կ՚արտադրէին գլխարկներ ու կաշիէ գօտիներ։ Կօշիկի ձեւաւորումներն ու տեսակները բազմազան էին, սկսեալ ձիավարութեան յատուկ կօշիկներէն մինչեւ պարի յատուկ կօշիկներ, նաեւ բժշկական կօշիկներ, որոնք մեծ տարածում գտած էին եւ մեծ պահանջարկ ունէի: Իր արտադրած կօշիկները հասած էին մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպա եւ Ծոցի երկիրներ: Քէշիշեան անդրադառնալով իր փայլուն օրերուն՝ ափսոսանքով պատմած է. «Այն ժամանակ մենք շաբաթական մօտաւոր 2 հազար տոլար զուտ շահ ունէինք»:

Յակոբ Քէշիշեան գործակցած է Լիբանանի երգար-ւեստի 70-ականներու «ոսկեայ» ժամանակներուն վրայ իրենց հետքը թողած Ռահպանի եղբայրներուն հետ, ձեւաւորած է «Սայֆ 840» («Ամառ 840») ներկայացման դերասաններու կօշիկները։ «Բոլոր կօշիկներն ու գօտիները Ճէքսընի գործն են», ըսած է ան: Քէշիշեան ձեւաւորած է նաեւ հանրաճանաչ երգչուհի Սապահի համար կօշիկներ: Նաեւ երգիչ Թոնի Հաննայի յայտնի մոյկերը: Ինչպէս նաեւ պատրաստած է Ֆահտ ալ Ապտալլայի պարախումբի կօշիկները: Ան նոյնիսկ իւրայատուկ կօշիկներ արտադրած է միջազգային կազմակերպութիւններու համար. ինչպէս՝ լեռնագնացութեան կամ արշաւային կօշիկներ:

Քէշիշեան կսկիծով շարունակած է պատմել. «63 տարի այս ասպարէզին մէջ յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, ձեւաւորողէ դարձայ կօշկակարկատ»: Յակոբ երբեք չէր երեւակայած, թէ օր մը այսպէս պիտի ըլլայ իր ասպարէզը։ Հին օրերու փառքերը խոստացած էին մեծ երազներ՝ արհեստանոցի ընդլայնում, գործարանի հիմնադրում, ուր պիտի արտադրուէր «Ճէքսըն» միջազգային անունով յայտնի ապրանքանիշը: Սակայն պատերազմին հետ այդ երազները խորտակուած են ու ան սկսած է թափառականի նոր կեանք: Այս անգամ փոխադրուելով Այնճար, ան երկար ատեն մնացած է այնտեղ ու գրեթէ վատնած իր խնայողութիւնները: Աշխատանքը շարունակած է, բայց ոչ այն թափով, որ յայտնի էր մինչեւ պատերազմը: Եւ մեծ հարուածը այն էր, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանանի շուկաները ողողուեցան չինական, թրքական ու հնդկական ապրանքներով, տապալելով երկրի արդիւնաբերութեան վերականգնումը, որ սկսած էր դուրս գալ մրցակցութենէն:

Հակառակ այս բոլորին, Յակոբ պահպանած է հաւատարիմ յաճախորդներ՝ մեծամասնութեամբ արտասահմանէն, որոնք տակաւին կը փնտռեն բարձրորակ ու իւրայատուկ կօշիկներ, որոնք չեն նմանիր ներկայ պատրաստ կօշիկներուն՝ կարուած ոչ դիմացկուն մշակուած կաշիներէ: Անոնք կ՚այցելեն իրեն, երբ գան Լիբանան եւ կը պատուիրեն բնական կաշիէ պատրաստուած իր ձեւաւորած կօշիկները:

Ըստ Յակոբին, այս պատուէրները սակայն չեն բաւարարեր իրեն, որովհետեւ կ՚ապրի առանց ընկերային եւ առողջապահական ապահովագրութեան, նման բոլոր փոքր ու միջին արհեստաւորներուն ու արդիւնաբերողներուն: Իր այսօրուայ իրավիճակը շատ աւելի վատ է, նկատի առնելով Լիբանանի տնտեսական անկումը եւ 2020-ի Օգոստոսի 4-ի նաւահանգիստի պայթումը, որ վերջ դրած է իր փոքր արհեստանոցին:

«Այսօր կ՚աշխատիմ հին ու մաշած կօշիկներ վերանորոգելով, ստանալու համար գումար մը, որ հազիւ ծոթրինով հաց՝ «մանաիշ» ուտելու կը բաւէ», կ՚ըսէ Յակոբ ու կը շարունակէ. «Երբ մարդոց կ՚ըսեմ, թէ փակցնելիքի սակը, որքան սղած է, ելեկտրականութիւնը, կազը, ներբանները, հողաթափերը եւ այլն, անոնք կը պատասխանեն. «տոլարով մի՛ խօսիր»»:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ Յակոբ կը տառապի զանազան հիւանդութիւններէ. ինչպէս՝ շաքարախտ, քոլեսթերոլ եւ Ճնշում: Որոշ բարեգործական միութիւններ օժանդակութիւն կու տան դեղերու կապակցութեամբ։ «Օտար արտասահմանեան կազմակերպութիւններ եկան պայթումէն յետոյ, վիճակագրութիւններ ըրին ու գացին առանց օգնելու։ Անցեալ տարի 12 միլիոն արժողութեամբ սրտի վիրահատութեան ենթարկուեցայ: Մարդիկ ձեւով մը օգնեցին ինծի, բայց հակառակ պարագային եթէ կրկնուի, ի՞նչ պիտի ընեմ, բոլոր մարդոց պայմանները ծանր են: Կ՚երեւի սրտի կաթուածով ալ կը մեռնիմ», փորձած է կատակել Քէշիշեան:

Յակոբ Քէշիշեան միշտ կրելով արեւմտեան ոճի ամերիկեան գլխարկը եւ իր ձեւաւորած կօշիկները՝ յաճախ կ՚երգէ հին լաւ ժամանակներու երգերը. ինչպէս՝ Շարլ Ազնաւուրի, Թոմ Ճոնսի երգերը, նաեւ կ՚ունկնդրէ Ում Քալսումի եւ Ֆարիտ ալ Աթրաշի երգերը։

Հակառակ որ, ներկայ իրավիճակը շղթայած է իր երազանքը, բայց Յակոբ կը շարունակէ երազել, դեռ չեն շղթայուած իր երազները, ծիծաղն ու ժպիտը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022