ԱԿՆԱՐԿ - 73 - ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Այս եւ յաջորդող մեր «Ակնարկ»ներով, վեր պիտի հանենք այնպիսի երեւոյթներ, որոնք անմիջականօրէն կապուած են մեր առօրեային հետ: Մեր այս շարքին աղբիւր եւ հիմք պիտի ծառայէ, Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանին «Վաղուան հոգին» գիրքը, որ լոյս տեսած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, 1910-ին: Յոյս ունինք, որ այս շարքը առիթ կը հանդիսանայ որոշ արթնութիւն մը յառաջացնելու մեր ներկայ իրականութենէն ներս, զգաստանալու, սրբագրուելու, վերաթարմանալու եւ վերանորոգուած հոգիով ու միտքով շարունակելու մեր ընթացքը մարդկութեան պատմութեան քուրայէն ներս:
Այսօրուան մեր իրականութիւնը դժբախտաբար բարոյականութենէ զուրկ, արժէքներէ դատարկուած եւ հոգեւոր ապրումներէ պարպուած իրականութիւն մըն է: Յանցաւորներ փնտռելը նման իրավիճակի մը համար ճիշդ չէ, որովհետեւ ձեւով մը բոլորս ալ յանցաւորներ ենք՝ մեծէն պզտիկը, պաշտօնեան եւ ոչ-պաշտօնեան, դիրք ունեցողն ու չունեցող, հարուստն ու աղքատը, հոգեւորականն ու քաղաքական գործիչը, մտաւորականն ու մշակոյթի գործիչը, բժիշկն ու փաստաբանը, ճարտարապետն ու հողագործը, եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարել:
Այսօր պիտի անդրադառնանք հոգեւորականներու ձախողութեան, որովհետեւ մարդուն համար առաջնային ու գերագոյն կէտը իր հոգին է, հոգեւոր ներաշխարհը, որու մշակն ու պահապանը հոգեւորականներն են, երկրի վրայ Քրիստոսի դեսպանները:
Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանը կը գրէ.
* Քահանան, հակառակ իր կրօնքին քարոզած վսեմութեանը, դոյզն բացառութեամբ, ինկած իր բարոյական բարձրութենէն, չկրցաւ իր կեանքին մէջ գործնականացնել կրօնքին ընկեր-բարոյական ուժը: Կարգ մը երկրորդական պատճառներ, վերջամուտ տարրերով պղտորեցին Յիսուսի կրօնքին երկնանուշ սրբութիւնը: Ան՝ մեր աշխարհիկ շունչին տակ դադրեցաւ հոգի մը, գործ մը, զգացում մը ըլլալէ, եւ արարողական ձեւակերպութիւններով շրջանակուեցաւ: Կոչումէն աւելի շահու զգացումը առաջնորդեց կրօնականը, որուն բերնէն՝ իր անկումի շրջանին, հազիւ մխիթարութեան, կորովի, ներզգածութեան բառ մը լսուեցաւ: Կրօնքով չապրեցաւ, ու չապրեցուց: Աստուած՝ Իր արդարութեամբ, մեզմով ու մեր մէջ չմարմնացաւ. Անոր սէրը մեր մէջ դրական հիմ մը չունեցաւ. Անոր Հոգին մեզ չկենդանացուց. մեր դիականացած մարմինին վրայէն չթողուցինք, որ հպանցիկ շարժում մը ընէր Անոր կենդանի շունչը, նման այն հովին, որ ցրուած ոսկորներուն վրայէն փչելով, զանոնք ոգեւորեց: Կրօնականով մեզի ներկայացուած Կրօնքը չմիջամտեց՝ էապէս, մեր ընտանեկան, ընկերական կեանքին. ծէսը՝ ճշմարտութեան մը եւ արդարութեան մը թարգմանը, արտաքին նշանը ըլլալէ դադրեցաւ. Կրօնքը երջանկութիւն մը չարտադրեց մեր օրերուն. յոռետեսութեան թարգմանը հանիսացաւ: Ու մենք կրօնքին արտաքինովը զբաղեցանք, առանց ներքինէն ներշնչուելու: Ահա թէ ինչո՞ւ կրօնականը իր կրօնքով չկրցաւ նպաստել Հոգի մը, «Վաղուան հոգին» ստեղծելու գործին («Վաղուան հոգին», Մուշեղ Եպիսկոպոս [Սերոբեան], Աղեքսանդրիա 1910, էջ 13-14):
***
Աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ գրուած տողեր են: Գանք մեր ներկային: Որեւէ մէկ բան փոխուա՞ծ է արդեօք: Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ համարձակի ըսել, թէ փոխուած է: Ընդհակառակը, պիտի գտնուին շատեր, որոնք ցաւով պիտի հաստատեն, թէ շա՜տ աւելի վատթարացած է վիճակը, շա՜տ աւելի ապականուած է մթնոլորտը եւ շա՜տ աւելի հեռացած ենք մեր հոգեւոր ներաշխարհէն, որովհետեւ մենք կրօնքին արտաքինովը զբաղեցանք, առանց ներքինէն ներշնչուելու:
Եւ միթէ՞ այդպէս չէ: Տօնական օրերուն եկեղեցիները բերնէ բերան լեցուն են, թէեւ շատերը կը բաւարարուին եկեղեցւոյ բակով՝ առանց եկեղեցիէն ներս մտնելու, որովհետեւ իրենք ո՛չ թէ Աստուծոյ տուն եկած են, ո՛չ թէ Աստուծոյ հետ հանդիպելու եկած են, այլ՝ եկած են ժամանակ անցընելու, ծանօթ ու բարեկամ տեսնելու, զիրար շնորհաւորելու օրուան կապակցութեամբ…: Մէկ խօսքով սովորութեան ուժը եւ մարդկային սին ու խափուսիկ հետաքրքրասիրութեան յագուրդ տալու մարմաջն է, որ զիրենք եկեղեցի բերած է:
Անդին, Սուրբ Պսակի խորհուրդի կու գան մարդիկ, առանց զանազանելու որ Աստուծոյ տուն եկած են եւ ո՛չ թէ գիշերային ակումբ կամ պոռնկանոց: Ուրիշներ, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը կը կապեն ճաշարանի մը ազատ ըլլալու կամ չըլլալուն: Անունով, մկրութեան կու գան, բայց իրենց ուշքն ու միտքը ճաշարանն է, ճաշարանի սեղաններուն վրայ եղած ուտելիքներն ու խմիչքներն են, եւ նկարողը՝ որպէսզի լաւ եւ անուշիկ ունենալուն համար: Ուրիշներ, ամիսներով ո՛չ Սուրբ Պատարագի կը մասնակցին, ո՛չ կը հաղորդուին, մէկ խօսքով ո՛չ մէկ մասնկացութիւն կ՚ունենան Սրբազան արարողութեան…:
Հոգեւորականին յանցանքը կամ սխալը ո՞ւր է այս բոլորին մէջ: Առաջին եւ վերջին յանցանքն ու սխալը հոգեւորականին այն է, որ ինք կտրուած է ժողովուրդէն, այսինքն՝ այսօրուան հոգեւորականը իր հօտին հետ կապ, հաղորդակցութիւն չունի: Չունի, ի տարբերութիւն իր ու մեր բոլորին Ուսուցիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսին, որ մնայուն ներկայութիւն էր Իր ժողովուրդի առօրեային մէջ:
Այսօրուան հոգեւորականը դարձած է «բազմազբաղ» եւ «գերարդիական»: Շատեր թերեւս լսած ըլլան քահանայէ մը, կամ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականէ մը, թէ՝ «ժամանակ չունիմ, աւելի ուշ մօտեցէք», «կ՚աճապարեմ ժողովի պիտի մտնեմ», «պսակի, մկրտութեան կամ թաղումի եմ», եւ նման հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն: Եւ այս ո՛չ թէ մէկ անգամ, այլ՝ գրեթէ միշտ երբ մօտենանք անոնց, նմանտիպ պատասխաններու ականջալուր կ՚ըլլանք (բացառութիւնները միշտ յարգելի են անշուշտ): Ինչո՞ւ նման վերաբերմունք. որովհետեւ՝ կոչումէն աւելի շահու զգացումը առաջնորդեց կրօնականը, որուն բերնէն՝ իր անկումի շրջանին, հազիւ մխիթարութեան, կորովի, ներզգածութեան բառ մը լսուեցաւ: Կրօնքով չապրեցաւ, ու չապրեցուց:
Բնականաբար, տուեալ քահանաներն ու հոգեւորականները շատ յաճախ իրենց դրդապատճառները կ՚ունենան այդպէս վարուելու (բացի ագահ եւ Յուդայանման հոգեւորականներէն, որոնք յանուն երեսուն արծաթի ամէն ինչի ընդունակ են), որովհետեւ ունին իրենց ընտանիքները, երեխաները, եւ մանաւանդ ներկայ դարուս, երբ տնտեսութեան տագնապը իր մանգաղը լայնօրէն տարածած է ամբողջ աշխարհի վրայ, հոգեւորականներն ալ յայտնուած են բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց: Բնականաբար, այս մէկը արդարացում չի՛ կրնար ըլլալ, միւս կողմէ սակայն, պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք եւս մարդ են եւ որպէս ընտանիքի անդամ կամ հայր, ունին պարտաւորութիւններ, ինչ որ պէտք է կատարեն: Այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ բարձրագոյն դասը պէտք է լուծումներու մասին մտածէ, որպէսզի, հոգեւորականները իրենց կոչումէն աւելի շահու զգացումով առաջնորդուելու, նուիրուին իրենց կոչումին, իրագործեն իրենց առաքելութիւնը:
Այսօրուան հոգեւորականութեան առողջացումի առաջին եւ ամենէն կազդուրիչ դեղը եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնն է: Մեր եկեղեցին բարեկագրութեան կարիքն ունի, որով կարենայ արժեւորել մինչ այժմ իր կատարած առաքելութիւնը, ներկայիս իրմէ սպասուածը եւ ապագային իր ունենալիք մարտահրաւէրները: Բնականաբար, որեւէ մէկ բարեկարգութիւն առանց Քրիստոսի ամուլ եւ անպտուղ կ՚ըլլայ, որով մեր առջեւ կ՚ունենանք բարեկարգութեան Բանալին, այսինքն՝ Քրիստոսի կենդանարար ներկայութիւնը մեր հոգեւորականներու կեանքէն ներս, որպէսզի Աստուած՝ Իր արդարութեամբ, անոնց միջոցով՝ մեզմով եւ մեր մէջ մարմնանայ, Անոր սէրը մեր մէջ դրական հիմ ունենայ. Անոր հոգին մեզ կենդանացնէ. մեր դիականացած մարմինին վրայէն թողունք, որ հպանցիկ շարժում մը ընէ Անոր կենդանի շունչը, նման այն հովին, որ ցրուած ոսկորներուն վրայէն փչելով, զանոնք ոգեւորեց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 30 յունիս 2024