ԸՆՏԱՆԻ՞Ք, ԹԷ ՔԱՈՍ (Բ. Մաս)
Կ՚անցնին տարիներ, կը սպիացնեն խոր վէրքեր, չէ՞ որ կ՚ըսեն ժամանակը կը բուժէ ամէն վէրք, այդպէս ալ կ՚ըլլայ, արդեօ՞ք: Հռիփսիկ արդէն պատանի, օր մը երբ դպրոցէն տուն կու գայ, ի՞նչ տեսնէ, Սողոմոն հօրեղբայրը Յովսէփին հետ իրենց տունն է, ի՞նչ ընել՝ ուրախանա՞լ, տրտմի՞լ, սահմռկած կը կանգնի պահ մը ու անզգալաբար.
-Դուն մեր տունը չե՛ս գար անգամ մըն ալ, քեզ տեսնել չե՛մ ուզեր,- կ՚ըսէ Յովսէփին ու կը քաշուի սենեակ:
Հռիփսիկ երբեք չէր մոռնար, մինչ մայրը այդ պատահարէն ի վեր գլխակապ մը կը կրէր գլխուն վրայ, այդ օրուընէ, երբ Յովսէփը խլուեցաւ գիրկէն, գլխացաւը մնաց իր կեանքի անբաժանելի բարեկամը: Պարտականութեամբ կը գոյատեւէր, միայն զաւակներուն համար կը շնչէր կարծես, սէրն ու գութը միայն անոնց նուիրած էր, ուրիշ ոչինչ իմաստ ու նշանակութիւն ունէր իրեն համար: Որոշած էր ալ զաւակ չծնիլ, հարբած ամուսնոյն անկողնային յարաբերութիւններէն մի քանի անգամ դարձեալ յղացած էր, ու վիժման համար դիմած թաղի բուժքրոջ: Ամրացած ու չարացած էր անոր հոգին, կաթիլ մը գութ իսկ չկար ամուսնոյն հրամցնելու:
Յովսէփ ալ տարիներ անց կ՚իմանայ իրականութեան մասին, բայց շատ հասուն ու արթուն մտքով կը վարուի իր իսկական ծնողաց հետ, Սողոմոնի տան առողջ մթնոլորտը մէկ հատիկին դաստիարակութեան նպաստած էին կարծես: Սողոմոն արբեցող չէր, կը սիրէր ու կը յարգէր իր կինը, այնպէս մը կը գուրգուրար Յովսէփին վրայ, անոր խնդրանքը անմիջապէս կ՚իրականացնէր, կարծես երբեք նոյն մօր կաթէն սնած չըլլային ինքն ու եղբայրը: Եւ տարուէ տարի Յովսէփին մէջ կ՚աճի հասկացողութիւն մը, ըստ որուն ան բախտաւոր կը զգայ ինքզինք ու մանաւանդ՝ պարտաւոր երկու ծնողաց ընդառաջ: Հաւասար դատումով կը վերաբերի անոնց հետ, բայց կը զգայ իր իսկական մօր հոգւոյն մէջ քարացած վշտի մը գոյութիւնը ու կ՚ուզէ այդ քարը ջարդել ու ահա օր մը կ՚այցելէ մօրը, որ առանձին էր այն օրը, առանձին, երբ կը հանգստանար կարծես անոր մարմինը ամուսնոյն հարուածներէն, ինք ալ կը փնտռէր մէկը, հարազատ անձ մը, որուն հետ բաժակ մը սուրճ, զրոյց մը, հնչիւն մը փոխանակէր, լռութենէն զզուած էր. ու ահա դրան մէջ կը տեսնէ գեղադէմ իր Յովսէփը, կը խուսափի նախ, կ՚ընդվզի ինքնիրեն, բայց զաւկին գիրկը կ՚ոչնչացնէ այդ ընդվզումը ու տարիներու կուտակուած կարօտի ու սիրոյ դէզի կտորները թեթեւ-թեթեւ կը թռչկոտին երկուքին երկար զրոյցին ընդմէջէն, որուն աւարտին մայրը գոհունակ ու յագեցած փառք կու տայ Բարձրեալին, ծնկաչոք աղօթք մը մռմռալով: Այս հանդիպումը բուժում մըն էր անոր համար, որմէ ետք ան կ՚ամրանայ ու ո՛չ ամուսնոյն պոռչտուքը, ո՛չ արբեցողութիւնը, ո՛չ իսկ ծեծն ու ցաւը հոգ կ՚ընէ:
Հռիփսիկ կ՚ամուսնանայ, եղբայրներն ու քոյրերը՝ նոյնպէս, բայց բոլորը կը գաղթեն տարբեր երկիրներ, հայրն ու մայրն ալ կը փոխադրուին Լիբանան ու հոն կը բնակին: Միայն կը մնայ Յովսէփը, որ եւս ընտանիք կը կազմէ ու կը մտերմանայ Հռիփսիկի ընտանիքին հետ, ու մանաւանդ անոր զաւակներէն կը խնդրէ.
-Ինծի քեռի կ՚ըսէք:
Ու ամէն այցելութեան քաղցրեղէններով ու նուէրներով կ՚ողողէ Հռիփսիկին տունը: Զաւակներն ալ կը դառնան Յովսէփին չորս բոլորը, անհամբեր կը սպասեն անոր գալուն: Հռիփսիմէն ալ կարծես կը մանկանայ, կը խաղայ եղբօր հետ, կատակներով ու զուարթ պատմութիւններով հաճելի ժամերը կը սահին ասուպի մը նման ոչնչացնելով անցեալի ցաւը, խլումի վիշտը:
Յովսէփ գործին բերումով կը փոխադրուի Պէյրութ ու յաճախ կ՚այցելէ հարազատ հօրն ու մօրը, որոնք առանձին ծերունիներ են արդէն ու միշտ ալ կը վիճին, բայց կինը ձայնը կը բարձրացնէ, առաջուան հլուն չէ այլեւս, մորթը կոշտացած է հարուածներէն, որոնք վերջ չունին, վերջերս անթացուպով կը հարուածէ Յովհաննէս, կնոջ մարմնին սպիները անպակաս են, նոր վէրքերը կարմրաւուն, մինչ հիները՝ կապտականաչ, երբեմն ալ դեղնաւուն: Երբ Յովսէփ զաւակներուն հետ կ՚այցելէ իրենց, մայրը թոռներուն հարցական նայուածքները նկատելով ի տես այդ վէրքերուն բացատրական մը կու տայ.
-Գիտէք, ճանըմ, ծերացեր եմ, աջ ու ձախ կը զարնուիմ, տան գործերը ընելու ատեն:
Իսկ երբ կը հարցնեն գլխուն կապոցին մասին, ծերունիին աչքերը կ՚արցունքոտին ու կը սեւեռէ նայուածքը Յովսէփին ու դողահար հնչիւններով.
-Բան չկայ, սովորութիւն եղած է, եթէ հանեմ կը պաղի գլուխս, կը կապեմ որ չհիւանդանամ, ծերութիւն...:
Քանի մը ամիսէն ծերունիները կը մահանան, նախ կինը, ապա ամիս մը ետք Յովհաննէսը: Երկուքին ալ յուղարկաւորութեան ներկայ կը գտնուի միայն Յովսէփը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶՐԱԵԱՆ