ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԿԱՄԵՆԱԼԸ՝ ԿԱՐԵՆԱԼ Է…

Այս սիրոյ եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած շատ հետաքրքրական պատմութիւնը մեզի կու գայ Ֆլորիտա նահանգի Ճեքսընվիլ քաղաքէն։

Սթիւ Տանիէլ եւ կինը Մերի ամուսնացած են 24 տարի առաջ եւ շատ ուրախ կեանք մը կ՚ապրէին իրարու հետ, երբ յանկարծ եօթ տարի առաջ՝ Սթիւ կը սկսի տառապիլ Ալզհայմըրզի հիւանդութենէն։

Ալզհայմըրզի (Alzheimer՚s) հիւանդութեան ախտանշաններն են յիշողութեան կորուստ եւ ապա աստիճանաբար անկարողութիւն՝ ինքզինքին հոգ տանելու։ Հիւանդը կը կարօտի ուրիշի օգնութեան՝ ուտելու, դեղ առնելու, հագուելու, լոգնալու եւ այլ հիմնական պէտքերուն համար։

Մերի 2019 թուականի յուլիսին Սթիւը կը տեղաւորէ անկարողներու հոգատարութեան (care facility) հաստատութեան մը մէջ եւ ամէն օր կ՚այցելէ զինք, թէ՛ իր կարօտը առնելու եւ թէ ալ իր անմիջական պէտքերուն հոգ տանելու համար։

Եւ ահա մարտ ամսուան սկիզբը՝ պսակաձեւ համաճարակը կը փոխէ ամէն ինչ։ Մերիին չ՚արտօնուիր այցելել իր ամուսինին եւ ան՝ Սթիւի սենեակին պատուհանին ետեւէն միայն կրնայ տեսնել զինք եւ սփոփուիլ, որ ամէն ինչ լաւ է եւ բնականոն։

Բայց Մերի չի գոհանար այսքանով եւ հետեւեալ ճարպիկութեան կը դիմէ, աւելի մօտէն հետաքրքրուելու Սթիւի իրավիճակին մասին։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ, թէ ի՞նչ է այդ սրամտութիւնը, որ ի գործ դրաւ ան։

Մերի կ՚իմանայ, որ վերոյիշեալ հաստատութիւնը կարիքը ունի գործաւորներու։ Ան անմիջապէս կը դիմէ եւ կ՚ընդունուի աշխատող խոհանոցին մէջ՝ որպէս պնակ լուացող։ Այսպէսով, Մերի աշխատանքային իր ժամերը լրացնելէ ետք՝ առիթը կ՚ունենայ այցելելու Սթիւին (տես նկարը) եւ քիչ մը որակաւոր ժամանակ անցընելու անոր հետ…

Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ Մերի՝ իր ամուսնոյն վերջին հանդիպումէն ետք, 114 օր ետք միայն (վեց շաբաթ) կրցաւ նորէն անոր հանդիպիլ, իր յղացած մէկ սխրագործութեան պատճառաւ։

Եզրակացութիւն՝ իրական սէրը կը յաղթահարէ ամէն խոչընդոտ, չէ՞ք խորհիր!

ՄԱՐԴԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԾԱՌՈ՞Վ…

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ հեռաւոր Իսրայէլէն (գրաւեալ Պաղեստին - Խմբ.)։ Այս մէկն ալ դարձեալ առընչութիւն ունի պսակաձեւ համաճարակին հետ։ Մենք գիտենք, որ այդ համաճարակին պատճառաւ՝ ողջագուրումը, ձեռնուիլն ու համբուրուիլը բացարձակապէս արգիլուեցան, տնային կալանքին հետ առընթեր։

Ուրեմն աւանդական ձեռնուիլը փոխարինուեցաւ արմուկներու հպումով, իսկ մարդկանց ողջագուրումն ալ փոխարինուեցաւ ծառերուն փաթթուելով։ Թերեւս անհաւատալի է այս մէկը, սակայն երբ կցուած նկարին նայիք՝ պիտի տեսնէք, թէ իրական է եւ մարդիկ լրջութեամբ կը մօտենան այս հարցին։

Այս դէպքը պատահած է Իսրայէլի (գրաւեալ Պաղեստին - Խմբ.) Աբօլոնիա ազգային զբօսայգիին մէջ, որ միայն ինն մղոն հեռու է Թել Աւիւէն։ Իսկ միտք բանին այս գործողութեան հետեւեալն է։

Ազատօրէն ման գալ բնութեան ազատ ծոցին մէջ, շնչել մաքուր օդ եւ սէր արտայայտել՝ փաթթուելով ծառերուն, որոնք մարմնական որեւէ վնաս չեն պատճառեր քեզի…

Համաճարակին հետեւանքով՝ մարդիկ պէտք է իրարմէ վեց ոտք կամ երկու մեթր հեռու մնան, որպէսզի այդ ախտի վարակումէն զերծ մնան։ Սակայն ծառերու պարագային՝ այդ զգուշութիւնը առնելու պէտքը չկայ, քանի ծառերը անվնաս են եւ այդ ախտը փոխանցելու անկարող, չէ՞ք խորհիր!

Է՜հ, ի՞նչ օրերու մնացինք՝ երբ մարդիկ պիտի փոխարինուին ծառերով եւ կամ կինը լուացարարուհի պիտի դառնայ, ամուսնոյն մօտ ըլլալու համար։

Բայց մենք պէտք չէ վհատինք երբեք, որովհետեւ պսակաձեւ համաճարակն ալ անցաւոր է եւ մենք համբերութեամբ պէտք է բոլորենք այս նեղ կացութիւնը, որովհետեւ ուրիշ ճար չկայ եւ վերջ։ 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020