ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԴԱՏԱՎՃԻՌԻՆ. ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԿԱՅ ՕՂԱԿԸ ՊԻՏԻ ՍԵՂՄՈ՞ՒԻ

Լիբանանեան տագնապը կը շարունակուի եւ ներկայիս առկայ ընթացքը ցոյց կու տայ, որ երկիրը հեռու է ընդհանուր լուծումներու շրջափուլէն։

Ի դէպ, «Լիբանանեան խնդիր» եզրոյթը առաջին անգամ երեւան կու գար վաղ 70-ականներուն, երբ երկիրը կը մտնէր քաղաքացիական «անթուլ» պատերազմի մը մէջ, որ ինքնին պատճառ կը դառնայ հազարաւոր լիբանանցիներու սպանութեան ու երկար տեւած պատերազմէն ետք, բոլորին համար պարզ կը դառնար, թէ «Լիբանանեան խնդիր»ը տակաւին չէ լուծուած։

Սա անշուշտ բոլորովին այլ նիւթ է, սակայն հարկ է անպայման ընդգծել, որ Պէյրութի մէջ այսօր ընթացող գործընթացները կապ ունին անցեալէն եկած մեծ եւ անլոյծ մնացած խնդիրներու հետ։

Իսկ ինչ կը կատարուի այս օրերուն Պէյրութի մէջ, որ մէկ կողմէ կը պայքարի «Քովիտ-19»ին դէմ ու միւս կողմէ ալ կը պայքարի այնքան սուր դարձած տնտեսական «պատերազմ»ին դէմ։

Այստեղ հարկ է անպայման յիշատակել, որ Լիբանանի մէջ ընթացող գործընթացները անպայման առընչուած են տարածքաշրջանային զարգացումներուն հետ, որոնց հիմնական «կծիկ»ը, կամ «հանգոյց»ը կամ նոյնիսկ «քորթեան պարան»ը կապուած է Թեհրան-Ուաշինկթըն մեծ լարուածութեան ճանապարհներուն վրայ։

Միացեալ Նահանգներ եւ մասնաւորապէս նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր առջեւ դրած է կարեւոր խնդիր մը, որն է հեռու պահել Թեհրանի «երեւելի» կամ «աներեւոյթ» թաթերը Մերձաւոր Արեւելքի եզերքներէն։ Իսկ ինչու այսքան կարեւոր է փոքրիկ Լիբանանը այս մեծ խաղին մէջ. այս հարցումին պատասխանելու համար պէտք է անպայման հաշուի առնել եւ յստակօրէն դիտարկել, որ Լիբանան սոսկ ծովեզերեայ, գեղեցիկ բնութեամբ կամ հիւրասէր ժողովուրդ ունեցող երկիր մը չէ, այլ է մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ եւ անծայրածիր տարածք-գօտիներուն վրայ ազդելու կարեւոր, չըսելու համար կարեւորագոյն պատուհան-օղակը։

Կայ նաեւ ենթադրութիւն, որ Պէյրութի վրայ «տէրութիւն» ընելու կամ Պէյրութը «կառավարելու» մեծ երազը տանելի երազ մը չէ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ արեւմտեան երկիրներու համար։

Ու այս պատճառով է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ընթացող պայքարը, որուն մէկ ծայրը Թեհրանի հովանիով գործող «Հիզպուլլահ»ն է, իսկ միւս ծայրով՝ մէկ կողմէ արեւմտամէտ քրիստոնէական ուժերն ու միւս կողմէ ալ Արաբական ծոցի «հաւատարիմ» համարուող սիւննի ուժերը։

Եւ այս բոլորը նշելէ ետք հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ շրջանային գերլարուած իրավիճակի լոյսին տակ այս շաբաթը պիտի դառնայ ա՛լ աւելի յագեցած շաբաթ մը, երբ յառաջիկայ 7 օգոստոսին Լիբանանի համար ստեղծուած միջազգային յատուկ վճռադատ ատեանը պիտի հրապարակէ Լիբանանի նախկին վարչապետ 2005 թուականին ահաբեկչական պայթումի զոհ դարձած Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատավաճիռը։

Անկախ ամէն ինչէ, դատավճիռը կարեւոր է ոչ միայն բացայայտումներ կատարելու առումով, այլեւ վեր պիտի հանէ ու պատասխանէ քաղաքական ընդհանուր օրակարգին վրայ առկայ բազում հարցականներու։

Ու յստակ է նաեւ, որ այս դատավճիռը պիտի ունենայ զայն օգտագործող եւ նոյնիսկ շահարկող կողմեր, որոնք պիտի փորձեն յաւելեալ կերպով Պէյրութի «վիզին» վրայ առկայ մեծ օղակը աւելիով սեղմել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020