ՄԵԾ ԻՐԱՔԷՆ ՓՈՔՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
«Կեանքը տարբեր էր Իրաքի մէջ: Շատ բարգաւաճ գաղութ էր, եւ լաւ կեանք ունէինք»:
Անդօ եւ Շաքէ Արամեանները Ալմելօ, Հոլանտա հասած են Իրաքէն՝ 2012 թուականին: Անոնք կու գան Պաղտատէն: Անդոն ինքնաշարժներու մասնագէտ-վարպետ եղած է:
Յստակ է, թէ անոնք ինչո՛ւ այդ «տարբեր կեանքը» ձգելով եկած են Ալմելօ՝ նոր կեանքի մը սկսելու: Իրաքը եւ հաւանաբար Միջին Արեւելքի մնացեալ բոլոր երկիրները իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններով եւ պայքարով կը ստիպեն ,որ մարդիկ դիմեն դժուարին ընտրանքներու: Իսկ դժուար ընտրանքը, այս պարագային, լաւ կեանքը ձգելով ուրիշին անցնիլն է. աւելի լաւի՞ն…
Ալմելօ Հոլանտայի արեւելքը գտնուող գեղեցիկ քաղաք մըն է: Հոլանտան ամբողջ ինքնին գեղեցիկ է: Թէեւ լեռներ չունի, բայց անոր կանաչ մարգագետիններն ու անտառները ծածկած են երկրին ամբողջ տարածքը եւ անոր կու տան յատուկ գեղեցկութիւն: Իսկ կանաչ մարգագետիններու վրայ կ՚արածին նաեւ անասունները՝ ստեղծելով ներդաշնակ կեանք մը՝ մարդ, բնութիւն եւ անասուն միաձուլուած: Ալմելոն անմասն չէ ամբողջ երկրին այս գեղեցկութենէն: Եօթանասուն եւ երկու հազար բնակչութիւն ունեցող այդ գեղեցիկ քաղաքը նաեւ առիթը տուած է հայկական իրականութեան մը ստեղծումին՝ մօտաւորապէս վեց հազար մարդ հաշուող գաղութով: Այս վեց հազարը, ինչպէս Անդոն մեր զրոյցին ընթացքին յաճախ կրկնեց, «Փոքր Հայաստան» մըն է:
Շաքէին ընտանիքը եւ հարազատները Հայաստան հաստատուած են: Մեր խօսակցութենէն արդէն կը նկատէի, թէ կը զրուցէի զոյգի մը հետ, որու մէջ հայկականութիւնը շատ ամուր կերպով խարսխուած է: Բայց այդ միայն իրենց անձնական եւ ընտանեկան կեանքին համար չէ: Անոնք այս եւրոպական «ազատ» աշխարհին մէջ կ՚ուզեն իրենց հայկականութիւնը բաժնեկցիլ իրենց շրջապատին հետ:
«Ժամանակի թաւալումին հետ որքան հայ սերունդները կը փոխուին, հայութեան հետ կապը կը տկարանայ: Չափազանց ազատութիւնն ալ շատ օգտակար բան մը չէ եղեր: Նոր սերունդին մէջ շատ միտում եւ ձգտում կայ առընչուելու տեղացի ժողովուրդին հետ»: Շաքէն հայ մայրն է, որ կը գիտակցի իր հայկական ինքնութեան կարեւորութեան եւ զայն նոր սերունդին փոխանցելու անհրաժեշտութեան: Ան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի ազգային կեանքի մէջ, մաս կազմած է Հայ օգնութեան միութեան, ուր տակաւին գործօն անդամ է եւ կրնայ լաւապէս տեսնել հայկական իրականութեան ներկայ ընթացքը:
Ռաֆֆի Թերզեանը 1993 թուականին եկած է Պաղտատէն: Ան վկայուած է Պաղտատի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն: «Հոլանտա չկրցայ գործ մը գտնել, քանի որ վկայականս կարելի չէր վաւերացնել»: Այս ալ այլ մարտահրաւէր մըն է նոր երկիր երթալու ընտրանքին մէջ:
Ռաֆֆին ՀՄԸՄ-ի պատասխանատու անդամներէն մէկն է: Նուիրեալ հայ մը, որ կ՚ուզէ հայ երիտասարդը ամէն գնով կապել հայկականութեան: «Արաբական աշխարհին մէջ հպարտ էինք մեր հայկական ինքնութեամբ: Հոս՝ Եւրոպայի մէջ, տարբեր է: Երիտասարդներ շատ աւելիով կ՚ուզեն նմանիլ եւ յարմարիլ տեղական պայմաններուն: Այս իմաստով շատ դժուար է երիտասարդները հայկական իրականութեան հետ առընչելը»:
Բայց Ռաֆֆի լաւատես հայ է: Ան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է կազմակերպելու համար տարբեր մարզական խաղեր եւ խումբեր՝ այդպիսով հայ երիտասարդները առընչելու համար հայկական իրականութեան: «Ֆութպոլը կը հրապուրէ երիտասարդները», ըսաւ Ռաֆֆին, որուն դէմքին վրայ գծուած պզտիկ ժպիտին մէջէն կրցայ տեսնել յուսահատիլ չճանչցող հայ մարդը:
Ան հայր է երեք զաւակներու: Երեք պատանի-երիտասարդներ մեծցնելը Արեւմուտքի «ազատ» համակարգի մէջ ունի իր մտահոգութիւնները՝ յատկապէս ներկայ օրերու ապակրօն կարգավիճակներու մէջ: «Զաւակներուս անդադար պէտք է սորվեցնեմ, թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչ է սխալը»: Տան դաստիարակութեան հաւատացողն է Ռաֆֆին, որ կը փորձէ ամէն գնով զաւակները լաւ հայ մեծցնել:
1998 թուականին Ռաֆֆի փոխադրուած է Ալմելօ: «Ուզեցի ապրիլ քաղաքի մը մէջ, ուր հայութիւն կայ: Հայու կարօտը ունէի եւ ուզեցի ապրիլ հայերու հետ»:
Սկսայ տեսնել, թէ կը խօսիմ չափահաս հայու մը հետ, որ ունի հայութեամբ տրոփող սիրտ մը: «Հայութիւնը ամէն ինչ է ինծի համար», շարունակեց Ռաֆֆի: Եւ այս «ամէն ինչի» տեսլականին համար կան մեծ զոհողութիւններ, որոնց լաւապէս կը գիտակցի ան:
Կարելի չէր չզրուցել Արցախի քառասունչորս օրերու պատերազմին մասին: Կը խօսէի ոչ միայն տոկուն նկարագիրով հայերու հետ, այլ նաեւ ու նոյնքան՝ մտահոգ: «Հայութիւնը էութիւն է ինծի համար,- ըսաւ Անդոն: - Առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք»: Անդոն կեանքին մէջ երկու բեռ շալկած մարդն է: Մէկը մարդու բեռն է, միւսը՝ հայուն, ինչպէս որ ան բացատրեց: Այս երկու բեռները ան կը շարունակէ շալկել իր ուսերուն՝ իբրեւ «քաղցր լուծ»: Բայց այս բեռան տակ չկքելու համար կը հաւատայ հայրենիքի զօրութեան: «Հայրենիքը մեր արմատները կը պահէ եւ մեզ կը զօրացնէ», ըսաւ ան:
Արցախի վերջին պատերազմը ծանր ճնշած է Անդոյին վրայ: «Հոգեկան հիւանդ պիտի դառնանք», ըսաւ ան՝ յուզումով: «Շատ անգամ կը մոռնամ», շարուակեց Անդօ, իսկ մոռնալէ աւելի կայ մտահոգութիւնը… «Հայրենիքը մեր ձեռքէն կ՚երթայ, եւ չենք կրնար բան մը ընել», աւելցուց ան:
Կը նայիմ Ռաֆֆիին ու Շաքէին դէմքերուն, անոնք նոյնպէս կ՚արտայայտէին Անդոյի մտահոգութիւնը:
Ալմելոյի մտահոգութիւնը… Բայց հայկական ո՞ր անկիւնէն եւ աշխարհի ո՞ր տարածքին՝ չկայ Անդոյին մտահոգութիւնը: Հայրենիքի եւ անոր բարօրութեան մտահոգութիւնը: Հայրենիքը, որ մեր ձեռքէն կ՚երթա՞յ…
Բայց ո՛չ, հայրենիքը պիտի մնայ: Կայ Ալմելոյի հայուն վճռակամութիւնը:
Նուպար Մարտիրոսեան 1990 թուականին Պաղտատէն եկած է Ալմելօ: Ան եղած է հիմնադիր անդամ ՀՄԸՄ-ի՝ 1997-ին: «Այս գաղութը մեզի համար փոքրիկ Հայաստան է», ըսաւ Նուպար, բայց փոքր Հայստանը եւ զայն պահելը միայն խօսք չէ: Նուպարը ընդհանուր պատասխանատու-մատակարարն է ՀՄԸՄ-ի նորակառոյց մարզական-մշակութային կեդրոն-համալիրի շինարարական աշխատանքին:
Նուպար ոչ միայն համբերութեամբ, այլ նոյնքան բծախդրութեամբ եւ մանրամասնօրէն ցոյց տուաւ ինծի նորակառոյց կեդրոնին զանազան բաժինները: Բաւական գործ իրականացած է: «Եթէ համավարակը չըլլար, արդէն պիտի ամբողջացնէինք շինարարութիւնը», ըսաւ Նուպար:
Կը տեսնէի, բայց նաեւ կը զգայի Նուպարին միտքը, եւ թէ ինչպէս փորձագիտութեան ամենէն նորարար հնարքներով կ՚ուզէր լաւագոյն համալիրը մէջտեղ հանել: Միտքէն աւելի, կը տեսնէի, որ ան իր սիրտն է, որ դրած է համալիրին մէջ: Նուպարը հայն է՝ վճռական, որ կ՚ուզէ տեսնել, թէ այս շինարարական գործը պիտի ամբողջանայ: Մօտաւորապէս վեց հազար յիսուն մեթր քառ. հողաշերտի վրայ Ալմելոյի հայերը կը փորձեն այս համալիրը իրականացնել:
Ռաֆֆին, Շաքէն եւ Անդոն ալ կ՚ընկերակցէին ինծի: «Այս կեդրոնը պիտի իրականացնենք, որպէսզի հայութիւնը հպարտ զգայ», ըսաւ Ռաֆֆի:
Կը խօսէի նուիրեալ հայերու հետ, որոնք կը հաւատան կառոյցին եւ անոր դերին՝ հայապահապանումի մեծ առաքելութեան: «Կը յուսամ, որ մեր երիտասարդները այս կառոյցին տէրը ըլլան եւ մնան», ըսաւ Նուպար:
ՀՄԸՄ-ի այս նորակառոյց մարզական-մշակութային համալիրը փոքր Հայաստան մըն է, իսկ փոքր Հայաստանի ապացո՞յցը:
Նուպարին խանդավառութիւնը հասաւ բարձրագոյն մակարդակի, երբ ան ցոյց տուաւ համալիրին երկու կամարները, որոնք լերան մը ձեւաւորումը ունին: «Այս ալ ըրինք, որպէսզի մեծ ու փոքր Մասիսները պահենք», ըսաւ Նուպար:
Հպարտ Նուպարը: Անպայմանօրէն հպարտ Ալմելոյի հայերը:
2003 տարին հիմնուած է Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն շուրջ համախմբուած է հայութիւնը: Պէտք է գիտնալ, թէ իւրաքանչիւր կիրակի օր Ս. Պատարագին հոծ բազմութիւն մը ներկայ կ՚ըլլայ: Հայուն քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը միշտ ալ զուգորդուած եղած են պատմութեան առանցքին: Եւ այս երկուքը պահելու համար եկեղեցին միշտ ալ կեդրոնական տեղ գտած է հայու կեանքին մէջ: Նաեւ՝ Ալմելոյի մէջ:
Օննիկ Կելիճին Թուրքիայէն եկած է 1971 թուականին: Ան կու գայ Շըրնաքէն՝ Իրաքի սահմանը: Օննիկ ատենապետն է եկեղեցւոյ վարչութեան: Ստիպուած էի Օննիկին հետ խօսիլ քիչ մը անգլերէն եւ քիչ մըն ալ «կոտրտուած» իմ թրքերէնովս: «Մեր գիւղին մէջ ունէինք հայկական դպրոց մը, ուր ցեղասպանութենէն ետք արգիլուած էր հայերէն սորվեցնել,- ըսաւ Օննիկ,- միայն քրտերէն եւ թրքերէն ստիպուած էինք խօսիլ»:
Օննիկ նուիրուած հայն է, որ շատ ժամանակ կու տայ հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան: «Ես հայերէն չսորվեցայ, բայց հայերէն կը սորվեցնեմ», ըսաւ Օննիկ: Ան ունի երկու զաւակներ, որոնք Ալմելոյի մէջ հայերէն սորված են ու կը խօսին:
Օննիկ գործին եւ առաքելութեան հաւատացող մարդն է: «Ժամանակ չեմ ուզեր վատնել եւ նեղուած մնալ, որ հայերէն չեմ գիտեր,- ըսաւ ան,- ես կ՚ուզեմ աշխատիլ եւ օգտակար ըլլալ հայութեան»: Ան վերջին տարիներուն կ՚օգնէ, սուրիահայերուն, որոնք ապաստան կը փորձեն գտնել Հոլանտա, որպէսզի անոնց կեցութեան իրաւական կարգավիճակերը ըստ պատշաճի դասաւորուի:
Հայկական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կան շատ խաչքարեր: Բայց այն, ինչ որ զգացական է, յատուկ մասն է, ուր զետեղուած են բազմաթիւ խաչքարեր կիսակլոր տարածքի մէջ՝ յիշատակելու համար Մեծ եղեռնին զոհուած հայորդիները: Եւ իւրաքանչիւր խաչքարի վրայ արձանագրուած է Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներու անունները: «Այս ալ կառուցեցինք, որպէսզի ցոյց տանք հանրութեան եւ Հոլանտայի ժողովուրդին, որ այդ մէկը իրական է», շեշտեց Օննիկ:
«Հայապահպանումը շատ դժուար առաքելութիւն է, մանաւանդ՝ նոր կազմուող գաղութներու պարագային»: Մինաս Արսէնեանն ալ կու գայ Պասրայէն՝ Իրաք: 1996-ին հասած է Ալմելօ: ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի մեկուսի վարչութեան ատենապետն է եւ կը գիտակցի իր ստանձնած պարտականութեան կարեւորութեան եւ պատասխանատուութեան: «Միջին Արեւելքի մէջ այնքան չէինք զգար, որ հայութիւնը վտանգուած է: Հոս՝ Եւրոպա, տարբեր է: Այս իմաստով աւելի դժուար կ՚ըլլայ հայապահպանութիւնը», ըսաւ Մինաս:
Հայապահպանումը սփիւռքի տարածքին դժուար առաքելութիւն է: Ալմելոյի մէջ ալ, ինչպէս՝ իմ այցելած բազմաթիւ այլ գաղութներու, պարագան տարբեր չէ: Եթէ ամէն տեղ հայ կայ, բայց նոյնքան նաեւ՝ մարտահրաւէր: Հայապահպանումի մարտահրաւէրը: Եւ կարելի չէ անտեսել այս իրականութիւնը, որքան ալ դժուար ըլլայ այդ մէկը:
Բայց պէտք է կառչիլ եւ հաւատալ գործին:
Ալմելոյի մէջ կիրակնօրեայ դպրոցի ծրագիր հիմնուած է: «Մօտաւորապէս վաթսուն պատանի ունինք՝ չորս տարեկանէն մինչեւ տասներեք»: Շաքէն է զրուցողը, որ երկար տարիներ իր մասնակցութիւնը բերած է՝ դասաւանդելով հայերէն: «Իրաքահայեր, թրքահայեր, սուրիահայեր եւ Հայաստանէն եկած՝ բոլորը կ՚ուզեն, որ հայերէն սորվին եւ մայրենին պահեն», եզրակացուց Շաքէն:
Ալմելոյի հայերը կարիքը կը տեսնեն հայկական միօրեայ վարժարանի մը հիմնումին: Արդէն իսկ սկսած են խորհրդածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաջողցնել այս գործը:
«Պիտի իրականացնենք այս ծրագիրը», ըսաւ Մինաս՝ հպարտ ու վճռական: «Ազգային ինքնութիւնը հայուն վերապրելու եւ մեր կեանքի շարունակականութեան գրաւականն է: Թթուածին է, առանց որուն՝ կարելի չէ ապրիլ», եզրափակեց ան:
Այս թթուածինի համար պէտք է եկեղեցի, համալիր, նաեւ… դպրոց:
Թէեւ հրաժեշտ պէտք էր տայի Ալմելոյի խմբակին, բայց կար սրտիս մէջ ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն: Քանի մը ժամ անցուցած էի հայորդիներու հետ, որոնք եկած էին մեծ Իրաքէն: Հոն, ուր բոլորն ալ ուրախ էին եւ խաղաղ… Մինչեւ այն օրը, երբ ստիպուած եղան լքելու ամէն ինչ…:
Բայց ոչ ամէն ինչ… Անոնք իրենց հետ Ալմելօ բերած են իրենց սէրը եւ նուիրուածութիւնը, նաեւ համոզումն ու պատրաստակամութիւնը՝ կերտելու «փոքրիկ Հայաստան»: Փոքր թիւով, բայց՝ մեծ սրտով եւ էութեամբ: Ալմելոյի հայերը կը փաստեն, որ հայն ու հայութիւնը մեր կեանքերուն համար անհրաժեշտ իրականութիւններ են, զորս պէտք է պահել ի գին ամէն զոհողութեան:
Անոնց զոհողութեան հիմնական նպատակն է կերտել «փոքր Հայաստան»:
Մեծ Իրաքէն՝ փոքր Հայաստան:
Մեծ ու փոքր այս խաչմերուկներուն վկայ կայ մէկ առաքելութիւն՝ հայապահպանում:
Եւ հայապահպանութեան մեծ աշխատանքով է, որ կը պահենք հայը…
Եւ Հայաստանը…
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ