ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

​«Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն,
որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը»
(Եբր 13.16)

Հարցում. Բարերարութեան մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Իմաստունը:

Պատասխան. Առակաց 20.6-ին մէջ կը կարդանք. «Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել»: Սողոմոն Իմաստունին այս տողերը կարդալով, վստահաբար մեզմէ շատերուն մտածումը կ՚երթայ մեր Տիրոջ՝ ողորմութեան մասին տուած ուսուցումին, ուր կը սորվեցնէ մեզի, թէ՝ «զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն։

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4)։

Այսօր, մեզմէ շատեր կը կարծեն, թէ բարեգործութիւն կը կատարեն, կ՚ողորմին…, բայց իրականութեան մէջ իրենց ըրածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ինքնագոհացում, մարդոց աչքին լաւ երեւնալու մարմաջ, որոշ պարագաներու ալ ունեցածի աւելցուքէն փշուրներ շաղ տալ աջ ու ձախ: Տէր Յիսուսի ուսուցումը սակայն պարզ ու յստակ է: Այդ ուսուցումը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը սորվեցնէ, թէ մարդ եթէ կ՚ուզէ բարեգործութիւն ընել, ողորմիլ, ապա այդ բոլորը իր եւ Աստուծոյ միջեւ պէտք է ըլլան եւ ո՛չ թէ ի ցոյց մարդոց: Մարդ երբ որոշում կայացնէ բարեգործութիւն ընելու կամ ողորմելու, առաջին հերթին ինքն իր մէջ պիտի յստակեցնէ, թէ իր կատարածը ո՛չ թէ իր անձին համար է, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար: Եթէ մարդ այս գիտակցութեան հասնի, ապա իր կատարած չնչին օգնութիւնն իսկ իր օգուտը եւ դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ: Հակառակ պարագային, մարդ եթէ նոյնիսկ միլիոններ տայ՝ ապարդիւն եւ անօգուտ կ՚ըլլայ այդ արարքը իր անձին համար. կրնայ ըլլալ իր տուածով ուրիշ մարդիկ օգտուին, բայց իր հոգին՝ ո՛չինչով կ՚օգտուի, ընդհակառակը, օր օրի կը սնանկանայ:

Մարդ, արդարեւ, պէտք է սիրէ բարիք գործելը, աւելի պէտք է սիրէ ա՛ն՝ որուն բարիք պիտի ընէ, այլապէս իր ըրածը մեքենայութիւն պիտի ըլլայ: Երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետը այս մասին կը գրէ. «Առաքինութիւնը պարզապէս բարեգործութիւն ընելը չէ..., այլ՝ առաւել եւս բարիքը սիրելը», հետեւաբար բարիքը պիտի սիրենք, որպէսզի մեր գործած բարիքը արդիւնք ունենայ, պտղաբեր ըլլայ:

Աւարտենք, հետեւեալ պատումով.

Երիտասարդ մը ժպիտը դէմքին եւ ուրախութեամբ ողողուած մօտեցաւ վանականին ու սկսաւ ոգեւորութեամբ պատմել.

-Հայր իմ, վերջապէս յաջողեցանք ամիսներով մեր տարած աշխատանքը իր աւարտին հասցնել: Մի քանի ընկերներով ամիսներ առաջ, որոշած էինք բարեգործութիւն կատարել կարօտեալներուն եւ այդ ուղղութեամբ սկսած էինք աշխատիլ, հանգանակութիւն կատարել, ապրանքներ հաւաքել, մէկ խօսքով ինչ որ կրնայինք ընել՝ ըրած ենք: Իսկ երէկ, այդ մի քանի ամիսներուն աշխատանքը իր աւարտին հասցուցինք, երբ այցելեցինք բազմաթիւ կարօտեալներու եւ մեր հաւաքած նուէրները բաժնեցինք: Չես պատկերացներ, հայր իմ, թէ ի՜նչ ուրախութիւն եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստացանք, տեսնելով այդ մարդոց ուրախութիւնը եւ երախտագիտութեան ժպիտները: Մէկ խօսքով, այն ինչի մասին ամիսներ առաջ մտածած էինք, յաջողեցանք իրականութիւն դարձնել:

Վանականը պահ մը լուռ մնալէ ետք, աչքերը սեւեռելով երկինքին, հարցուց երիտասարդին.

-Զաւակս, կրնայ ըլլալ ըսածս քեզի ծանր թուի, բայց ինչպէս գիտես, ճշմարտութիւնը միշտ կը ցաւցնէ մեզ: Տես, ուրախութեամբ պատմեցիր ձեր առած որոշումին եւ անոր իրագործման մասին, սակայն մէկ նախադասութիւն անգամ չգտայ ձեր գործին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան մասին: Մարդկային հասկացողութեամբ ձեր կատարած գործը շատ լաւ է, բայց նոյն այդ չափանիշով՝ ձեր վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացած էք: Մինչ, մենք որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած արարածներ, մեր վարձատրութիւնը ո՛չ թէ մարդոցմէ պէտք է ստանանք, այլ՝ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ մեր վարձատրութիւնը Աստուծմէ ստանանք, որ յաւիտենական եւ մնայուն վարձատրութիւն է, մինչ մարդոցը ժամանակաւոր եւ անցաւոր: Այս ալ ըսեմ, ձեր արարքը ո՛չ այլ ինչ եղած է, բացի ձեր մարդկային փառասիրութիւնը բաւարարելը. կարդա՛ Մատթէոսի Աւետարանին 6-րդ գլուխին 1-4 համարները ու պիտի համոզուիս ըսածիս: Ինչպէս նաեւ, կարդալէդ ետք կը կարծեմ, որ լաւապէս պիտի հասկնաս, թէ բարեգործութիւնդ ի՛նչպէս պէտք է կատարես:

Մէկ բան լա՛ւ գիտցիր զաւակս, թէ քու կատարած իւրաքանչիւր գործդ եւ նոյնիսկ՝ ունեցած մտածումդ, Աստուծոյ յայտնի են, այնպէս որ աշխատէ՛ Անոր հաճելի ըլլալու, Անոր կամքը կատարելու եւ այդ ժամանակ կը գտնես բարեգործութեան ճշմարիտ ուղին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 84

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024