ՆՇԱՆ ՊԱԼԵԱՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵՆԷՆ...»

Պաղեստինի խնդիրը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Արդարեւ, երկու շաբաթ տեւած բուռն պատերազմէն ետք եւ շնորհիւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Եգիպտոսի ճիգերուն՝ Կազզէի շուրջ պատերազմական գործողութիւնները կը դադրէին եւ կողմերը կ՚անցնէին «միջնորդաւորուած» բանակցութիւններու։ Անշուշտ կը շարունակէ անլոյծ մնալ երկարատեւ հրադադար մը հաստատելու հարցը, նաեւ այս պատերազմին հետեւանքով ծագած գերիներու խնդիրը։ 

Ի դէպ, այս պատերազմին ընթացքին ուշագրաւ էր նաեւ այն, որ մեծապէս տուժեցին Իսրայէլի այն քաղաքները, որոնք մինչ այդ կը համարուէին ապահով։ Այդ քաղաքներուն մէջ է, որ կ՚ապրին պատկառելի թիւով հայորդիներ (մեծաւ մասամբ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ Իսրայէլ տեղափոխուած), որոնք իրենց հրեայ եւ արաբ հարեւաններուն նման ապրեցան պատերազմի ամբողջ առօրեան։  

Բացի այս տուեալէն, կան նաեւ մեծ հարցադրումներ՝ կապուած արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան, Պաղեստինի դատի ապագային, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի ներքին ճակատին մէջ սպասուած զարգացումներուն։ 

Մինչ այդ, աւելի յստակ պատասխաններ ունենալու նպատակով վերջերս հեռավար կապով զրուցեցինք բնիկ սաղիմահայ (արմատները՝ Քիւթահիայէն) տիար Նշան Պալեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։  

-Ո՞վ շահեցաւ այս պատերազմէն եւ ի՞նչ շահեցաւ: 

-Պատասխանելով ձեր հարցումին, թէ ո՞վ շահեցաւ այս պատերազմէն, ապա կրնամ ըսել, որ Իսրայէլը չշահեցաւ, «Համաս»ն ալ չշահեցաւ հակառակ անոր, որ լաւ հարուածներ հասցուց Իսրայէլի քաղաքներուն։ Սակայն պէտք է շեշտեմ, որ մեծ հաշուով այս պատերազմէն շահեցաւ Պաղեստինի ժողովուրդը, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհը ճիշդ ձեւով տեսաւ, թէ անոնք ինչպէս կը վնասուին եւ ինչպէս կը տառապին: Երբ Ամերիկեան «New York Times»ը իր առաջին էջին վրայ կը տեղադրէ Կազզէի մէջ սպաննուած 67 երեխաներուն պատկերը, որ արդէն նուաճում կը համարուի, որովհետեւ պաղեստինցիք միլիոններ պիտի ծախսէին այդ կէտին հասնելու համար, ասիկա մեծ շահ է Պաղեստինի ժողովուրդին եւ դատին համար:  

-Արդեօք այս համեմատական խաղաղութիւնը պիտի ամրանա՞յ եւ նոր բանակցութիւններ պիտի սկսի՞ն. դուք որեւէ յոյս կը տեսնէ՞ք: 

-Այստեղ՝ Միջին Արեւելքի մէջ, ոչինչ երկար կը տեւէ: Մանաւանդ որ վերջերս կը խօսին, թէ Նեթանիյահու պիտի կորսցնէ վարչապետութիւնը եւ պիտի կազմուի աւելի ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւն մը, որ դժուար թէ համաձայնութեան գայ պաղեստինցիներուն հետ: Հետեւաբար երկար տեւող բան չկայ, թերեւս մէկ-երկու տարի ետք նորէն նման պատերազմ մը սկսի։  

-Մինչ շատեր կ՚ըսէին, որ Պաղեստինի դատը վերջացած է, այսօր հակառակը փաստուեցաւ. համաձայն է՞ք այդ կարծիքին, եթէ այո՝ ինչո՞ւ, եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ, բացատրեցէք խնդրեմ: 

-Պաղեստինի դատը չի կրնար վերջանալ: Խօսքը ժողովուրդի մը մասին է, որ օրէ օր կը զարգանայ, եւ ժողովուրդ մը՝ որ գրաւման տակ է, սակայն պայքարի ոգին չէ կորսնցուցած։ Այսօր Իսրայէլի համար ցնցում մըն էր, որ ոչ միայն մեր նման պաղեստինցիները, այլ այն արաբները, որոնք 1948-էն առաջ Իսրայէլի կողմ անցած էին, առաջին անգամ ըլլալով ոտքի կանգնեցան եւ ընդունեցին իրենց պաղեստինցի ըլլալը, անոնք այլեւս չեն ընդունիր Իսրայէլի օրէնքներն ու անոր բռնատիրական վարքը։ Այս դատը չի վերջանար, այնքան ատեն, որ Իսրայէլ պատրաստ չէ համաձայնութեան եւ անշուշտ որոշ զիջումներու: Զիջում ըսելով պէտք է հասկնալ նաեւ «երկու պետութեանց լուծում» ձեւաչափը, որ առաջին անգամ առաջարկուեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահներէն Պիլ Քլինթընի կողմէ։ 

-Եգիպտոս մեծ դեր ունեցաւ խաղաղութեան հաստատման գծով, ի՞նչ են այդ երկրին շահերը այս առումով: 

-Եգիպտոսը այնքան ալ մեծ դեր չունեցաւ, բայց ըստ Եգիպտոսի սովորութեան, որեւէ պատերազմի ատեն, ան կը միջամտէ: Եգիպտոսը ձեւով մը «Համաս»ի միջնորդ-«խօսնակ»ն է, որովհետեւ Իսրայէլ «Համաս»ի հետ ուղղակիօրէն չի խօսիր, հետեւաբար Եգիպտոս իրենց միջնորդը կը համարուի, որեւէ բանակցութիւն յառաջ տանելու համար։  

Միւս կողմէ, Եգիպտոս նաեւ ունի իր շահերը, ան կ՚ուզէ ԱՄՆ-ի հետ լաւ ըլլալ եւ Իսրայէլի հետ հանդարտ սահման ունենալ, այդ պատճառով մեծ դեր մը չի խաղար, պարզապէս միջնորդ մըն է: Եգիպտոս եթէ իսկապէս կ՚ուզէ մեծ դեր խաղալ, օրինակ, Իսրայէլին կրնայ ըսել, որ այլեւս վերջացուցէք այս հարցը: Բայց Եգիպտոսին աւելի նպաստաւոր է միջնորդի դերին մէջ մնալ՝ քան խաղաղութեան հաստատուիլը, որովհետեւ այդ պարագային պէտք է Կազզէի սահմանները բանայ, ինչ որ այլ հարցերու առիթ կրնայ հանդիսանալ։ 

-Լաւ գիտենք, որ հայկական համայնքն ալ, որոշ չափով ազդուեցաւ։ Ծանր ու դժուարին օրեր ապրեցան Իսրայէլի մէջ ապրող հայերը՝ Պաղեստինի կրակին հետեւանքով։ Արդեօք այդ մէկը ազդե՞ց իրենց հոգեբանութեան վրայ, եւ այսօր ի՞նչ է ընդհանուր վիճակը: 

-Հայկական համայնքին մասին խօսելու ժամանակ, պէտք է նշել, որ երկու տեսակի հայկական համայնք կայ։ Նախ Իսրայէլի կողմը ապրողները եւ մենք՝ Պաղեստինի կողմը ապրողներս: Իսրայէլի կողմը ապրող համայնքը շատ աւելի տարբեր կացութեան մէջ է, անոնցմէ շատեր ամուսնացած են հրեաներու հետ, նոյնիսկ կը ծառայեն բանակին մէջ, եւ հետզհետէ Իսրայէլի մաս մը կը դառնան։ Վստահ չեմ կրնար ըսել, թէ արդեօք կ՚ընդունի՞ն իրենց հայութիւնը կամ հայութեան շահերը կը գերադասեն Իսրայէլի շահերէն։ Ու դժուար թէ վերջին հրթիռներուն պատճառով ուզեն ետ Հայաստան մեկնիլ։ Կը կարծեմ մնացողներ են, մանաւանդ որ իրենց նիւթական կացութիւնն ալ շատ աւելի լաւ է: Դժբախտաբար անոնց մէջի հայրենասիրութիւնը կամաց-կամաց կը կորսուի եւ կը ձուլուին հրեաներու մէջ: Անշուշտ, որ պիտի մնայ հայասէր գաղութ մը, որ պիտի չձուլուի, բայց քիչ թիւով։ 

-Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլ-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն, այսօր ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այդ յարաբերութիւնները։ 

-Ներկայիս նոր վիճակ մը ստեղծուած է Իսրայէլի մէջ, կապուած ԱՄՆ-ի ընդհանուր պատկերին եւ իսրայէլացիք ձեւով մը «կը վախնան» նախագահ Ճօ Պայտընէն։ Վիճակը նոյնը չէ, ինչ որ էր Թրամփի կամ նախորդ նախագահներու օրերուն, երբ վարչակազմը իսրայէլամէտ էր եւ հրէական լոպին ուժեղ: Հիմա ԱՄՆ-ի հրեաներն ալ բաժնուած են եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ պաղեստինեան եւ արաբական ազդեցութիւնը սկսած է աճիլ։ Արաբ ծագումով ամերիկացիները սկսած են զարթօնք ապրիլ եւ քաղաքականօրէն զօրանալ: Անցեալները կը խօսուէր, թէ Պայտըն պիտի ըլլայ վերջին իսրայէլամէտ դեմոկրատական նախագահը: Հիմա դեմոկրատականներն ալ բաժնուած են, Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ամենէն շատ ինք կ՚օգնէ պաղեստինցիներուն.. եւ ապագային, եթէ ԱՄՆ դադրեցնէ իր օժանդակութիւնը Իսրայէլին, հրեաները վատ վիճակի մէջ կրնան յայտնուիլ։ 

Եզրակացնելու համար ըսեմ, որ ես յոռետես եմ: Ինչպէս ամերիկացիները Թրամփին համար «հոգի կու տային», այդ պատճառով ալ ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան մէջ «յեղափոխութիւն» տեղի կ՚ունենայ ու Թրամփի մօտիկ համարուողները կամաց-կամաց ղեկի գլուխ կու գան, այստեղ ալ Իսրայէլի կուսակցութիւնները սկսած են աւելի աջակողմեան դառնալ։ Եւ որքան աջակողմեան ըլլան, այնքան պաղեստինցիներու հետ լուծման հասնելու հաւանականութիւնները կը նուազին: Յայտնի գործիչներ Նեֆթալի Պենեթ, որ Եայիր Լապիտի հետ դաշինք կը կնքէ, նշանաւոր խօսք մը ունի «Ես այնքան արաբ սպաննած եմ կեանքիս մէջ, որ այլեւս տարբերութիւն չ՚ըներ, թէ քանի յաւելեալ արաբ կը սպաննեմ»: Ան յատուկ ջոկատի մէջ էր, որ պատասխանատու էր արաբներ սպաննելու: Եւ երբ այսպիսի մէկը կառավարութեան մաս պիտի կազմէ, այլեւս ինչ կարելի է սպասել խաղաղութեան գծով: Այս բոլորը հաշուի առնելէ յետոյ ինծի համար համոզում դարձած է, որ Իսրայէլի մէջ մենք երբեք ամբողջական խաղաղութիւն պիտի չտեսնենք։ Իբր այդ, մեզի համար ապրելու միակ իտէալական վայրը Հայաստանն է, որ այսօր ունի մեծ խնդիրներ, որոնք բոլորն ալ լուծելի են։ Ի վերջոյ մեր ապագան հայրենիքի մէջ է եւ Հայաստան իր բոլոր հարցերով ու խնդիրներով հանդերձ, մեզի համար կը շարունակէ մնալ ապրելու եւ ստեղծագործելու համար միակ իտէալական վայրը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ 

Երեւան

 

 

Շաբաթ, Յունիս 5, 2021