«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻ ԱՅՆՊԻՍԻ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ, ՈՐՈՆՔ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՈՐԵՒԷ ԱՂԵՐՍ ՉՈՒՆԻՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ»

Հայաստանի մէջ կայ վերլուծաբաններու խումբ մը, որու համար շատ պարզ ու յստակ է, թէ այսօր իսկ երկիրը պէտք է արագ քայլերու դիմէ, որպէսզի յարաբերութիւններ հաստատէ Թուրքիոյ հետ։ Այս ընկալումը գուցէ նորութիւն մը չէ եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ «ընդգծուած» ու ձեւով մըն ալ շրջանառուած թեզ մըն է։ Սա մեծ հաշուով քննարկելի ու հասկնալի է պահու մը համար։ Այս տեսակէտին հետամուտ եղած է նաեւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ այս ուղղութեամբ մեծ ջանքեր գործադրեց, սակայն չկարողացաւ «կրակին մէջէն շագանակներ հանել»։ Իսկ այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ է վիճակը։ Մասնաւորապէս տարբեր ճակատներու վրայ մեծ պարտութիւններ կրած իշխանութիւնները, որոնց համար ամենէն էականը աթոռի պաշտպանութիւնն է, երբեք չի բացառուիր, որ կերպով մը բանան Թուրքիոյ «կանաչ դռներ»ը ո՛չ թէ յանուն Հայաստանի մեծ շահերուն, այլ մանաւանդ իշխանութեան պաշտպանութեան։ Այդ մարդիկ, սակայն, յար եւ նման նոյն վերլուծաբաններուն, պահուան մը համար կը մոռնան, թէ Հայաստանի հասարկութեան մեծ մասը, սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, մէկ խօսքով՝ ամբողջ հայութիւնը պատրաստ չեն այդ յարաբերութիւններուն։ Մեղաւորը, անշուշտ, միայն այսօրուայ վիճակը չէ, այլեւ՝ անցնող երեսուն տարիներու թողլքումը, անպատասխանատուութիւնը, նաեւ հեռանկարներու բացակայութիւնը։

Ամէն պարագայի տակ աւելի քան յստակ է, որ ներկայ փուլին Հայաստան կարիքն ունի երկար շունչ մը քաշելու հնարաւորութեան, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ ճիշդ որոշումներ առնելու որոնումը։

Արտահերթ ընտրութեան յաջորդած այժմու իրավիճակին մէջ զրուցեցինք քաղաքագէտ Արման Գրիգորեանի հետ։ Ստորեւ՝ մեր հարցազրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Պրն. Գրիգորեան, երեւութապէս արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց հիմնական նպատակը ներքաղաքական թնճուկի վերացումն էր, չհասան իրենց նպատակին։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս բանը։

-Հայաստանի մէջ իշխող ուժը եւ Ռոպերթ Քոչարեանի խումբը յաջողեցան արհեստականօրէն ստեղծել հասարակական ընկալում մը, ըստ որու՝ պայքարը կ՚ընթանար բացառապէս իրենց միջեւ։ Սա ունեցաւ երկու հետեւանք։ Առաջին՝ ընտրապայքարը դարձաւ երկու բացասական վարկանիշերու մրցակցութիւն։ Այսինքն՝ Քոչարեանի օգտին քուէարկած ընտրողներու մէկ մասը իրականութեան մէջ Փաշինեանի դէմ կը քուէարկէր եւ ոչ թէ Քոչարեանի համար։ Իսկ Փաշինեանի դէմ քուէարկած ընտրողներու մէկ մասը Քոչարեանի դէմ կը քուէարկէր եւ ոչ թէ Փաշինեանի համար։ Երկրորդ՝ բազմաթիւ ընտրողներ, որոնք կը համակրէին երրորդ ուժի մը, որոշեցին չվատնել իրենց քուէն ու քուէարկեցին կա՛մ Քոչարեանի կամ ալ Փաշինեանի ի նպաստ, կախուած այն բանէն, թէ ո՛ր մէկուն յաղթանակը աւելի անընդունելի կը համարէին։

-Ընդունուած տեսակէտ է, թէ ոեւէ ղեկավար, որ պարտուած է պատերազմի մէջ, պէտք է արագօրէն լքէ իշխանութիւնը, կատարէ ամէն ինչ, որպէսզի երկիրը առանց ներքին ցնցումներու մտնէ խաղաղ վերականգնումի փուլ։ Որպէս քաղաքագէտ՝ համաձա՞յն էք այս մօտեցումին։

-Ո՛չ միայն համաձայն եմ, այլ ես առաջիններէն մէկը եղած եմ, որ պահանջած եմ Նիկոլ Փաշինեանի ու անոր կառավարութեան հրաժարականը պատերազմի աւարտէն քանի մը օր անց իմ տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ։ Քիչ թէ շատ նորմալ երկիրներու մէջ կառավարութիւնները կրնան հրաժարական տալ տնտեսական վատ ցուցանիշներու կամ օրէնքի նոյնիսկ սովորական խախտումներու համար։ Ի հարկէ, Փաշինեան պէտք է հրաժարական տար պատերազմէն ետք իր կառավարութեան հետ միասին, որովհետեւ որեւէ կասկած չկայ, թէ պատերազմն ու անոր աղիտալի արդիւնքը իրենց խայտառակ որոշումներու հետեւանքն էին։ Իսկ սա շատ աւելի լուրջ պատճառ մըն է հրաժարականի համար՝ քան տնտեսական անկումը կամ օրէնքի ինչ-որ խախտում։ Աւելի՛ն, ես կը կարծեմ, թէ Փաշինեանն ու իր կառավարութեան որոշ անդամներ դատարանի առջեւ պէտք է կանգնէին իրենց որոշումներուն համար։ Երկրորդ՝ խնդիրը լոկ պատասխանատուութեան հարցը չէ։ Անոնք նաեւ պէտք է հեռանային, որովհետեւ ապացուցած էին, որ չունին երկիր կառավարելու, այն ալ մեր երկրի պէս երկիր մը կառավարելու համար անհրաժեշտ գիտելիքները, հմտութիւններն ու բարոյական նկարագիրը։ Վերջապէս, անոնք պէտք է հեռանային, որովհետեւ կարելի չէր թոյլ տալ, որ այս պարտուած, նուաստացած, միջազգային հեղինակութիւնն ու վարկը կորսնցուցած իշխանութիւնը վարէր Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու կամ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու բանակցութիւնները։

-Բացայայտ է, որ Փաշինեան եւ իր իշխանախումբը դարձեալ ընտրուելու եւ իշխանութիւնը իրենց ձեռքին պահելու համար դիմեցին՝ «նախկիններու վերադարձը ամէն գնով բացառել»ու խօսոյթ-լոզունգին։ Ընտրութիւնները նաեւ ցոյց տուին, որ մեծ հաշուով այս «զէնք»ը կ՚աշխատի։ Սակայն կը ծագի հարց մը. յառաջիկայ ժամանակներուն, եթէ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը աշխատի նոյն այդ ոճով, որով աշխատեցաւ անցնող երեք տարիներուն ու մատնուի մեծ ձախողումներու (նաեւ երկրի տարբեր հարցերու կարգաւորման առումով), ապա կը կարծէ՞ք, թէ այդ «նախկինները, նախկինները» «տրամաբանութիւն»ը կը մեռնի։

-Ես կը հասկնամ մեր ժողովուրդի հոգեվիճակը։ Իսկապէս ստեղծուած էր մթնոլորտ մը, ուր ան կը համարէր, որ ինք ստիպուած է ընտրել կատարելապէս ձախողած ու երկիրը կործանման եզրին հասցուցած պատուհասի մը ու մարդու մը միջեւ, որու վերադարձը անոնք կը համարէին հաւասարազօր աւատական կամ ճորտատիրական կարգերու վերականգնման։ Անոնցմէ շատեր որոշեցին, որ այնուամենայնիւ պատուհասը նախընտրելի է ճորտատիրութեան վերադարձէն եւ դատապարտել զիրենք այդ որոշման համար՝ դժուար է։ Բայց ամէն ինչ սահման ունի։ Եթէ այս կառավարութիւնը շարունակէ նոր աղէտներ բերել Հայաստանի գլխուն, ի հարկէ, մարդոց նախապատուութիւնը կրնայ փոխուիլ։ «Նախկինները» կրնան դառնալ պակաս սարսափելի։

-Օրերս նաեւ վերահասու դարձանք, որ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հետամուտ է իր քաղաքական պայքարը շարունակելու։ Ան նոյնիսկ յայտարարեց, որ մէկուկէս տարի անց Հայաստան ականատես պիտի ըլլայ նոր արտահերթ ընտրութիւններու։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Այս վարչապետի ու անոր խումբի անցեալը նման կանխատեսումներու հիմք կու տան։ Մենք գիտենք նաեւ, որ մեզի նորանոր անակնկալներ, հետեւաբար՝ նորանոր ճգնաժամեր կը սպասեն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու հարցով։ Այնպէս որ, նոր արտահերթ ընտրութիւններու հեռանկարը հնարաւոր չէ բացառել։

-Կարեւոր խնդիր է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ ընդհանուր զարգացումներու ենթադաշտը։ Կան բաւականին նոր եւ ուժեղ գործօններ ու աւելի քան յստակ է, որ Ռուսաստան նոյնիսկ եթէ կամենայ, առաջուան նման միակ թելադրող ուժը չէ այլեւս։ Ի՞նչ ընել այս բոլորի լոյսին տակ, ի՞նչ առիթներ եւ ի՞նչ յոյս ունի Հայաստան։

-Ռուսաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները այլընտրանք չունին այսօր, եթէ նոյնիսկ ան միակ դերակատարը չէ մեր տարածքաշրջանին մէջ։ Բայց, անկախ ամէն ինչէ, Հայաստան պէտք է իր յաւակնութիւններն ու արտաքին քաղաքականութիւնը կառուցէ սեփական հնարաւորութիւններու սահմաններու գիտակցութեամբ։ Հայաստան պէտք է ձերբազատուի այնպիսի յաւակնութիւններէ, որոնք պարզապէս որեւէ աղերս չունին իրականութեան հետ։

-Բաւական բարդ ու խճճուած նիւթ է հիմա հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Յստակ է նաեւ, որ այդ մասին խօսիլը ինքնին նոյնքան դժուար է, որքան նոյնինքն գործընթացը։ Այս առումով ի՞նչ մտածումներ ունիք՝ մանաւանդ, որ մեր նման վիրաւոր հասարակութեան համար բաւականին դժուար ու անմարսելի պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հետ պարտուածի դիրքերէ խօսիլը։

-Որքան ալ դժուար ըլլայ, պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ հետ։ Այլապէս, մեր փոխարէն այդ բանը կ՚ընեն ուրիշներ եւ կ՚ընեն հետապնդելով առաջին հերթին իրենց շահերը եւ ոչ հակառակը։ Ես կը կարծեմ, թէ որքան ալ դժուար ու անմարսելի, Հայաստանը ստիպուած է բնականոնացնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ինչ որ իրականութեան մէջ եղած է բոլոր կառավարութիւններու պաշտօնական դիրքորոշումը անկախութենէն ի վեր։ Ուրիշ ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստան։ Ի հարկէ, Հայաստանի մէջ կայ ամբողջ հասարակութիւն մը, որու գոյութիւնը պայմանաւորուած է պահանջատիրութեամբ։ Բայց հասարակութեան այդ հատուածի ներկայացուցիչներու փաստարկները աւելի շատ թատրոնի հետ կապ ունին, քան քաղաքականութեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021