ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ
Դժբախտաբար մարդ արարածը իր լինելութեան ճամբուն վրայ է տակաւին ու դեռ «հեռու է» ցանկալին, մինչ այդ պայքարը կը շարունակուի անասնական հունով, իրար յօշոտելու, իրաւունք կորզելու, ունենալու եւ ա՛լ աւելի ունենալու մարմաջով տարուած. ահա ունինք այսօրուան աշխարհը, որ արդէն բռնկած վառօդ մըն է ու ո՞վ պիտի մարէ զայն, եւ ո՞վ կրնայ... գուցէ այդ մասին մտածելու առիթ չկայ կամ՝ երբ... ամէն կիրք հանդարտի... ինչ որ հորիզոնի վրայ չ՚երեւիր, պիտի ընթանայ կեանքը այսպէս պատերազմներու, արհաւիրքներու, ջարդերու եւ այլ երեւոյթներով անմարդկայնական:
Սակայն ասոր զուգահեռ, մարդ արարածի բարձրագոյն մտածողութիւնը, փիլիսոփայական կամ կրօնական ուղիով տուած է գոնէ գոյատեւելու, ինքնամխիթարանքի եւ այլ ցուցմունքներ ու առաքինութիւններ. վերջապէս կայ վերոյիշեալ չարիքները հաւասարակշռող ուժ՝ յանուն կեանքի, ու կեանքը կ՚ընթանայ մերթ յուսալով, թէեւ ազազուն, եւ յաճախ ալ արիւնալի: Ու այս ընթացքին վարդապետութիւններ կու տան ուղղութիւն եւ սակայն զանոնք իրագործելն է հարկաւոր, ինչ որ սովորական կեանքի վազքին հեւքով տարուած զանգուածը անկէ հեռու կը նմայ ու նոյնիսկ լսել չ՚ուզեր իբրեւ անիրական եւ երեւակայական միտքեր. սակայն պէտք է մարզել միտքը, մարմինը, հոգին, ներդաշնականութեան մէջ գտնել ինքզինք եւ ապա ըլլալ սովորականէն քիչ մը վեր, աւելի վեր, ինչ որ սահման չունի, եթէ սահման պիտի հաստատենք, մէկ բառով, կատարելութիւն է, որուն մարդիկ ընդհանրապէս Աստուած անունը կու տան:
Գործնականանալ փորձելով, Զէնոյի հիմնած Ստոյիկեան վարդապետութեան չորս սիւներէն մին է քաջութիւնը: Արդարեւ փնտռուած առաքինութիւն, սակայն հոս պէտք է նշել միւս երեքը՝ իմաստութիւն, ինքնակառավարում եւ արդարութիւն, այլապէս քաջութիւնը առանձին կը մնայ ու ըստ գործածողի կը զգենու ժխտական անդրադարձ:
Քաջութիւնը նախ ինքզինքին տիրանալու մէջ կը կայանայ, որպէսզի կարենայ քալել հոսանքն ի վեր, հակառակ իր իսկ դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն։ Այլապէս ձախողութեան պիտի մատնուի իր առաքելութիւնը, որոնցմէ է՝ հոսանքին չհետեւիլը, այլ՝ թիավարել հոսանքն ի վեր, բարձրանալ ի հեճուկս հոսանքի տէրերուն կամ տիրապետողներուն, այսպէս կոչուած «վերնախաւ»ի պիկմէններուն, որոնք ճիգ պիտի չխնայեն քաջորդին վիժել, որ կը յաւակնի բարձրանալ, տապալելու համար հաստատուն կարծուած աթոռները: Ասոր լաւագոյն օրինակն է Յիսուս, որ վայե՜ր կարդաց իր օրերու Փարիսեցիներուն, որոնք չհանդուրժեցին զինք ու մնացեալը յայտնի է, հռոմէացիներու միջոցաւ զինք խաչը հանեցին՝ որպէսզի լռեցնեն ճշմարտութեան ռահվիրայ մը, որ հաւատարիմ իր իտէալներուն՝ կ՚ապրէր կեանք մը իրեն յատուկ: Վերոյիշեալները արդիւնք են քաջութեան, մանաւանդ՝ երբ «այոն այո, եւ ոչը ոչ» կը քարոզէր:
Համոզում ունի՞ս, հաստատ կեցիր, մի՛ տարուիր առօրեայ ընբռնումներով, տեղի մի՛ տար ի շահ քո՛ւ համոզումներուդ. թո՛ղ մարդոց իրենց համոզումներուն հետ, քալէ քու ճամբադ, ինքնայարգութեան իւրայատուկ օրինակ մը, որ անհնար է գտնել շուկայիկ մտածողութեամբ կլանուած հասարակութեան մէջ:
Ինքնութիւն ունենալ ու զայն ապրիլ գերագոյն քաջութիւնն է, քաջութիւն է մահ-ւան աչքերուն նայիլ ու անցնիլ անկէ անդին՝ անմահութեան: Չըլլանք դերասաններ...։ Մինչ՝ «Աշխարհը բեմ է, մարդիկ դերասաններ»: (Շէյքսփիր)
Դարերէ ի վեր... ի սկզբանէ... վա՜յ քեզի, աշխարհ:
«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»: (Յիսուս)
Սա պատուեր է համայն աշխարհին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Չարթօնք», Լիբանան
Հարթակ
- 11/30/2024