ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ…

Խորագիրս պատահական չէ։ Գիտեմ, որ որեւէ խմբագիր կը սիրէ խորագիրներով խաղալ։ Ճիգ մըն է երեւի՝ ըսելու համար, որ ամէն ինչ իր մականէն կ՚անցնի, կամ ալ կան նրբութիւններ, որոնք միայն ու միայն ինք՝ խմբագիրը կը հասկնայ։ Այստեղ վիրաւորական ոչ մէկ շեշտադրում՝ առաւել եւս, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր թերթին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Յաճախ խորագիրներուն հետ խաղ տալը կ՚ունենայ նաեւ ներքին-տեղական պատճառաբանութիւններ, ինչ որ կը կատարուի ճիշդ ժամանակին։

Այստեղ արագ փակագիծ մը բանալով վերյիշեմ դրուագ մը՝ դարձեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի «իմ տարեգրութեանս» առընչութեամբ։ Հերթականին նման հարցազրոյց մը կատարած էի եւ նիւթին մէջ կային կարգ մը դարձուածքներ, որոնք թերթի բառարանին մէջ տեղ չունէին։ Քանի մը բառ փոխանակեցինք, յետոյ երբ կարգը հասաւ վճիռ մը տալու պահուն, ինծի ըսուեցաւ. «Մենք ենք պատասխանատուն այս թերթին, քու խօսակիցդ հեռու-հեռուներէն բաներ մը ըսած է, որոնք հաճելի բաներ կրնան չըլլալ, բայց այստեղ է, որ պէտք է կրկնեմ, թէ մենք ենք պատասխանատուն այս թերթին»։

Առաջին հայեացքով դիտուած՝ ըսուածները անակնկալի կը բերէին զիս, սակայն աւելի ուշ համոզուեցայ, թէ ըսածները ո՛չ միայն ճիշդ էին, այլեւ հաւասարակշիռ ու մանաւանդ՝ իրաւացի։ Տարիները անցան-գացին, թերթի բառարանը եւ հիմունքային անկիւնները ընկալելէ անդին՝ յաճախ նկատեցի, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այնպիսի նիւթերու տեղ կու տար, որ զարմանալէ աւելի անդին զգացումներով կը պատէր զիս։ Այդ մէկը՝ մանաւանդ երեւելի կը դառնար Արցախի պատերազմի օրերուն, երբ նիւթերը կը ներկայացուէին ո՛չ միայն իրապաշտ մօտեցումով եւ ճշմարտացիութեամբ, այլեւ մեծ խորագիրներ կը դրուէին ընթերցողին ներկայացնելու համար պատերազմի ամենանուրբ երեսակներն ու զարգացումները։ Բոլորը, անշուշտ, միայն հայկական դիրքերէ՝ պահու մը մէջ, ուր բաւական մեծ լարուածութիւն կար քիչ մը ամէն տեղ։

Այս ալ արձանագրեցինք ու անցանք։ Հիմա վերադառնալով նիւթին եւ ընտրուած խորագրին ու այդ խորագրի մնալ-չմնալու հարցին՝ հարկ կը համարեմ արձանագրել, որ յետպատերազմեան Հայաստանի եւ առհասարակ հայկական աշխարհի լեզուամտածողութեան մէջ շատ բան փոխուեցաւ ու ցաւօք այդ փոփոխութիւնները եղան դէպի ժխտականը։ Մահերէն, կորուստներէն, սոսկալի պարտութենէն բացի, հայութիւնը, մեծ հաշուով, ոչինչ սորվեցաւ այս պատերազմէն ու ցայսօր ալ կը շարունակուի այն հռետորաբանութիւնը, որ ո՛չ ճիգ կը պահանջէ, ո՛չ ալ բարի գործ պիտի բերէ մեր երկրին։ Օրինակները շատ են ու անոնց առնուազն երկուքը նշելով գոհանամ։

Բոլորիս ծանօթ է, որ Հայաստանի մէջ աճած ու տեղ գտած է երեւոյթ մը, որ կը կոչուի թրքագէտ։ Սա այն պահուն, երբ նոյնինքն այսօրուան Թուրքիոյ մէջ այդպիսի կոչում մը դժուար թէ ըլլայ։

Մարդս, որ երկու բառ թրքերէն կը հասկնայ, քանի մը բառ (նոյնիսկ թրքերէն խօսելու խնդիր ունին այդ մարդիկ) թրքերէն խօսիլ փորձէ եւ ատոր վրայ աւելցնենք քանի մը պատմութեան գիրք կարդալու երեւոյթը, ապա հանրագումարը՝ կ՚ունենանք թրքագէտ-փրկիչ մը, որ օրն ի բուն ո՛չ միայն ըսելիք պէտք է ունենայ, այլ ամբողջ ազգի ճակատագիրը ճշդէ։ Վճռէ տարածաշրջանի ընդհանուր դրութիւնը, նաեւ ճանապարհներ ցոյց տայ դէպի անցեալի ժամանակները վերադառնալու։

Անցեալին մասին այլ առիթով անպայման պիտի գրեմ, սակայն այստեղ կ՚ուզեմ փաստել, որ այդ «փրկիչներ»ը ունին հազարաւոր հետեւորդներ, որոնք անձկութեամբ կը սպասեն այդ «մասնագէտներու» մտքի գոհարներուն։

Այդ «գոհարներ»էն մին լսելի կը դառնար, երբ «թրքագէտ-մասնագէտ»ը իմանալէ ետք «Fly One» օդանաւային ընկերութեան դէպի Պոլիս թռիչքներ կատարելու իրողութիւնը՝ մօտաւորապէս սապէս կը գրէ. «Դաւաճան է այն հայը, որ այսուհետեւ «Սապիհա Կէօքչեն» օդակայանը կը հասնի եւ հոնկէ Պոլիս կը մտնէ...» կամ աւելի մէկ «բոցավառ» հռետորաբանութեան մէկ արգասիքը, թէ «Գրիգոր Զօհրապ ընդամէնը քաղաքական թուրք մըն է»։

Անշուշտ, ես բնաւ այդ ծանր դերը պիտի չվերցնեմ մարդոց գրածներուն «դատողութիւն» ընելու կամ ես զիս դատաւորի աթոռին նստեցնելու։ Պարզապէս կ՚ուզեմ, որ ընթերցողները գիտնան, թէ այսօր ի՛նչ վիճակի մէջ է մեր աշխրահը՝ հայկական աշխարհը, ինչքան ետ մնացած ենք, ինչքան թոյնով լեցուած ենք, որ մենք մեզի (իրենք ո՛չ, մենք) նման խօսքեր կ՚արտաբերենք եւ Զօհրապի պէս վսեմական հայը «քաղաքական թուրք» համարենք։ Դատաւորները թող դատեն եւ մարդիկ թող վերլուծեն, թէ ինչպիսի օրուան հասած ենք այսօր։

*

Պահը չես գիտեր ինչպէս կը մտնէ անոնց սրտին մէջ։ Մարմին կը ստանայ, կը մեծնայ տարիներուն հետ ու կ՚ամբողջացնէ այն մեծ պատկերը, որուն անունը հայկական մեծ ընտանիք դրած ենք։ Եւ իրօք, ի՛նչ են այդ ընտանիքին իրական սահմանները, ինչպէ՛ս կ՚աճին անոր փոքրիկ արմատները հեռու արեւներու տակ եւ ի վերջոյ ո՛ւր կը հասնին այդ փոքրիկ ձայներու երազները...։

Այսօր այս հարցումներուն օրն է։

Հարցումներ, որոնք կասկածի պատուհանէն կը տրուին յաճախ եւ որոնք մեզ դուրս կը մղեն իրական եւ ամբողջական երազներ փայփայելու մեծ յոյսերէն։ Մեծ կասկածներ կ՚ապրինք, իրարու նիշ կու տանք, մեզ աւելի լաւ խօսողը միւսին աչքը կը հանէ։ Մեզմէ աւելի ապահով տեղի մէջ գտնուողը միւսին վրայ կրակ կը թափէ եւ ի վերջոյ մեզմէ աւելի «հայկական ջուրեր»ու մէջ լողացողը միւսը պախարակելու կը ջանայ։

Ո՞վ է աւելի շատ հայ, կամ ո՞վ է ան, որ իսկապէ՛ս կը տառապի մեր ազգի խնդիրներով։ Ո՞վ է ի վերջոյ, որ ճիշդ ու երկիւղած սահմանումը կու տայ մեր հաւաքական իտէալներուն համար զինուորուած անուններուն։ Ո՞ւր են այդ անունները եւ հիմա ո՞ւր ենք մենք՝ այդ ճշամարտութիւններէն. ճշմարտութիւններ, որոնք մեզի պատառ-պատառ ըրին ու մեզ նետեցին ափէ-ափ կամ քաղաքէ-քաղաք, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին այդ մեծ ճշմարտութիւններուն շուրջը դառնանք։

Ո՞վ ենք մենք եւ ինչո՞ւ մեր մէջ ամենախոնարհը շարքի առաջինը չի դառնար, որպէսզի այդպէս ալ ճանապարհ տայ միւս բոլոր հասնողներուն։ Ու ո՞վ ենք մենք, ի վերջոյ, որ բարենիշ պիտի բաշխենք աստ եւ անդ եւ կասկածներ դնենք, թէ մեզմէ, մեր տեղանքէն ու մեր մօտիկ աշխարագրութենէն հեռու ապրող, բայց իր հողին կառչած մեր եղբայրը վաղուց արդէն ուրացած է իր ինքնութիւնը։

Ինչքա՜ն թալանուած է մեր հոգին, ինչքա՜ն ինկած ենք կորուստներու ջուրերուն մէջ եւ ինչքա՜ն հակուած ենք մերժելու մեր հաւաքական եսը։

Այն, որ դեռ պիտի կազմուի եւ այն, որ արեւոտ օր մը դեռ պիտի գայ ու մեզ դնէ իր գիրկին մէջ. այն գիրկին մէջ, ուր չկան այստեղի կամ այնտեղի հայեր, չկան պոլսահայեր, չկան պէյրութահայեր, չկան ամերիկահայեր եւ չկան ռուսահայեր։ Կանք մենք՝ մեր ամբողջ հմայքով, մեր ամբողջ հարազատութեամբ, մեր ամբողջ բնազդով ու խելքով, կանք մենք մեր մէկութեան գաղափարով։

Պիտի գա՞յ այն օրը, պիտի ապրի՞նք այդ մէկութիւնը առանց կասկածներու եւ առանց նիշեր բաժնելու, նետեր արձակելու եւ թոյն թափելու…։

Կ՚ապրինք ու կը տեսնենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023