«ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՌԿԱՅ ՄԵԾ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԵՐԸ ԽԱՐԽԼՈՒԱԾ ԵՆ»
Լիբանան կը շարունակէ մնալ սպասողական դրութեան մը մէջ։ Քաղաքական անորոշութիւնը աւելիով կը ծանրացնէ՝ արդէն իսկ բաւական բարդ վիճակի հասած տնտեսական խոր տագնապը։
Լիբանանի վերջին զարգացումներուն մասին կարծիքը շօշափեցինք լիբանանահայ հանրային գործիչ ու բժիշկ Կոստան Եափուճեանի։
*
-Վերջին օրերուն Լիբանանի օրակարգի ամենահրատապ նիւթը քաղաքապետական ընտրութիւններու յետաձգումն է՝ մինչ երկիրը խոր տագնապի մատնուած է եւ ժողովուրդը կը պահանջէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու իրականացումը։ Իշխանական վերնախաւին միջեւ առկայ առեւտուրը պատճառ դարձած է, որ այդ ընտրութիւնները յետաձգուին։ Թէ ինչո՞ւ այս մեծ պահանջքը ընտրութիւն կատարելու՝ մանաւանդ, որ լիբանանցին ամենօրեայ իր հացը ճարելու խնդրին առջեւ կանգնած է։
-Ժողովրդավարական գործունէութիւնը պէտք է իր ընթացքը առնէ։ Այդ մէկը պէտք է ըլլայ հերթաբար։ Այսինքն՝ յետաձգելը կու գայ ըսելու, որ արդէն մենք ժողովրդավարական ընթացքէն դուրս եկած ենք։ Այստեղ մեր ղեկավարները, կուսակցութիւնները, խորհրդարանի իշխող եւ ընդդիմադիր կողմերը, որոնք արդէն ունին իրենց թեկնածուները՝ բազմած քաղաքապետական աթոռներու վրայ, ինչպէս նաեւ տարբեր պաշտօններ զբաղեցնողներ չեն ուզեր փոփոխութեան ենթարկել կամ փոխարինել զանոնք։ Ժողովուրդը կ՚ուզէ փոփոխութիւն յառաջացնել՝ հակառակ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն այդ փոփոխութիւնը չկատարուեցաւ, բայց այս անգամ, կարծես, թէ փոփոխութեան տրամադրութիւնները շատ աւելի բարձր են։ Ինքնաբերաբար, խորհրդարանը որոշում պիտի առնէ յետաձգելու՝ ըսելով, որ յարմար չէ, գումար չկայ եւ այլն։ Այսինքն, ժողովրդավարական ընթացքը խախտելով այսօր, միջազգային հանրութեան աչքին, մենք՝ որպէս պետութիւն սկսած ենք բռնատիրական համակարգի մը վերածուիլ։
-Շատեր Լիբանանի այսօրուան վիճակը կը կապեն Սէուտական Արաբիա-Իրան համաձայնութեան նոր իրավիճակին հետ։ Ի՞նչ է պատկերը։ Յուսադրիչ եղելութիւններ, տեղեկութիւններ կա՞ն։
-Համաձայնութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ՝ արդէն յուսադրող քայլ մըն էր։ Լիբանանցին ընդհանրապէս կը սպասէ միջազգային փոփոխութիւններու, որպէսզի իր ներքին քաղաքական իրավիճակը հանդարտեցնէ։ Այդ համաձայնութիւնը գոյացաւ Չինաստանի հովանիին ներքեւ եւ հոն յստակ չէր, թէ Լիբանանի մասին ի՞նչ որոշումներ կան։ Մեր յոյսերը գացին այնտեղ, ուր պէտք էր ըլլար նախագահի ընտրութեան եւ այլ կարեւոր նիւթերու վերաբերեալ որոշակի համաձայնութիւն մը։ Սէուտական Արաբիոյ Իրանին հետ ունեցածը սովորական համաձայնութիւն մըն է, տակաւին բարեկամութիւն չկայ, որպէսզի իրենց պարտէզին մէջ, որ եղած է Լիբանանը, մէկը միւսին զիջի։ Մենք յոյս ունինք, որ փոփոխութիւն մը կ՚ըլլայ։ Բայց, իմ կարծիքով՝ ոչ մէկ բան պիտի փոխուի, որովհետեւ սա իրենց ներքին հարցը կազմակերպելու, Եմէնի հարցը լուծելու, Սէուտական Արաբիան պատերազմէն դուրս հանելու առաջին փորձերն են։ Անկէ ետք, կրնայ ըլլալ մէկ-երկու տարի, Լիբանանին կարգը կու գայ։
-Այս բոլորի զուգահեռ տեղեկացած ենք նաեւ, որ Լիբանանին նեցուկ համարուող հինգ պետութիւններ ժողով մը պիտի գումարեն Ռիատի մէջ, սակայն այդ ժողովը, ըստ երեւոյթին, ջուրը ինկաւ։ Ի՞նչ են պատճառները։
-Երբ հինգ պետութիւններ ընդհանուր ժողով մը պիտի գումարեն, որպէսզի Լիբանանի նախագահը որոշեն կամ ձեւով մը դիւրացնեն անոր ընտրուիլը, արդէն սա ծիծաղելի վիճակի մէջ կը դնէ երկրի պետականութիւնը։ Լիբանան ինքնաբերաբար ընդունած կ՚ըլլայ, որ պետականութիւն չունի եւ դուրսէն կ՚որոշուի ամէն բան։ Մարդիկ համոզուած են, որ դուրսէն պիտի գան երկրի որոշումները կամ հարցերուն լուծումը։ Այս ժողովուրդը իրաւունք չունի իշխելու՝ այնքան ատեն, որ ինք իր որոշումը չի կրնար գործադրել։ Գալով այդ հինգ պետութիւններուն, անոնցմէ ամենակարեւորներէն Իրան բացակայ էր այդ ժողովէն։ Իրան կրնար ըսել, որ այդ հարցը լուծելի՞ է, թէ ոչ։ Իսկ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած պետութիւնները կ՚առաջնորդուին իրենց շահերով։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի քայլը պարզապէս իր համաձայնագիրները կնքելու համար է՝ ըլլայ նաւահանգիստի, ըլլայ օդակայանի, ինչպէս նաեւ քարիւղի պայմանագիրներ ապահովելու համար։ Ան կ՚ուզէ «Հիզպուլլահ»ին հետ համաձայնութեան գալ, անոր ընտրած նախագահական թեկնածուն առաջ քշել՝ ապահով հող մը ունենալու համար, որպէսզի նիւթապէս բարելաւէ իր երկրին խախուտ վիճակը։ Լիբանանի վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած միակ երկիրն է Սէուտական Արաբիան՝ կրօնական հայեցողութենէն մեկնելով։ Միակ պետութիւնն է, որ, կը կարծեմ, թէ կ՚ուզէ լուծումի մը հասնիլ, բայց այն պայմանով, որ Լիբանան երթայ տնտեսական բարեկարգումներու, Համաշխարհային դրամատան (IMF) որոշումները կատարելու եւ Իրանի ձեռքը թուլացնելու, «Հիզպուլլահ»ը տկարացնելով։ Իսկ ինչպէ՞ս պիտի կատարուի այս մէկը, երբ «Հիզպուլլահ»ը երկրի բանակէն աւելի ուժեղ է։ Հետեւաբար, յայտնի էր, որ այս փորձը պիտի չյաջողէր։
-Համահայկական իրավիճակին մէջ լիբանանահայութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի։ Այսօր ի՞նչ են ձեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները։
-Հիմնականը գաղութը պահպանելու հարցն է, որ նաեւ ընկերային հարց մըն է։ Տնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով լիբանանահայ գաղութին հիմքերը խարխլած են, անոնք նախկին հիմքերը չունին։ Լիբանանի ժողովուրդը ընդհանրապէս, մեծ ճգնաժամ կ՚ապրի՝ գնաճի եւ լիբանանեան դրամի արժեզրկման պատճառով։ Իսկ լիբանանահայութիւնը, որ ընդհանրապէս միջին դասակարգի կը պատկանէր, յանկարծ յայտնուեցաւ միջինէն ցած՝ աղքատ դասակարգի սեմին։ Հիմնական մտահոգութիւնն է, որ յանկարծ մէկը չհիւանդանայ եւ հիւանդանոց մտնելու հարց չունենայ։ Հայ դպրոցը դռները բացած է աշակերտին առջեւ, հայկական որոշ հաստատութիւններ յարմար գիներով այցելու բժիշկներ ունին, բայց դեղօրայքի հարցը շատ լուրջ է։ Կայ նաեւ անգործութեան կամ աշխատավարձի անբաւարարութեան հարցը։ Նոյնիսկ փոխադրամիջոցի ծախսը դիմագրաւելու համար բաւարար չէ մարդոց եկամուտը։ Ընկերային հարցեր են այս բոլորը, որոնցմէ լիբանանցի ժողովուրդին 95 տոկոսը կը տառապի։ Միշտ կայ 5 տոկոս մը, որ այս առիթէն կ՚օգտուի եւ աւելի կը հարստանայ։ Ասոնք են երկրին ղեկավարները՝ կրօնական եւ քաղաքական, որոնք կը շարունակեն ժողովուրդին արիւնը ծծել։
-Գիտենք, որ տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր առիթներով, Լիբանանէն միշտ արտահոսք եղած է։ 70-ականներու սկիզբը լիբանանահայութիւնը կը հաշուէր աւելի քան 200 հազար, իսկ այսօր 70-80 հազարի մասին կը խօսուի, ինչ որ հիմնաւորուած չէ։ Այս բոլորին լոյսին տակ, նոր սերունդը, երիտասարդութիւնը, որ գաղութին սաղմն է, ի՞նչ կը մտածէ։
-Ընդհանրապէս երբ այս հարցը կ՚ուղղենք լիբանանահայու մը՝ մանաւանդ պաշտօնի գլուխ գտնուող քաղաքական գործիչի մը, ձեզի կրնայ պոռոտախօսութեամբ պատասխանել. «Մենք պիտի դիմանանք, պիտի պայքարինք, պիտի մնանք…»։ Ձեւը այդ է երեւի, որպէսզի ժողովուրդին յոյսը չկոտրի։ Բայց, իրականութեան մէջ, կը տեսնենք, թէ համալսարանականներ, շրջանաւարտներ կ՚աշխատին իրենց ուսումին ոչ-յարիր գործերու մէջ եւ բոլորն ալ ջանք կը թափեն տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանք գտնելու համար. ինչպէս՝ Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլն, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքը հոգալ։ Այս բոլորը տեսնելով այդ պոռոտախօսութիւնները ծիծաղելի կը թուին։ Երիտասարդներուն 90 տոկոսը կը փափաքի հեռանալ։ Կը մնայ 10 տոկոսը, որ, նիւթապէս ապահով է կամ ոչ, կառչած կը մնայ երկրին։ Ապագային կը զղջա՞յ կամ ոչ՝ չենք գիտեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան