Կ՚ՈՒԶԵՄ ԴՈՒՐՍ ԵԼԼԵԼ

«Հրա՛յր, ես կրնամ մազերդ կտրել»։

Ճիշդ է, որ կեանքս նուիրած եմ տիկնոջս՝ Արտային եւ ընտանիքիս, բայց՝ ոչ մազերուս։

«Իսկ եթէ ծուռիկ-մուռիկ կտրե՞ս։ Եկուր հրաժարէ այս քաջագործութենէն», եղաւ վերջնական որոշումս՝ Արտային այս մտայղացումին։

Քուէյթ։ Կ՚ապրիմ Մահպուլա շրջանին մէջ, որ մարտէն ի վեր շրջափակումի մէջ է համավարակին պատճառով։ Քուէյթ նախաձեռնեց շատ խիստ միջոցառումներու՝ քորոնայի դէմ իր պայքարին մէջ, նոյնիսկ ամբողջութեամբ առանձնացնելով որոշ թաղամասեր։ Չեմ գիտեր՝ բա՞խտ է, թէ՞ այլ բան, բայց ես ալ կը գտնուիմ այդ ընտրուածներուն մէջ եւ կ՚ապրիմ շրջափակումի ենթարկուած թաղամասին մէջ՝ մինչեւ այսօր։

Պատուհանէն կը դիտեմ ծովը, բայց առանց կարենալ հասնելու անոր։ Եւ արդէն եղաւ աւելի քան չորս ամիս, որ տունէն դուրս չեմ ելած։ Եւ եթէ ելլեմ՝ հազուագիւտ, արեւուն ջերմութիւնը վայելելու։

Կրնամ տեսնել, թէ մազերս երկարած են եւ սափրիչի պէտք ունին։ Բայց այդ մէկը հիմա այս շրջափակումին մէջ առաջնահերթութիւն չէ։ Կը մտածեմ ազատութեան մասին, եւ թէ ինչքան գեղեցիկ է եղեր։ Մարդիկ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ հիմա պայքարած են ազատութեան համար։ Բայց թէ ինչպէ՛ս գործածած են այդ ձեռք բերուած ազատութիւնը, տարբեր հարց։

Բայց կայ աւելին։

Նոյնքան դժուար է եղեր մարդուն ներաշխարհին մէջ հաւասարակշռութիւնը պահել այս դժուար օրերուն։ Բանտարկուած զգալու եւ չկարենալ դուրս ելլելու իրականութիւնը կրնայ ճնշել վրադ։ Եւ ինչքան որ Աստուածաշունչի մարդ եմ եւ կեանքիս հիմքը դրած եմ Աստուծոյ վրայ, բայց կը տեսնեմ, թէ նոյնքան մարդ եմ նաեւ։ Եւ բանաստեղծին հետ կը կրկնեմ՝ «հողանիւթ շինուածք» ունիմ։ Բայց միշտ ալ յիշելու եմ, որ Աստուած է կեանք տուողը։

Հիմա կայ կեանքի ու ապրելակերպի նոր մշակոյթ մը։ Ընդունիս կամ ոչ՝ շրջափակումի մէջ կեանքը շատ մեծ համեմատութեամբ կը շարունակուի առցանց։ «Ընկերային հեռաւորութիւնը» այսօր մեր կեանքն է, եւ շրջափակումի մէջէն կը փորձեմ տեսնել, թէ ինչքանով կրնայ այս նոր կենցաղը իմս ալ ըլլալ։

Լիբանանի լուրերը քաջալերական չեն։ Քուէյթ նստած դարձեալ կ՚ապրիմ երկրիս մղձաւանջը։ Այս ո՞րքան տագնապ պիտի ապրի մեր փոքր երկիրը։ Տնտեսական այս վերջին փլուզումը չապրեցանք այս ուժգնութեամբ՝ նոյնիսկ քաղաքացիական ամբողջ պատերազմի օրերուն։ Իսկ հիմա՞։ Այսքան ահաւոր ցնցո՞ւմ։ Ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը, որ ղեկավարութիւնը զգաստանայ, իսկ կողմերը զիրար հասկնան։

Նշան Տէր-Յարութիւնեանի յայտագիրի լոյսին տակ ծնունդ առած զարգացումները մէկ կողմէ մտահոգիչ են, բայց միւս կողմէ՝ կը բարկացնեն։ Մեր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն միշտ ալ մաքառեցանք հայ-լիբանանցի այս երկու ինքնութիւններու միացումին եւ անոնց միջեւ կապ մը գտնելու գրաւականին համար։

Այլեւս չեմ ուզեր խօսիլ այս ինքնութեան փնտռտուքին մասին։

Ինծի եւ երեւի բոլորիս յստակ է։ Եթէ հպարտ հայ եմ-ենք, բայց նոյնքան նուիրուած Լիբանանի, որ ինծի-մեզի տուաւ հպատակութիւն եւ ինքնութիւն։

Ո՛չ գաղթականի մեր պատմութիւնը, ոչ ալ մեր հայկականութիւնը կրնայ մեզ հեռացնել մեր լիբանանցիութենէն։ Իսկ ցեղասպանութիւնը սակարկելի չէ։ Ցեղասպանութիւնը սրբութիւն է՝ հայուն եւ ամբողջ մարդկութեան համար։ Բայց ինչ խօսք, որ Նշանին դէմ արշաւը երեւի կը հետապնդէ քաղաքական այլ նպատակներ։

Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը դարձեալ խնդրայարոյց է, իսկ ասոր վրայ կու գայ աւելնալու համավարակին ստեղծած առողջապահական բարդ կացութիւնը։ Վարակուածներուն թիւը երբեք չի նուազիր, ինչպէս որ չեն նուազիր պետութիւն եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները։

Բայց այդ ե՞րբ է, որ պիտի զգաստանանք, թէ հայրենիք մը ունինք Հայաստանով եւ Արցախով, եւ թէ անհրաժեշտ է ի գին ամէն զոհողութեան պահել եւ պահպանել զանոնք։

Պիտի պահենք հայրենիքը, զոր ուզեցինք տեսնել անկախ եւ պիտի պահպանենք զայն մեզ շրջապատած բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէ։ Այս պարտինք իրականացնել բոլորս միասին՝ պետականութիւն, ընդդիմադիր եւ սփիւռք։

Այս իմաստով կարիք կայ ուժերու մէկտեղումի, նոյնիսկ երբ միտքերը տարբեր ալիքներու վրայ ըլլան։ Պատմութեան փորձառութենէն պիտի սորվինք, սորվեցնենք եւ ապրինք՝ սրբագրելով եւ աչալրջութեամբ, հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։

«Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպած առցանցի լսարանները կը համախմբեն հայկական տարբեր գաղութներէ հայեր՝ վեր առնելով համահայկական եւ հայրենի հրատապ հարցեր։ Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի զեկոյցը՝ «Սփիւռքահայ հանրային կարծիքը 21-րդ դարուն» խորագիրով, եկաւ մեզ բոլորս դարձեալ դնելու բազմատեսակ մտահոգութիւններու դէմ յանդիման՝ հայկական եւ յատկապէս սփիւռքահայ, ուր դարձեալ պիտի տեսնէինք, թէ մեր գոյապայքարի ճամբան դիւրին չէ։  Ըստ «հայկական սփիւռքի հարցախոյզի» տուեալներուն, սփիւռքի ղեկավարութեան եւ առաջնորդութեան հարցը մտահոգութիւն կը հանդիսանայ։ Ղեկավար միտքը եւ անոր առաջնորդութիւնը, եւ երեւի այդ առաջնորդութեան նկատմամբ արժանահաւատութիւնը կը նուազի։ Ու տակաւին կը բազմանան հայկական կառոյցներէ եւ գործունէութիւններէ հեռու մնացած եւ մնալու ենթակայ հայկական իրականութիւնները։ Եւ վերջապէս Միջին Արեւելքի անորոշ եւ անապահով կացութիւնները պատճառ պիտի դառնան, որ հայկական գաղութները աւելիով նօսրանան։

Բայց այս բոլոր մտահոգութիւնները ի՞նչ տարողութեամբ եւ ինչպէ՞ս պիտի արժեւորուին։

Տան մէջ կալանաւորուած կը հետեւիմ նաեւ միջազգային իրավիճակներուն։ Անոնց մեծագոյններէն են իրենց գլուխը դարձեալ ցցող ցեղապաշտական կացութիւնները։ Թէեւ Ամերիկայէն սկսաւ ատիկա, բայց համավարակի նման տարածուեցաւ շատ մը երկիրներ։ «Սեւամորթներուն կեանքերը կարեւոր են» կարգախօսը դարձաւ տեսլական՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Այսօր պատմութեան մէջ իրենց անունը կերտած անհատականութիւններ անբաղձալի տարրեր կը նկատուին, իսկ անոնց յիշատակին կառուցուած արձանները կը խորտակուին կամ կը վերցուին։ Ներկայ օրերու  հակամարտութիւնը զարմանալի չէ ինծի համար։ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ տոքթորական վկայականի պատրաստութեան տարիներուն դասընկերներս մեծամասնութեամբ սեւամորթներ էին։ Հաղորդակցութիւններուս մէջէն կը տեսնէի իրենց նեղութիւնը եւ զայրոյթը Ամերիկայի ցեղապաշտական կարգ ու սարքին նկատմամբ։

Քուէյթի շրջափակուած վիճակէս արագ ակնարկ մը նետելով անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած այս բոլոր իրադարձութիւններուն վրայ՝ հայկական թէ այլ, սկսայ տեսնել աւելիով, թէ ինչքան անհրաժեշտ է ուրիշը յարգելը եւ զայն հասկնալը։

Ուրիշը, որ ինձմէ եւ քեզմէ տարբեր է՝ լեզուական, ցեղային, մշակութային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ։ Ուրիշը, որ նոյնքան մարդ է։ Եւ ուրիշը յարգելով եւ ընդունելով ինչքան անհասկացողութիւններ կրնան նուազիլ։

Ուրիշը հասկնալով կարելի կ՚ըլլայ ուժերը մէկտեղել։ Եւ ուժերու մէկտեղումը  յառաջխաղացք է՝ հաւաքական մեր կեանքերուն համար։

Բայց կայ տակաւին իմ իրավիճակս՝ շրջափակուած եւ տան մէջ կալանաւորուած։

Կ՚ուզեմ դուրս ելլել։

Դուրս ելլել ի՞նչ ընելու համար։

Մազե՞րս կտրելու։

Վստահաբար շատ աւելին՝ գործ ընելու։ Այո՛, շատ գործ կայ ընելիք։

Իսկ գործը՝ հայկական, բայց նաեւ համամարդկային։

Պիտի աշխատինք, որպէսզի հայը, նաեւ աշխարհը յարգէ, ճանչնայ եւ ընդունի ուրիշը։

Ուրիշը, որ տարբեր է, բայց արժանի է ճանչցուելու։ Ուրիշը ճանչնալով է, որ կը ճանչնաս տարբեր միտքը։ Երբ ընդունիս տարբեր միտքեր, կը համախմբես կարողականութիւնները։ Այս համախմբումը դրականօրէն կը նպաստէ համերաշխ համակարգեր ստեղծելու։

Ուրիշը ճանչնալը գործ կը պահանջէ։

Գործելու համար անհրաժեշտ է որ դուրս ելլեմ։ Դուրս ելլենք՝ բոլորս։

Դուրս ելլեմ-ելլենք՝ տունէն եւ անմիջական շրջափակէն։ Բայց նաեւ քու-մեր անձերէն եւ ինքնութիւններէն։

Կ՚ուզեմ դուրս ելլել, որպէսզի շարունակեմ մասնակցիլ գործին, որ կը ճանչնայ ուրիշը եւ կը յարգէ զայն։ Այս գործընթացն է, որ կը կերտէ։ Կը կերտէ կեանքեր։ Եթէ հայուն, բայց նաեւ՝ մարդուն։ Եւ այս կեանքերը կառուցելու համար պէտք է «դուրս ելլել»։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020