ՍԵՒԱԿ ԱՐԾՐՈՒՆԻ. «ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՎԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ»

Հայաստանն այսօր կը շարունակէ գտնուիլ «Քովիտ-19» համավարակի մեծ փոթորիկին կիզակէտին վրայ։ Կայ կարծիք, որ համավարակը տակաւին երկար ժամանակով պիտի շարունակէ ներկայութիւն ըլլալ, իսկ Հայաստանի պարագային բազմաթիւ մասնագէտներ արդէն իսկ կարծիք յայտնած են, որ այսօրերուն տիրող ընդհանուր դրութիւնը տակաւի չէ հասած իր «սպասելի» զենիթին։ Սպասելի կ՚ըսեմ, որովհետեւ ըստ հասարակաց տրամաբանութեան՝ միայն գագաթնակէտի մը հասնելէ ետք է, որ այս վնասաբեր եւ մահաբեր վարակը կը սկսի նահանջել։

Մինչ այդ յստակ է նաեւ, որ մեր երկիրը կ՚ապրի բաւական մեծ եւ «աչք ծակող» քաղաքական պայքարներ։ Սկսեալ Սահմանադրական ատեանի ցնցումներէն, անցելով տնտեսական ծանր վիճակէն ու հասնելով մինչեւ Հայաստանի քաղաքացիներու տնտեսական-ընկերային դիմագրաւած խնդիրներուն եւ չքաւորութեան հետեւանքով սպասուած ընկերային-քաղաքական մեծ պոռթկումին, որ կրնայ բոլոր խաղաքարտերը իրար խառնել եւ երկիրը դարձնել անհանգիստ եւ ցնցումներով լեցուն երկրի մը։

Այս բոլորի կողքին յստակ է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան առաջին իսկ օրէն ծագեցաւ ու դեռ ալ կայ մեծ եւ խորքային մտահոգութիւն մը, որ կապ ունի երկրի արտաքին քաղաքականութեան, նաեւ դիրքորոշումներուն ու արեւելումին հետ։

Ճիշդ է, որ ամէն առիթով իշխանութիւնները՝ մասնաւորապէս այս նիւթին կապակցութեամբ, հանդէս կու գան յստակեցնող կեցուածքներով, ցրելու համար այն մտավախութիւնները, թէ իրենք փոխած են Հայաստանի դիրքերն ու ընդհանուր արեւելումը։ Այս փաստի կողքին սակայն, երկրին մէջ թէ անկէ դուրս կան բաւական մեծ հարցադրումներ այն մասին, թէ արդեօք հայ-ռուսական յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուի՞ն իրենց երբեմնի բարձրութեան վրայ։ Հարցումը անշուշտ դեռ յստակ պատասխան մը չունի, բացի անկէ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա այցի ջնջման մասին եղած քննարկումները եւ նոյնիսկ բարձրագոչ հարցադրումները։

Արդեօք Երեւան-Մոսկուա «ջուրերը» լաւ հունի մէջ ե՞ն եւ արդեօք Փաշինեանի «սպասուած» այցելութեան ջնջումը ուն՞ քաղաքական դրդապատճառ։ Ամէն պարագայի, ինչ որ ալ ըլլան քաղաքական-առողջապահական պատճառները՝ աւելի քան յստակ է, որ վարչապետի այցելութեան չեղարկումը վնաս կը պատճառէ ո՛չ միայն վարչապետին, այլեւ՝ իր իշխանութեան եւ «քաղաքական կուրս»ին։

Բացի այդ, կայ նաեւ տեսակէտ, որ Մոսկուան զբաղուած ըլլալով բաւականին ծանրակշիռ օրակարգերով «ականջի ետեւ» նետած է Հայաստանի այսօրուան դրութիւնը։

Մօտիկ անցեալէն շատ լաւ գիտենք, թէ Երեւանի մէջ պատահած որեւէ արտակարգ դէպք կամ ցնցում Մոսկուայի սրտովը չէ, չէ եղած ու ապագային ալ պիտի չըլլայ… Սակայն այսօր տիրող իրականութիւնը ըստ ներկայ փաստերուն եւ ընդհանուր երեւոյթին, Մոսկուայի համար ունին որոշ թելադրութիւն մը, որ կը բխի «Հայաստանի ժողովուրդին դէմ պէտք չէ դուրս գանք» մօտեցումով եւ անշուշտ աւելիով ազնուական կը դարձնէ Ռուսաստանի հոգատար կերպարը եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած դրական վերաբերմունքը։

Այս բոլորը կ՚ըսեմ հաշուի առնելով, որ այս մօտեցումը կամ իմ մօտեցման մօտիկ եղող անձերու տեսակէտները միշտ ալ սուիններով պիտի դիմաւորուին, մանաւանդ անոնց կողմէ, որոնք անտեսելով մեր երկրի անցած ճանապարհը, քաղաքակրթական տեսլականը, նաեւ պատմական փորձը՝ կը շարունակեն «ձուկ որսալ» պղտոր ջուրերու մէջ։

Անշուշտ, որ պիտի չուզեմ խօսիլ անոնցմէ շատ-շատերուն պատուէր կատարելուն մասին, բայց եւ այնպէս անուրանալի է, որ այդ մօտեցումներուն հաւատացող խմբակներու անդամ կարեւոր ներկայացուցիչներ կը շարունակեն «թրվռալ» իշխանական բուրգին շուրջ։

Այդ իմ խնդիրը չէ եւ որեւէ իշխանութիւն ազատ է իր «գործընկերներ»ը ընտրելու մէջ ու այդ բոլորին պարտաւոր ենք շատ հանգիստ հայեացքով վերաբերիլ։ Իմ խնդիրը սակայն այլ բան է. իմ խնդիրը Հայաստանի «կարմիր գիծեր»ը պահելն է։ Այն գիծերը, որոնք հովանաւորն են մեր ազգային ապահովութեան եւ անվտանգութեան։ Անշուշտ, այս մօտեցումը կը բխի ոչ միայն դատողականութեան թեզերէն, այլ կը յենի փորձի պատմութեան եւ պատմականութեան վրայ։

Մնացեալը անշուշտ ժամանակի խնդիր է ու վերը նշուած բոլոր թեզերը քննութենէ եւ քննարկումէ անդին կը յենին մեր ժողովուրդի ապրած մեծ փորձառութեան եւ կենսունակ բխումներուն վրայ։

Ի դէպ, օրերս ուշագրաւ զրոյց մը ունեցայ լիբանանահայ գործարար, իմ հայրենակից ու լաւ ընկեր Սեւակ Արծրունիին հետ, որ կարեւոր շեշտադրումներ կատարեց մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական ընդհանուր վիճակին, մեծ վրիպումներուն ու գալիք յուսատու սպասումներուն մասին։

Իմ ընթերցողներուն պիտի առաջարկեմ կարդալ ստորեւ տրուած այդ կարճ բայց բովանդակալից հարցազրոյցը։

-Պրն. Արծրունի, ինչ խօսք, դժուար օրեր կ՚ապրինք։ «Քովիտ-19»ի հետեւանքով մեր երկիրն ու ժողովուրդը յայտնուած են բաւական դժուար կացութեան մէջ։ Կը խօսուի համընդհանուր «քոլափս»ի մասին. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր ստեղծուած իրավիճակը։

-Ես շաբաթներ առաջ այդ մասին իմ կարծիքը գրաւոր յայտնած եմ, եւ այն, ինչ գրած եմ, ճիշդ այդպէս ալ ըրած եմ՝ փոխած եմ իմ եւ իմ անմիջական շրջապատի կենսակերպը եւ ամենակարեւորը, կը վերանայիմ իմ յետագայ կեանքի ամբողջ տեսլականը: Պէտք է փոխել ամէն ինչ մեր կեանքին մէջ, ընդհուպ վերանայիլ մեր մէջ արմատացած սովորութիւնները: Հարկաւոր է ապրիլ այլ կերպ: Վերափոխել նոյնիսկ հաճոյքի, ժամանցի, կենցաղի տնտեսման, նոյնիսկ՝ բնազդային որոշ սովորոյթներ: Եւ այդ ամէնը պէտք է ընել ոչ միայն «Քովիտ-19»ի, այլ նաեւ մոլորակի գերբնակեցման եւ համաշխարհային տաքացման հետեւանքով մեզի սպասող մեծ ցնցումներու պատճառով: «Քոլափս» պիտի ըլլայ երկրագունդի որոշ մասերուն մէջ, սակայն, «քոլափս»ը, հաւատացէք հոգեբանական եւ գաղափարական գործօններու հետեւանք պիտի ըլլայ: Այսինքն այն ժողովուրդները, որոնք ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ կ՚ըլլան, կը կանխատեսեն իրենց ապագան, անոնք կ՚օգտուին յետհամաճարակային իրավիճակէն, իսկ արեւմտեան մոտելը բռնազբօսիկ կերպով շալակած թոյլ հասարակութիւնները կը փլուզուին:

-Հայաստանը ի՞նչ պէտք է ընէ՝ այս իրավիճակէն դուրս գալու համար: Որո՞նք են գլխաւոր քայլերը եւ անոնց համար բաւարար ներուժը ունի՞նք այսօր։

-Մեր ժողովուրդի ներուժը անվերջ է, սակայն անոր ներուժի մեծ մասը կ՚ինքնաոչնչացուի քանի մը առասպելներու պատճառով: 18-րդ դարուն մեր մտաւորականութիւնը սկսաւ մեր ժողովուրդի դաստիարակման գործընթացին: Մխիթարեանները, բայց նաեւ հայկական պահպանողական քաղքենիութեան այլ շարժումներ Մատրասի, Փարիզի, Խրիմի, Մոսկուայի եւ երկրագունդի շատ այլ քաղաքներու մէջ սկսան կրթել հայրենի ժողովուրդը, որ կ՚ապրէր աղքատութեան ու յետադիմութեան մէջ ոչ միայն Հայաստանի հեռաւոր գաւառներուն մէջ, այլ նոյնիսկ Պոլսոյ ու Թիֆլիզի նման կարեւոր կեդրոններու մէջ: Անոնք երկու դար շարունակ մեր ազգը հասցուցին զարթօնքի:

Այսօր ցաւով կ՚ըսեմ, որ նոյն բանը պէտք է ընել: Հարկաւոր է հայութիւնը վերադարձնել իրականութիւն, դատողականութեան (փրակմաթիզմի) դաշտ: Մենք տարուած ենք արդէն փուլ եկող արեւմտեան արժէքներով եւ մեր ներուժը կը սպառենք անոնց առասպելներու հաշուոյն:

Ամէն կողմ առասպելներ են․ ռուսական դաշնակիցէն կատարեալ անկախացման, Փոքր Ասիական եւ օսմանեան անցեալի դրժման, ապազգային համաշխարհայնացման անշրջանցելիութեան… Այս բոլորը ոչ թէ արդիապաշտութեան (մոտեռնիզմի), այլ յետադիմականութեան եւ խաւարամտութեան արդիւնք է: Մեզմէ շատեր անկեղծ կը հաւատան բաներու, որոնց մասին ոչինչ գիտեն: Անոնք պարզապէս սխալ ու մակերեսային կը պատկերացնեն թէ՛ անկախութիւնը, թէ՛ համաշխարհայնացումը, թէ՛ պահանջատիրութիւնը: Օրինակ, մենք համաշխարհային ազգ ենք, թէկուզ տուտուկով, հաստ պեխերով եւ եղած ենք միշտ: Հիմա ո՞վ մեր միտքը մտցուցած է այն գաղափարը, որ համաշխարհայնացած (կլոպալիստ) տղամարդը կ՚ըլլայ անպայման ականջօղով եւ պոչիկով: Կամ՝ ռուսատեացութեան այս ջղացնցական (հիսթերիք) ալիքը. ես ֆրանսական մշակոյթի կրող եմ, Ռասինն ու Վոլթերն են իմ մտքի փարոսները, իսկ ռուսերէն չեմ գիտեր, հինգ լեզու գիտեմ, բայց ռուսերէնը անոնց մէջ չէ: Սակայն հասկցած եմ, որ Ռուսաստանի հետ հայութեան դաշնակցումը ո՛չ մշակոյթի, ո՛չ կրօնի, ո՛չ ճաշակի խնդիր է: Ռուսաստանը մեր պետութեան եւ ազգի կայացման գործին մէջ անշրջանցելի է՝ տնտեսութեան եւ կարգ մը վտանգներու պատճառով: Յետոյ գիտէ՞ք, ամէն առաւօտ արթննալ ու ըսել՝ ես բժիշկ եմ, ես բժիշկ եմ, բաւական չէ բժիշկ դառնալու համար: Բժիշկ ըլլալու համար հարկաւոր է երթալ, ուսում ստանալ: Կ՚ուզենք անկախ ըլլալ, պէտք է աշխատինք այդ ուղղութեամբ օր ու գիշեր, ու յետոյ, անկախութեան դիրքերէն վերագնահատել հայ-ռուսական համագործակցութեան հեռանկարները: Առասպելներով ու անգլերէն ըսած wishful thinking-ով աշխարհաքաղաքականութիւն չես փոխեր:

-Այս ամէնով հանդերձ, որպէս հայրենադարձ գործարար, լաւատե՞ս էք մեր երկրի ապագայի հանդէպ:

-Հասարակական գործունէութենէն ես նախընտրեցի անցնիլ գործարար դաշտ եւ հեռու մնալ նեղ քաղաքականութենէն: Այնտեղ այս պահուն կան խնդիրներ, սակայն անոնք բոլորն ալ անցողական են: Մեր ժողովուրդը խոհեմ է եւ հարկ եղած պահուն ներկայ եւ զգաստ կը կանգնի պատմութեան առջեւ:

Իրականութեան մէջ մենք ունինք երեք գերխնդիր՝ ձերբազատուիլ առասպելներէն եւ սուտ հերոսներէն, կառուցել գերարդիական հզօր բանակ եւ ամենակարեւորը՝ սկսիլ կայուն զարգացման հայկական մոտելի ստեղծման համահայկական գործընթացի, որն ալ այս պահուն մեր գլխաւոր աշխատանքն է: Այս երրորդ ուղղութեան մէջ հայրենադարձները մեծ դեր կրնան խաղալ, եւ համոզուած եմ, կը խաղան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020