ՍՓԻՒՌՔԸ` ՄՆԱՅՈ՞ՒՆ, ԹԷ ԱՆՑՈՂԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հայկական սփիւռքը, գէթ դասականը, ցեղասպանութեան հետեւանքն է: Այդ մէկը պարտադրուած իրականութիւն մըն է, երբ ազգովին տեղահան եղանք մեր պապենական հողէն եւ կազմեցինք փոքրիկ հայաստաններ: Դասական սփիւռքին վրայ եկան աւելնալու Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիները՝ վերջին երեսուն տարիներուն: Այս բոլորէն առաջ կարգ մը երկիրներու մէջ կային նաեւ հայկական գաղութներ, որոնք արմատ նետած են միջին դարերէն սկսեալ եւ որոնց մէկ կարեւոր մասը ներկայիս ձուլուած է տեղացի ժողովուրդներուն մէջ: Յիշատակելի բացառութիւն մը կը կազմէ պարսկահայ գաղութը, որ մինչեւ այսօր պահած է հայկական ամուր պատուանդան: Հայաստանը, միջազգային դիտարկումներէ մեկնելով, կը դասուի այն քիչ երկիրներու շարքին, որոնց սփիւռքի ժողովուրդին թիւը շատ աւելի մեծ է՝ քան հայրենիքինը:

Հայկական սփիւռքի գլխաւոր մտահոգութիւնը եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր անհատի եւ ընտանիքի բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելն է, նոյնքան նաեւ հաւաքական իմաստով ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանումն է, ինչ որ յաճախ հայապահպանում կը բնութագրուի: Հայապահպանումը ունեցած է եւ, երեւի, պիտի ունենայ իր տարբեր դրսեւորումները՝ մեկնելով իւրաքանչիւր գաղութի պայմաններէն եւ անոր պարունակէն:

Նախ կ՚արժէ խօսիլ հայկական սփիւռքի կազմութեան եւ նկարագրին մասին:

Եթէ սփիւռքը հայկական է եւ մէկ ամբողջութիւն, բայց կան նաեւ տարբերութիւններ: Կարելի չէ ըսել, որ հայկական սփիւռքները աշխարհի տարածքին նոյնանման են: Եթէ բոլորս միացնող օղակը հայոց լեզուն է, անկախ թէ որքան մայրենի լեզուն պահպանուած է եւ կը գործածուի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, բայց նաեւ կան ազգային մշակոյթը, քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ պատմական աւանդը: Ասոնց կողքին կան զուգահեռ ընթացող իւրաքանչիւր երկրի դրոշմած նկարագիրը եւ մշակոյթը: Ահա թէ ինչո՛ւ պիտի ըսենք, որ լիբանանահայ ենք եւ ոչ անպայմանօրէն կը նմանինք ֆրանսահայուն, պրազիլահայուն ու տակաւին: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ ծնած հայ, կը ստանայ նաեւ այդ երկրին մշակոյթը եւ կենցաղը: Հայկականին վրայ կու գայ աւելնալու իւրաքանչիւր երկրի նկարագիրը: Այս իրականութիւնը կը նմանի «երկսայրի սուրի», որ կրնայ իր վնասները գործել, բայց նոյնքան նաեւ օգտակարութիւններ ունենալ, եթէ լաւ համադրուի եւ դրոշմուի:

Հիմնական կը մնայ այն, թէ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ որքա՞ն կարելի եղած է հաւասարակշռել՝ հայկական եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած նկարագիրներուն միջեւ: Որքա՞ն հայկականը եւ տեղականը կրցած ենք կամրջել իրարու, որպէսզի ունենանք հաւասարակշռուած սփիւռք-հայ՝ իմա սփիւռքահայ: Եթէ այս հաւասարակշռութեան գործօնը կրցած ենք յաջողցնել պատմութեան ընթացքին, գէթ որոշ համեմատութեամբ, բայց պէտք է նայիլ ներկայ օրերուն եւ ապագային՝ տեսնելու, թէ որքա՞ն պիտի կարենանք ընել այդ մէկը:

Հայկական սփիւռքը կը տարբերի այլ ազգերու սփիւռքներէն (…)։ Հայը իրաւազրկուած ժողովուրդ է եւ սփիւռքը մինչեւ այսօր կը տքնի, որպէսզի տիրանայ իր արդար իրաւունքին: Սա ընելու համար անհրաժեշտ է, որ սփիւռքահայը պահէ իր ազգային ու մշակութային ինքնագիտակցութիւնը եւ հաւասարակշռէ իր հայկական ու տեղական ինքնութիւնները: Դժուար առաքելութիւն մը, բայց՝ ոչ անկարելի: Անհրաժեշտ է որոնել նոր միջոցներ՝ մեկնելով կեանքի ստեղծած աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ կենցաղային նոր իրավիճակներէն եւ տեղեկատուութեան շնորհած մեծ նուաճումներէն:

Կայ միացնող օղակ մը, այսպէս ըսած, «հին» թէ «նոր» օրերու եւ անոնց հայապահպանումի գործընթացին մէջ: Սա քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութեան գործօնն է եւ անոր անփոխարինելի դերը մեր ինքնութեան ու պատմութեան շարունակականութեան մէջ:

Քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը պիտի կերտէ մեր կեանքերը իր մշակութային, քրիստոնէական եւ այլ ինքնութիւններով: Այս դաստիարակութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ գրաւական է՝ կերտելու մեր հայրենիքը եւ ապահովելու համար անոր անվտանգութիւնը: Այս դաստիարակութիւնը հայուն համար համապարփակ գործընթաց է: Հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, մշակութային աւանդը, քրիստոնէական կեանքի դաստիարակութիւնը եւ անոր իմաստը հայը կը պահեն ու կը զօրացնեն: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ դաստիարակութիւնը եղած է մեր գոյատեւման հիմքը: Այս նոյն դաստիարակութիւնը ջամբելու համար հայը հիմնեց եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, նաեւ ազգային, կուսակցական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ: Այս բոլորը իրենց կարողութիւնները մէկտեղեցին, որպէսզի հայուն ջամբեն դաստիարակութիւն եւ սորվեցնեն, որ սփիւռքահայը պիտի ապրի իր երկու ինքնութիւններով եւ անոնց հաւասարակշռութեամբ եւ կարելի չէ սակարկել ու զիջիլ հայկականը՝ տեղականին դիմաց:

Հայը, որ կը մեծնայ եւ կ՚ապրի սփիւռքեան իրականութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէ պիտի գիտակցի իր հայկական, ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը, պիտի սորվի զայն եւ պիտի կոփուի անով, նոյնքան նաեւ՝ տեղական իր պատկանելիութեամբ: Եթէ ցեղասպանութենէն ետք հայը ամփոփեց իր կեանքը ինքն իր մէջ, բայց այդ մէկը այլեւս կարելի չէ եւ առողջ չէ: Հայը պիտի ապրի ու ընդունի իր տեղական ինքնութիւնը եւ պիտի համակերպի անոր: Սա ունի իր դրական անդրադարձը եւ ներդրումը, եթէ լաւապէս հաւասարակշռուի եւ ազգային ու մտաւոր դրամագլուխի վերածուի:

Այս սփիւռքեան եւ սփիւռքահայ հայկական-տեղական դրամագլուխները ունին իրենց ազգային ու համահայկական օգուտները, եթէ լաւ ներմուծուին մարդկային եւ մտաւոր ներուժով: Տարբեր երկիրներու մէջ ծնած եւ դաստիարակուած հայը իր հետ կը բերէ այդ երկրին փորձառութիւնն ու գիտելիքը: Եթէ այս բոլոր փորձառութիւնները գումարենք, կ՚ունենանք համահայկական դրամագլուխ մը՝ միջազգային տարբեր երանգներով, փորձառութիւններով եւ կարողութիւններով: Լաւ համադրուելու պարագային սա կրնայ նոյնքան իր ներդրումը ունենալ հայրենիքի հիմնահարցերուն եւ անոնց կարգաւորումին մէջ:

Ժամանակը եւ պայմանները սկսած են ցոյց տալ, որ սփիւռքը անցողակի չէ եւ այլեւս պէտք է նկատել զայն՝ որպէս մնայուն ներկայութիւն: Պիտի փորձենք տեսնել եւ գործել, թէ ինչպէ՛ս այս մնայուն կարգավիճակով իրականութիւնը պիտի վերածենք ամուր, տոկուն եւ համահայկական մեծ մարդուժ-ներուժի: Սա պիտի նշանակէ, որ արժէ հոգալ եւ զարգացնել սփիւռքը: Ինչպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սփիւռքի տարի»ի հռչակակագրին մէջ կը յստակացնէ. «Հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք»: Սփիւռքի վերակազմակերպումը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ուժեղացումը կրնայ ընթանալ երկու փուլերով:

Առաջին՝ ներքին, ուր իւրաքանչիւր գաղութ կը ձեւաւորէ եւ կ՚աշխուժացնէ իր ընթացքը, զարկ կու տայ կրօնական, ազգային, մշակութային դաստիարակութեան: Նոր ժամանակները կը պահանջեն նոր մտայղացումներ, մօտեցումներ եւ կեցուածքներ: Առկայ են նաեւ ներկայ օրերու այլ պարագաներ: Հայեր, որոնք հայերէն կը խօսին կամ ոչ: Անոնք, որոնք լման հայեր են իրենց ծնողական արմատներով եւ անոնք, որոնց ծնողներէն մէկը հայ է: Այս բոլոր իրականութիւնները կարելի չէ անտեսել եւ ստորադասել:

Երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան եւ հայաստանեան-արցախեան իրականութիւններուն մէջէն: Սփիւռքեան իրականութիւնները նոյնանման չեն: Հայ ենք, բայց ունինք տարբերութիւններ: Գործնական տուեալներէ մեկնելով՝ համահայկական սփիւռքեան կազմակերպչական խորհուրդ-կարգավիճակ ստեղծելը բաւական դժուար գործընթաց մըն է: Ասոր կողքին անհրաժեշտ է մտածել՝ համահայկական-հայաստանեան համադրական միջոցառումի մը ստեղծման մասին, որպէսզի կարողանայ համադրել համասփիւռքեան տուեալներն ու կարողութիւնները եւ կամրջել զանոնք հայրենիքի իրականութեան հետ:

Հոս ունինք փորձառութիւնը:

Խորհրդային համակարգի ժամանակ կար սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, որ այդ ատեն լաւ գործունէութիւն ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ: Անկախութենէն ետք ստեղծուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ իր տասնամեայ գործունէութեան մէջէն ցոյց տուաւ, որ իրագործելիք շատ բան կայ: Հայաստան-սփիւռք համաժողովները լաւ ազդանշաններ տուին այդ ուղղութեամբ: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ցոյց տուաւ, որ կար հայկական մարդուժը ի մի հաւաքելու հնարաւորութիւնը, տրամադրութիւնը եւ խանդավառութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ հայրենի պետականութիւնը համոզուի ու վերստեղծէ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ սփիւռքահայ իրականութիւններու հետ կազմակերպէ աշխատանքային կառոյց՝ համադրելու համար գաղութներու կարողութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ առընչելու զանոնք հայրենիքին հետ:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ապրելու կարողականութիւնը եւ յենարանը մեր «փափուկ ուժին» մէջ է: Իսկ փափուկ ուժին հիմքը հայուն մշակութային հսկայական ժառանգութիւնն է եւ մտաւոր ու ազգային տարբեր ոլորտներու մէջ իր մասնագիտական մարդուժը: Հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի, եթէ կարենանք այս փափուկ ուժը լաւ պահել եւ ներմուծել մեր համահայկական ազգային կեանքին մէջ: Այս փափուկ ուժը լաւապէս կը կազմակերպուի, երբ գոյութիւն ունենայ համահայկական օրակարգը եւ անոր գործընթացը:

Սփիւռքը՝ մնայո՞ւն, թէ անցողակի իրականութիւն… Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, կայ մէկ կարեւոր առաքելութիւն՝ հայկական-սփիւռքեան կեանքի վերակազմակերպումը եւ վերաշխուժացումը: Հայուն գոյութիւնը իր ազգային կեանքին շարունակականութիւնը ապահովելուն մէջ է: Իսկ այդ մէկը ընելու համար պիտի հաւատանք, որ սփիւռքը պիտի պահենք եւ պիտի վերակազմակերպենք՝ քաջ գիտնալով տարբերութիւնները, որոնք առկայ են իւրաքանչիւր գաղութի մէջ: Բայց նոյնքան նաեւ պիտի համոզուինք, թէ այս տարբերութիւնները եթէ լաւ համադրուին, կրնան վերածուիլ ուժի մը, որ կրնայ ամրապնդել մեր ընդհանրական կեանքը: Կ՚արժէ, որ հայրենիքն ալ տեսնէ, թէ իր ուժը սփիւռքի ուժեղացումին մէջ է:

Սփիւռքը՝ մշտակա՞ն, թէ անցողակի իրականութիւն… Ինչ եւ ինչպէս որ ալ ըլլան պարագաները եւ պայմանները, պիտի հաւատանք հայուն կեանքը ապրելու գրաւականին: Իսկ ապրելու համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը: Սփիւռքահայ կեանքի դաստիարակութիւնը հայը պիտի վերածէ զօրաւոր սփիւռքահայու: Հայուն այս սփիւռքահայ կեանքը պիտի ապահովէ նոյնինքն իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացը:

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022