ՅՈՒՇԸ ԻԲՐԵՒ ՀԻՄՔ. ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄ
Կը փնտռենք յուշեր, որոնք, հաւանաբար, մասամբ կամ լիակատարօրէն մեզի ալ չեն պատկանիր: Հոն է հիմքը ապրուածութեան, երբ միայն քուկդ մաս չի կազմեր, այլեւ յուսալի ու ամենակուլ տիրականութիւն վերածելու անձը իրական եւ ոչ միայն տեսողական տիեզերքի լինելութեան: Մենք մինակ չենք ընթացքով, բայց միաժամանակ մենք մինակ անձեր ենք՝ ո՛չ թէ ազգայինով, համամարդկայինով, աստուածայինով, այլեւ յուշ ու յիշողութիւններ ստեղծելով ու անոնց շարժիչը դառնալով: Մարդ արարածին կեանքը հետք ու արարում կերտումէ վեր ու վար պարզ յուշ ու տարերային յիշատակութիւն ըլլալու ջանք է եւ այդ ոչ թէ ուրիշին՝ երրորդ դէմքին, մարդկութեան կամ նոյնիսկ բնութեան ու մեթաֆիզիքին համար է, այլեւ պարզ եւ ուղղակի առաջին անձին ու անոր պահակերտուած ուրախութիւններուն կամ աւելի ճիշդը՝ մեծ ու պզտիկ եւ անվերջանալի ուրախութիւններու պահակերտումներու համար է: Պատմութիւնը, մշակոյթը, պատերազմներն ու հաւաքական նուաճումները՝ այս պարզ կիրքը չեն կրնար շրջանցնել ու գերազանցել:
Անմիջականը, ապրուողը, ըմբոշխնուող ձգտուածը պահի մէջ եղած ջանքն է՝ յուշերու ու ներկայութեան անվերջ շրջադարձութիւններով, անհատին ու անոր հետ եղող անձանց ու հաւաքականութեան, ինչ որ չկայ այսպէս կամ այնպէս առանց առաջին դէմքին:
Եթէ մարդկային հաւաքական կեանքի նպատակը, տեղ մը, ստեղծելն է վաւերականութիւն, հետք ու թուայնացում, որոնք քաղաքակրթութեան ատրադրողական գոյութենական խնդիրներն են, ապա քաղաքակրթութեան նախնական, արմատալից ու կոյս դրսեւորումը անհատական յուշ-վաւերականութիւն ու ապրուստ ստեղծելն է՝ ո՛չ միայն կառուցողական իմաստով, այլեւ այսպէս կոչուած՝ մաքուր, սոսկ ու անշահախնդիր ապրելու, ապրումի կերտման ընկալման, ըմբոշխման ու հաստատագրման իմաստով:
Անհատական մակարդակով ապրուստի տեւական մարմաջը քաղցր ու երջանիկ պահ ստեղծելն է եւ այդ թաքուն կ՚անցնի ամէն տեղ: Միեւնոյն ժամանակ մեծ երջանկութիւնները մտահոգիչ են այն իմաստով, որ անգերազանցելիութեան մը կրնան տանիլ եւ անոնց ապրուածութիւններէն վերջ մարդկային վախ կայ անկումներէ, բացթողումներէ, կորուստներէ: Ինքնին կեանքին ժամանակը միշտ առաւելին ձգտող է, իսկ տեւաբար նախագերազանցող, վերաբարձուող երջանկութիւններ ապահովելը դժուար է, չըսելու համար անկարելի: Մարդկային հաւաքական ճիգը իր գիտութեամբ, մշակոյթով եւ ընկերաբանութեամբ երջանկութիւն փնտռող ու հաստատող ինքնութիւն ունի, իսկ անոնց զգացական ու անմիջական թարգմանութիւնը այսպէս ըսած՝ ամէն տեղ պայծառ պահերու կերտումն է: Յուշը ինչո՞ւ վտանգաւոր է ու հոգեպայթուցիկ․ քանի երբ քաղցրագոյն է, արդէն մարմնաւորած է անձի ամենաերջանիկ, առինքնող ու կայացուած խնդիրը ըլլալ, որ ինքնին անցողիկութեան մէջ գոյութենական նուաճում է եւ համատարած մարդկային չըլլալուն՝ անհատական անդրժամանակայնութիւն է (հակառակ անցեալի մէջ մնալով): Յուշակատարումը առաքելութիւն ըլլալու կողքին կլանող է, այն իմաստով, որ մենք բոլորս գիտենք, թէ մեր երջանկութեան աղբիւրներն ու մարմնաւորումները կը հակադրուին կեանքի էութենական ողբերգականութեան հետ: Ինչո՞ւ պահակերտումը կը հակադրուի նաեւ ապագային հետ․ քանի ան գիտէ, որ ապագային տանջանքը զայն անհետացման պիտի յանգեցնէ: Պահին քաղցրութիւնն ու ընթացիկութիւնը իրենց հետ կը բերեն նաեւ տրտմութիւնն ու յոյզը, որոնք ապագային հանդէպ յանձնառու չեն, իսկ որեւէ կերտուած յիշողութիւն, պատմութիւն, նուաճում եւ այլն… ապագային պիտի տան ցաւագինութիւն:
Եթէ ըլլայ այն հաւանականութիւնը, թէ հարցերն ու պատահարները անուանում չեն կրնար ունենալ եւ յիշողութիւնը չունենայ վաւերականացման նպատակ, ապա «հիմա»յի արուեստը կրնայ բացարձակ համարուիլ, բայց այդ մէկը անկարելի է, ինչքան ալ մեր ներկայ դարը իր ապագայապաշտութեան հետ կրնայ համարուիլ հիմակուայ, ներկայի եւ վայելքի չյուզականացման դար: Մեզի համար հարցը կը մնայ․ նուաճե՞լ յուշը զայն անդադար կերտելով կա՛մ սպառե՞լ զայն անվերադարձ ապրեցնելով:
Մեր բոլոր վարքերը, անդրադարձները, գործակատարումները մղուած են վերակերտում մը ստեղծելու կատարելագործութիւններու սիրոյն եւ, հաւանաբար, ամենաամոքիչ եւ արդար ընկալումն ու ապրուստի կերտումը՝ եղածի, կատարուածի, կերտուածի եւ նուաճական յուշերու-յիշատակներու զեղումնային խառնուրդը բերել, համեմելն ու ապրեցնելն է առօրեայով: Ինքնին մարդկային մշակութաբանական առաքելութիւնն ալ ձեւով մը մեծամասնութեամբ ունի այդ մղումը՝ հիմա ըլլալ նորը, բայց հինին սերուցքը տեւաբար վերապրելով, վայելելով ու իմաստացնել-գործուղելով ու օգտագործելով զայն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան