ԴԱՍԱԿԱՆ ՅՈՒՆԱՐԷՆԻ ԵՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳՐԱԲԱՐԻ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ՈՐՈՇԻՉ ՅՕԴԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Նպատակս քարոզ մը խօսիլ չէ, այլ պարզ փնտռտուք մը կատարելն է աղօթանուէր հաւատացեալի մը ուղղած մէկ հարցումին որպէս պատասխան։ Լսած էր, որ ոմանք «փրկեա՛ զմեզ ի չարէն» կ՚արտասանեն փոխանակ «ի չարէ» ուղիղ ձեւին, ինչպէս ինքս նաեւ լսեր եմ։

Երբ «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը կ՚արտասանենք՝ վերջաւորութեան «այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ՞» թէ ոչ «ի չարէն» պէտք է ըսել, կը հարցնէր հաւատացեալը։ Երկրորդ պարագային յատուկ եւ մասնաւոր «չարիք»ի մը կ՚ակնարկուի երբ որոշիչ Ն գիրը կ՚աւելցնենք ինչպէս «Փրկիչն մեր»։ Մինչդեռ առանց «ն» որոշիչ յօդին «չարիք»ը կը հասկցուի իր աւելի լայն եւ ընդհանուր հասկացողութեամբ, այսինքն զմեզ «ամէն տեսակ չարիք» ազատէե» կ՚աղերսուի քան թէ մէկ որոշ չարիքէ մը, ինչպէս յիրաւի աղօթքին նպատակն է։

Աշխարհաբարի թարգմանութեամբ հասկնալի կը դառնայ Ն եւ կամ Ը որոշիչ յօդերուն առատ օգտագործումը, բայց դասական գրաբար լեզուին մէջ նուազ կը հանդիպինք Ն գիրին իր նոյն պաշտօնով, ինչպէս «Տէրն մեր», «Արեգակն արդար», «բխումն ի Հօրէ»։ Իսկ Ը որոշիչ յօդը երբեք կապ չունի գրաբար լեզուին հետ, քանի ան միայն աշխարհաբարին կը վերաբերի։ Նկատի ունենալ նաեւ, «ի Հօրէ» բացառական հոլովը, որուն ետին Ն որոշիչ յօդը դարձեալ քիչ անգամ կը տեսնենք գրաբար լեզուին մէջ, ինչպէս «ի Փրկչէն մերմէ»։ Գրաբար լեզուն բառին բացառական հոլովին ետին Ն գիրը ընդհանապէս չի կցեր։ Հետեւաբար «ի չարէն» ձեւակերպումը խորթ է մեր գրաբարին։

«ԱՅԼ ՓՐԿԵԱ՛ ԶՄԵԶ Ի ՉԱՐԷ»

Երբ մեր Ոսկեդարեան Թարգմանիչները Աստուածաշունչ մատեանը գրաբարի թարգմանեցին, Տէրունական աղօթքին մէջ «ի չարէ» թարգմանեցին, հակառակ անոր որ յունարէն Եօթանասնից Սուրբ Գիրքը որմէ թարգմանեցին, «ի չարէն» գրած է։ Մեր Թարգմանիչները քաջ գիտնալով հանդերձ յունարէն լեզուն, պահեցին գրաբարի կառուցուածքը եւ այս կէտին մէջ չհետեւեցան յունարէն բնագրին։ Անգլերէն թարգմանութեան մէջ ալ “Deliver us from evil” կը կարդանք եւ ոչ “from the evil”։ Յունարէնն ու գրաբարը դասական լեզուներ ըլլալով բնականաբար ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։

Որպէս հայերէն խօսակցական լեզու Թարգմանիչներն ու իրենց նախնիքը միայն գրաբարը գիտէին կամ ունէին, սորված ըլլալով հանդերձ յունարէնն ու ասորերէնը, որքան ատեն որ գիրերը տակաւին չէին հնարուած ու հաստատուած արտայայտելու համար լեզուին բառամթերքն ու քերականական կառուցուածքը, որուն վրայ գիրերու գիւտէն ետք պիտի հիմնէին առաջին թարգմանութիւնները։ Անոնք պիտի չթարգմանէին յունարէն լեզուին առանձնայատկութիւնը, այլ պիտի թարգմանէին բովանդակութիւնը՝ հաստատուն գրաբար լեզուով, որուն տիրապետած էին լիովին։ Արդէն ուրիշ տարբերակ չկար այն ատեն գրաբարի կողքին։

Երբ կը կարդանք յունարէն «Հայր մեր»ը, առաջին տողերուն մէջն իսկ կը տեսնենք նոյն դրոյթը։ Հոն «սուրբ եղիցի անունՆ քո» գրուած է, ինչպէս նաեւ «եկեսցէ արքայութիւնՆ քո», «եղիցի կամքՆ քո», մինչդեռ մեր թարգմանիչները գրաբարի հաստատ օրէնքներով կամ առանձնայատկութիւններով թարգմանած են «սուրբ եղիցի անուն քո», «եկեսցէ արքայութիւն քո», «եղիցին կամք քո»։ Չշփոթել «եղիցին» բառին վերջին «ն» գիրը, որ որոշիչ յօդ չէ, պարզապէս եղիցի բային յոգնակի երրորդ դէմքին խոնարհումն է, յոգնակի «կամք» բառին ենթակայ։ Շատեր «եղիցի կամք քո» ըսելով կ՚անցնին, փոխանակ բայը երրորդ դէմք յոգնակի կարդալու։

Նշելի է նաեւ յունարէն բնագրին կրկնապէս «որոշիչ» դարձնելու արտայայտութիւնը։ Երբ արդէն «սուրբ եղիցի անուն քո» կ՚ըսուի, հոն որոշապէս «քո» դերանունը ամբողջովին կը ճշդէ, թէ որու անուան մասին է խօսքը։ Նոյնպէս «արքայութիւն քո» եւ «կամք քո»։ Որոշիչ յօդը աւելորդ կը մնայ երբ արդէն բնորոշուած է, թէ որո՛ւն յատուկ են անոնք՝ ուղղակի «քո» դերանունով։ Բնականաբար յունարէն լեզուի առանձնայատկութիւններէն մին է այդ կրկնակի շեշտադրումը։ Գրաբար լեզուն ուրեմն կը զատորոշուի իր ճկունութեամբն ու պարզութամբ։

Այս բոլորը կը հաստատեն սխալ գործածութիւնը՝ երբ ոմանք «ի չարէն» կը նախընտրեն իբրեւ թէ շեշտելու համար «չարը»։ Մինչդեռ ինչպէս ըսուեցաւ աղօթքը մէկ յատուկ չարիքի մասին չէ, չարիքը որպէս ամբողջութիւն, ամէն տեսակի չարիքէ փրկութիւն կը հայցուի։ Ուրեմն հարցին պատասխանն այն է, որ Ոսկեդարեան հնագոյն թարգմանութեան հետեւելով պիտի աղօթենք «այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ» հայցելով։ Առաւել եւս որեւէ մէկը պիտի չհամարձակի Աստուածաշունչ մատեանէն գիր մը եւ ստորակէտ մը փոխելու եւ նաեւ Ոսկեդարեան թարգմանութիւնը «ճշդելու»։ Քաւ լիցի։ Բնագիրն ու իմաստը այս է։

ՍՈՂՈՄՈՎՆ, ՍԻՈՎՆ

«Վ» գիրը յատկապէս ընդգծեցի, որովհետեւ «գրաբարագէտ» տիրացուներ եւ անհատ հոգեւոր հայրեր երբ կը կարդան Աւետարանէն, երբեմն կը շեշտեն ՍողոմոՎնի եւ ՍիոՎնի անպաշտօն «վ» գիրը, զանոնք բարձրաձայն արտասանելով ցոյց տալու համար գրաբար գիտցած կամ չգիտցած ըլլալնին։ Հոս դարձեալ կայ յունարէն լեզուէն տառադարձութեան օրէնք մը, որուն մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կ՚ուզեմ տալ։

Սողոմոն անունը երեք հատ «ո» գիրեր ունի եւ տառադարձուած է յունարէն լեզուէն, ուր առաջին երկուքը «օմիգրոն» են ու վերջինը «օմեկա»։ Մեր թարգմանիչները նկատի ունէին, որ հայերէն նորահնար գիրերուն մէջ միայն «Ո» գիրը կը ձայնէր որպէս համազօր, եւ գիտականօրէն կարելի չէր յունարէն երկու տարբեր գիրերուն դիմաց միեւնոյն գիրը հաւասարեցնել։ Ուստի հնարք մը ըրին ու «օմեկա» տառին համար հնարեցին «ով» բաղադրեալը, զատորոշելու համար «օմիգրոն»էն։ Ոմանք շուտով պիտի ըսեն, թէ մենք  ունինք արդէր «օ» գիրը, որ կրնար փոխարինել։ Սակայն պէտք է գիտնալ, որ Մեսրոպեան այբուբենին մէջ նման գիր մը գոյութիւն չունի, այլ միայն «աւ» բաղադրեալը, ինչպէս Պաւղոս (Պօղոս) եւ կամ աւրէնք (օրէնք)։ Յետագային է որ «օ» եւ «ֆ» գիրերը աւելցած են Մեսրոպեան այբուբենի վերջաւորութեան։ «Սիոն»ի պարագային նոյնպէս, եթէ մինչեւ դար մը առաջ «վ» գիրով կը գրէին, արդէն անպաշտօն եւ անձայն այդ գիրը անտեսուեցաւ ու հնչումը մնաց անաղարտ.

Հետեւաբար կարդալ Սողոմոն եւ Սիոն ու նմանատիպ բառեր հաստատ գիտնալով, որ յունարէն «օմեկա» գիրին հաւասար հնարած են մեր Թարգմանիչները «Վ» գիրը կցելով ձայնաւոր գիրին։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021