ԿՐԱԿԸ
Սովորութիւն դարձած էր: Լաւ սովորութիւն: Այսպէս ընթրիքէն ետք, կամաց մը հեռանալ ճաշասեղանէն ու դուրսը բակին մէջ հաստատուած կրակարանին շուրջ անխօս դիտել կրակի բոցերուն հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:
Հաստատօրէն ինծի համար բոլորովին նոր սովորութիւն դարձաւ այս մէկը:
Սակայն, ես ո՜ւր, կրակը ուր:
Տարիներ առաջ, կը մտածէի, երբ տակաւին սկաուտ էի, լաւագոյն պարագային սկաուտական խարուկահանդէսի մը մաս կազմած էի եւ կամ ալ պաշտօնապէս ներկայ գտնուած: Միայն այսչափ, կրակ կամ բոց, այդ օրերու կեանքիս մէջ:
Բայց, երբեք կրակը այսքան մօտէն չէի դիտած:
Արդեօք այս տարիքիս բնապա՞շտ մը դարձած էի: Չէի գիտեր: Ու կարծես հետզհետէ կրակին հանդէպ այսքան մեծ եւ այսքան անհուն սէր ու համակրանք ունենալուս՝ բոլորովին անծանօթ էի: Պարզապէս վարժութեան հարց էր:
Նաեւ կը մտածէի, որ կամաց-կամաց խարոյկի կամ կրակի մեծագոյն սիրահարներէն մէկը սկսած էի դառնալ: Կը հեռանայի շուրջիններէս ու այդ կրակին մօտ, մինակս կը նստէի: Երկար ու անխօս կը նստէի, ինքզինքս հաւաքած ու միշտ աչքերս կեդրոնացնելով անոր բոցերուն՝ ագահօրէն կը դիտէի:
Անպայմանօրէն այդ կրակ ըսուածը իր մէջ գաղտնիք մը ունենալու էր, կը մտածէի յաճախ՝ անմեղօրէն: Ես ինծի համար բնապաշտ մըն էի: Բնութեան մարդ: Ոչ մէկ կասկած: Ու ձայնիս մէջ ներքին եւ անհուն ուրախութիւն մը խառնելով, զիս խանգարողներուն կ՚ըսէի. «Տե՛ս, բնութիւնը որքան գեղեցիկ է: Լեռ, քար, ձոր, ամպ, ջուր, փոթորիկ եւ կրակ: Ահա բնութիւնը: Ան է մնայունը. իսկ մենք ենք, որ պիտի երթանք: Ատոր համար է, որ կը նախանձիմ անոր»:
Ու կը զարմանայի:
Ամէն օր բնութիւն ըսուածը մեր աչքին տարբեր գեղեցկութեամբ կը ներկայանար: Երբեմն վայրի, յաճախ սիրելի:
Թէեւ ինծի համար բնութեան հանդէպ իր բացայայտ սէրը որոշ ժամանակ մը զարմանքի առարկայ դարձաւ, սակայն յետոյ, կամաց-կամաց նոյն այդ սէրը վարակիչ դառնալով իմ ուշադրութեանս, սիրոյս եւ զարմանքիս հետ, էութիւնս ալ կլանեց:
Բայց զարմանալու բան չկար. ես զիս կը համոզէի կամ կը փորձէի համոզել, չէ՞, որ կրակն ալ բնութեան անբաժանելի մասն էր:
Ու ամիսներ ետք, զգացի, որ ես ալ բնութեան անխօս սիրահարներէն մէկը դարձած էի՝ անզգալաբար:
«Նայէ՛, կ՚ըսէի յաճախ ես ինծի, կրակն ալ իր հմայքը ունի. վայրի եւ խորհրդաւոր»:
Ու այսպէս, առանց պաշտօնականութեան, անզգալաբար սկսած էի խորովածի կրակին շուրջ ագահօրէն եւ երկար՝ կրակը դիտել: Հոն այդ կարմիր պլպլացող բոցերուն մէջ ամէն անգամ նոր ու անօրինակ գրաւչութեամբ կը կեդրոնանայի:
Բոցերու բազմազան գոյներ ու փայտերու յանկարծակի ճարճատումներ, յանկարծ ձեւ ու մարմին կը ստանային: Ու կեանքը աւելի հրաշալի կը դառնար աչքիս: Ներքին հետաքրքրութեամբ մը խանդավառուած, նոր ու անժամանակ մտածումներով տաքցած, երբ չտեսի նման կը դիտէի այդ հրաշքի խորհուրդը, զիս դէպի տարբեր ու խոր երեւակայութեան մը կը յանձնէր:
Ու մտովի կը գնահատէի մեր մեծ ու փոքր, հին ու նոր գրողներուն կամ բանաստեղծներուն կրակին հանդէպ իրենց նուիրուած գրութիւնները:
Եւ այսպէս նոյն այդ կրակարանին շուրջ, աչքերս կեդրոնացուցած, հետզհետէ մոխրացող փայտի կոճղերուն, նիհար ճիւղերուն, կը դիտէի գիշերէն վախցող, քիթ-քիթի թխմուած այդ բոցերուն, ազատ ու անկաշկանդ կայծկլտուքը:
Այդ վայրկեանին կը կարծէի, որ ինծի համար ծանօթ եւ անծանօթ յիշատակներ յանկարծ վեր կ՚ելլէին, երգերու, աղօթքներու օղակներով, ու դէմքիս անուշ երջանկութիւն մը կը բերէին:
Հին ու նոր դէմքեր կը հիւսուէին այդ բոցերուն մէջ: Դէմքեր, շատ յաճախ խօսուն, թափանցիկ մարմիններով, մեղմ նայուածքներով եւ կայծկլտուն: Խորհրդաւոր գաղտնիք մը կար այդ պլպլացող լոյսի խաղերուն մէջ, որուն համար երբեմն շունչս բռնած երկարօրէն ականջ կը դնէի անոնց խշրտոցին:
Երեւակայութիւնս աշխարհս կը լեցնէր:
Վայրի սակայն այդ կրակարանով սահմանուած բնութեան այս մէկ տարրը, երբեմն իրենց մտերիմ ներկայութեամբ հովերէն հալածուած ամպերու կը նմանէին:
Դէպի ազատութիւն տենչացող, սուլացող կամ ինքնասպանութեամբ ինքզինք դէպի դուրս նետող կարմիր, կապոյտով խառն ու նարնջագոյնով ներկուած կայծկլտուքներ, բոցեր՝ մէկ խօսքով կրակէ լոյսեր, որոնք հազիւ ծնած, հազիւ իրենց ներկայութիւնը հաստատած, ցուրտէն պարտուած, անվերադարձ կ՚անհետանային:
Անիրական աշխարհ մը, որ ձիւնապատ լեռներու, քարքարուտ դաշտերու եւ կամ խորհրդաւոր երկինքներու փայլքը կը շնորհէր դիտողին:
Ու այսպէս, ժամեր ետք, այդ մարող բոցերը, այդ մանր աչքերով հազարաւոր լոյսերը, ցուրտէ դողացող այդ ճկուն մարմինները, երբ այլեւս կը ցնդէին, իրենց հետ կը տանէին նաեւ իրենց ներկայութեամբ ծնունդ առած երեւակայութիւնս, հին ու նոր սէրերուս թարմ ու լեղի յիշատակները, երազներս, անօրինակ աշխարհներ թափանցող մտածումներս ու ինծի կը վերադարձնէին իմ իրական աշխարհս:
Ու աշխարհի չափ երջանիկ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024