«ՔԱՆԻ ԿԱՅ…»

Այսօր կէսօրուան ընդմիջումէն ետք երբ գրասենեակ կը վերադառնայի, դիմացս երկու երիտասարդ զոյգեր կը քալէին, այդ երիտասարդներէն մէկը հեռախօսով բարձրաձայն կը խօսէր: Խօսակցութենէն պարզուեցաւ, որ արտասահմանէն եկած են… Հեռաձայնով խօսող երիտասարդը իր խօսակիցին կ՚ըսէր.

-Մի քանի օրով եկել ենք Հայրենիք, Հայրենիքի կարօտն առնենք…

Հեռաձայնի մէջէն ձայնը յանկարծ ընդհատեց՝

-Քանի կայ…

-Ճիշդ ասացիր, քանի կայ, գոնէ հասցնենք վայելել…

«Քանի կայ…»:

Քանի՜-քանիներու մօտ այս տրմադրութիւնն ու այս մտածմունքն է: Հայրենիքը քանի կայ տակաւին…

Հոգեբարոյական ահաւոր ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի մեր ժողովուրդը թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Հոգեվիճակ մը, որ կը խօսի յուսահատութեան, բարոյալքման, ապագայի նկատմամբ անորոշութեան (հակառակ իշխող վարչախումբին եւ անոր հլու հնազանդ տրամաբանութենէ զուրկ աջակիցներու պնդումներուն, թէ Հայաստանը ապագայ ունի):

Հայաստանը, այո՛, ապագայ ունի, բայց Հայաստանի ապագան մերօրեայ ո՛չ հայրենասէր, աշխարհաքաղաքացիի մտածողութեան տէր, ո՛չ դիւանագէտ իշխանութիւնները չե՛ն կրնար ապահովել: Իշխանութիւն մը, որուն սահմաններէն ներս թշնամին իր ուզածը կ՚ընէ, ստուգման կէտեր կը տեղադրէ, իր իսկ քաղաքացիները կը կանգնեցնէ, դրացի երկրի փոխադրակառքերը կը կանգնեցնէ ու անոնցմէ տուգանք կը վերցնէ, եւ այս բոլորը «ապագայ» խոստացողներու աչքերուն առջեւ: Անոնք, սակայն, փոխանակ վճռական քայլերու դիմեն, դիւանագիտական խողովակները օգտագործեն որոշակի ճնշում բանաեցնելու համար թշնամիին վրայ, կու տան հետեւեալ պատճառաբանութիւնը.

«Այդ հողերը կամ տարածքները Սովետական իշխանութեան ժամանակաշրջանին իրենցը եղած է»:

Ի՜նչ տղայական պատճառաբանութիւն եւ արդարացում: Աշխարհի ո՞ր երկիրը այսօր կը կանգնի ու իր դրացի երկրին (հակառակորդ ըլլայ կամ ոչ) կ՚ըսէ, թէ գիտէ՞ք ինչ, շուրջ քառասուն տարի առաջ այս տարածքները այսինչ իշխանաւորին կամ վարչակարգին օրով ձերը եղած է, հրամմեցէք եւ վերցուցէք, կամ վարուեցէք այնպէս ինչպէս կը կամենաք: Զաւեշտալի՞ է չէ. չըսելու համար ողբալի: Այսօր ո՞ր մէկ պետութիւն առանց որեւէ մէկ ճնշումի կամ պարտադրանքի իր սեփականութիւնը եղող հողերն ու տարածքները աջ ու ձախ իր դրացիներուն կը բաժնէ: Այսպէ՞ս է ձեր երեւակայած ապագայ Հայաստանը, այսինքն՝ որպէսզի ձեր երազած ապագան գայ, պէտք է հողերը աջ ու ձախ բաժնէք, առանց գէթ մէկ վայրկեան մտածելու կամ ափսոսալու: Մի՛ մոռնաք, սակայն, որ այդ հողերը ձեր սեփականութիւնը չեն, այդ հողերը մե՛ր՝ ժողովուրդին սեփականութիւնն է, եւ դուք իրաւունք չունիք մեր Հայրենիքին հետ ձեր քմահաճոյքներուն համաձայն վարուելու:

Չէ՞ք անդրադառնար կամ չէ՞ք ուզեր անդրադառնալ, որ ձեր որդեգրած հայակործան ու պետականակործան քաղաքականութիւնը արդէն իսկ բոլոր կարմիր գիծերը անցած է: Չէ՞ք անդրադառնար, որ ձեր անփորձութեամբ հազար ու մէկ տեսակի փորձանք բերիք մեր ժողովուրդին գլուխին: Չէ՞ք անդրադառնար, որ ձեր տղայական խաբկանքներով ու շողոքորթութիւններով մեր ժողովուրդին մէջէն կը դատարկէք ամէն տեսակի ազգային արժէք ու սրբութիւն: Եւ ամենէն վատը, չէ՞ք անդրադառնար, որ ժողովուրդը այլեւս վստահութիւն չունի՛ իր վաղուան օրուան մասին, վստահութիւն չունի՛ իր գալիքի մասին, եւ օր օրի կ՚աւելնայ թիւը անոնց, որոնք «քանի կայ» արտայայտութիւնը կ՚աւելցնեն իրենց բառապաշարին վրայ, ու կը բռնեն արտագաղթի ճամբան…: Այդ արտայայտութիւնը ո՛չ միայն կ՚աւելցնեն, այլ՝ օր օրի կ՚իւրացնեն, մտածելակերպի ու կեանքի կերպի կը վերածեն… Այս բոլոր բաներուն մասին չէ՞ք անդրադառնար… Վստահաբար կ՚անդրադառնաք, բայց այդ անդրադարձը ձեր գործին ու եսակեդրոն շահերուն չի՛ ծառայեր, այդ պատճառով ալ կուրօրէն կը շարունակէք ամէն ինչ՝ ինչ որ հայկական է, ինչ որ առընչութիւն ունի Հայրենիքին, հայութեան ու ազգութեան հետ անուշադրութեան մատնել եւ կամ ընդհանրապէս վերացնել:

Ահաւոր բարդ իրավիճակի մը մէջ յայտնուած ենք եւ յստակ չէ տակաւին, թէ ի՜նչքան պիտի շարունակենք նոյն վիճակին մէջ մնալ: Մէկ բան յստակ է, սակայն, թէ ինչքան երկար շարունակուի այս վիճակը, այդքան պիտի մօտենայ մեր պատմութեան վերջին էջը դարձնելուն օրը:

Եթէ փորձենք պահ մը սակայն հասկնալ կամ փորձել ըմբռնել՝ լաւ այսքան տգիտութիւն ու հակահայկականութիւն, հակաժողովրդականութիւն ուրկէ՞ այս մարդոց մէջ: Պատասխանը շատ պարզ է. Հայրենիքի գաղափար չունենալէն: Մարդ երբ Հայրենիքի գաղափար չունի, ընդունակ է ամէն բան ընելու ի վնաս Հայրենիքին, իր սեփական ժողովուրդին, եւ ի շահ իր եսին, իր անձնական շահերուն:

Արդարեւ, եթէ հարցնենք ի՞նչ է Հայրենիքը, արդեօք ի՞նչ պատասխան կ՚ունենաք:

Հայրենիքը իւրաքանչիւրիս համար կրնայ տարբեր հասկացողութիւն ու ըմբռնում ունենալ: Օրինակի համար, գրութեան սկիզբը իմ յիշատակած երիտասարդներուն համար Հայրենիքը մի քանի օրուան հանգստավայր մըն է, եւ «քանի կայ՝ վայելենք»: Միայն այդ երիտասարդներուն համար հանգստավայր չէ, այլ բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար այսօր Հայաստանը վայելքի, հանգսիտի ու զուարճանքի գօտիի վերածուած է, ուր տարին մէկ կամ մի քանի առիթներով կ՚այցելեն, խորոված կ՚ուտեն, գինի ու օղի կը խմեն, Սեւանայ լիճ կ՚այցելեն՝ իշխանաձուկ մըն ալ այնտեղ կ՚ուտեն, Իջեւան ու Դիլիջան կ՚երթան քիչ մը թեթեւնալու՝ Հայրենիքին բնութիւնը վայելելու, Տաթեւ կ՚երթան ճոպանուղի նստելու համար, ատկէ ալ Ջերմուկ կ՚անցնին հանքային ջուրերը ըմբոշխնելու համար…, մօտիկ անցեալին այս ցուցակին մէջ կար նաեւ երբեմնի Արցախը… Ասոնց գումարած անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի ճոխութիւնները ազգային-մշակութային ոլորտէն սկսած՝ հասնելով անառակութեան ոլորտին…

Բայց միթէ՞ Հայրենիքը սա է, միթէ՞ մեր դարաւոր նահատակներն ու հերոս տղաները այս տիպի Հայրենիքի մը համար իրենց կեանքը զոհաբերած են նոյն այդ Հայրենիքի զոհասեղանին վրայ, որպէսզի ան գոյատեւէ ու ապրի: Եթէ այդպէս ըլլար, անոնք ի՞նչ բանով պակաս էին Հայրենիքը այսօրուան այդ կերպ ըմբռնածներէն, որով իրենք զիրենք այդ «վայելք»ներէն ո՛չ միայն զրկած են, այլեւ իրենց իսկ կեանքը նուիրաբերած են յանուն այդ Հայրենիքին: 

Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Ճառ խօսեցեալ ի կաճառս Ընկերութեան Համազգեաց»էն հատուած մը, ուր Պէշիկթաշլեան կ՚անդրադառնայ Հայրենիք գաղափարի մասին.

«Հա՜յրենիք. ո՞ր ազգասէր սիրտը չի թնդար աս գեղեցիկ ու վսեմ անունս լսելով, հա՜յրենիք, չիկայ ասկէ աւելի ցանկալի ու սրտի հաճոյական անուն մը. Հայրենեաց սէրը սաստիկ բոց մըն է, որ կը բորբոքի ազգասիրին սրտին մէջը, որով կը մաշի անիկա, չի՛ կրնար հանդարտիլ, պատեհաւոր առիթ մը կը սպասէ ան, սրտին մէջի վառած բոցը դուրս թափելու, ու աս կրակը չի մարիր, բայց միայն մահուամբ։ Մէկը ո՛րչափ անպիտան, անհանճար ու մարդկային կենցաղավարութեան բոլորովին անօգուտ մը ըլլայ նէ ալ, իր Հայրենեացը փառաւոր անունը բաւական կը սեպէ իրեն, ու անով կը պարծի օտարներուն առջին, իսկ առաքինին ու հանճարաւորը միայն անով գոհ չ՚ըլլար, կը նայի, որ բոլոր իր մտքին զօրութիւնը, կարողութիւնը, բոլոր իր ունեցածը ու ինչուան նաեւ իր անձը Հայրենեացը նուիրէ, ու անով կը ջանայ անոր անունը աւելի պայծառացնելու։ Իր ազգին ամէն մէկ թշուառութեանցը մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու, թէ որ աղքատութիւն է նէ, կը բանայ իր բարերար գանձերը անոր առջին, կը հոգայ անոր ամէն մէկ կարօտութիւնը ու կը ջանայ, որ, որչափ կարելի է նէ, հալածէ ան վնասակար թշնամին մարդկութեան, ան խափանարար արգելքը ազգային յառաջադիմութեան, եւ այնպէս իր եղկելի ազգակից եղբայրները կը մխիթարէ ու ազգը ոտքի վրայ կը կայնեցնէ, տեսնելով որ տգիտութեան թանձր մշուշը պաշարեր է իր ազգը ու խղդել կ՚ուզէ զայն սոսկալի խաւարի մը մէջ, միտքը կը դնէ շուտով դարման տանիլ այն ահագին թշուառութեանը. ամէն տեղ իմացութեան, գիտութեան ճրագները կը վառէ, կը փարատէ մշուշ խաւարը, տգիտութիւնը ամչնալով իրմէ՝ կը փախչի, ու ազգը կը խնդայ։ Ճշմարիտ ազգասէրը իր Հայրենիքին մէջ բնակիլն ալ մեծ երջանկութիւն կը սեպէ, ու թէ որ անողոքելի բախտին հրամանովը ստիպուի թողուլ իր ծննդեան տեղը ու օտար երկիրներ պանդխտանալ, սիրտը Հայրենեացը մէջ կը թողու, տրտում աչքերը միշտ ան կողմը կը դարձնէ, ուր որ կը բնակին իր սիրելի ազգակիցները, ու քանի որ պանդխտութիւնը երկննայ, այնչափ ալ Հայրենեաց տեսութեան տենչալի փափաքը կ՚եւելնայ սրտին մէջ։ Ճշմարիտ ազգասէրը Հայրենիքին պաշտպանութեանը ու անոր փառքը ու պարծանքը պահելու համար իր կեանքն ալ բանի տեղ չի դներ, որով եւ յօժարութեամբ զոհ կ՚ըլլայ անոր։ Հայրենասիրին սիրտը անյաղթելի է. չկայ մէկ սոսկալի դժբախտութիւն մը, որ կարենայ ընկճել անոր հաստատուն ու ամուր միտքը եւ հոգին, ու թէեւ վիշտք, նեղութիւնք, տառապանք, հալածումն, իրեն անհաշտ թշնամութիւն կապեն, ու սկսին անոր հետ կռուըտիլ, ինքը անշարժ կը կենայ իբր մէկ քար մը կատաղի ալիքներուն դէմ, երկայնմտութեամբ, ու միայն ազգին բարիք ընելու նախանձովը, անխռով ամէն բանին կը յաղթէ։ Այնպիսիները իրենց կենդանութեան ատեննին բոլոր աշխարհքիս յարգութիւնը ու մեծարանքը կը վայելեն, հայր ու բարերար Հայրենեաց կը կոչուին, իսկ իրենց մահուան ատենը բոլոր ազգին սիրտը, կսկիծը, ցաւը ու տրտմութիւնը մէկտեղ գերեզման կը տանին, քաղցր ու երախտագէտ արտասուք կը թրջեն ան ցուրտ քարը, որ անոր մարմնոյն վրայ կանգնուած է, իբրեւ վերջին պսակ անուանը, ու յաւերժական նշանակ մը, որ կը ցցնէ, թէ հոն կը հանգչի առաքինութիւնը, իսկ անունը, անմահ է անունը, ու դարէ դար ընծայելով յաւիտեան կենդանի կը պահուի»։

Եզրակացութիւնը ընթերցողը ի՛նք թող տայ:

Ինչ կը վերաբերի «քանի կայ» արտայայտութեան, յուսանք որ շուտով կը վերագտնենք մեծանուն Սեւակին սա տողերուն ոգեւորութիւնը եւ համարձակօրէն կ՚ըսենք.

«Մենք մեզ ոչ մեկից չենք գերադասում‚

Բայց մեզ էլ գիտենք -

Մեզ հա՜յ են ասում։

Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք...

Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ - շատանա՜նք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2021