ԵՒ ԱՐՑԱԽԸ ԿՐԿԻՆ ԴԱՐՁԱՒ... ՂԱՐԱԲԱՂ
...Եւ Արցախը կրկին դարձաւ Ղարաբաղ...
Իրողութիւն մը.-
վշտալի եւ անհաւատալի, նոյնքան ալ՝ հաւատալի եւ իրական:
***
Այս օրերուն, դարձեալ պատմութիւնը խառնած է իր էջերը, եւ իր չար պարը սկսած է պարել մեր հողերուն վրայ, սկսելով Արցախէն, հասնելով մինչեւ հայրենիք: Պար մը՝ ե՛ւ անմարդկային-դժոխային, ե՛ւ մահացու-ողբերգական: Ու այս մէկուն իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ աշխարհով մէկ տարածուեցաւ լուրը, աւելի ճիշդ՝ գուժը, թէ «1 յունուար 2024-ին, Արցախը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ եւ կը դառնայ ատրպէյճանական՝ Լեռնային Ղարաբաղ»ի:
Ա՛յս մեծ ու տխուր «լուրը», եկաւ ու խեղդեց ամէն «բան»: Լուր ըսի, որ խորքին մէջ գուժ ալ էր, որ անիրաւ էր, ողբերգական եւ տաժանելի: Իբրեւ հայեր, բոլորս ալ քաջածանօթ ենք անոր հաստատ կարողականութեան, անոր վայրագ ու անգութ ուժի ցուցադրութեան եւ չափանիշին:
Ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակի իբրեւ արդիւնք, Արցախի պատմութեան էջերուն վրայէն պարտադրաբար սրբուեցան հայ կեանքի ու պատմութեան բոցավառ բոլոր գիրերը: Կրկին անգամ հայը ենթարկուեցաւ համատարած տեղահանութեան: Արցախը բռնի հայաթափուեցաւ: Հոն, հայերը սկսան լքել իրենց հողերը, տուները, պարտէզները, եկեղեցիներն ու վանքերը ու ամենէն սոսկալին՝ յիշատակները: Ազգային մեծ ողբերգութիւն:
Ասիկա այն Արցախն է, որ հարուստ պատմութիւն ունի։ Հարազատ եւ դարաւոր։ Անոր մէկ ծայրը թաղուած է հրաշալի անցեալի մէջ, ուրկէ դարեր առաջ ծնունդ առած էր իւրայատուկ մշակոյթ։ Իսկ այսօր... ահա... իր վիճակը: Ինք չկայ: Պարպուած է: Արդ, ո՞ւր մնացին ազգիս տարիներու մեծ բաղձանքները, յոյզերը, երազները, խորհուրդները, նպաստները, ակնկալութիւնները: Պարզապէս՝ հեռաւոր յուշեր: Յուզիչ եւ անբաղձալի: Անժամանակ եւ զարհուրելի ցաւալի:
Նախ ըսեմ, որ նման լուր կամ լուրեր, մարդոց հոգիներն ու միտքերը հարուածող, ջարդող-կոտորող, անխիղճ եւ անգութ ճշմարտութիւններ են: Անիծեալ կերպարներ: Եթէ կ՚ուզէք նաեւ սարսափազդու իրականութիւն եւ անախորժ ներկայութիւն ու նոյնքան ալ՝ վայրագ գոյութիւն, որ մեր կեանքի անբաժան մէկ մասնիկներ ալ եղած էին եւ են: Տագնապ «բուրող»: Դեմոկլեան սուրի նման բոլորի գլխուն վրայ կախուած: Անխնայ մահացու հարուածող մը: Ցաւալի: Ողբալի:
Հաստատապէս, ես ինծի կը փորձէի մերժել այդ գուժի ալիքներէն հասնող անժամանակ ցնցումները: Բայց՝ անկարելի էր: Անկար մըն էի: Գերագոյն ճիգ էր պէտք զսպելու ամէն զգացում, յուզում եւ արտայայտութիւն: Մեր բոլոր ամէնօրեայ բողոքներն ու աշխարհի տարածքին «մեծերու» կամ պատասխանատուներու դռներուն դիմաց մեր կատարած ցոյցերը, ընդվզումի արտայայտութիւններն ու արդար պահանջները մնացին ապարդիւն եւ անիմաստ: Խաբկանք՝ պարզապէս:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, համայն հայութիւնը կրկին անգամ յիշեց, որ երկրագունդի վրայ տակաւին սեւ ոսկին՝ նաւթը, գերակշիռ է եւ աւելին՝ իր դաշնակից-բարեկամ բացատրութիւնները պարզապէս ականջի «լաւ» հնչող, լոկ պարզ եւ սին բառեր էին եւ են: Ուռուցիկ եւ անիմաստ:
Իբրեւ արդիւնք... հայու մեր յոյսը կրկին փշրուեցաւ ժամանակի արգելքներու ապառաժներուն ու մեր երազները մնացին անծնունդ: Այս բոլորը լռութեամբ կամ աղմուկով կարելի է լսել, տեսնել եւ կարդալ:
Ու հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող զաւակներէս, հարազատներէս, գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթով, անհատնում հարցեր սկսած էի ստանալ.-
-Արցախէն ի՞նչ լուր..., ի՞նչ նորութիւն..., ո՞ւր ենք..., ո՞ւր հասանք... ի՞նչ լսեցիր... իրա՞ւ է... ըսէ՛... այս ի՞նչ վիճակ է... ինչո՞ւ... հիմա ի՞նչ պիտի ընենք... ի՞նչ պիտի ըլլանք... է՜հ վերջը ո՞ւր պիտի հասնինք... հոն այս մասին ի՞նչեր կ՚ըսեն...:
Անկեղծօրէն... յստակ պատասխան մը չունէի եւ ոչ ալ մինչեւ հիմա ունիմ: Կը զգամ, որ անզօր մըն եմ: Որովհետեւ, ես ո՞վ եմ որ...: Պարզ հայ մը: Յատկապէս հայրենիքէն ակամայ հեռու բնակող անհատ մը, որ աճող ալիքի նման իր ցեղին պատգամը շալկած, շաբաթներու համրանքով կրկին եկած էր հայրենիք ու յանկարծ ապշած-շուարած, աշխարհի մեծ ու փոքր աչքերուն դիմաց ականատես դարձած՝ 21-րդ դարու այս մեծ ու սարսափելի ողբերգութեան:
Նոր յայտնութիւններ չեն այս տողերը, որոնք ընդգծելի դարձուցած եմ վճիտ իրողութեամբ: Բայց, տարիներէ ի վեր միշտ եւ անմեղօրէն ես ինծի հարց տուած եմ, արդար եւ անկեղծ հանդարտութեամբ, թէ.
-Ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի աղբիւրները: Արդեօք տակաւին մեզի համար ինչե՜ր կան պահուա՞ծ: Մեր հայութեան դէմ, ի՜նչ ծրագիրներ կան հիւսուած՝ ոճիրներով, ատելութիւններով, մահերով լեցուն այս աշխարհի ծոցին մէջ: Ե՞րբ, մեծով ու պզտիկով պիտի զգաստանանք:
Չէի ուզեր, որ դարձեալ լռէին հայուն հին ու նոր երազները: Բայց...: Պէտք է յիշել նաեւ, որ միշտ Արցախն ու Հայաստանը կռուախնձորներ եղած էին դրացի եւ այլ երկիրներու միջեւ։ Սակայն շնորհիւ իրենց զաւակներու կամքին, հաւատքին, բազուկին, արեան կանչին եւ յոյսին, հաւատքին ու ինչու չէ նաեւ վրէժխնդրութեան եւ հերոսական մարտնչումներուն, իրենց անկախութիւնը գրած էին իրենց զոհաբերող զաւակներու արիւնով եւ զայն յանձնած՝ պատմութեան։
Ու ամէն անգամ, երբ ազգովին անիրաւուած ու անտեսուած եղած էինք՝ միշտ յիշած եմ արաբական պատմութեան դասէն մտքիս անկիւնը արթուն մնացած Սալահըտտին արաբ հզօր խալիֆայի հետեւեալ խրատականը՝ իր զաւկին.
«Նայէ՛ տղաս, զգուշացի՛ր անիրաւ տեղը արիւն թափելէ, որովհետեւ թափուած այդ արիւնը չի քնանար, կը բարձրանայ, կը յորդի, կը հեղեղէ եւ կը խեղդէ...»:
Իսկ հիմա, այս բոլորէն ետք, եթէ մեր մօտ իրապէս վախազդու երկիւղ մը կայ, այդ մէկը մեր հայրենիքի մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն է: Յայտնի է, թէ ինչպէ՞ս դէպի երկինք մեր աղօթքներն ու «Տէր ողորմեա»ները դարձած էին անհասանելի: Այսքան կռիւներէ, զոհերէ, սխրանքներէ եւ հերոսութիւններէ ետք, ո՞վ կ՚ընդունի նման նոր «տառապանք», նման ազգային «ցաւ» ե՛ւ «մահ», ե՛ւ զրկանք ե՛ւ սուգ ե՛ւ տառապանք ե՛ւ նուաստացում ե՛ւ պապենական հողերու կորուստ՝ երկիր:
Իսկ հիմա, թէեւ մեր դիմաց ցցուած են վճռական օրեր, բայց կարեւոր է, որ ազգովին չկորսնցնենք մեր հոգիի բանալին եւ մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Քաղաքական իմաստութիւն ձեռք ձգենք: Այո՛, շատ յուզիչ եւ ցաւալի է ըսել, թէ կորսնցուցինք Արցախը:
Նոր շրջան մըն է, որ ազգովին պիտի ապրինք: Հինը արդէն կամաց-կամաց փուլ կու գայ մեր աչքին առջեւ: Նշմարելի է: Կարծես՝ անցեալի եւ ապագայի հետ ներքին պայքար մը ունինք: Չմոռնանք սակայն, որ բոլորս հայեր ենք: Ու հակառակ այս ծանր եւ տխուր իրականութեան, պարտաւոր ենք միասին աշխարհին ցոյց տալ մեր ներկայութիւնը: Անկողմնակալ եւ դրական: Գիտենք, որ ներկայիս մեր հայրենիքն ալ ներքին դժուարին պահեր կ՚ապրի: Անոր համար, բոլորս ալ հակասական եւ անհաւասար տրոփումներ ունինք:
Լաւ յիշենք... մեր հարցերը ենթագիտակցութենէ գիտակցականի բարձրացնելը մեծ արժանիք մըն է: Մեր նպատակներն ու անոնց իրականացումները բազմազան են, իսկ անոնց ընտրութիւնը կախեալ է միայն մեր բոլորի կամքէն, մեր ազգային գիտակցութենէն եւ արժանապատուութիւնէն։ Գիտակցինք: Մեր կորսնցուցած Արցախէն ետք, գոնէ Հայաստանը իր բուն նպատակին վերադարձնենք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ