ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ՀԱԿԱԴԱՐՁ ԿԵՆԴԱՆԱԲՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ...

Մենք գիտենք, որ կենդանաբանական պարտէզ երբ այցելենք, վայրի կենդանիները պիտի տեսնենք վանդակներու եւ կամ արգելափակուած միջավայրերու մէջ։ Այս միջոցները առնուած են այցելուներու ապահովութեան համար։

Բայց ի՞նչ է «Հակադարձ կենդանաբանական պարտէզը» (Reverse zoo), որուն մասին պիտի անդրադառնամ այսօր: Հիմա պիտի զարմանաք, երբ իրողութեան տեղեակ դառնաք։

Արդարեւ՝ այս պարագային, մարդիկ կը զետեղուին վանդակներու մէջ եւ կենդանիները անկաշկանդ կը դեգերին այդ վանդակներուն շուրջ, բնութեան ազատ ծոցին մէջ… Սակայն ինչո՞ւ, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան «Harrismith» քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի առիւծներու ապաստանարան մը, ուր կը բնակին 77 փրկուած առիւծներ։ Այդ ապաստանարանի հոգածութիւնը յանձնուած է ոչ-շահաբեր (nonprofit) ընկերութեան մը, որուն գործադիր տնօրէնն է Սուզան Սքաթ անունով կին մը։

Վերոյիշեալ ապաստանարանը շահագործման դրուած է, որպէսզի կարենան հոգալ այդ կենդանիները պահելու ծախսը։ Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է այդ շահագործման պայմանները։

Նախ եւ առաջ՝ 14 տարեկանէն վար երեխաներ չեն կրնար մասնակցիլ այդ շահագործման։ Իսկ անոնք որոնք կը փափաքին մաս կազմել, պէտք է 45 վայրկեանի համար վճարեն 134-197 տոլար։ Իսկ այդ շահագործումը տեղի կ՚ունենայ օրական մէկ անգամ միայն՝ եթէ օդը նպաստաւոր ըլլայ, առաւօտեան ժամը 6.30-7.15-ի միջեւ։

Դիտեցէք կցուած նկարը եւ տեսէք, թէ առիւծները որքան ազատութիւն առած են եւ մագլցած՝ վանդակներուն վրայ, ուր արգելափակուած են մարդիկ։ Իսկ մասնակցողներէն մին՝ նկարագրելով իր փորձառութիւնը, ըսած է, որ առիւծը ինծի այնքան մօտ էր, որ կրնայի զինք շատ դիւրաւ հոտոտալ…

ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԻ ՄԸ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ…

Երբ քանդակագործ ըսենք, անմիջապէս կը հասկնանք արուեստագէտ մը՝ որ կը ստեղծագործէ քարի եւ կամ փայտի վրայ։ Իր այդ բծախնդիր եւ նուրբ աշխատանքը բարձր կը գնահատուի աշխարհի արուեստասէր հասարակութեան կողմէ։

Քանդակագործեր ալ կան սակայն՝ յատկապէս Ամերիկայի մէջ, որոնք իրենց ձիրքը կը յայտնաբերեն դդումի վրայ (տես նկարը)։ Այս մէկը ընդհանրացած է հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, որ կը զուգադիպի «Halloween»ի տօնակատարութեան։ «Halloween» կը նշանակէ «All Saints Day», որ տեղի կ՚ունենայ նոյեմբեր ամսուան 1-ին։

Իսկ մէկ օր առաջ՝ «All Saints Eve», մեծեր եւ պզտիկներ, ծպտուած հագուստներով (տես նկարը) ման կու գան՝ «Trick or Treat» թեմայով, շաքար-շոքոլա հաւաքելով իրենց բնակարաններու մօտակայ տուներէն…

Հիմա գանք մեր բուն նիւթին, իտալացի քանդակագործի մը գլուխ գործոցը։ Մեր այս քանդակագործը իր ձիրքը յայտնաբերած է ձմերուկի մը վրայ։ Բայց ինչո՞ւ, ես ալ չեմ գիտեր։

Արդարեւ, Վալերիանօ Ֆաթիքա անունով այդ քանդակագործը վիշապի մը գլուխը (տես նկարը) քանդակած է ձմերուկին վրայ։ Այդ վիշապի գլուխով ձմերուկը անմիջապէս հռչակ առնելով՝ տարածուած է աշխարհով մէկ։

Եթէ լաւ դիտէք, պիտի տեսնէք, թէ որքան մանրամասնութեամբ ան ներկայացուցած է նրբաճաշակ իր ստեղծագործութիւնը։ Արդեօք յաւերժական արժէք մը պիտի ներկայացնէ՞ այդ գլուխ գործոցը, չեմ կարծեր՝ որովհետեւ ձմերուկը շուտով պիտի լխկի եւ աղբի թիթեղին պիտի արժանանայ։ Բայց եթէ ձի ունի, կրնայ անոր ստամոքսին արժանանալ։ Ասոր կ՚ըսեն՝ ըստ Շէյքսփիրի, «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի»։ Այսինքն, «Much ado about nothing»… Հասկցողին՝ շատ բարեւներ ու վերջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021