ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Շատ կը քննարկուի, թէ ի՞նչ ըսել է պատմական սխալ եւ ինչպէ՞ս ու ինչպիսի՞ հանգամանքներով, չափանիշներով ու պրիսմակներով կը դիտուի ան: Բնականաբար, պատմական սխալ ընկալումն ու հաստատագրումը աւելի քաղաքական տեսակաւորումներ են, ինչպէս ընդհանուր մարդկային պատմութեան ընթերցելի, վերծանելի որդեգրուած եւ ներկայանալի տարբերակը քաղաքականն է, քանի ղեկավարումով զարգացած է մարդկութիւնը: Եւ ինչքան մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ այլն բնագաւառները էական են ու վճռորոշ մարդկային պատմութեան ընթացքը կազմելու համար, անոնք տեւաբար կը մնան պարունակուող-ընչգրկուող նոյն մեծ քաղաքականով մը։ Ըստ այնմ, պատմական սխալները համընդհանուր հանրային, տեղ մըն ալ գիտական ընկալումով, այսպէս կոչուած քաղաքական սխալներն են: Հոս ակամայ կեդրոնանալով քաղաքական սխալներուն վրայ, կրնանք հաստատել, որ հասկնալն ու սահմանելը շատ յարաբերական են եւ նոյնինքն քաղաքական պատմութեան ենթակայականութեամբ կը բանին:

Այն կողմը՝ որ պայմանական ժամանակի, դիրքի, շահի, սկզբունքի եւ այլ պարագաներէ, մեկնակէտերէ կը վերլուծէ պատմութիւնը, այդ կողմն է, որ կը սահմանէ պատմական «ճշդագործութիւնն ու սխալը»:

Ահաւասիկ, այս կէտին առարկայականօրէն չենք կրնար ըսել, որ որեւէ գործուած պատմական քաղաքական որոշում ու վարք, որեւէ քաղաքական մարմնի ղեկավարութեան կամ անձի կողմէ կրնայ դիտարկուիլ իբրեւ սխալ: Մշտապէս պատմութեան մէջ պէտք է ուսումնասիրել մեծ կամ փոքր քաղաքական մարմին մը, պետութիւն, կայսութիւն, հաստատութին, կազմակերպութիւն եւ այլն, հասկնալու համար ընդհանուր շարուածքը դէպքերուն, զարգացումներուն եւ առանց այդպիսի մարմնի մը՝ չկայ ինքնին դիտարկման պատմականութիւն:

Նոյնպէս քաղաքական սխալները սահմանելու, ախտաճանաչելու եւ փարատելու գործընթացը թէ՛ տեսական, գիտական եւ թէ՛ գործանական մակարդակներով միշտ ածանցուած են կազմակերպութեան մը, պետութեան մը եւ նամանաւանդ անհատ պատասխանատու ղեկավարներուն հետ:

Այս կէտին կան շատ կարեւոր իրականութիւններ, որոնք մեր կարծիքով՝ վեր են սխալականութենէ, անոնք պատմական հաստատագրուած ոճիրներն են, որքան ալ անոնք ունենան ազգային եւ բարձրագոյն քաղաքական արդարացումներ: Ընդհանուր առմամբ եւ մա՛նաւանդ՝ միջազգային օրէնքով պատմական ոճիրները պէտք է ընդունուին ու դատապարտուին, որպէսզի չկրկնուին անոնք: Օրինակ՝ թէեւ Նակազաքիի եւ Հիրոշիմային ռմբակոծումը փրկեց «միջազգային ընտանիքը» Ճաբոնի եւ նացիզմի յաղթանակէն, սակայն այդ մէկը կը մնայ վատ արարք, նոյնպէս պետական ու քաղաքական բարձրագոյն ու նոյնիսկ ցած մակարդակով գործուած ահաբեկչութիւններն ու յանցագործութիւնները:

Ուրիշ օրինակով մը սխալ կրնանք համարել Յուլիոս Կեսարի Հռոմի այրումը, բայց ընդհանուր պատմական սխալ հասկացողութիւնը կրնանք կշռադատել անոր յաջորդած դէպքերու եւ հոլովոյթներու ձախողութենէն: Ամէն ազգ ու ժողովուրդ երբեմն իր յանցագործ համարուած անձնաւորութիւնները կրնայ համարել հերոսներ՝ ի դէմս հակառակորդի կամ թշնամիի: Բայց այս տարողունակ, անվերջ տատանուող ու յարաբերական արժեչափերը երբ միջազգային մեծ գիտական մօտեցումով ձեւով մը հունաւորուին, կրնանք սահմանել պատմական սխալները: Որքան ալ ըսուի, որ աշխարհի ղեկավարները իրենք կը ճշգրտեն մարդկային պատմութիւնը եւ իրականութիւնները կը վերծանեն, սակայն չենք կրնար չնկատել զանազան հասարակութիւններու յարաբերական զարթօնքը՝ վերջին մետիայի եւ թեքնոլոժիի յեղափոխութենէն ու բացուածութենէն ետք: Մարդկային գիտական միտքը (մանաւանդ իր անհատական դրսեւորումով), որ կը ներառէ պատմագրականն ալ, ճշմարտատենչ է եւ որքան ալ աղաւաղուի ու պայմանաւորուի, ան կը մնայ ճշմարտութեան համար մարտնչող:

Պատմական սխալները հաւանականութիւններու եւ դաւադրական տեսութիւններու պարունակութեամբ ալ կրնան առաւելաբար դիտուիլ եւ մշտապէս կրնան համարուիլ ընդհանուր գաղտնի ծրագիրներու իրականացման ու զուտ շահադիտականութեան համար իրագործուած «բնական» զարգացման միջոցներ: Ընդհանուր ընդգրկմամբ եւ մա՛նաւանդ ամենադիւրին ու տարածուած մօտեցումներէն մին՝ խաղաղասիրականն է, որով պատմական սխալ կրնայ համարուիլ բոլոր պատերազմներու սկսումը, իսկ պատմական սխալներու կատարման մէջ առաւելաբար անհատներու մեղաւորութիւնը տեսնելով նոյն այդ անձերուն պարսաւումն ու չքմեղացումը՝ լուծելի մեթոտաբանութիւն կը համարուի սխալները քննարկելու մէջ:

Պէտք է յիշել, որ միշտ ամէն տեսակի քաղաքական որոշումի, ծրագիրի եւ գործակատարման մէջ հիմքը կազմած է «ճիշդը ընելու» մարմանջը, իր բոլոր մակերեսներով եւ խուսափումն է սխալներէն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

5 դեկտեմբեր, 2022

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022