ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ խօսքը. «Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծեցողը անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է» (Առ 25.14):
Պատասխան. յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք մեծ խոստումներ կու տան՝ ըսելով, թէ այսինչ կամ այնինչ գործը պիտի ընեն, կամ այսքան գումար պիտի տրամադրեն այսինչ կամ այնինչ նպատակին համար, սակայն օրերը, շաբաթները, ամիսներն ու տարիները կ՚անցնին եւ սակայն իրենց ըսածները խօսքի սահմաններէն այն կողմ չեն անցնիր, այլ՝ կը սահմանափակուին խօսքի սահմաններուն մէջ, որով իրենց պարծանքն ու մեծախօսիկութիւնը կեղծ ու սուտ կ՚ըլլայ:
Այդպիսիները Իմաստունը կը նմանցնէ անանձրեւ ամպերու, որոնք թէեւ յոյս կու տան, բայց յետոյ կը յուսահատեցնեն իրենց ապաւինողներուն: Ինչպէս օրինակ, երբ երկար ժամանակ տեղ մը անձրեւ չիջնէ եւ յանկարծ երկնակամարին վրայ սկսին ամպեր կուտակուիլ, տեղի բնակիչները կ՚ոգեւորուին, կ՚ուրախանան, մտածելով եւ յուսալով, որ շուտով անձրեւ պիտի իջնէ, բայց մի քանի ժամ ետք այդ ամպերը կը հեռանան առանց կաթիլ մը անձրեւ տեղալու…: Այդպէս են մեծ-մեծ նուէրներ, գումարներ եւ գործեր խոստացողները, որոնք իրենց շրջապատը կ՚ոգեւորեն, սակայն, չե՛ն գործադրեր իրենց խոստումները:
Սուրբ Յուդա առաքեալը իր նամակին մէջ սուտ քարոզիչներն ալ անանձրեւ ամպերու կը նմանցնէ, վերոնշեալ համարին մէջի նկարագրութիւնը գործածելով: Ան այպէս կը թելադրէ. «Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնի գացած ճամբով գացին: Դրամի սիրոյն մոլորութեան մէջ ինկան՝ Բաղաամին պէս, եւ իրենց ապստամբութեան համար ալ պիտի կորսուին, Կորահին պէս: Անոնց ներկայութիւնը կ՚արատաւորէ ձեր սիրոյ հաւաքոյթի սեղանները, ուր անոնք անպատկառօրէն կու գան ձեզի խրախճանակից ըլլալու, միայն իրենց փորը լեցնելու համար: Անոնք հովերէն քշուող ամպերու պէս են, որոնք անձրեւ չեն թափեր, կամ ծառերու պէս՝ որոնք նոյնիսկ աշնան՝ պտուղ չեն տար. անոնք արմատախիլ եղած ըլլալով՝ կրկնապէս մեռած են: Այո՛, ծովու կատաղի ալիքներուն կը նմանին, որոնց ամօթալի գործերը միշտ երեսը կ՚ելլեն, փրփուրին պէս: Աստղերու թռչող բեկորներ են, որոնց տեղը՝ իրենց վերապահուած յաւիտենական թանձր խաւարն է» (Յդ 11-13): Այդպիսի քարոզիչներէն, հետեւաբար պէտք է զգուշանալ եւ հեռու մնալ, որովհետեւ անոնք այնպիսի բաներ կը խօսին, որոնք ո՛չ իմաստը գիտեն եւ ո՛չ ալ խորքին թափանցած են, այլ՝ իրենց եսին բաւարարութիւն տալու, կամ դրամ շահելու համար, Աստուծոյ խօսքը վաճառքի հանած են…:
Զարեհ Սրբազան խօսելով սուտ մարգարէներու, քարոզիչներու մասին, այսպէս կը գրէ. «Սուտ մարգարէներու երկու տեսակներն ալ հաւանական են. առաջինը այն տեսակն է, որ անպայման մարդիկը մոլորեցնելու չի ձգտիր, սակայն իր ընթացքով գայթակղութեան եւ հաւատքէ հեռանալու պատճառ կ՚ըլլայ: Իսկ երկրորդ տեսակն ալ այն է, որ չի հաւատար, բայց հաւատալ կը կեղծէ, սխալ կ՚ուսուցանէ եւ կը շահագործէ մարդոց բարեպաշտութիւնը՝ յօգուտ անձնական շահերու: Երկու տեսակի մարգարէներն ալ սատանային իտէալ գործիքներն են»: Իսկ ուրիշ տեղ մը, կը գրէ. «Սուտ մարգարէներուն ստութիւնը յայտնի կ՚ըլլայ, երբ կը տեսնենք, թէ իրենց ներկայութիւնը առիթ կ՚ըլլայ պառակտումներու։ Ասիկա ուղիղ վարդապետութեան պատճառով երեւցած բաժանումները չեն։
Խօսքը պառակտումներու մասին է եւ ոչ թէ բաժանումներու։ Ըսել չեմ ուզեր, թէ բաժանումները պառակտումներու չեն կրնար հասնիլ: Բաժանումները կարելի է դարմանել, բայց պառակտումները անդարմանելի են եւ կորուստի կը տանին։
Ներկայ ժամանակներու սուտ մարգարէներուն մասին երբ կը խօսինք՝ յաճախ աղանդաւորներն են մեր նիւթը։ Եկէ՛ք, այս անգամ աղանդաւորներուն մասին չխօսինք, այլ խօսինք մեր մասին։
Արդեօք Յիսուսի ազդարարութիւնը միայն ուրիշներո՞ւն համար է։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք տեսակ մը ծառ է։ Իւրաքանչիւրս կրնայ բարի կամ չար պտուղ ունենալ։ Կրնանք այսպէս բացատրել։ Ո՛վ որ գիտէ իր կեանքին մէջ ճիշդ խնդրանքը ընել Աստուծոյ եւ ճիշդ ուղղութեամբ աղօթել, նաեւ աղօթել ուրիշներուն ներելով. ո՛վ որ գիտէ իր կեանքին մէջ փնտռել՝ թէ ինչպէ՞ս կրնայ Երկինքի Արքայութեան իրագործման ծառայել. եւ ո՛վ որ գիտէ իր կեանքին մէջ ճշմարիտ դուռը գտնելով՝ ճիշդ ժամանակին բախել՝ անիկա առաքինութիւններու ճամբուն մէջ կը քալէ եւ երկրէն երկինք կը բարձրանայ։ Այլ խօսքով՝ անոր կեանքը առաքինութեան պտուղներով կը լեցուի։ Եւ մարդիկ այդ պտուղները տեսնելով՝ ո՛չ թէ միայն մեզ կը ճանչնան, այլ նաեւ մեզմով կը ճանչնան զԱստուած: Յիսուս ըսած է, չէ՞, տեսանք. «Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5. 16)»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 126
Վաղարշապատ