«ԱՍՓԵՐԻՆ». ՕՐՀՆԵԱ՞Լ, ԹԷ ՈՉ՝ ԱՆԻԾԵԱԼ...

Յանկարծ, անախորժ աղմուկ մը մեր տան մթնոլորտը լեցուց: Եթէ կնոջս հարցնելու ըլլաք, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ես էի այս մէկուն շարժառիթը: Հոգս չէր: Ինծի համար հարցը պարզ էր եւ յստակ, բայց... իմ բախտէս՝ բարդացաւ: Մեղքի անտեղի զգացում մըն էր, որ կ՚ապրէի կարծես: 

Այսպէս, այդ օր, աւանդութիւն մը յարգողի հաւատարմութեամբ մեր տան մէջ, դարձեալ զաւակներով եւ թոռներով հաւաքուած էինք, մեղա՜յ...հազա՜ր մեղայ..., Յիսուսի վերջին ընթրիքը յիշեցնող համեստ սեղանի մը շուրջ, որովհետեւ յաջորդ օր վիրաբուժական «մեծ» գործողութեան մը պիտի ենթարկուէի:

Կը զգայի, որ ծփացող խոհեր եկած էին միտքս շրջափակելու: Անոր համար էր, որ իմ կարգիս անտեսանելի եւ սակայն տենդագին յուզումով մը բռնուած էի: Վերապրումներու անկարգ եւ անհամար յիշողութիւններ հաւաքուած էին մտքիս մէջ: Թէեւ աղմուկը հետզհետէ ալիք տուած էր փոքր սենեակին մէջ, բայց հաստատօրէն գիտէի, որ հարազատի անկեղծ մտահոգութիւններէն ծնունդ առած էր: Ներքնապէս, ուրախ էի:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ, արդէն հիւանդանոց էինք, մեծով-պզտիկով: Արձանագրութիւն, բժշկական ապահովագրութեան փաստաթուղթերու ստուգում եւ ապա միտքս լեցուն տագնապով եւ նոյնքան ալ տեսակ մը վախով եւ յուզումով, երբ բաժնուեցայ սիրելիներէս, զիս առաջնորդեցին գործողութեան ենթարկուողներու պատրաստութեան փոքր, սակայն շատ ցուրտ սրահը: Անմիջապէս երեք բուժքոյրեր սկսան իրենց «գործին»: Նախ՝ մէկը հագուստս հանել տուաւ եւ ուրիշ մը տուաւ, որ հագուիմ: Երկրորդը՝ գուլպայ եւ գլխարկ մը տալէ ետք զիս պառկեցուց չոր ու ցամաք անկողինի մը վրայ: Ապա, այն միւսը, տաքութիւնս եւ արեանս ճնշումը չափեց եւ երկար-բարակ եւ յաճախ ալ կրկնութիւն դարձած հարցումներ հարցուց եւ արձանագրեց: Երրորդը՝ մարմնէս ներս պէտք եղած շիկուկը տալու համար, թեւերուս վրայ յարմար երակ մը փնտռել սկսաւ ու քանի մը տեղերէ ծակծկելէ ետք, վերջապէս յաջողեցաւ: Ու երբ «փրկարար» հեղուկը հազիւ սկսած էր հոսիլ երակիս մէջ ու կարգը հասած էր «քնացնող» հեղուկին, պատահեցաւ անսպասելին: Գործողութիւն կատարող բժիշկը, հեւալով յանկարծ սենեակ մտաւ ու բարձրաձայն անունս տալով, զիս փնտռեց ու «ըսթափ իթ», կեցո՛ւր պոռալով, դէպի իմ կողմս հասաւ: Արտասանած բառը մտքիս մէջ նոր ձեւ մը առաւ: Սխալ բան մը ըլլալու էր: Ինքնաբերաբար կեանքիս հոսքը պղտորեցաւ: Շուարեցայ ու տեսակ մը վախ մտքիս մէջ տեղաւորուեցաւ: Զիս գործողութեան պատրաստող երեք բուժքոյրերը անմիջապէս կանգ առին: «Սառած» մնացին, եւ ապշահար չորս կողմ նայեցան ու ճամբայ բացին, որ բժիշկը աւելի մօտենայ անկողինիս: Յայտնի էր, թէ բժիշկին դէմքը գաղտնիքով մը կարծրացած էր: Շուտով դէմքիս վրայ զարմանք մը բռնեց: Ի՞նչ էր տհաճը. արդեօք վատ լո՞ւրը, թէ ո՛չ, վատ լուրի մը սպասումը: Չէի գիտեր: Իսկ ինքն ալ, դիմակով ծածկած իր դէմքով, մահճակալիս ծայրը, ճիշդ ոտքերուս մօտ, կանգ առաւ: Տակաւին կը հեւար: Անխօս եւ սրտատրոփ, սկսած էի իրեն շարժումներուն հետեւիլ: Իրեն նման, իմ դէմքս ալ տխուր էր:

-«Տիտ եու թէյք տիս մոռնինկ եօր ասփիրին».- այս առաւօտ «ասփերինդ» առած էի՞ր.- բժիշկը առանց նախաբանի արագ մը հարցուց: Ձայնը իրապէս, որ կը դողար, իսկ աչքերէն կարծես կայծեր կ՚արձակուէին:

-«Այո՛».- ըսի, իր դասը լաւ սորված աշակերտի նման.- «սրտի բժիշկս պատ-ուիրած էր, որ ամէն օր, անպայման «պէյ-պի ասփերինս» առնեմ».- աւելցուցի, իբրեւ արդարացում:

Անմիջապէս, գերագոյն գաղտնիք մը տալու նման, ինծի խիստ եւ մանուկներու միամտութեամբ «նօ ուէյ».- անկարելի է...», գրեթէ պոռալով ըսաւ:

Արտասանած բառերը, արագ մը պտտեցան շրթներուն վրայ:  Ակնոցին ետեւ, իր հլուն աչքերու արագ շարժումներուն հետ, կարծես աւելի տեսանելի դարձաւ լայն ճակտին ալեկոծումն ալ: Ահա քեզի, անակնկալ իրարանցում եւ տաղտուկ եւ ստիպողական լարում: Միտքէս աւելի, սիրտս էր իր բառերուն վրայ: Բառեր, որոնք կը պարտադրէին յստակ իրականութիւն:

-«Եու նօ, գործողութենէն գոնէ երկու օրեր առաջ, «ասփերին» կարելի չէ առնել..., այսօր առած ես... ուրեմն կարելի չէ՛ այսօր քեզ վիրահատել...».- ըսաւ շատ յստակ ու հրահանգեց, որ վիրաբուժութեան համար, նոր օր ճշդուի:

-«Հագուեցէ՛ք... ելէ՛ք...կրնա՛ք տուն երթալ..., անիծեալ ասփերին...»:

Ու այսպէս, ինծի համար փրկարար այս դեղահատի հասցէին, շարք մը «մութ» ու «ծանր» բառեր մրթմթալով մեկնեցաւ, վարձքը հատուցած ուխտաւորի մը հանգստութեամբ:

Վայրկեանին, սեւն ու ճերմակը խառնուեցան: Թէեւ մտածելու թափս շատոնց կորսնցուցած էի, բայց անկեղծօրէն ըսեմ, որ արդէն գործողութիւն բառէն ալ թէ՛ կը սոսկայի եւ թէ՛ կը դողայի: Անակնկալ որոշումին ի տես, չէի կրնար ուրիշ բաներ երեւակայել: Շուրջիններս ալ շուարած էին: Ահա քեզի անկոչ տագնապ եւ շանթահար իրականութիւն: Բժիշկը սիրտը դատարկած էր, իսկ ես, տակաւին մտահոգ վիճակի մը մէջ էի: Նոյն «տեսարանը», ուրիշ օր մըն ալ պիտի շարունակէի: Այդ օր եւ հաստատապէս վիրաբուժական այս «արարողութիւնս» դարձաւ հեռուն մնացած երանելի իրողութեան մը նման: Ժամանակի վատնում: Իսկ անկէ ետք՝ ամէն ինչ տեսարան եւ պատմութիւն:

***

Տանս մէջ «հոգին» գտնելու համար, երբեմն կայան մը կը փնտռէի եւ ահա սենեակիս չորս պատերը, մտքիս թափառումներով ե՛ւ մինակս: Թէեւ բոլորն ալ յաճախ քիչ մը ծաղրական եւ քիչ մըն ալ գութով կը կրկնէին, թէ ես արդէն հին սերունդի սահմաններէն ներս մտած էի, բայց ամէն անգամ նման արտայայտութիւններու դիմաց, իբրեւ պատասխան կը կրկնէի, ըսելով, թէ կարեւորը հոգեկան կապն ու կորովը պահելն էր եւ ո՛չ թէ ֆիզիքականը: Ու այսպէս, հին ու նոր գաղափարներ, օրեր շարունակ աճող ալիքներու նման, այդ մենութեանս մէջ, մտքիս ափին գալով կը փշրուէին ու կը հալէին: Ինքնաբերաբար, սենեակիս չորս պատերէն ներս, սկսած էի գրեթէ ամէն օր, ես ինծի, ինքզինքիս հարցազրոյց ընելով զբաղուիլ: Այս «պէյպի ասփերին» կոչուած դեղահատին դրական եւ ժխտական հետեւանքները կը փորձէի չափել: Մտահոգ էի եւ շուարած, որովհետեւ տեսակ մը «անծանօթ» վախ մտքիս մէջ տեղաւորուած էր:

Ինծի համար զիս մտահոգող հարցը, շատ պարզ եւ նոյնքան ալ բարդ էր: Տարիներէ ի վեր օրհնեալ «ասփերինը» արդեօք պէ՞տք էր, որ շարունակէի առնել, թէ ո՛չ: Այս էր «Շէյքսփիրեան» հարցումս, որ շարունակ կ՚օրօրուէր գլխուս մէջ: Տեսակ մը հիւանդոտ միտք: Անօրինակ վիճակ: Այդ օրուայ պատահարը, խառնած էր մինչեւ հիմա սահուն ընթացող մթնոլորտս: Անոր համար օրերս անախորժ շարունակութիւն մը սկսած էին ունենալ: Գրեթէ ամէն վայրկեան եւ անզգալաբար, մտածումներուս եւ գիտակցութեանս դիմաց կեցած, ես զիս կը հարցաքննէի.-

-Հապա եթէ բժիշկը մոռնար կամ սխալէր... հապա՞ եթէ ե՛ս վախէս, ո՛չ ըսած ըլլայի եւ ստէի...: Նման հարցական եւ կասկածանքով պարուրուած բառեր, ժամերուս վրայ զարտուղի հետքեր սկսած էին ձգել ու վայրկեաններս ալ ծանրացնել: Մշուշոտ տարածութիւն մը կար մտքիս մէջ: Ներսս խճողուած ներքին իրականութիւնը, խեղդած էր արտաքին աշխարհս:

Իրապէս, որ ես ինծի հետ հաշտ չէի: Պատրաստ չէի նման իրականութեան:

-«Ասփերին».- կ՚ըսէի մտովի, «դուն մէկուն համար փրկիչ մըն ես, իսկ միւսին՝ քանդիչ»: Թէ՛ պիտանի եւ օհնեալ եւ թէ՛ անինծեալ: Ուրեմն, պէտք էր կեանքը դիտէի երկու բժիշկներուս անկիւններէն, կը համոզէի ես զիս: Ահա կենդանի գիծերը, մեր կեանքին մէջ: Նորութիւն մը չէր, երբ մէկուն հերոսը, ուրիշին համար դաւաճան նկատուէր: Կեանքը իրապէս, որ տարրօրինակութիւններով լեցուն է, կ՚եզրակացնէի:

Իմ կարգիս, լաւ էի կամ վատ, չէի գիտեր: Ես այսպէս չէի: Հարցը այն էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայի պահել կեանքիս ջերմութիւնն ու իր աստիճանը: Արդ, ինչպէ՞ս զանազան երկիրներ իրենց դրացի, բարեկամ, դաշնակից եւ նոյնիսկ թշնամի երկիրներուն հետ կրնան պահել իրենց հաւասարակշռութիւնները: Իսկ մենք՝ հայերս...: Բարդ վիճակ:

Մէկ բան յստակ էր, թէ «ասփերինը», իբրեւ արիւնը «բարակցնող» դեղահատ, սրտի բժիշկիս համար օրհնեալ էր եւ փրկարար, իսկ վիրաբոյժիս՝ «անիծեալ»: Ո՞ր մէկուն հաւատք ընծայես: Կծու հեգնանք:

Կը կարծեմ, էականը կեանքը, օրուան համեմատ դասաւորել գիտնալն է...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022