ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ՄԵԾ ՀԱՇՈՒՈՎ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ ԿԱՅ

Հայաստանի մէջ նախընտրական վիճակ կը տիրէ։ Մէկ կողմէ դաշինքներն ու կուսակցութիւնները կը պատրաստուին 9 յունիսին ընթացք առնելիք քարոզարշաւի փուլին, միւս կողմէ՝ ներքին քաղաքական վերջին «գծագրումներ»ը կը կատարուին։

Խայտաբղէտ եւ նոյնիսկ անհասկնալի կը շարունակէ մնալ այն փաստը, որ հակառակ փոքրիկ պետութիւն մը ըլլալուն, Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութեանց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ 4 դաշինքներ եւ 23 կուսակցութիւններ։ Անցնող օրերուն մեծ հաշուով վիճակագրական յստակ եւ արժանահաւատ ուսումնասիրութիւններ լոյս չտեսան, սակայն գոյութիւն ունի «համատարած» համաձայնութիւն մը (մա՛սնաւորապէս լրագրական եւ վերլուծական շրջանականերուն մօտ), որ կան հինգ ուժեր, որոնք տարբեր տոկոսներու տիրանալով պիտի կարողանան լեցնել Ազգային ժողովի աթոռները։ Ճիշդ է, որ ամենասուր պայքարը, որուն ականատես կը դառնանք նաեւ այս օրերուն, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր շուրջ բոլորուած ուժերով կազմուած «Հայաստան» դաշինքին միջեւ ընթանալիք ընտրապայքարն է։

Երեւելի է, որ արդէն իսկ «ճամբայ ելած» այդ պայքարը մեծ հաշուով խմբային պէտք է ըլլայ, սակայն այդ օրինաչափութիւնը դժբախտաբար այդպէս պիտի չընթանայ, որովհետեւ երկու հիմնական «խաղացողներ»ը՝ այլ խօսքով Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանը ունին անհատական տարակարծութիւններ. այդ տարակարծութիւններուն վրայ ագուցուած են ոխի, ատելութեան եւ նմանատիպ այլ զգացումներու բովանդակութեամբ արտայատաոճեր։ Փաշինեան, որ մասնաւորապէս կը համարուի «վարպետ»ը՝ անոպայ, տեղ չտանող եւ անհեթեթի սահմանները անցնող ամբոխավարական մօտեցումներու, այս եւ գալիք օրերուն շատ հաւանաբար փորձէ իր զինանոցի ողջ «ճոխութիւն»ը պարզել՝ նպատակ ունենալով ծանր եւ գօտկատեղէն վար հարուածներ տալ իր գլխաւոր ընդդիմախօս Քոչարեանին։

Իսկ Քոչարեան, որ ցարդ հանդէս կու գայ պետական այրի մօտեցումներով ու կը խօսի ինքնավստահ գործիչի ու ճանապարհ անցած ղեկավարի դիրքերէ, բնական է, որ պիտի չկարողանայ նոյն կերպ վարուիլ Փաշինեանին հետ։ Քոչարեան ունի խաղին մօտենալու իր ընտրանքները, որոնք հիմնականին կը բխին երկիրը այս վիճակէն դուրս բերելու մարտահրաւէրէն։

Իշխանութիւնը պահողը ունի իր աթոռը ամէն գնով պահպանելու գերխնդիրը, իսկ իշխանութեան ձեռնոց նետող կողմը ի վերջոյ ունի ամենատարբեր միջոցներն ու ճանապարհները, որպէսզի կարողանայ դարպասել իր հակառակորդը։

Ընթերցողները ինչ-որ չափով պիտի զարմանան, որ ընտրութիւններու մասին խօսելու ատեն մեծ հաշուով կը խօսիմ Փաշինեան-Քոչարեան պայքարին մասին, ձեւով մըն ալ մէկդի դնելով բոլոր միւս ուժերը, որոնք ներգրաւուած պիտի ըլլան յառաջիկայ ընտրապայքարին։ Խորքին մէջ մօտեցումս կողմերէն եւ ոչ մէկը «մէկդի դնելու» միտուածութիւն ունի, սակայն կայ իրապաշտ մօտեցում, որու հիմքին է պարզ ու բաց ճշմարտութիւն մը, որ ընտրապայքարի միւս մասնակիցները կը համարէ ածանցեալ ուժեր։ Անոնք վերջին հաշուով պիտի ծառայեն, որպէսզի յաղթող կողմերէն մին կարողանայ կազմել նոր կառավարութիւն մը։ Ու հոս է նաեւ, որ բացայայտ կը դառնայ այն տեսակէտը, որ հիմնական երկու ուժերուն միջեւ պիտի ընթանայ յառաջիկայ ընտրապայքարը, որ ունի «գաղտնաբառ»ի մը խնդիրը. այդ գաղտնաբառն է, որ կարողութիւնը ունի ընդհանուր խաղը բանալու։

Ի վերջոյ, կարեւորը թէ՛ քուէներ ստանալն է եւ թէ իր կողքին երկրորդ ուժ մը ունենալը։ Այդ երկրորդ ուժին հետ ընտրապայքարին յաղթողը կարողանայ «համաձայնական» կառավարութիւն մը կազմել եւ, ամենակարեւորը, Հայաստանը դուրս բերել քաղաքական սուր ճգնաժամէն։ Այս կէտին կը ծագի մեծ հարցադրումը, թէ եթէ պատահի, որ Փաշինեան եւ Քոչարեան դառնան խորհրդարան մտնող երկու գլխաւոր ուժերը, ապա ո՞ր ուժերը պիտի զբաղեցնեն երրորդ եւ չորրորդ դիրքերը։

Արդեօք նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արթուր Վանեցեանի ստեղծած «Պատիւ ունի՞մ»ն է, որ պիտի դառնայ երրորդ ուժ կամ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութի՞ւնն է, որ պիտի դառնայ «գաղտնաբառ» ունեցող ուժ։ Անշուշտ չեմ բացառեր, որ Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան»ը կամ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած Հայ ազգային քոնկրէսը նոյնպէս մտնեն խորհրդարան, սակայն այս վերջիններուն այդ առումով ունեցած յոյսերը այդքան ալ փայլուն չեն։

Կրնա՞յ պատահիլ այդպիսի բան, այո, կրնայ պատահիլ։ Բայց եւ այնպէս, վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տիրող մթնոլորտը այդ մասին չի յուշեր։

Այս բոլորը կարեւոր հիմնադրոյթներ են, սակայն որոշիչ չեն։ Անուններն ու կուսակցութիւնները երկրորդ դիրքէն անդին կարեւոր են այնքանով, որ այդ երրորդ դիրքը բռնող կուսակցութիւնը կամ դաշինքը, որո՞ւ պիտի կեդրոնացնէ իր քուէն։ Այդ քուէին հիմքով է, որ Հայաստան կրնայ մուտք գործել ներքին կայունութեան նոր փուլ մը, որուն այդքան կարիքն ունի մեր երկիրը։ Այլապէս, ուրիշ խօսք։ Անշուշտ, շատ պիտի ուզէի այդ «այլապէս»ին մասին շատ չմտածել, որովհետեւ, եթէ ուժերէն որեւէ մէկը չկարողանայ «գլուխ հանել» կառավարութիւն կազմելու գործը, այն ատեն Հայաստան պիտի մտնէ նոր ցնցումներու ենթաշրջան մը, որ երկիրը հեռու պիտի պահէ համընդհանուր եւ ցանկալի կայունութեան փուլէն, որ կրնայ ընդմիջուիլ մեծ ցնցումներէն ընդհուպ մինչեւ նոր արտահերթ ընտրութիւններ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021