ԵՐԿՈՒ ԱՊՐՈՂ ԿԵԱՆՔԵՐ

Կը շարունակեմ մնալ շրջափակուած վիճակի մէջ՝ Քուէյթի Մահպուլա շրջանին մէջ։

Բաւական ժամանակէ ի վեր կ՚ապրիմ Մահպուլա շրջանին մէջ, բայց չէի նկատած, որ մեր յարկաբաժինի շէնքի ետեւի հանդիպակաց մասը ամբողջութեամբ բանուորներու նստավայր է եղեր։ Բանուորներ, որոնք կու գան ասիական եւ ափրիկեան ցամաքամասերէն։ Այս ժողովուրդն է, որ մեծ ներդրում ունի Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի  երկիրներու ճարտարարուեստի եւ տնտեսական զարգացումին մէջ։ Եթէ անոնք ունին մեծ ներդրում՝ ատիկա ի գին իրենց կեանքին եւ ջանքին է։ Բայց անոր դիմաց անոնք չեն ստանար այն նիւթական հատուցումը, որուն պէտք ունին կամ գէթ անոր արժանի են։

Քուէյթի  բնակչութեան մօտաւորապէս եօթանասուն առ հարիւրը կազմուած է օտար ժողովուրդներէ։ Այս համեմատութեան մէջ մեծ տոկոս կը կազմեն բանուորները։ Եւ այս ցուցակները կրկնուող իրականութիւններ են Ծոցի միւս երկիրներուն մէջ եւ կարգ մը պարագաներու՝ աւելի մեծ համեմատութիւններով։

Բայց այս բանուորները ունին իրենց պատմութիւնը։ Այդ պատմութիւնը կը սկսի իրենց ծննդավայրէն։ Անոնք կու գան Ծոցի երկիրներ՝ իրենց կեանքի պատմութեան բեռը իրենց հետ շալկած՝ լոյս մը գտնելու համար մութ փապուղիին մէջէն։ Բայց այդ լոյսին փոխարէն անոնք յաճախ դէմ յանդիման կու գան յաւելեալ խաւարի։

Բանուորներու կարգավիճակը Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ եւ անոնց նեղութիւններն ու դժուարութիւնները դարձած են միջազգային տեղեկատուութեան ցանցերու մէջ լայն արձագանգ ստացած նիւթեր։ Անոնց ամսական աշխատավարձքը երկու հարիւր ամերիկեան տոլարի շուրջ կը տարուբերի։ Անոնք կը տեղադրուին բնակութեան մեծ բնակավայրերու մէջ՝ իւրաքանչիւր վեց կամ եօթ բանուոր մէկ փոքր խրճիթի մը մէջ։ Զրկուած բժշկական եւ առողջապահական ամէն տեսակի ապահովութենէ եւ իրաւունքէ՝ անոնց վիճակը միշտ ալ կը դառնայ խոցելի։ Իսկ կին բանուորները, որոնք մեծ մասամբ կ՚աշխատին իբրեւ սպասուհիներ տեղական տուներու մէջ, անոնց կեանքերուն մէջ շատ են հոգեկան ճնշումները եւ բռնաբարութեան արարքները։ Իսկ բռնաբարումներուն արդիւնքը՝ յղութեան վիճակներ եւ երկընտրանք՝ ծննդաբերե՞լ, թէ՞ ոչ։ Մինակութիւն, առանձնութիւն, ճնշուածութիւն եւ բռնարարքներ՝ իրավիճակներ, որոնք երբեմն կ՚առաջնորդեն անձնասպանութեան։ Բայց չէ՞, որ անոնք եկած են այս երկիրները՝ թեթեւցնելու համար իրենց կեանքի պատմութեան բեռը։

Արդէն եղաւ քառասուն տարի, որ կ՚աշխատիմ Աստուածաշունչի ընկերութիւններուն հետ։ Վերջին աւելի քան երեսուն տարիները՝ Արաբական ծոցի տարածքաշրջանին մէջ։ Շատ բան տեսայ եւ սորվեցայ։ Ըստ վիճակագրական տուեալներուն, աւելի քան հարիւր յիսուն տարբեր ազգերէ մարդիկ կ՚ապրին այս երկիրներուն մէջ։ Տեսայ տարբեր ազգերէ մարդիկ՝ իրենց զանազան մշակոյթներով եւ սովորութիւններով։ Սորվեցայ նաեւ աշխարհին մէջ ապրիլ բոլոր «տարբերութիւններուն» մէջէն։ Բայց նաեւ տեսայ ու սորվեցայ տարբեր մարդոց պատմութիւնները։ Ապրեցայ եւ սորվեցայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «չկայ» եւ թէ ինչպէ՛ս «կան» ու «չկան» կեանքը շարժող եւ զայն ապրեցնող մղիչ ուժերն են եղեր։

Վրայ հասաւ համավարակը։ Եւ համավարակին հետ մէկը միւսին ետեւէն վարակուածները։ Բայց ինչպէ՞ս պէտք է պատսպարել այս բանուորները, որոնք կ՚ապրին խճողուած վայրերու մէջ եւ զերծ են բժշկական խնամքէ։ Եւ այսօր նաեւ զերծ՝ այդ փոքր ռոճիկէն, որուն միջոցով անոնք կ՚ապրին։ Հարց պիտի տրուի, թէ այս շրջափակուած վիճակին մէջ անոնք ինչպէ՞ս կրնան ապրիլ։

Քուէյթ մշակեց հինգ փուլերու վրայ երկարած ծրագիր մը, որպէսզի համավարակին մէջէն երկիրը եւ տնտեսութիւնը կամաց-կամաց բացուին աշխատանքի։ Հիմա կը գտնուինք երկրորդ փուլին մէջ, ուր աշխատանքները որոշ համեմատութեամբ սկսած են եւ վաճառատուները իրենց դռները կը բանան ժողովուրդին։

Բայց ոչ տակաւին Մահպուլան։

Երկիրը կը բացուի, բայց Մահպուլան կը մնայ փակ։ Իսկ պատճա՞ռը։ Երեւի որպէսզի վարակուած բանուորները չվարակե՞ն մնացեալները։

Այս նկարը մէկ լաւ ապացոյցն է Քուէյթի մէջ ապրուող երկու տեսակի կեանքերուն։ Արդեօք Քույէթի մէջ են միայն այս ապրող կեանքերը, թէ ոչ ներկայ աշխարհի իրական վիճակներն են այս երկու կեանքերը եւ քիչ մը ամէն տեղ կան անոնք:

Առաջին նկարին մէջ կը տեսնենք Մահպուլայի մէջ բանուորներու մեծ փաղանգը եւ զիրար հրմշտկելը։ Կը սպասեն իրենց հերթին, որպէսզի քիչ մը ճաշ ստանան։ Այն ճաշը, զոր չունին, բայց անոր կարիքը ունին, որպէսզի շարունակեն ապրիլ։ Կարողութիւնը չունին ունենալու քիչ մը ճաշ։ Աղերսանքով կը ստանան ճաշի նպաստ։

Նոյն նկարին մէջ կայ երկրորդ ապրող կեանքը։ Այս քաղաքին մեծ եւ նշանաւոր մէկ շուկային մէջ։ Մարդիկ՝ տեղացիներ, որոնք երկար շարքի կեցած, կը սպասեն, որպէսզի դրամ ծախսեն։ Ծախսել ի՞նչ բանի համար, եթէ ոչ նշանաւոր եւ սուղ պիտակի հագուստ, պայուսակ կամ այլ ապրանքատեսակ:

Երկու ապրող կեանքեր եւ մէկ շաբթուան մը վրայ երկարած։

Երկու ապրող կեանքեր՝ նոյն քաղաքին մէջ եւ նոյն կարգավիճակին մէջ, բայց՝ հակադիր կողմերու վրայ։

Ճիշդ կամ սխալի հարց չէ։

Ոչ ալ քննադատելու եւ այպանելու այս կամ այն ապրող կեանքերը։

Բայց ներկայ աշխարհի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական վիճակներուն նայելով յստակ կը դառնայ, թէ այս երկու ապրող կեանքերուն ներկայ իրավիճակները եւ անոնց տուեալները կը կազմեն կարեւոր կորիզը համաշխարհային համակարգի մեծ տագնապներուն։ Եւ այս երկու ապրող կեանքերը քիչ մը ամէն տեղ են՝ իւրաքանչիւրը իր պարունակին ընդմէջէն եւ տարբեր տարողութիւններով։ Աշխարհ մինչեւ այսօր չէ կրցած հաւասարակշռութիւն գտնել այս երկու ապրող կեանքերու իրավիճակներուն միջեւ, բայց նոյնքան նաեւ չէ յաջողած գէթ համերաշխութիւն մտցնել անոնց միջեւ։

Կը շարունակեմ մնալ շրջափակուած վիճակի մէջ։ Նոյն այս բանուորներու մեծ խումբին հետ, որ կ՚ապրի Մահպուլայի մէջ։

Գիտեմ զիրենք, բայց մանաւանդ իրենց ցաւը։

Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին ապրած եմ իրենց այդ ցաւին հետ։ Կը սպասեմ, որ շրջափակումը վերանայ եւ դուրս ելլեմ։ Ելլեմ, որպէսզի շարունակեմ այդ ԲԱՐԻ գործը, որուն համար համակ կեանքս տուի՝ աւելի քան քառասուն տարիներ։

Մինչ այդ, ե՞րբ է այն օրը, որ աշխարհ պիտի կարենայ զգաստանալ, թէ այս երկու ապրող կեանքերուն միջեւ պէտք է համերաշխութիւն ստեղծուի։ Եթէ աշխարհ պիտի ուզէ ապրիլ, պարտի այս երկու ապրող կեանքերուն միջեւ համերաշխութիւն գտնել։

Իսկ համերաշխութեան հիմքը արդարութիւնն է։ Արդարութիւնը, որ կրնայ համերաշխութիւն բերել երկու ապրող կեանքերուն միջեւ։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020