ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԵՒ... «ԻՐԱԿԱՆ» ՏԷՐԵՐՈՒ ՔՕՂԱԶԵՐԾՈՒՄԸ
Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով կան նիւթեր, որոնք ունին տեղական բնոյթ։
Սկսեալ Եմէնի պատերազմէն, Իրաքի ներքին խլրտումներէն եւ լարումներէն ու հասնելով մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու խառնակ իրավիճակը, կացութիւնները կը շարունակեն մնալ յղի, նաեւ բաւականին թէժ ու լարուած։
Այդ բոլորը սակայն չեն գլեր ու անցնիր տեղական, տեղայնական սահմանները, բացի Պէյրութի մէջ տարի մը առաջ ճիշդ այս օրերուն որոտացած պայթումը, որ դարձաւ համատարած աղէտ։
Զարգացումներուն հետեւող վերլուծաբաններ, որոնք քիչ թէ շատ գիտեն ու կը հասկ-նան Լիբանանէ ներս ծայր առած դէպքերուն «իմաստ»ը, նաեւ կը փորձեն կռահել այդ փոքրիկ երկրին զարգացումներուն մեծ ու փոքր հետեւանքները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը կոչեցին «Պէյրութշիմա»։
Աշխարհի ցարդ երկու խոշոր պայթումներուն միջեւ տարբերութիւնը սակայն ամեհի է։ Մինչ Հիրոշիմա քաղաքի պայթումին հեղինակները յայտնի էին ու նպատակները որոշ չափով հասկնալի, անդին Պէյրութի պայթումին «իրական» տէրը ցարդ չէ բացայայտուած։
Աւելի՛ն, եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռազմական որեւէ պայթումի պարագային մեծ հաշուով կայ(ն), տեղի կ՚ունենան դէպքեր ու ոճրային գրոհներ, որոնց ետին կը կանգնին քաղաքական կողմեր ու միլիսներ, Պէյրութի պարագային այդ «կողմը» կը պակսի... Կը պակսի, ոչ անոր համար, որ այդ աղէտալի պայթումը չունի «իրական» տէրեր, այլ անոր համար, որ հարցը բաւական խճճուած է։ Համեստիս կարծիքով՝ շատ դժուար պիտի ըլլայ այդ պայթումին «իրական» տէրերուն բացայայտուիլը։
Այս բոլորին առընթեր, հարկ է նաեւ քանի մը կարճ կէտերով բացայայտել ու ընթերցողի դատին յանձնել զանոնք, որպէսզի ան (առանց բռնազբօսիկութեամբ) առնուազն իր մտքին մէջ ժողվել փորձէ իրական «մոզայիք» պատկերը, ապա ալ յանգի որոշ եզրակացութիւններու։
Ա. Լիբանան տակաւին չլուծուած խնդիրներ ունի «հարեւան» Իսրայէլի հետ, որուն համար գերխնդիր կը շարունակէ մնալ «Հիզպուլլահ»ի ներկայութիւնը եւ ռազմական ուժը։
Բ. Լիբանանի մէջ գործող շիի թեւի ներկայացուցիչներ որոշ առընչութիւններ ունեցան Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին։
Գ. 2005 թուականէն սկսեալ (վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուական) խառն փուլերէ անցած երկրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը ոճրային դէպքեր, որոնք մինչեւ այս պահը ամբողջապէս չեն բացայայտուած։
Դ. Պէյրութի նաւահանգիստը «օդը հանած» «Ամոնիում նիթրաթ» թունաւոր նիւթը, այդքան մեծ քանակութեամբ Լիբանան հասած է 2013 թուականին։
Ե. Պէյրութի նաւահանգիստի գոյութիւնը «աչքի փուշ» կը համարուի Իսրայէլի համար, որուն հարցը Լիբանանի հետ միայն «Հիզպուլլահ»ը չէ, այլ այդ փոքրիկ երկրի մրցունակութիւնը, մշակութային-կրօնական բազմիմաստ հարստութիւնը եւ քաղաքակրթապէս յառաջադէմ ըլլալու հանգամանքը։
Զ. Պէյրութը (ու յատկապէս աղէտի ենթարկուած շրջանը)՝ որպէս մէկ եւ համախումբ տարր կը համարուի ոչ միայն Լիբանանի մայրաքաղաք, այլ նաեւ ազատութեան տենչացող, նաեւ այդ երկիրը իր արաբ եղբայր տէրութիւններուն կապող հիմնական օղակ։
Է. Պայթումը կը համարուի «արտասովոր» ոչ միայն իր աղէտալի հետեւանքներով, այլ անոր ոճով, նաեւ այդ օրը տասնեակ մարդոց կողմէ նկատուած օդանաւային «շարժում»ներով, որոնք նաեւ ինչ-որ տեղ կը համարուին պայթումին «մասնակից» տարրեր։
Ը. Եւ ամենակարեւորը՝ Իսրայէլի համար ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղն ալ կարեւոր պիտի մնայ խափանել ու «փակել» այն ճանապարհները, որոնք կը համարուին «Հիզպուլլահ»ի զէնքի մատակարարման հիմնական կէտեր։ Այդ ճանապարհները թէ՛ ցամաքային են (Սուրիա) եւ թէ ծովային։ Անշուշտ, ծովայինը Պէյրութի նաւահանգիստն է, որովհետեւ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքի նաւահանգիստը կը գտնուի «Հիզպուլլահ»ի քաղաքական հակառակորդ ուժերու տիրապետութեան տակ։
Վերոնշեալ պարզաբանումներէն վերջ ծանր յոռետեսութեամբ մը կը հետեւիմ Պէյրութի վերջին զարգացումներուն։ Այն կարծիքին եմ, որ Պէյրութը աւերակած այս պայթումին «իրական» տէրերը դժուար թէ բացայայտուին ու դէպքը, որ բոլոր առումներով ծանրակշիռ էր, յար եւ նման այլ անկիւնադարձային դէպքերու՝ իյնայ պատմութեան գիրկը...
Գուցէ այդ ձեւը աւելի ճիշդ է Լիբանանին համար կա՛մ գուցէ այս փուլին պայթումի պատուիրատուներու բացայայտումը եւ պայթումը գործադրողներուն ջուրի երես գալը՝ կրնայ նոր եւ աւելի ամեհի աղէտներու պատճառ հանդիսանալ։
Միւս կողմէ, յարգելի են պայթումի հետեւանքով ինկած բոլոր զոհերուն յիշատակը, բայց քաղաքական կեանքի մէջ, այդ զոհերը դուրս կու գան (կամ կը բերուին) իրենց մաքուր բովանդակութենէն եւ կը նետուին մանր ու նենգ հաշիւներու յորձանուտին մէջ։
Պէյրութի պայթումը, որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ, միայն տեղայնական դէպք մը կամ զարգացում մը չէ, այլ այն կը բանայ նոր փուլի մը առաջին օղակը, որուն մէջ կայ յոյս, ապագայի հանդէպ հաւատք եւ աւելի պայծառ օրերու ակնկալիք։
Անշուշտ, եթէ լիբանանցիք հասկնան այդ բոլորը եւ աւելին՝ պէյրութցիք հեռու մնան այդ զոհերու յիշատակը քաղաքական ռումբ դարձնելու իրենց հին եւ ոչ բարի սովորութենէն։
ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ. «ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՈՏՔԻ Է ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ»
Պէյրութի պայթումի հետեւանքներուն եւ ապրուած ծանր աղէտին ու այսօր տիրող կացութեան մասին յաւելեալ լուսաբանուելու համար հեռավար զրոյց մը ունեցանք կրթական գործիչ, երկար տարիներու միութենական եւ Լիբանանի օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) նուիրեալ անդամուհիներէն Արփի Մինասեանին հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Մէկ տարի անցած է այն օրէն, երբ աղէտալի պայթումը կը ցնցէր Պէյրութը։ Ի՞նչ կը յիշէք պայթումի առաջին վայրկեաններէն եւ ինչպէ՞ս փրկուեցաք պայթումէն։
-Լիբանանի երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ի, ժամը 06.06-ի պայթումը ահաւոր ձեւով ցնցեց ժողովուրդը: Պէյրութի արեւելեան բաժինը բոլորովին քանդուած է, իսկ ճնշման մնացեալ զօրութիւնը գացած է հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի ծով: Ահռելի վիճակ էր, անտանելի կացութիւն: Նման պայթում մը Հիրոշիմայի, Նակազաքիի պայթումէն ետք, երրորդն է իր տեսակին մէջ, ամէն ինչ կործանուած, քանդուած է։ Հիմա որ արդէն մէկ տարի անցած է դէպքէն, տակաւին իւրաքանչիւր օր կը յիշենք մեր ապրած այդ ծանր վայրկեանները:
Մենք այդ ժամանակ շէնքին մէջն էինք, վերելակին դրան առջեւ, երբ առաջին պայթումը եղաւ, ամուսինս նստաւ աստիճաններուն սկիզբը, երկրորդ պայթումին արդէն ես չեմ գիտեր ինչպէս ամուսինիս վրայէն անցնելով, գլորուեցայ աստիճաններէն վար. բարեբախտաբար կրցայ անմիջապէս բազրիկը բռնել եւ մինչեւ վար չգլտորիլ: Երբ ինքզինքս գտայ, տեսայ, որ վիրաւորուած եմ, բայց այդ ժամանակ ալ այդքան պոռչտուքներ, ձայներ կը լսուէին շէնքին մէջ, որ սկսայ շուրջիններուս մասին մտածել։ Դրացիիս զաւակները «մա՜մ, մա՜մ» կը պոռային, դիմացի դրացին կը պոռար, որ ամուսինը վիրաւորուած է, սակայն օգնութեան հասնող չկար։ Նոյնիսկ բուժօգնութեան մեքենայ կարելի չէր կաչնել, որովհետեւ պիտի չկարենար մեր թաղը հասնիլ...։
Եւ այդպէս ամէն մարդ արիւնլուայ վիճակով կը վազվզէր փողոցներուն մէջ, այդ վիճակով բոլոր ծանր վիրաւորեալները մահացան։ Մեր թաղին մէջ ունեցանք 7 մահ՝ 4-ը հայ, 3-ը տեղացի եւ աւելի քան 50 վիրաւոր, որոնք հազիւ մէկ ժամ վերջ կրցան հիւանդանոց հասցնել՝ մոթոսիքլեթներով, որովհետեւ ինչպէս ըսի, ինքնաշարժները չէին կրնար թաղ մտնել, բոլոր դուռ-պատուհանները կոտրուած փողոց թափած էին:
Այս միջոցին երբ տուն մտանք, տեսանք ամէն ինչ գետնին էր, նստելիք, քալելիք տեղ չկար, նոյնիսկ հեռաձայնիս հասնելու կարելիութիւնը չունէի, շատ գէշ կացութիւն մըն էր, անտանելի վիճակ:
-Ապրած էք Լիբանանի ողջ պատերազմին ահաւորութիւնը, սակայն կ՚ըսուի, որ այսպիսի պայթումի մը ականատեսը չէր եղած Լիբանանը։ Ի՞նչքանով ճիշդ է այդ տեսակէտը եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք այդ իմաստով։
-Ի տես այս պայթումի ահագնութեան, սկսանք Լիբանանի պատերազմի ժամանակները փնտռել, որովհետեւ այդ օրերուն գոնէ գիտէինք, որ պատերազմ է եւ կը պատսպարուէինք։ Իսկ երբ ռումբ մը իյնար, ամբողջութեամբ յարկաբաժին մը կը քանդէր, ոչ թէ այսպէս լրիւ շէնք մը։ 15 տարի պատերազմ տեսած, 15 տարի արեւելեան, արեւմտեան Պէյրութի փողոցներէն անցելով նման վախ չէինք ապրած, այս մէկը բոլորովին տարբեր զգացում մըն էր, ինչ որ ունեցանք, սկիզբը խորհեցանք, թէ միայն մեր շէնքին հետ կապուած պայթում մըն է, բայց վերջը երբ ոտքի ելանք, տեսանք, որ ամբողջ թաղամասը նոյն վիճակի մէջ է, ահռելի կացութիւն էր:
Ցաւալին այն է, որ կրնայինք գոնէ նուազ մարդկային կորուստ ունենալ, եթէ պատկան մարմինները ճիշդ շարժէին...։ Դէպքը սկսաւ ժամը 5.00-ին, երբ փոքր ձայներ սկսան լսուիլ՝ թանքի անիւներու ձայնի նման, վերջը ձայները կամաց կամաց զօրացան, այդ միջոցին պատկան մարմինները կրնային շրջանը պարպելու կոչ ընել եւ մարդոց ըսել, որ հեռանան շրջանէն, այդպիսով գոնէ միայն տուները կը քանդուէին։
Անշուշտ կար նաեւ կողոպուտի պարագան եւ նոյնիսկ այդ նեղ կացութեան մէջ տուներէն կողոպուտներ ալ եղան. աւազակներ առիթէն օգտուելով իբր օգնութեան հասնելու պատրուակով տուներ մտան եւ կողոպտեցին:
-Զանազան վարկածներ առաջ կան պայթումին վերաբերեալ. ի՞նչ է ձեր կարծիքը, արկա՞ծ էր, թէ՞ ահաբեկչութիւն։
-Պայթումի առընչութեամբ վարկածները շատ եմ, ամէն մէկը կարծիք մը կու տայ, բայց որեւէ յստակ տուեալ չկայ. դեռ չեն կրցած հաստատել՝ ահաբեկչութի՞ւն է, թէ արկած։ Քննութիւններ տեղի կ՚ունենան, տեսնենք ինչ արդիւնքի պիտի հասնին: Բայց ժողովուրդը ոտքի է եւ կը պահանջէ, որ վայրկեան առաջ բացայայտուի իրականութիւնը եւ բոլոր պատասխանատուները պատժուին:
-Հայութիւնը, ինչպէս միւս համայնքներու անդամները, մեծապէս տուժեցին այս ծանր հարուածէն։ Արդեօք մէկ տարի անց լիբանանահայութիւնը կարողացա՞ւ դարմանել իր վէրքերը։
-Լիբանանահայութիւնն ալ, միւս համայնքներու նման, մեծապէս տուժեց։ Տուժեցին մանաւանդ Մար Մխայէլի, Ժըմայզիի, Խալիլ Պատաուիի եւ Քարանթինա շրջաններուն մէջ ապրող հայերը։ Այդ շրջաններուն մէջ կ՚ապրին շուրջ 250-300 հայ ընտանիքներ, որոնք շատ ծանր վնասներ կրեցին, որովհետեւ պայթումի վայրէն՝ նաւահանգիստէն 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէինք։ Քարանթինայի շրջանի վիճակը աւելի վատ էր. տուներ փլան, իսկ Մար Մխայէլի շրջանին մէջ տուներու լրիւ քանդում տեղի չունեցաւ: Այսօր այդ կացութենէն կամաց կամաց դուրս ելած ենք, ընկերութիւն մը յանձն առաւ շրջանի նորոգումը. Մար Մխայէլի շրջանէն 11, իսկ Քարանթինայի շրջանէն 66 շէնքեր պիտի նորոգուին։
Այդ ժամանակ շուրջ երկու ամիս ապրեցանք առանց ելեկտրականութեան, առանց դուռ, պատուհանի, սաւաններով փակած էինք պատուհանները, երբ շէնքին առջեւ նորոգութեան համար բարձր երկաթներ դրուեցան, այդ միջոցին գիշերներն ալ չքնացանք, որ յանկարծ տունը գող չմտնէ։ Մեր թաղին մէջ մարդ չմնաց եւ մինչեւ այսօր, հակառակ որ տուները նորոգուած են, մարդիկ տակաւին տուն վերադառնալու մտադրութիւն չունին, մանաւանդ կորուստ ունեցողները։ Մեր թաղամասը տակաւին ամայի է, կան շէնքեր, որոնք լրիւ դատարկ են, իսկ կան շէնքեր, ուր քանի մը ընտանիք կ՚ապրին։ Մեր շէնքին մէջ 2 ընտանիք ենք, այսինքն՝ 4 հոգի: Բայց չմոռնանք, որ նախքան պայթումն ալ, Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը, քորոնաժահրի համաճարակը իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին լիբանանահայութեան վրայ։ Համայնքը արդէն դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուէր, երբ 4 օգոստոսի դէպքը պատահեցաւ, աւելի վատթարացաւ մեր կացութիւնը:
-Դուք կ՚ապրիք պայթումին ամենամօտիկ շրջանին մէջ, ուր փլուզումը եւ քանդումը եղան համատարած։ Այդ վիճակին որպէս արձագանգ նկատեցինք, որ համայնքային մարմիններէն զատ ստեղծուեցան փոքր խմբակներ (յաճախ անհատական նախաձեռնութեամբ), որոնք հասան շրջանի հայութեան կարիքներուն։ Առհասարակ տեղւոյն հայութիւնը գոհ մնաց օգնութեան համար մեկնուած ձեռքէն, ի՞նչ են գնահատականները։
-Բարեբախտաբար, յաջորդ օրն իսկ, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ական տղաքը հաւաքուեցան ու սկսան օգտակար դառնալ շրջանի հայութեան. յանձն առին թաղի մաքրութիւնը եւ իւրաքանչիւրին տունը մաքրելու պարտականութիւնը։ Շատ աշխոյժ էին ու լաւ ձեւով մաքրեցին այդ կոտրտած տախտակները, ապակիները, վարձքը կատար անոնց։ Եկան միասին, ձեռք ձեռքի տուին ու բոլորը միասին աշխատեցան։ Կարգ մը երիտասարդներ նոյնիսկ հեռաւոր Այնճար հայկական աւանէն եկած էին, որպէսզի օգտակար դառնան հայութեան։ Ես ալ իմ հերթիս անոնք կ՚ուղղորդէի այն տուները, որոնք իրապէս կարիքն ունէին այդ օգնութեան։
Նաեւ, ինչպէս նշեցիք, առանձին խմբակներ կազմուեցան, զանազան կազմակերպութիւններէ ու կեդրոններէ զանազան անձեր եկան եւ տէր կանգնեցան մեր ժողովուրդին: Մեր տղոցմէ երկուքը, մէկը Մոսկուայէն, միւսը Ֆրանսայէն, միասնաբար Լիբանանի համար դրամահաւաքի մը սկսան եւ ուղարկեցին Պէյրութի մէջ իրենց հետ համագործակցող տղոց, որպէսզի կատարեն օժանդակութիւնը բաժնելու աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի 500.000-էն մինչեւ մէկ միլիոն քանակութեամբ դրամ բաժնեցին։ Այդ օժանդակութիւնը ըրին, որպէսզի իրենց անմիջական կարիքները հոգան, այդպիսով իմ ցուցմունքներովս անխտիր օգնեցին շրջանի բոլոր բնակիչներուն։ Այս խմբակներուն աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ նոյեմբեր ամիսը: Կային նաեւ խմբակներ, որոնք վրաններ շինած էին թաղին մէջ եւ ճաշ կը պատրաստէին ու կը բաժնէին՝ օրական երեք անգամ։ Այդ աշխատանքը այսօր ալ կը շարունակուի, սակայն միայն անկարող, տարեցներուն համար։
Լիբանանի օգնութեան խաչն (ԼՕԽ) ալ զանազան առիթներով միշտ կապի մէջ մտաւ եւ փորձեց հասնիլ բոլորին, մաքրութեան առարկաներ բաժնեց շրջանի հայութեան։ Վերջին օգնութիւնը, որ քանի մը ամիս առաջ էր, ձմեռնային ծածկոցներ բաժնեց ժողովուրդին։ Ես ալ ուրախ եմ, որ կարողացայ լաւագոյնս փոխանցել եւ հասնիլ մեր շրջանի բոլոր կարիքաւոր եւ վիրաւորուած ընտանիքներուն՝ առանց խտրութեան եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ:
-Ձեզի ծանօթ մարդիկ ալ, յաճախ սիրելի ու հարազատ, մահացան պայթումին հետեւանքով։ Ի՞նչ պէտք է ընել անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
-Այս բոլորէն ետք, կը յուսանք, որ արդարութիւնը տեղը կը գտնէ եւ կը պատժուին բոլոր անոնք, որոնք պատճառ դարձան այս աղէտալի պայթումին։ Գոնէ այդպիսով կորուստ եւ ցաւ ունեցողները որոշ չափով կը մխիթարուին եւ զոհերու հոգիները խաղաղութիւն կը գտնեն:
ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի տարելիցի առիթով, «France Press» գործակալութիւնը հրապարակած է աղէտի հետեւանքները թիւերու պատկերով: Այսպէս, աղէտալի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած են՝
214 զոհ, ըստ պաշտօնական տուեալներու:
6500 վիրաւոր:
300 հազար մարդ ժամանակաւորապէս անտուն մնացած է պայթումէն անմիջապէս ետք:
70 հազարէ աւելի մարդ անգործ մնացած է:
73 հազար բնակարան վնասուած է:
9200 շէնք վնասուած է:
163 հազար դպրոց եւ կրթական կառոյցներ վնասուած են:
106 առողջապահական կառոյց, ներառեալ 6 հիւանդանոց եւ 20 դարմանատուն վնասուած են:
2750 թոն ամոնիաքի նիթրաթ, ըստ իշխանութիւններուն պահուած եղած է նաւահանգիստի պահեստանոցներուն մէջ եւ պատճառ դարձած պայթումին:
6 տարի այդ ամոնիաքի նիթրաթը պահուած եղած է նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:
Ըստ պայթումներու ուժգնութիւնը չափող ամերիկեան հիմնարկին՝ պայթումի ուժը համազօր եղած է 3.3-4.5 ուժգնութեամբ երկրաշարժի:
200 քիլօմեթր է հեռաւորութիւնը Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ, ուր լսուած են պայթումի ձայները:
5 օր ժամանակ սահմանած է Լիբանանի կառավարութիւնը՝ պայթումին մասին վարչական հետազօտութիւն կատարելու համար:
Մինչեւ օրս ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած:
Պայթումէն 6 օր ետք, Լիբանանի կառավարութիւնը նախագահութեամբ՝ Հասսան Տիապի իր հրաժարականը ներկայացուցած է:
359 օրէ ի վեր, ժամանակաւոր կառավարութիւն մը կը ղեկավարէ Լիբանանը, նոր կառավարութիւն մը կազմելու քաղաքական ուժերու համաձայնութեան գալու բացակայութեան ֆոնին: 30 յուլիսին, Նաժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ եւ կոչուեցաւ կազմել նոր կառավարութիւն մը:
Նիւթը՝ «Lebanonon» կայքէն
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂԷՏԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԶՈՀԵՐԷՆ՝ ՃԵՍԻՔԱ ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Օգոստոս 4-ը Լիբանանի մայրաքաղաքին՝ Պէյրութի համար դարձաւ ողբերգական թուական մը: Անցեալ տարի այդ թուականին ամբողջ Լիբանանը ցնցեց ահասարսուռ պայթում մը, որուն հետեւանքով զոհ գացին աւելի քան 200 քաղաքացիներ եւ արձանագրուեցան 5 հազար վիրաւորներ։
Պայթումը նաեւ արձանագրեց նիւթական հսկայ վնասներ. շէնքեր փլատակ եղան, մօտաւորապէս 600 հայ ընտանիքի բնակարանները վնասուեցան:
Լիբանանահայութիւնը ունեցաւ 15 զոհ եւ 250 վիրաւորներ, որոնք զանազան վնասուածքներ ստացան։
Հայ զոհերուն կարգին էր 22-ամեայ Ճեսիքա Պէզճեանը: Ան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներէն էր: Երկու տարի առաջ աւարտած էր Պելմոնթ համալսարանը՝ որպէս հիւանդապահուհի եւ կը պատրաստուէր մագիստրոսի աստիճանին: Պայթումի ատեն ան կը գտնուէր իր աշխատավայրը՝ Պէյրութի յունական հիւանդանոցը, որ շատ մօտ է նաւահանգիստին, այլ խօսքով՝ շատ մօտ պայթումի վայրին։
Ճեսիքայի ծնողները զրուցելով «Ալ Նահար»ին հետ՝ պատմեցին երիտասարդ Ճեսիքայի ու անոր կորուստին պատճառած խոր ցաւին մասին:
«Ճեսիքան եռանդուն աղջիկ մըն էր, ամէն կիրակի ան տարբեր խաղիկներով կը փորձէր ուրախացնել մեզ։ Եւ այսօր ալ ան միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ան կը սիրէր մարդոց օգնել, այդ պատճառով ալ որոշած էր հիւանդապահուհի դառնալ։
«Պայթումին առաւօտը հերթականին պէս ան գացած էր գործին: Երբ լսեցինք աղմուկը, ես կ՚աղօթէի, նախազգացում մը ունեցայ, որ աղջիկս զիս կը կանչէ: Զանգեցի, բայց չպատասխանեց: Ամուսինս՝ Ճորճը եւ միւս աղջիկս՝ Ռոզալինը, անմիջապէս գացին աշխատավայրը՝ հիւանդանոց: Ես տունը մնացի, բայց անհամբերութեան պատճառով չկրցայ սպասել, ես ալ հասայ հիւանդանոց: Մինչ այդ, ամուսինս ու աղջիկս գտած էին Ճեսիքան շտապօգնութեան բաժինը, բժիշկները փորձած էին փրկել զինք, բայց չէին յաջողած: Ճեսիքան հրեշտակի պէս քնացած էր, հակառակ վէրքերուն, դէմքը մնացած էր անարատ: Երբ արթնցայ ինքզինքս տունս գտայ:
«Երկու շաբաթ առաջ այցելեցի Ճեսիքայի հիւանդանոցը, ուր պատմեցին ինծի, թէ Ճեսիքան պայթումին օրը, հիւանդանոցի նախասրահը, իր աշխատանքային մուտքը արձանագրած ատեն, յանկարծ ամբողջ առաստաղը փլած է իր վրայ: Կռնակը լման կտրուած է, արիւնոտած ուսապարկը պահած եմ տակաւին:
«Այն, ինչ որ Ճեսիքային կը պատկանէր, պահած եմ ինչպէս որ է. հագուստները, հեռաձայնը, սենեակը: Նոյնիսկ իր հեռախօսահամարին վճարումը ամէն ամիս կ՚ընեմ: Ցաւը օրըստօրէ աւելի կը զօրանայ:
«Ոճրագործները ո՛չ միայն աղջիկս սպաննեցին, այլեւ՝ մեր ամբողջ ընտանիքը։
«Ա՛լ կեանք չմնաց մեզի համար, միայն՝ կսկիծ ու տխրութիւն: Դեռ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, փողոցի ինքնաշարժներուն մէջ կը նայիմ, թերեւս աղջիկս տեսնեմ: Եթէ պատահի տունը մինակ ըլլամ, կը խօսիմ իր հետ, կը կանչեմ զինք՝ Ճեսսի եկուր ճաշը պատրաստ է:
«Կը սպասենք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ տիրէ: Մեր գործիչներուն անձեռնմխելիութիւնը աղջկանս արիւնը չ՚արժեր: Լիբանանի արդարադատութիւնը պէտք է կագնեցնէ արդարութիւնը, ապա ուրեմն ո՞ւր հասած ենք մենք: Ես իմ իրաւունքս կը պահանջեմ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Ամէն օր կ՚անիծեմ այս պայթումի պատասխանատուները: Ինչո՞ւ պատժեցին զիս, ինչո՞ւ պէտք է լամ աղջկանս կորուստը, որովհետեւ օրինակելի քաղաքացի՞ էի:
«Մենք միշտ սիրած ենք մեր Պէյրութը, բայց հիմա իրենց (ի նկատի ունի երկրի քաղաքական գործիչները) պատճառաւ՝ ոչ: Այն Պէյրութը, ուր մեծցած ենք ու զայն ճանչցած ենք, ա՛լ չկայ, քանդեցին: Ժողովուրդը այլեւս կ՚ուզէ ձգել հեռանալ: Ճեսիքան ալ կը մտածէր գաղթելու մասին: Հանած էր լիբանանեան ու հայկական անձնագիրները: Հիմա չեմ փափաքիր, որ երկրորդ աղջիկս հոս ապրի այլեւս:
«Մեզի տեղեկացուցին, որ Ճեսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր, ամէն օր կը հարցնէր՝ ի՞նչ անակնկալ պիտի պատրաստես, մամա՛։ Չէի գիտեր, որ տարեդարձը գերեզմանոցին մէջ պիտի նշենք: Օգոստոսին պիտի ընեմ իր առաջին տարեդարձը երկինք բարձրանալուն:
«Ամէն գիշեր կը համբուրեմ աղջկանս նկարը ու կը խնդրեմ իրմէ, որ այցելէ երազիս մէջ:
«Աստուած արքայութեան արժանացնէ քեզ, աղջի՛կս, սպասէ՛ մեզի, պիտի գանք քովդ: Շատ կարօտցած եմ քեզ: Շատ կը սիրեմ քեզ: Կը ներես, որ չկրցայ...»
Նիւթը՝ «Ալ Նահար»էն
Թարգմն. Թ. Գ.
ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ՆԱՀԱՏԱԿԸ
Պէյրութի պայթումի առաջին տարելիցին, աղէտին հետեւանքով զոհուած ամենէն փոքր նահատակի՝ Իսհակի մայրը՝ աւստրալիացի Սարա Քոփլանտ, «թուիթըր»ի իր էջին հրապարակած է որդւոյն նկարը ու անոր կից կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Երկու տարի առաջ փոխադրուեցանք Պէյրութ: Երբ Նիւ Եորքի մէջ ինծի տեղակացուցին, թէ աշխատանքիս բերումով պէտք է Պէյրութ տեղափոխուիմ, զանազան պրպտումներ կատարեցինք՝ գիտնալու համար այնտեղի ապրելակերպը, անշուշտ միշտ առաջնահերթութիւն նկատելով մեր փոքրիկին հանգստութիւնը: Կապ հաստատեցինք մեր բոլոր ընկերներուն հետ, որոնք Պէյրութ ապրած են:
«Ուսումնասիրեցինք բժշկական համակարգը, անվտանգութիւնը, միջազգային դպրոցները, նոյնիսկ ոճիրներու տոկոսը մեր բնակարանի ու աշխատավայրի շրջակայքի թաղամասերուն մէջ: Ամէն ինչի մասին մտածեցինք, բացի այն, որ հսկայական ռումբ մը «կը քնանայ» մեր մէջ»:
Նիւթը՝ «Lebanonon» կայքէն
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան