ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ՆՈՅՆԸ

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան շահապաշտութիւնը շատերու համար կը թուի անընդունելի։ Նոյն այդ քաղաքականութիւնով՝ առնուազն Մերձաւոր Արեւելքի զանազան «տաք օճախներ»ու մէջ Մոսկուան այնպիսի դեր մը ունեցաւ, որ կարելի եղաւ կանխել մեծ արիւնահոսութիւններ եւ յաւելեալ աղէտներ։ Մեծ խաղացողներու քաղաքական ուղղութիւնները, մօտեցումները, ետ-առջեւները եւ օրակարգերու խառն վիճակը փոքրերուն համար յաճախ անընդունելի են, նոյնիսկ անտանելի։ Եւ այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային դէպքերու զարգացումը այնպէս մը ընթացաւ, որ Մոսկուա կանգնած է հարցերուն մօտենալու եւ լուծումներ գտնելու պարտադրանքին առջեւ։ Երեւան եւ Պաքու ծանր պատերազմ մը կը մղեն։ Երկուստեք արձանագրուած են մարդկային, նիւթական, տնտեսական եւ նոյնիսկ ընկերային մեծամեծ կորուստներ։ Գետնին արիւն կայ։ Իսկ Ատրպէյճան, որ կը համարի ղարաբաղեան հիմնախնդրի ընդհանուր լուծման հասնիլ բացառապէս ռազմական ճանապարհով, դարձած է անզսպելի ու հակառակ միջազգային հանրութեան զանազան մակարդակի անդրադարձներուն՝ վճռած է ընթանալ միայն ռազմական այլընտրանքով։ Այս մօտեցումը կրնայ յանկարծ փոխուիլ, բայց եւ այնպէս, յստակ է նաեւ՝ որ միջազգային հանրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարեւոր դերակատարները որդեգրած են «քիչ մը սպասենք»ի ռազմավարութիւն մը։ Սա ամէն պարագայի կրնայ կործանարար ըլլալ կովկասցիներուն համար։ Այս շեշտադրումէն անդին կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որու Ռուսաստան դրած է իր ամբողջ ներուժը, որպէսզի այս բարդ տագնապին «տեղայնացումը» ապահովուի։ Այլ խօսքով, անցեալ սեպտեմբերին սկիզբ առած հակամարտութեան շարունակութիւնը պահել միմիայն Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն մէջ։ Այդ շեշտադրումին համար, անշուշտ, Մոսկուան պէտք ունէր Անգարայի նեցուկին։ Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրով ռուսական կողմին հետ ունեցած տարակարծութիւններուն, թրքական կողմը նոյնպէս կարեւոր ճիգ գործադրեց իրականացնելու համար ռուսական մօտեցումը։ Այս բոլորէն անդին, կայ նաեւ մեծ իրականութիւն մը, որու հիմքով Մոսկուա եւ Անգարա դեռ երկար ժամանակով պիտի մնան սերտ գործընկերներ՝ պայմանաւորուած նաեւ իրենց ընդհանուր շահերով եւ արտաքին զանազան ազդակներով։ Այդ գործակցութեան մասին օրերս կարեւոր շեշտադրումներ կատարեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որու կողմէ օրերս «Քոմերսանտ»ին տրուած հարցազրոյցը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց։

Ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն վրայ անմիջականօրէն ցոլանայ Լաւրովի այդ յայտարարութիւններուն տրամաբանութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020