ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Սէր եւ ատելութիւն. այս երկուքը կարծէք անբաժան ընկերակիցներն են մարդոց, միշտ ներկայ են անոնց առօրեային մէջ: Առակաց գիրքին մէջ սիրոյ եւ ատելութեան մասին գրուա՞ծ է:

Պատասխան. Անշուշտ, գրուած է: Կը կարդանք. «Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածէ» (Առ 10.12): Ատելութիւնը, յանցանքներ գործելու դրդապատճառ է միշտ, այսինքն՝ մարդ երբ կը սկսի ատել, անպայմանօրէն այդ ատելութեան զգացումին պիտի յաջորդեն արարքներ, որոնք ծնունդ կ՚առնեն այդ զգացումէն, իսկ ատելութենէն ծնունդն առած արարքները լաւ ու բարի չեն կրնար ըլլալ, ընդհակառակը՝ չար ու վնասակար:

Ատելութեամբ վարակուողին մօտ շուտով կը սկսին յայտնուիլ հետեւեալ եւ այլ երեւոյթներ: Այսպէս. բամբասանք, թշնամութիւն, նախանձ, ոխակալութիւն, նենգութիւն, հակառակութիւն, ստախօսութիւն՝ ինչպէս Առակագիրը ի՛նք կ՚ըսէ. «Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի» (Առ 10.18), եւ այլ յոռի երեւոյթներ:

Այս երեւոյթներուն դէմ պայքարելու համար մարդ անհրաժեշտ է, որ սիրել գիտնայ, սիրել սորվի եւ սիրով պարուրուած ըլլայ, որովհետեւ՝ «աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով» (Առ 15.17), այսինքն՝ մարդ աւելի իր ունեցածով սիրով լեցուած ըլլայ, քան թէ ամէն ինչ ունենայ, բայց իր սիրտը ատելութեամբ լեցուն ըլլայ:

Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ մերօրեայ հայրապետը՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ.-ը այսպէս կը գրէ. «Մի՛ արտօներ, որ սիրտիդ մէջ ատելութիւն մտնէ ոեւէ մարդու հանդէպ՝ ինչ ալ ընէ ան. այդ զգացումները սիրոյ եւ աղօթքի վերածէ»: Հայրապետը ատելութիւնը սիրոյ վերածելու համար գեղեցիկ միջոց մը կ՚առաջարկէ՝ աղօթքը. արդարեւ, մարդ երբ հասկնայ ու գիտակցի, թէ իր մէջ սկսած է ատելութիւնը բոյն դնել եւ կամ սկսած է ատելութիւնը իրեն համար տուն պատրաստել, ապա լաւ պիտի ըլլայ, որպէսզի աղօթէ Աստուծոյ եւ խնդրէ Անկէ, որպէսզի իրեն իմաստութիւն շնորհէ, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այդ փորձութիւնը եւ առիթ չտայ այդ վարակին՝ որ վարակէ զինք եւ խաթարէ իր նաւարկութիւնը դէպի Խաղաղութեան Նաւահանգիստ:

Ինչ կը վերաբերի սիրոյ, ապա մարդ եթէ սիրով ողողուած ըլլայ, մնացած բոլոր բաները իրենց տեղը կը գնտնեն, իսկ եթէ սէր չկայ, դիմացը ամէն բան կայ, ապա այդպիսին ոչինչ կ՚ունենայ, որովհետեւ սէր չունեցողը պարզապէս աղքատ մըն է, որ ամէն ինչ կորսնցուցած է, մինչ սէր ունեցողը աշխարհի ամենէն հարուստ անձը կարելի է համարել: Կարդանք Սրբազան Պօղոս առաքեալին սիրոյ փառաբանութիւնը.

«Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն՝ որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն՝ որոնք կը ղօղանջեն: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ: Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ:

Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ  չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա. Կր 13.1-7):

Իսկ Տէր Յիսուսի սիրելի աշակերտը՝ Սուրբ Յովհաննէս, այսպէս կը գրէ սիրոյ մասին.

«Աստուած սէր է: Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած: Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս Ինք ապրեցաւ: Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ: Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ:

Հետեւաբար՝ մենք սիրե՛նք զԱստուած, որովհետեւ նախ Ինք մեզ սիրեց: Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա. Յհ 4.16-21):

Հ. Ի՞նչ է արդարներուն եւ ամբարիշտներուն վարձատրութիւնը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարին գործը կեանքի համար է, իսկ ամբարիշտին արդիւնքը մեղքի համար է» (Առ 10.16). այլ խօսքով, արդարները յաւիտենական կեանքն ու երանութիւնը պիտի ժառանգեն, իսկ ամբարիշտները, մեղաւորները՝ յաիտենական պատիժն ու տանջնանքները:

Այս մասին կ՚արժէ կարդալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ըսածները Վերջին Դատաստանին մասին, ուր յստակ կերպով կը նկարագրուի արդարներուն եւ ամբարիշտներուն վախճանն ու վարձատրութիւնը.

«Եւ երբ Մարդու Որդին Իր փառքով գայ՝ բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի Իր թագաւորական գահին վրայ: Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին Իր դիմաց եւ Ինք մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ: Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը: Յետոյ Թագաւորը Իր աջ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. "Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք Ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք Ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք Ինծի": (…)

Ապա Իր ձախ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. "Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք Ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթ էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք Ինծի"» (Մտ 25.31-36, 41-43):

Հ. Ի՞նչ օգուտ եթէ մարդ իրեն տրուած խրատը, յատկապէս՝ ծնողներու, Եկեղեցւոյ վարդապետներուն եւ Աստուածաշունչին կողմէ պահէ:

Պ. «Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է» (Առ 10 17): Հետեւաբար, խրատի պահպանութիւնը կեանքի գրաւական է:

Հ. Մարդ երբ անկեղծութեամբ կատարուած յանդիմանութիւնը մերժէ, ի՞նչ կը շահի:

Պ. «Յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի» (Առ 10.17). որովհետեւ, մարդ երբ մերժէ իրեն ուղղուած անկեղծ յանդիմանութիւնը, որ միտուած է զինք սրբագրելու եւ կամ ուղղութեան բերելու, չարութիւն ամբարելով իր ներսիդին, մոլորութենէ մոլորութիւն երթալով կը կորսուի, եւ վա՜յ այդպիսիին նման կորուստի համար:

Հ. Պէ՞տք է մարդ յաճախ լռէ:

Պ. Անշուշտ: Առակագիրը կը գրէ. «Իր շրթունքները զսպողը խելացի է» (Առ 10.19): Յատկապէս մեր օրերուն, երբ կարծէք խօսիլը՝ շատ խօսիլը, տեղի-անտեղի խօսիլը սովորութիւն դարձած է, մարդ պէտք է ինքն իր վրայ աշխատի եւ իր լեզուն զսպէ, որպէսզի իր լեզուին պատճառով սայթաքումներու մէջ չիյնայ եւ չկործանի: Ըսուած է՝ «լռութիւնը ոսկի է», հաստատ ոսկի է, երբ այդ լռութենէն մեր հոգին է, որ օգուտ կը քաղէ:

Հ. Ուրկէ՞ կու գայ հարստութիւնը:

Պ. «Տիրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի՛ խառներ» (Առ 10.22): Բնականաբար այստեղ խօսքը թալանով եւ կողոպուտով բերուած հարստութեան մասին չէ, որ զզուելի է Տիրոջ աչքին, այլ՝ արդար քրտինքով ու աշխատանքով բերուած հարստութիւնն է, որուն մէջ տրտմութիւն չկայ, մինչ թալանով ու կողոպուտով բերուած հարստութենէն տրտմութիւնը անբաժան է:

Հ. Ի՞նչն է յիմարին ու իմաստունին զբօսանքը:

Պ. «Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը» (Առ 10.23):

Հ. Ի՞նչն է որ արդարները հաստատ կը պահէ:

Պ. Իրենց ունեցած յաւիտենական հիմը, որովհետեւ առակագիրը կը գրէ. «Արդարը յաւիտենական հիմ ունի» (Առ 10.25):

Հ. Ի՞նչ կու տայ Տիրոջ ճամբան արդարին ու ամբարիշտին:

Պ. «Տիրոջ ճամբան արդարին զօրութիւն է, բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է» (Առ 10.29):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

20 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022