ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԸ.

«Ես հրապարակաւ խօսեցայ բոլորին, ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններու եւ տաճարին մէջ. Ես գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած» (Յհ 18.20):

Որովհետեւ երբ ժողովուրդին մէջ կ՚ուսուցանէր, դարձեալ կ՚առանձնանար եւ աշակերտներուն առանձինն կ՚ուսուցանէր, իսկ թաթխած պատառի մասին Յովհաննէսի ականջին ըսաւ. հիմա ինչպէ՞ս կ՚ըսէ՝ գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած: Այս է, քանի որ կ՚ըսէ, թէ այնպիսի գաղտնի բան մը չխօսեցայ, որ յետոյ չյայտնուեցաւ:

«Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես Ինծի» (Յհ 18.23):

Տէրը աշակերտներուն պատուիրեց. «Եթէ մէկը երեսիդ զարնէ, միւսն ալ դարձուր անոր» (տե՛ս Ղկ 6.29), իսկ Ինք ինչո՞ւ այդպէս չըրաւ: Պատճառը այս է. նախ՝ եթէ ոեւէ մէկը երեսիդ զարնէ եւ դուն միւսը կը դարձնես, ան կը զղջայ ու ինքզինք կը գտնէ, այդ պատճառով կը պատուիրէ անոնց միւս երեսն ալ դարձնել. իսկ Ինք այն պատճառով չդարձուց, որովհետեւ զարնողին համար զղջալու տեղ չկար, աւելին՝ կ՚ուզէր միւս երեսին ալ զարնել: Երկրորդ. քանի որ երբ միւս երեսը դարձնէ [մարդ] իրեն զարնողին, ոչ թէ միայն ան կը զղջայ ու կը փրկուի, այլ՝ իր անձը ուրիշներուն օրինակ կու տայ, այս պատճառով այդպէս կը պատուիրէր աշակերտներուն, սակայն Քրիստոսին զարնողը այդ եւս չունէր: Երրորդ. որովհետեւ ան հաւատքի մէջ միակողմանի էր, այսինքն՝ մէկ կողմով չարին մէջ անդառնալի կերպով հաստատուած էր, այդ պատճառով մէկ կողմին ապտակել [ձգեց], որպէսզի անոր հաւատքը յայտնէ: Չորրորդ. որովհետեւ ոչ միայն երեսը տուած էր ապտակին, այլեւ Ինքզինք ամբողջութեամբ չարչարանքներուն կու տար:  

«Մինչ Սիմոն Պետրոս հոն կեցած էր ու կը տաքնար» (Յհ 18.25):

Պետրոսը յաճախ յիշելով, զինք արհամարհելու համար չէ որ կը յիշէ, այլ՝ որպէսզի Քրիստոսի կանխասացութիւնը յիշեցնէ, որ ըսաւ. «Տակաւին աքաղաղը չկանչած» (Ղկ 22.61): Երկրորդ. քանի որ ան՝ որ առաքեալներուն գլուխն էր եւ ջերմեռանդ սիրողը Քրիստոսի, այսպիսի ուրացութեան ախտի մէջ ինկաւ, եւ դարձեալ թողութիւն գտաւ ճշմարիտ խոստովանութեամբ եւ արտասուքներով, ասիկա մեզի համար մեծ յոյս եղաւ, որպէսզի երբ մեղքերէն դառնանք զղջումի եւ արտասուքներու միջոցով, կրնանք թողութիւն գտնել, թէեւ մեղքը խիստ ծանր ըլլայ: Երրորդ. որպէսզի սորվեցնէ մեզի մեր գործերուն ինքնավստահ չըլլալ, այլ՝ Աստուծոյ կարողութեամբ հաւատայ, թէ կրնայ ամէն ինչ ընել: Իսկ Պետրոս կրկին անգամ ուրացաւ, ոմանք՝ Քահանայապետին տան մէջ կ՚ըսեն, իսկ ուրիշներ՝ դուրսը:

«Կայափայի տունէն Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը» (Յհ 18.28):

Վանք բարեգործութեան եւ առաքինութեան վայրին կ՚ըսուի, եւ ասիկա քահանայապետ էր, պէտք էր որ ասոր տունը իրաւունք եւ բարեգործութիւն ըլլար, Աւետարանիչը զինք նախատելով վանք կը կոչէ, որ փոխանակ իրաւունքներու  եւ բարեգործութեան՝ անիրաւութիւն եւ չարագործութիւն գործուեցաւ այնտեղ:

«Հրեաները պալատ չմտան, որպէսզի իրենց Օրէնքին համաձայն չպղծուին եւ կարենան զատկական ընթրիքը ուտել» (Յհ 18.28):

Հրեաներուն մօտ ո՛չ գրաւոր կերպով, այլ՝ աւանդութեամբ սովորութիւն էր, թէ այս եօթ օրերու ընթացքին հեթանոսներուն տուները չէին մտներ, որպէսզի չպղծուին, եւ որպէսզի զատիկը ուտելու արժանի ըլլային, եւ անոնց համար սովորութիւն էր ու ոչ թէ յաւիտենական օրէնք, թէ տասնչորրորդ օրը իրիկունը կը զենէին ու կ՚ուտէին, որպէսզի առաւօտը չբացուի: Եւ Տէրը Իր աշակերտներուն հետ այս մէկը ըրաւ, որպէսզի ոչ թէ այն կատարած էր, որ հնարքներով սուտ վկայութիւններ կը մատուցէին չարախօսելով, սակայն պէտք էր ըսել, թէ մեր օրէնքը կը քակէ եւ զատիկն ալ տասներեքերորդ օրը կը կատարէ, սակայն հրեաները իրենք՝ լուծեցին օրէնքը, քանի որ նախանձի եւ խռովութեան պատճառով զատիկը չկերան, այլ՝ յաջորդ օրը հանեցին, որով իրենց վրայ ընդունեցին երկրորդ անէծքը, որովհետեւ երեկոյեան չզենեցին ու չկերան: Եւ երկրորդ. որովհետեւ առաւօտեան հանեցին, եւ ասկէ յայտնի է, քանի որ կ՚ըսէ՝ պալատ չէին մտներ, որպէսզի չպղծուին, այլ՝ որպէսզի զատիկը ուտեն: Տե՛ս, անոնց անհաւատութիւնը, քանի որ օրէնքը լուծեցին եւ չէին զգուշանար, իսկ պալատ մտնելու՝ կը զգուշանային:

Դարձեալ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ անոնք եւս նոյն այդ դաժան լուսնին կերան զատիկը, սակայն պալատ չմտնելուն պատճառը այս էր, որովհետեւ թէեւ գառնուկը կերած էին, սակայն եօթներորդ օրը բաղարջ կ՚ուտէին, եւ այս զգուշութիւն, որ ունէին, բաղարջին համար էր:    

«Մենք իրաւունք չունինք ոեւէ մէկը մահուան դատապարտելու» (Յհ 18.31):

Նախ այն պատճառով կ՚ըսեն, որովհետեւ մահուան դատավճիռ տալու իշխանութիւն դուն ունիս, իսկ մենք՝ ոչ: Երկրորդ. թէ այս տօնին, որ է ազատութիւն, մեր օրէնքը [թոյլ չի տար] մեզի ոեւէ մէկը սպաննել: Երրորդ. քանի որ թէեւ կրնայ սպաննել զԻնք այլ տեսակի մահուամբ, ինչպէս Ստեփաննոսին ըրին, սակայն չէին կամենար: Այլ, ա՛յս էր անոնց յօժարութիւնը, որպէսզի հռչակելի եւ ծաղրելի մահուամբ սպաննես զԻնք, այդ պատճառով կ՚ըսէին. «Մենք իրաւունք չունինք ոեւէ մէկը մահուան դատապարտելու»:

«Պիղատոս կրկին անգամ պալատ մտաւ, կանչեց Յիսուսը եւ հարցուց.

-Դո՞ւն ես հրեաներուն թագաւորը» (Յհ 18.33):

Հրեաները Փրկիչին մասին երեք չարախօսութիւններ ներկայացուցին Պիղատոսին. նախ՝ թէ կը խռովեցնէ ժողովուրդը, այսինքն՝ ասոր քարոզութենէն շատեր Իրեն կը դառնան [կը հաւատան], իսկ միւս կէսն ալ մեզի կը հաւատան, եւ այս երկու [խումբերուն] միջեւ միշտ խռովութիւն կայ. սակայն Պիղատոսին հոգը չէր այս մէկը: Երկրորդ. թէ կ՚արգիլէ կայսրին հարկ տալ, սակայն ասկէ ալ Պիղատոսը չմտահոգուեցաւ, քանի որ երբ ուզեցին փորձել Յիսուսը, թէ կայսրին հարկ տա՞նք, թէ՞ ոչ, Յիսուս ըսաւ. «Կայսրինը՝ կայսրին, եւ Աստուծոյնը՝ Աստուծոյ տուէք» (տե՛ս Մտ 22.21), եւ ասոր համբաւը ամբողջ գաւառին մէջ տարածուած էր, այդ պատճառով Պիղատոս չէր մտահոգուեր: Երրորդ. որովհետեւ կ՚ըսէին, թէ Ինքզինք թագաւոր կ՚անուանէ: Երբ ասիկա լսեց [Պիղատոսը], վախցաւ, թէ թերեւս կամաց-կամաց զօրք կը հաւաքէ եւ իր թագաւորութիւնը կը յափշտակէ: Պիղատոս այս պատճառով կը հարցնէ թագաւորութեան մասին:

«Այդ հարցումը դուն քեզմէ՞ կ՚ընես, թէ ուրիշներ ըսին քեզի Իմ մասիս» (Յհ 18.34):

Ինչո՞ւ համար կ՚ըսէ, թէ՝ դուն քեզմէ՞ կ՚ըսես, թէ ուրիշներ: Քանի որ Ինք գիտէր, թէ չարախօսութիւնը հրեաներէն էր. նախ՝ ասիկա է, որպէսզի գիտնայ, եթէ ինքնիրմէ կը հարցնէ՝ անոր պատասխան տայ, իսկ եթէ հրեաները ըսին, թող գան կանգնին, եւ ըսեն, թէ ո՞ր ժամին կամ ո՞ւր ըսած եմ: Երկրորդ. որովհետեւ կ՚ըսեն, թէ Պիղատոսին այն պատճառով հարցուց, որպէսզի եթէ հրեաները ակամայ կերպով Թագաւոր կը խոստովանէին զԻնք, թերեւս ինք հեթանոս մը ըլլալով, զԻնք Թագաւոր խոստովանի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 144

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 8, 2022