ՅԱՂԱԳՍ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐԻՆ
Ուշագրաւ գրութիւն մը ունի Կոստան Զարեան՝ վերտառուած «Հայուն Յիսուսը»։ Միշտ ալ սիրելով կարդացուելիք գրութիւն մը, որ քրիստոնէական հաւատքի ընկալումներէն աւելի՝ կը փորձէ քննել Տիրոջ իսկական կերպարը եւ անոր երակներուն մէջ մտնել արուեստի ընկալումներով։ Գուցէ այդ ընկալումն է նաեւ, որ մեզմէ շատերուն համար պատեհ առիթ մը դարձաւ, որպէսզի դուրս հանենք Քրիստոսի կերպարը իր «աւանդական» ընկալումներէն ու փորձենք անոր մեծ առաքելութեան նայիլ փոխակերպօրէն, այլ ճանապարհներով, որոնցմէ անցած է ինքը՝ տիեզերքի մեծ Փրկիչն ու Աստուածը։
Խորքին մէջ բազմիմաստ է Քրիստոսի առաքելութիւնը։ Անոր կեանքը, հրաշագործութիւնները, ծառայասիրութիւնը, նուիրական խօսքերը եւ մէկ խօսքով՝ աստուածութիւնը ունին բազմապիսի առանցքներ. առանցքներ, որոնք կը գոյացնեն մեր բոլորին ունեցած պատկերացումները եւ գուցէ այդ ճամբով ալ մեզի կը տանին դէպի յաւիտենութեան իսկական ու վերջնական ուղին։ Միայն աղօթքի Աստուածը չէ Քրիստոս։ Միայն կրօնական շղարշի, ապաշխարութեան, վանականութեան ու առհասարակ կրօնքի Աստուածը չէ Ան, այլ մարդուն Աստուածն է։ Այս բոլորին մասին մտորելու առիթ ունեցայ՝ յատկապէս վեր հանելով ոչ-վաղ անցեալի՝ 2011 թուակիր գրութիւն մը, որ կը մնայ միշտ այժմէական եւ համահունչ տօնական օրուան խորհուրդին։
Ամենաուշագրաւը այս բոլորին մէջ Քրիստոսի կերպարը լոյսին հանելու փորձ մըն էր, որ կատարած էի ատենօք եւ որուն հիմնական նպատակը մէկ բան էր։ Տիրոջ կերպարին մերձենալ այլ տեսանկիւնէ, այլ ընթացքով, ամէնօրեայ կեանքի եւ ամէնօրեայ ոգիի որոնումներով եւ խնդիրներով։ Անշուշտ, քաջավստահ չեմ, թէ այդ փորձը ինչքանով ընկալելի պիտի ըլլայ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն, կրօնական գործիչներուն եւ առաջնորդներուն համար, բայց եւ այնպէս, գրութիւնը պարզապէս առիթ մըն էր վերաքննութեան ենթարկելու այն ամբողջ արժեհամակարգը, որուն մէջ կը տուայտինք մենք։ Ի վերջոյ քրիստոնէութիւնը, իր ամենատարբեր առանցքներով, իր երանաւէտ հայրերով եւ անժամանակ ուսմունքներով ու մեծ տեսլականով մեծ ամբողջը իր մէջ տարբաղադրող համամարդկային կրօն է, որուն ուխտեալները միշտ չէ, որ խօսքէն աւելի մղուած են սուրբ խօսքին չափ, սուրբ եւ անմահ գործը տարածելու եւ կատարելու։ Ու գուցէ այդ բոլորին համար է, որ Քրիստոսի իրական կերպարը շատ մերձ է ընկերվարութեան համար, արդարութեան եւ աշխարհի մաքրութեան համար մաքառող նուիրեալներու կերպարին։
ՅԻՍՈՒՍ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱ՞Ն
Յիսուս հաճութեան, բարիքի, խոնարհութեան խորհրդանիշ ընտրեց մսուրը: Սուրբ կոչեցին այդ մսուրը, ուր ծնաւ: Ան մարմին առաւ, աւետիսներ հնչեցին իր ծնունդին համար ու առթիւ: Ուզեց աշխարհը փոխել, խորհուրդ տուաւ, քարոզեց Ձիթենեաց լերան վրայ, վայրերը իր անունով արժէք ստացան, Սուրբ Տեղեր, Երուսաղէմ, Գալիլեա, Նազարէթ…
Իրմէ ետք ժամանակը ստացաւ նոր օրինաչափութիւն. ժամանակը իրմով ստացաւ նոր երանգ, նոր թուագրութիւն եւ նոր օրացոյց: Այսպէս երկու հազար եւ աւելի տարիներ… Կրցաւ իր ժամանակին մէջ հաւաքել մարդկութեան ծայր չունեցող հարցադրումները, հաւատամքը, օրէնքները եւ խիղճը:
Քրիստոս խղճի Աստուածն է։
Քրիստոս արդարին, աղքատին եւ թշուառին դատին համար մաքառեցաւ եւ բարձրացաւ խաչ: Ո՛չ անոր համար, որ խաչելութիւնը փառաբանուի, կամ սուգի մեղեդիներով յիշատակուի իր չարչարանաց օրհասը, այլ անոր համար, որ յիշենք ու ապրինք իր նուիրումին իմաստը…
Աշխարհը՝ հզօր, գունաւոր եւ տարբեր երանգներով աշխարհ: Կիտուած, ասեղուած ու բզկտուած աշխարհ, վիրաւոր ու թունաւոր աշխարհ: Մահացող ու ցաւէն կոտտացող աշխարհ: Վէրքին մէջ մտնող, վէրքի սաւանով փաթթուող աշխարհ, սուր աշխարհ, շատերուն համար նաեւ սուտ աշխա՜րհ:
Մեռելները կը սպասեն յարութեան կանչին, իսկ ողջերն անոր կը տատանին մահուան ու կեանքին միջեւ:
Սէր գինի եւ երազ:
Խինդ, կին ու լուսաւոր առաւօտներ:
Ռեհան, սուրճ եւ տրամ:
Բանաստեղծութիւն, վէրք եւ ճանապարհներ…
Այս բոլորը այս աշխարհին մէջ, սէր ատելութիւն ու ոխ:
Հայ գրողներուն կարմիր կացինը: Չարենցի լուսապսակը մեր գլխուն ի վերուստ դրուած եւ Յիսուսի հին պատկերը, սրբութեան կաղամարներուն մէջ թաթխուած իբրեւ արժէք, մեղքէն ու չարութենէն յետոյ վերադառնալու սրբութեան նշխարին:
Աշխարհ, ուր կայ հզօրաձայն Տէր Ողորմեան, աղօթքի պահը կայ եւ կայ խնկելու ժամանակը:
Անդին կայ հեթանոսութեան կոտտացող ու փակուած ձայնը, որ դարերէ ի վեր մէջս է ու մէջդ նաեւ քու, որ կ՚ուզէ պոռալ ու խօսիլ նոյն այն լեզուով, որ կը գրեմ հիմա, սա պահուն:
Ու այս ամէն ինչին մէջ բացառիկ է տօնին առաւօտը, երբ մեղքերդ սպի դարձնելով կը մօտենաս արեւուն փառաբանումը ընելու, ծալլելու անցած օրերուն հիւանդ ժամերը, հիւանդ տրամները եւ փոխակերպումդ, ուր պալարներու մէջ խեղդուած ձայնդ կ՚ուզէ բարի երգ մը երգել…
Փոքրերու աչքերուն մէջ պիտի փնտռես քրիստոնէութեանդ իմաստը: Պիտի բնակիս անոր աչքերուն մէջ.
Թոյլ պիտի տաս, որ մաքրուի վէրքդ քեզմէ…
Դուն զՔրիստոս չճանչցար ու շատեր այդպէս կ՚ըսեն ականջիդ:
Դուն Քրիստոսի ձայնը չ՚ուզեցիր լսել, շատեր այդպէս կը փսփսան քեզի…
Արիւն, անցում եւ փոխակերպում:
Յաւիտենական չար-բարի կռիւին մէջ պիտի լարես երակներդ, որպէսզի չդառնաս հերքող, չընդունող եւ դրժող մեղաւորեալ:
Դուն Քրիստոսի սիրտէն խմէ, Գինին արիւն էր հինէն:
Դուն Քրիստոսի մարմնէն կեր, զի ցորենի հասկերուն մէջ է խաղաղութեանդ հատիկը:
Կարմիր-կարմիր ցորենի հատիկներ:
Քրիստոս մեծ ընկերվարական էր նախ եւ առաջ: Պիտի ատէր դրամը, պիտի ատէր սադայէլին փորձութիւնը:
Ան խաչ եղաւ: Խաչի պէս բնակեցաւ մեր արմատներուն մէջ:
Սուրբ էր անոր մսուրին անունը եւ պարզուկ:
Աղքատ ու հեզ երդիքներուն տակ ինչ սքանչելի է անոր ծնունդը:
Աշխարհի բոլոր տնակներուն, բոլոր բանտարկեալներուն եւ վիրաւորներուն համար ծնաւ Յիսուս…
Իր ճանապարհը անոնց ճանապարհն է, որմէ կը քալեն ու պիտի քալեն… Ո՜վ գիտէ մինչեւ ուր…
Միշտ սակայն մտաբերելով, որ Յիսուս մնաց ընկերվարական, մինչեւ ողնուծուծը ու երբեք չդաւաճանեց իր ըմբռնումներուն:
Աղքատին հետ կիսեց իր հացը,
Սեղան նստաւ մեղաւորին հետ:
Մաքսաւորը վերածեց առաքեալի:
Ջահը դրաւ Աշտանակին վրայ…
Յիսուս ընկերվարական մնաց մինչեւ վերջին շունչը:
Խմեց քացախ, գինի չբերին, երբ կը հատնէր իր շունչը:
Երկրպագելի է ան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ